ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Հայ սփիւռքի պատմութեան հետաքրքրական երեսներէն մէկն է, անկասկած, հայրենակցական միութիւններու գոյառումը, անոնց աստիճանական վերելքն ու գործունէութիւնը:
Մեծ եղեռնէն անմիջապէս ետք, 20-ական թուականներու առաջին տարիներուն, երբ կեանքի կը կոչուէին գաղութային մեր առաջին կառոյցները` փայտաշէն մատուռներ, թիթեղածածկ դպրոցներ, համեստ ակումբներ, անոնց քովն ի վեր այնքա՜ն եռանդով կը կազմուէին նաեւ երփներանգ անուններ կրող բազմաթիւ հայրենակցական միութիւններ:
Ասոնք բոլորն ալ ունէին գլխաւոր առաքելութիւն մը կամ նպատակ մը. նիւթապէս օժանդակել գաղթական հայրենակիցին, անտէր չթողուլ զայն, յենարան դառնալ անոր ընտանիքի անդամներուն:
Այս հիմնական նպատակներուն կողքին, հայրենակցական միութիւնները շուտով ստանձնեցին կարեւոր այլ պարտականութիւն մը եւս` հայրենահան հայ մարդուն հոգիին մէջ վառ պահել հայրենի կորսուած երդիքին յիշատակը: Այդ «կորսուած երդիք»-ը Խարբերդն էր, Տիգրանակերտը, Կարինը, Սասունը, Վանը, Սեբաստիան, Կիլիկիոյ հայաբնակ քաղաքները, նոյնիսկ` Կեսարիան, Մալաթիան, Ամասիան, Չարսանճաքը…
Յուսալի՜ց ժամանակաշրջան մըն էր այս, երբ ամէն հայ մարդ (սփիւռքի Ա. սերունդը) կը հաւատար, թէ ուշ կամ կանուխ «երկիր» պիտի վերադառնայ: «Գալ տարի` Վա՛ն» լոզունգը արձագանգ կը գտնէր Պէյրութէն մինչեւ Սենի ափերը… Ուստի, հայրենակցականներն ալ հետամուտ էին, որ զարթուն ու զգաստ մնայ հայ անհատը, անոր հայեացքը չշեղի պապենական կորսուած հողերէն:
Թաւալող ժամանակը, սակայն, անխուսափելիօրէն, գործեց իր աւերը: Չքացա՜ն տունդարձի երազները, բայց նաեւ բթացան հայրենակարօտ զգացումները:
Սերնդափոխութեան զուգահեռ, ա՛լ փոխուեցաւ հայ մարդուն աշխարհայեացքը:
Օտար ափերու վրայ ծնած ու այնտեղ հասակ առնող նորագոյն սերունդներուն համար «կորսուած հայրենիք»-ը այլեւս այն չէր, ինչ որ էր իրենց երէցներուն կամ պապերուն համար: Նախնեաց բնօրրանին ու հայ մարդուն միջեւ պորտակապը աստիճանաբար թուլցաւ, նոյնիսկ խզուեցաւ: Եւ ուրեմն, Արեւմտեան Հայաստանն ու Կիլիկիան այլեւս շօշափելի ու ոգեշնչող իրականութիւններ ըլլալու փոխարէն` նոր սերունդներուն (մանաւանդ` սփիւռքածին երկրորդ եւ երրորդ սերունդներուն) համար դարձան տեսակ մը անորոշ գոյացութիւններ, լաւագոյն պարագային` քարտէսի վրայ մատնանշելի կէտեր…:
Այնուհանդերձ, մեր հայրենակցական միութիւնները ձեռնածալ չնստան: Մնացին գործունեայ: Անոնք շարունակեցին բազմամարդ սրահներու մէջ նշել Զէյթունի ապստամբութիւնը, այլ տեղ մը` Վանի հերոսամարտը, անդին` ամէն տարի ոգեկոչուեցան Մարաշի աղէտին նահատակները, հոս` յիշատակուեցաւ Այնթապի ինքնապաշտպանութիւնը, հոն` պանծացուեցաւ Հաճընի ճակատամարտը…: Անհրաժեշտ ձեռնարկներ էին այս բոլորը` կայծ մը փոխանցելու համար անցեալէն, արծարծ պահելու համար «կորսուած հայրենիք»-ին անունն ու փառքը, թարմացնելու ժողովուրդին հաւաքական յիշողութիւնը:
Հինէն ի վեր կար լուրջ մտահոգութիւն մը, որ մտասեւեռումը եղաւ բոլոր հայրենակցական միութիւններուն. փրկել կորուսեալ հայրենիքին (տուեալ նահանգին, գաւառին կամ քաղաքին) պատմութիւնը: Եւ ասիկա շա՛տ էական ու անյետաձգելի աշխատանք մը կ՛ենթադրէր:
Քանի ողջ էին դեռ «երկիր»-ին ծանօթ ու անոր պատմութեան գիտակ անհատներ ու գործիչներ, քանի հրապարակի վրայ կային հայերէն յուշագիրքեր պատրաստելու ատակ ձեռնհաս բանասէրներ, պատմագիրներ ու վարժ գրիչներ, ուրեմն անյապաղ հարկ էր գործի ձեռնարկել:
Այսպէս է, որ 30-ական թուականներէն սկսեալ մինչեւ 60-ականներ, մէկը միւսին ետեւէն լոյսին բերուեցան եօթանասունի չափ հաստափոր պատմագիրքեր, որոնք կը խօսէին մեզի Արեւմտահայաստանի, Կիլիկիոյ կամ Փոքր Ասիոյ երբեմնի հայաբնակ վայրերուն մասին` աշխարհագրական, ազգագրական ու պատմական շատ թանկագին տուեալներու մէկտեղումով:
Փրկուեցա՛ւ պատմութիւնը: Ու այս վիթխարի աշխատանքը մեր հայրենակցական միութիւններուն ամէնէն անկորնչելի ու երախտարժան գործը եղաւ սփիւռքի մէջ:
***
Գաղտնիք չէ, որ սփիւռքի մեր հայրենակցական միութիւնները, գրեթէ բոլո՛րն ալ, այլեւս ծերացան:
Այստեղ, «ծերանալ» բառը չեմ գործածեր տարիքային իմաստով, այլ` ուժերու տկարացումի, գործունէութեան կրճատումի, ամլացումի, նոյնիսկ` տոհմային ոգիի (շա՛տ կարեւոր կէտ մը) նահանջի բազմակի իմաստներով:
Իրականութեան մէջ սփիւռքը իր բոլո՛ր կառոյցներով` իր եկեղեցիով ու միաբանութիւններով, իր հանրային աւանդական կազմակերպութիւններով, իր դպրոցներով, իր մտաւորական նօսրացած շրջանակներով, իր հայատառ մամուլով, իր լեզուով «ծերացաւ» ու ընդարմացաւ:
Հայրենակցական միութիւններու տկարացումը, ուրեմն, աչքառու մասնակի երեւոյթ մը չէ, այլ ընդհանուր վատառողջ պատկերին մէկ մանրանկարն է:
Եթէ փորձենք բաղդատութիւն մը ընել կէս դար առաջուան հայրենակցականներուն ու այսօր տակաւին գոյատեւողներուն միջեւ, ապա առաջին հերթին նշմարելի պիտի դառնայ անոնց թուային շեշտակի նուազումը: Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներու, Ֆրանսայի, Յունաստանի կամ Սուրիոյ հայրենակցականներէն շատեր կազմալուծուած են վերջնականապէս, ոմանք կը քաշկռտեն անուանական գոյութիւն մը, ու քիչերն են միայն, որ «պատնէշի վրայ» են դեռ սահմանափակ ծրագիրներով:
Երբեմն հայրենակցական միութեանց վերաշխուժացումի յուսատու քայլեր կը նշմարուին Պէյրութի մէջ ու մասամբ ալ` Պուէնոս Այրէս (Արժանթին): Ասիկա գնահատելի է ու մեծապէս քաջալերելի: Այնուհանդերձ, հարցումը անտեղի չէ.
Մեր հայրենակցական միութիւններուն մասին, ամբողջ տարին, քանի՞ լուր կը կարդաք հայ մամուլին մէջ:
***
Այս արագահոս մտորումներուն անձնատուր եղայ` երկարօրէն նայելէ ետք խմբանկարի մը, որ պատահաբար դուրս բերած էի իմ հին թղթապանակներուն մէջէն, զանոնք խառնշտկելու ընթացքին:
Լուսանկարը յիշեցուց ինծի մեր հայրենակցական միութիւններուն քալած երկա՜ր ուղին եւ անուշ յուշեր արթնցուց իմ մէջ:
Ճիշդ 23 տարի առաջ էր, 1994-ին:
Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան Հալէպի վարչութիւնը Արամ Մանուկեան ժողովրդային Տան «Անի» ճաշասրահին մէջ սարքեր էր իր տարեկան աւանդական ճաշկերոյթը: Ու այդ գիշեր, գնահատելի նախաձեռնութեամբ մը, մեծարուած էին խումբ մը տարօնցի երէց հայրենակիցներ, որոնք նիւթական կամ բարոյական ծառայութիւններ բերած էին իրենց սիրելի միութեան:
Խմբանկարը կու գար այդ ձեռնարկէն:
Կարօտով նայեցայ լուսանկարին ու տխրեցայ, Որովհետեւ անմիջապէս անդրադարձայ, որ հոն երեւցող մեծարեալ անձերը բոլորն ալ ընդմի՜շտ հեռացեր էին մեզմէ. սա կամ նա ձեւով ծառայեր էին իրենց շրջապատին ու յետոյ մեկներ էին այս փուճ աշխարհէն…
– Աղէ՛կ որ մեծարուեր են,-մտածեցի ես ինծի:
Արդէն ես միշտ կոմնակից եղած եմ այն տեսակէտին, որ գնահատանքները հարկ է կատարել մարդոց ՈՂՋՈՒԹԵԱՆ:
Մեր ժողովուրդին մէջ բաւական ընդհանրացած է «յետմահու» գնահատանքը: Ազգային, եկեղեցական կամ կրթական հաստատութիւններ յաճախ կ՛ուշանան (կամ կը զլանան) իրենց գնահատանքը յայտնելու վաստակաւոր ծառայողի մը, ու միայն անոր մահէն ետք է, որ «յետմահու» արժեւորումի միջոցներ կը խորհին, շիրիմը զարդարող պսակներ կը հիւսեն…
Իսկական գնահատանքը մարդոց ողջութեա՛ն կատարուածն է: Ենթական (մեծարեալը) պէտք է տեսնէ ու լիովին ապրի իրեն համար երջանիկ այդ պահը: Պէտք է լսէ իրեն ուղղեալ մեծարանքի խօսքերը, պէտք է հրճուի` ի տես զինք սիրող բազմութիւններու ծափահարութեանց…
(Շար. 1)