Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Գաղութէ-Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Շուէտ

Լիզպոնի 5-ի Մարտիկներու Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ Սուտերթէլիոյ Քաղաքին Մէջ

Կիրակի, 30 յուլիսին, Շուէտի Սուտերթէլիոյ հայահոծ քաղաքի Ս.Մարիամ հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ յիշատակը Լիզպոնի 5-ի մարտիկներու, որոնք 34 տարի առաջ մեկնելով Լիզպոն նահատակուեցան վասն Հայ դատի արդարութեան ու հայութեան անզիջելի իրաւունքներու պահանջատիրութեան` ապացուցելով գերագոյն զոհաբերութեամբ նուիրուելու կամքը:

Ձեռնարկը կազմակերպած էր Շուէտի ՀՅԴ կառոյցը, օժանդակութեամբ` ՀՅԴ Շուէտի երիտասարդական միութեան երիտասարդներուն:

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք ներկաները, որոնց թիւը կը գերազանցէր հարիւրը, ուղղուեցան եկեղեցւոյ ներքնասրահը: Ձեռնարկի բացումը տեղի ունեցաւ «Իջէք երկնքէն» խօսքով, զոր արտասանեց Մարալ Ստեփանեան, իսկ ձեռնարկի բացման խօսքը փոխանցեց ՇԵՄ-ի անդամ Փաթիլ Յակոբեան` յայտնելով, թէ թշնամիին միակ հասկցած լեզուն դեռ կոպիտ ուժն է:

Բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ «Երկիր Մետիա»-ի պատրաստած «Գաղտնի թղթապնակ» վաւերագրական տեսահոլովակ` նուիրուած Լիզպոնի տղոց յիշատակին: Վաւերագրական տեսանիւթէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական բաժին մը երաժշտական գործիքով` Լիզմերի Թաշճեան կատարողութեամբ, Յովհաննէս Շիրազի «Լիզպոնի ողջակէզներին»-ը ասմունքեց Սէրլի Մարքէեանը եւ «Դաժան կռւում» երգը մեներգեց Գոհար Յակոբեանը:

Գեղարուեստական բաժնի աւարտին, ՇԵՄ-ի երիտասարդները խմբային ներկայացուցին «Լիզպոնի 5 տղոց յիշատակին» եւ «Մենք անկեղծ զինուորներ» երգերը, որոնց ոգեւորուելով միացան հանդիսատեսները:

Իսկ աւարտին Վաղարշ քհնյ. Սահակեան «Հայր մեր» աղօթքով փակեց ձեռնարկը:

Ուքրանիա

Յովհաննէս Այվազովսքիի Ծննդեան 200-ամեակին Առիթով` Յուշադրամ

Վերջերս Ուքրանիոյ ազգային դրամատունը շրջանառութեան մէջ դրաւ Յովհաննէս Այվազովսքիի յուշադրամը` ծովանկարիչին ծննդեան 200-ամեակին առիթով:

Ուքրանիոյ ազգային դրամատունը յայտարարեց, որ մետաղադրամը թողարկուած է «Ուքրանիոյ ականաւոր անհատներ» շարքին մէջ, որ շրջանառութեան մէջ դրուած է 3 հազար օրինակ քանակով:

Ուքրանացի տեսաբան, պատմաբան, Ուքրանիոյ զինանիշագիտութեան միութեան անդամ Մաքսիմ Ցարենքօ յայտնեց, որ ծովանկարիչի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած յուշադրամի եւ նամականիշի թողարկումը համաշխարհային գեղանկարչութեան գանձարանին մէջ Յովհաննէս Այվազովսքիի աւանդի պետական ճանաչման ակնյայտ վկայութիւնն է, որ կ՛ընդգծէ հայկական եւ ուքրանական մշակոյթներու փոխադարձ հարստացման երեւոյթը:

Երկրի շրջաններուն մէջ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները մեկնարկեցին Նիքոլաեւի մէջ` ցուցահանդէսներու շարքով, ուր ի պատիւ յայտնի ծովանկարիչին, տեղի ունեցան կարգ մը ձեռնարկներ: Քիեւի մէջ կազմակերպուեցաւ նաեւ Այվազովսքիի աշխատանքներու ցուցահանդէս:

Միացեալ Նահանգներ

Լեւոն Շանթ Հայթայեանի Մեծարանք

Ամէն ամիս Պեվըրլի Հիլզ քաղաքի Առողջապահութեան եւ ապահովութեան յանձնաժողովը կը մեծարէ քաղաքէն կազմակերպութիւն մը կամ անձնաւորութիւն մը, որ յատկանշական ներդրում ունեցած է Պեվըրլի Հիլզի բնակչութեան առողջապահութեան եւ ապահովութեան բարելաւման ջանքերուն մէջ:

Յանձնաժողովի իւրաքանչիւր անդամ թեկնածու մը կ՛առաջադրէ այս պատիւին համար: Յուլիս ամսուան ընթացքին որոշուած էր մեծարել երկու անձնաւորութիւններ, որոնցմէ մէկն էր ոսկերչական, գոհարեղէններու եւ այլ թանկարժէք արտադրութեանց` «Լիան՛զ Պեվըրլի Հիլզ» վաճառատան սեփականատէր Լեւոն Շանթ Հայթայեանը:

Մեծարեալին անունը առաջարկած էր յանձնաժողովի անդամներէն Լիսա Քէյը, որ իր ելոյթին մէջ դրուատած էր ամէն տարի Վահագն Սէթեանի յիշատակին կազմակերպուող վազքի մրցումներուն համար երեք արժէքաւոր ժամացոյցներ նուիրելու Հայթայեանի սովորութիւնը, միաժամանակ յիշեցնելով, որ անոր վաճառատունը 16 տարիներէ ի վեր կը գործէ քաղաքին մէջ, մի՛շտ նեցուկ կանգնելով համայնքային նախաձեռնութիւններու:

Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ընդունեց Վեթերան ՀՄԸՄ-ականներու Այցը

18 յուլիսին, արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը խումբ մը վեթերան ՀՄԸՄ-ականներու, որոնք եկած էին զինք շնորհաւորելու քահանայական ձեռնադրութեան 40-րդ տարեդարձին եւ թեմին մէջ իբրեւ առաջնորդ աւելի քան 20 տարիներու ծառայութեան առիթով:

Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց անոնց վաստակը, որ կերտուած է մարզական, սկաուտական, վարչական եւ այլ կալուածներու մէջ:

Պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ Զաքար Չորպաճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ դրուատեց սրբազանին արժանիքները` իբրեւ ժրաջան, բանիմաց ու տեսլականի տէր առաջնորդ մը եւ հպարտութեան առիթ նկատեց այն իրագործումները, զորս առաջնորդը կատարած է Արեւմտեան թեմին մէջ աւելի քան 20 տարիներու իր ծառայութեան ընթացքին: Ան յիշեցուց նաեւ, որ ՀՄԸՄ-ը անցեալ տարի իր բարձրագոյն պատուանշանով պատուեց սրբազանը, եւ մաղթեց, որ յառաջիկայ ծառայութիւնները եւս շարունակուին նոյն փայլուն ընթացքով:

Ապա ներկայացուցիչները առաջնորդին յանձնեցին յուշանուէր մը:

Առաջնորդը իր կարգին յուշանուէրներով պատուեց հիւրերը` անգամ մը եւս գնահատելով մարմնամարզի ճամբով անոնց ծառայութիւններն ու վաստակը:

Լիբանանի Գլխաւոր Հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի Այցելութիւնը Առաջնորդարան

18 յուլիսին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի, որուն կ՛ընկերանար Ազգային վարչութեան նախկին անդամներէն եւ հիւպատոսարանի զօրակից Թորոս Քէչէճեան:

Լիբանանցի դիւանագէտը առաջնորդարան եկած էր սրբազանը անձամբ հրաւիրելու «Լիբանանի օժանդակութեան համաժողով. Հիւսիսային Ամերիկա» խորագիրը կրող Լիբանանի նուիրուած համագումարի մը, որ նախատեսուած է 23 – 24 սեպտեմբերին Լաս Վեկասի մէջ, ներկայութեամբ  լիբանանեան կառավարութեան, խորհրդարանի, Կեդրոնական դրամատան, տնտեսական, ելեւմտական եւ այլ յարակից մարզերու ներկայացուցիչներու: Սոյն ժողովը առիթ պիտի ընծայէ ծանօթութիւններ հաստատելու լիբանանցի ներկայացուցիչներու հետ, նաեւ լայն ծանօթութիւններ ունենալու Լիբանանի յիշեալ մարզերու գործունէութեան ու ծրագիրներուն մասին:

Նշենք, որ Թ. Քէչէճեան անդամ է այս համագումարի կազմակերպիչ յանձնախումբին:

Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս ու նման նախաձեռնութիւններու մասին, որոնք ո՛չ միայն կը նպաստեն Լիբանանի հետ նախկին լիբանանցիներու կապերուն պահպանման, այլ նաեւ առիթ են ներդրում ունենալու Լիբանանի բարգաւաճման ծրագիրներուն մէջ:

120 Հազար Ամերիկեան Տոլար Կը Հանգանակուի Քոսթա Մեսայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ 25-Ամեակի Տօնակատարութեան Ընթացքին

24-25 յունիսին տեղի ունեցաւ Քոսթա Մեսայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 25-ամեակի տօնակատարութիւնը, նախագահութեամբ` Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի:

Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցած ընթրիքին ընթացքին յատուկ մեծարման արժանացան ծուխի հովիւ Մուշեղ Ա. քհնյ. Թաշճեան եւ երէցկին Սիլվա Թաշճեան:

25-ամեակի տօնակատարութեան շնորհիւ, կարելի եղաւ 120 հազար ամերիկեան տոլար գոյացնել` ի նպաստ եկեղեցւոյ:

Նոյն առիթով, առաջնորդ սրբազանը կիրակի օր եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. պատարագ եւ փոխանցեց օրուան պատգամը: Ան նաեւ առաջնորդարանի «Հայ ոգի» մրցանակով մեծարեց եկեղեցւոյ մէջ զանազան սպասարկութիւններ մատուցած 17 հայորդիներ:

Քանատա

Սիրուշոյի Պատմական Համերգը

4 յուլիսին Մոնրէալ ժամանեց աշխարհահռչակ հայ երգչուհի Սիրուշօ, ընկերակցութեամբ իր տնօրէնին` Նունէ Խուրշուտեանին եւ գեղարուեստական ղեկավարին` Քրիստինա Աւագեանի:

Նախքան համերգի թուականը, իրենց կեցութեան երեք օրերու ընթացքին, արուեստագէտն ու անոր անձնակազմը առիթը ունեցան փորձեր կատարելու Համազգայինի «Անի» զոյգ պարախումբերուն եւ «Քնար» երգչախումբին հետ, որոնք արդէն ամիսներէ ի վեր կը պատրաստուէին համերգի մասնակցութեան:

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի վարչութեան, Սիրուշոյի առաջին մենահամերգը տեղի ունեցաւ 7 յուլիսին «Քոլեճ Լաւալ»-ի սրահին մէջ: Վարչութեան ատենապետը իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Սիրուշոյի առաջին համերգով Մոնրէալի հայ համայնքը պատմական օր մը կ՛ապրի, եւ իբրեւ վարչութիւն, մեծ գոհունակութիւնն էր տեսնել անցնող երեք օրերուն ընթացքին, պարախումբերուն եւ երգչախումբին անսահման խանդավառութիւնը, երբ առիթը ունեցան ձեռք ձգել` աստղի մը հետ բեմը բաժնեկցելու փորձառութիւնը:

760 հանդիսատեսներու դիմաց Սիրուշօ ներկայացուց ազգագրական, աշուղական եւ այժմէական երգերու փունջ մը, ընկերակցութեամբ Համազգայինի «Անի» պարախումբին եւ «Քնար» երգչախումբին:

Մահ` Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեանի

1 յուլիսին Մոնրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան:

Փրոֆ. Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան եղած է համալսարանի դասախօս, գրող, հատորներու հեղինակ: Ան գործօն մասնակցութիւն բերած է Պէյրութի, Փարիզի ու Մոնրէալի գաղութներու կրթական, մշակութային կեանքի ծաղկումին, մանաւանդ` ՀՕՄ-ի շարքերուն մէջ:

Եղած է Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի առաջին շրջանաւարտներէն եւ ունեցած է աշխուժ գործունէութիւն Համազգայինի Մոնրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի շարքերուն մէջ: 2004-ին արժանացած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան շքանշանին:

Եղած է ՀՅԴ-ի անդամ եւ «Հորիզոն» թերթի աշխատակից:

Կիպրոս

Կիպրոսի Ներխուժման Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկ

Ընդառաջելով Կիպրոսի դեսպանին հրաւէրին,  20 յուլիսին Ազգային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Պօղոս Չոլաքեան ներկայ գտնուեցաւ «Ալսոս Սթրաթու», ուր տեղի ունեցաւ դափնեպսակներու զետեղում Կիպրոսի ներխուժման օրուան առթիւ: Ներկայ էին Յունաստանի զինեալ ուժերը, Կիպրոսի դեսպանն ու Կիպրացիներու միութեան ատենապետը: Պաշտօնական հիւրերու առաջին կարգին Ազգային վարչութեան ատենապետը, յանուն յունահայ գաղութին դափնեպսակ զետեղեց Անծանօթ զինուորի դամբարանին վրայ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>