Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Կարեւորը Հայրենիքն Է, Անիկա Է Կիզակէտը Եւ Անոր Հանդէպ Պարտք Ունինք Կատարելիք» Սուրէն Պայրամեան

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

6 յունիսին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան հանդիպում ունեցաւ եգիպտահայ ազգային-հասարակական գործիչ դոկտ. Սուրէն Պայրամեանին եւ անոր տիկնոջ` Եգիպտոսի ձայնասփիւռի հայկական ժամի պատասխանատու Սոնիա Պայրամեան-Ոսկերիչեանին հետ:

Ողջունելով հիւրերուն` նախարարը կարեւոր նկատեց սփիւռքի մէջ անոնց հայանպաստ գործունէութիւնը` լեզուի եւ ինքնութեան պահպանութեան առումով:

Նախարարը ներկայացուց յառաջիկայ ծրագիրները, եւ սփիւռքահայ գործիչը հրաւիրեց մասնակցելու 18-20 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք «Հայրենիք-սփիւռք» համահայկական 6-րդ համաժողովին:

Սուրէն Պայրամեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան ու արդիւնաւէտ զրոյցին համար եւ աւելցուց. «Ամէն անգամ սիրով ու կարօտով կու գամ Հայաստան: Կու գամ հայրենիքիս շունչը ստանալու եւ անով ներշնչուելու: Կարեւորը հայրենիքն է, անիկա է կիզակէտը եւ անոր հանդէպ պարտք ունինք կատարելիք»:

Եգիպտահայ գործարարը նախարարին ներկայացուց 2005 թուականին հրատարակուած իր «Հայ մամուլը Եգիպտոսի մէջ» աշխատութիւնը, որուն  մէջ ներառուած է 1865-2005 թուականներու մատենագիտական ցանկը` 61 տպարաններու մէջ տպագրուած 169 անուն թերթ: Գիրքը տպագրուած է 2013 թուականին` անգլերէն եւ արաբերէն թարգմանութեամբ:

Ան նշեց, որ 2011 թուականին հրատարակուած է իր «Հայ գիրքը Եգիպտոսի մէջ» (1888-2011թուականներուն) ուսումնասիրութիւնը, իսկ այս տարի` 2017 թուականին տպագրուած է «Հայկական գաղութային կառոյցները Եգիպտոսի մէջ» աշխատութիւնը:

Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ գաղութի նորութիւններուն, մշակութային նախաձեռնութիւններուն եւ բարեսիրական ծրագիրներուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles