Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Տեղի Ունեցաւ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանի «Իմ Երազը» Խորագիրով Ասմունքի Երեկոն

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

Յուլիս 28-ին «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ Հայաստանի սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններու եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ լիբանանահայ ասմունքող, «Արարատ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան ատենապետ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանի «Իմ երազը» խորագիրով ասմունքի երեկոն:

Երեկոյին ներկայ էր սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան:

«Իմ երազը» խորագիրով երեկոյին ընթացքին լիբանանահայ ասմունքողը հանդէս եկաւ հայրենասիրական, քնարական բանաստեղծութիւններով, եւ ներկաները   անգամ մը եւս առիթ ունեցան զգալու հայ քնարերգութեան ուժն ու գեղեցկութիւնը:

Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններուն եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան գործուն աջակցութեան եւ հանդիսատեսին` ջերմութեան եւ սիրոյ համար:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>