Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Արդէն տասը օրեր անցած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ԱՐԱՄ Ա.ի հրաւիրած հայու ինքնութեան եւ ինքնահասկացողութեան նուիրուած խորհրդաժողովէն:
Խորհրդաժողովը աւարտած է: Հարցին տագնապը կը մնայ: Հարկ է այդ հարցով տագնապիլ, կրաւորական չըլլալ, եթէ պատմութեան բեմին վրայ պիտի մնանք` որպէս ինքնուրոյն ազգ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):
Այդ օրերուն «Ազդակ» օրաթերթի մէջ կարդացի Յովէլ Շնորհօքեանի ինծի ուղղած «բաց նամակ»-ը: Շատ ալ չհասկցայ, թէ ինչո՛ւ ինծի ուղղուած էր այդ նամակը: Կը խնդրեմ, որ սիրելի Յովէլը այս քանի մէջ էջերը իր նամակին պատասխան համարէ:
Ըստ սովորութեան, գիրքերուս եւ թուղթերուս մտերմութեան մէջ էի: Թուրք հեղինակի մը` Քեմալ Եալչընի հայերէնի թարգմանուած գիրքը կը կարդայի, հրատարակուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին կողմէ, «Մելիտինեցի» մրցանակով: Գիրք, որ պէտք է տարածուի թուրքերուն եւ այլ ժողովուրդներուն մէջ` Ֆրանսա, Գերմանիա, Ամերիկաներ, արաբական աշխարհ: Այս արդէն այլ հարց է:
Դիպուածով մեքենագրուած էջ մը յայտնուեցաւ սեղանիս տակնուվրայութեան մէջ: Տարիներ առաջ գիրքէ մը արտագրուած էջ մը: Հեղինակը` Ժոզեֆ Քեսել, գիրքը` «Սիրոյ եւ կրակի երկիր» (Terre d’amour et de feu): Չեմ գիտեր, թէ գիրքը անգլերէնի թարգմանուա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Հայերէնի չէ թարգմանուած:
Խորհրդաժողովի լուսաբանութիւններուն եւ հարցականներուն պատասխանը կարծէք գտայ այդ էջին մէջ: Երբեմն տողեր կը յիշէի: Խորհրդաժողովին յիշեցուցի անկէ քանի մը դիպուկ տող: Այժմ կ’ուզեմ հատուածը ամբողջութեամբ թարգմանել, որպէսզի արծարծուած խնդիրներուն քաղաքական եւ մշակութային խորքին մասին յստակ կարծիք կազմենք` միաժամանակ հասկնալով, որ ինքնութեան կորուստի տագնապ ունեցած են ուրիշ ժողովուրդներ ալ: Ոմանք պարտուած են եւ անհետացած:
Շատեր պիտի խորհին, որ ըսուածները կրկնութիւններ են, մեր ներկայի կացութեան չեն համապատասխաներ, հայկական սփիւռք(ներ)ը նոր դիմագիծեր ունին, եւ անհրաժեշտ է հայկական ընկերութիւններու հոլովոյթին հետ քայլ պահել: Ներկայի մեր բազմերես պատշաճեցումները բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը փոխե՞ն նաեւ արմատները: Սօս Սարգսեանի «Չորուկ ճիւղեր»-ը կը շփոթուի՞ն հասարակաց կոճղին հետ: Կամ առանց արմատներու հաւատարմութեան մի՞թէ «չորուկ ճիւղեր» չենք դառնար:
Մէջբերում Մը, Որ Հայու Խօսք Չէ
Ի՞նչ կ’ըսէ Ժոզեֆ Քեսել.
«Ժողովուրդ մը կրնայ ապրիլ, եւ կամ աւելի ճիշդ` գոյատեւել, առանց իր կողմէ ընտրուած կառավարութեան, առանց իր ծոցէն ծնունդ առած հաստատութիւններու, նոյնիսկ` հողի մը, որ իրեն պատկանի: Բայց եթէ ան չունի լեզու մը, որ իրեն յատուկ ըլլայ, ան մեռած ժողովուրդ մըն է:
«Լեզուն ամենախոր, ամենատարրական հանճարն է ցեղի մը: Ան է որ կը կազմաւորէ իմացութիւնը եւ զայն կը հոսեցնէ միեւնոյն քուրային մէջ: Ան է, որ գոյն եւ մասնայատուկ երանգ կու տայ զգայնութիւններու: Անիկա միակ կապն է, որ կ՛ըլլայ անխարդախ, եւ ան է նաեւ գերագոյն ապաստանը պարտուած ազգի մը պաշտպանութեան:
«Բոլոր ճնշուած ժողովուրդները ատիկա հասկցած են աղօտ կերպով, եւ աւելի յստակութեամբ` յաղթական ժողովուրդները, որոնք իրենց յաղթանակը կատարեալ համարած են միայն իրենց նոր հպատակներուն մոռցնելէ ետք այն լեզուն, զոր անոնք կը խօսէին նուաճումէն առաջ: Այդպէս ալ ռուսերը փորձած էին Լեհաստանի եւ գերմանացիները Ալզաս Լորենի մէջ: Եւ իրենց ձախողութիւնը այս մարզին մէջ կանխատեսել կու տար աւելի ծանրակշիռ պարտութիւն մը:
Կը յիշեմ, որ Իրլանտայի մէջ, թագին դէմ մղուած պայքարի հերոսական օրերուն, ՇԻՆ ՖԷՅՆի առաջնորդները կ’ըսէին. «Կաէլիքը անգլիացիները աւելի լաւ պիտի արտաքսէ մեր երկրէն, քան` մեր հրացանները»:
«Կաէլիք»-ը` իրլանտացիներու ազգային լեզուն:
ՇԻՆ ՖԷՅՆը իրլապտացիներու մարտական-յեղափոխական կազմակերպութիւնն էր:
Պիտի ըսե՞նք, առանց դարձդարձիկ մարդորսական եւ ինքնարդարացման ճապկումի, ԿԱԷԼԻՔի փոխարէն` ՀԱՅԵՐԷՆԸ` ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ:
ՇԻՆ ՖԷՅՆԻ օրինակով, մեր ալ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐը պիտի ըսե՞ն, որ ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ՊԻՏԻ ԱՐՏԱՔՍԷ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՂ ՈՒԺԵՐԸ ՀԱՅՈՑ ԵՐԿՐԷՆ, ՔԱՆ ԱՄԷՆ ԿԱՐԳԻ ԵՆԹԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ԵՆԹԱԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍԱԿԱՆ ՃԱՌԵՐԸ (logomachies):
Այս մէջբերումը կը խտացնէ ամբողջական ազգային քաղաքականութիւն մը, եթէ իրատեսութիւն եւ քաջութիւն ունենանք տողերը եւ բառերը բանալու մեր կացութեան վրայ: Եթէ ըսած ըլլայի, որ այս տողերը գրած է հայ յեղափոխական մը կամ հաւատաւոր հայ մտաւորական մը, ոչ ոք պիտի կասկածէր: Թէեւ ոմանք կրնային քմծիծաղով դիմաւորել ըսուածը:
Հայ ղեկավարը, աշխարհական թէ կրօնական, մտաւորական, լրագրող եւ գրող, ուսուցիչ եւ աշխատաւոր, դրամատէր եւ թոշակառու, հայր եւ մայր, մանաւանդ երիտասարդ, կրնա՞ն, պիտի ուզե՞ն այս էջին ոչ մակերեսային ընթերցումը կատարել` փակագիծի մէջ դնելով իրենց կացութենէն մեկնող ինքնարդարացման գիտոսիկութիւնները (sophismes):
Մեծ իմաստասէր Էմմանուէլ Քանթ կ’ըսէր. «Գործէ՛ այնպէս, որ քու վերաբերումդ դառնայ տիեզերական օրէնք»: Փորձենք հետեւիլ մէջբերուած էջին մէջ զարգացող միտքին, որ ո՛չ աշխարհագրական, ո՛չ ալ ազգի մը կամ երկրի մը յատուկ սահմաններ ունի:
Մէջբերումին Իմաստները Բանանք
Մեր Իրականութեան Վրայ
Ի՞նչ կ’ըսէ, կամ ինչե՞ր կ’ըսէ արտագրուած մէջբերումը:
Ա.- Ժողովուրդ մը եթէ չունի լեզու մը, որ իրեն յատուկ ըլլայ, ան մեռած ժողովուրդ մըն է:
Այս ճշմարտութիւնը հասկցած էին մեր բանաստեղծները, որոնք, ինչպէս` բոլոր ժողովուրդներու պարագային, ներիմացական հզօր ըմբռնումով բանաձեւած են իրենց միտքը: Բայց ո՞վ կը լսէ զանոնք, երբ կը գինովնանք նիւթապաշտութեամբ, պատեհապաշտութեամբ, ցուցադրականով, անմիջականով: Կարծէք` բանաստեղծները միայն մանկապարտէզի հանդէսներուն համար են, եւ ոչ յիշուած բեմ զարդարող եւ պատկեր ցուցադրող «առաջնորդ»-ներուն: Գիտցողներուն համար կրկնութիւն են Խաչատուր Աբովեանի, Մուշեղ Իշխանի կամ Պարոյր Սեւակի տեսիլք ունեցող խօսքերը, իսկ անտեսիլք գործնապաշտներուն համար անոնք «պարապ վախտի խաղալիք» են:
Ժողովրդական պարզ խօսքով, Խաչատուր Աբովեան (19-րդ դար) ըսած էր, որ` «եթէ լեզուն չըլլի մարդ ինչի՞ նման կ’ըլլի»: Արմատներէն հեռացումը կը սկսի լեզուէն հեռացումով: Ունի՞նք բաւարար առաքինութիւն` ըսելու, որ լեզուէն կտրուելէ ետք, ի՞նչ կը մնայ հայէն: Մուշեղ Իշխանի պարզ խօսքը այնքա՜ն խորաթափանց է. «Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհի չորս ծագերուն / ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ»: Լեզուն երբ կորսուի, կը կորսուի նոյն տան անդամ ըլլալու զգացողութիւնը, հարազատութիւնը, ժամանակ մըն ալ կը տեւէ «ծագման» յիշողութիւնը` մոլորակի այլազանութիւններուն մէջ: Այնքա՜ն կը սիրենք Պարոյր Սեւակի անունը յիշել` առանց յիշելու անոր ներիմացական (intuition, ինտուիցիա) հզօր խօսքը. «Ժողովուրդները գոյատեւում են ո՛չ միայն իրենց հողով, այլեւ` իրենց լեզուով. երբեմն` աւելի իրենց լեզուով, քան` նոյնիսկ իրենց հողով»: Սերունդներուն յարդի բոցի նմանող կարգախօս կրկնելու դատարկ մշակոյթ տալու փոխարէն` այս «իմացում»-ը եթէ տանք, եթէ տայինք, մեր ներկան աւելի պայծառ կ’ըլլար: Իսկ օտարաբարբառ դարձող սերունդները, թերթերը, հեղինակները եւ «առաջնորդները» եթէ լսէին ներհուն Նիկոլ Աղբալեանը, նուազ «համաշխարհային ազգ» ըլլալու պարտուածի յաւակնութիւնը կ’ունենայինք: Ան կ’ըսէ. «Ազգ եւ գրականութիւն մեռնում են այն ժամանակ, երբ դադրում են իրենց լեզուն խօսել եւ այդ լեզուով ու գրաւոր արտայայտել իրենց ներաշխարհը»: Այսինքն մեր սնապարծութիւնը եւ գործնապաշտութիւնը կը փոխարինէինք հարազատի հպարտութեամբ: Պիտի կարենա՞նք որդեգրել մեռած ժողովուրդ չըլլալու քաղաքականութիւն:
Բ.- Արդարեւ, լեզուն «հանճարն է ցեղի մը», ոգին, տարբերութիւնները կը կազմաւորէ «նոյն քուրային մէջ»: Մանաւանդ, «ան է նաեւ գերագոյն ապաստանը պարտուած ազգի մը պաշտպանութեան»: Կրկին կարդա՛լ մէջբերումը: Պատշաճեցումները, այսինքն հրաժարումները կը սկսին լեզուով, երբ տիրող ուժը կամ շրջապատը իրենք զիրենք կը պարտադրեն: Որքա՜ն իմաստուն է մէջբերումի տողը: Դիմադրական շարժումը կը սկսի լեզուով, ան «գերագոյն ապաստանն է պարտուած ժողովուրդի մը պաշտպանութեան»` սպասելով վերականգնումը կամ անոր կազմակերպումը:
Գ.- Կարծէք` կը մոռնանք, որ այս կամ այն ձեւով, թէեւ կուշտ, բայց «ճնշուած ժողովուրդ ենք», եթէ չառաջնորդուինք ինքնախաբէութեամբ, որ դարձած է կեանքի ոճ, բանաձեւուած` որպէս լաւ ապրելու իրաւունք: Թերեւս աղօտ կերպով կ’անդրադառնանք, որ որպէս ազգ եւ ազգի հատուած` ապագայ չունինք, եթէ ուրիշներ յաջողին մոռցնել մեր լեզուն, եւ կամ` յաջորդական պատշաճեցումներով մենք մոռնանք զայն: Խօսքը յստակ է. «… յաղթանակը կատարեալ համարած են միայն իրենց նոր հպատակներուն մոռցնելէ ետք այն լեզուն, զոր անոնք կը խօսէին նուաճումէն առաջ»: Վիգէն Խեչումեան (20-րդ դարու հայ գրող) կը նկարագէ հայ գերին, որուն լեզուն կտրած էին թշնամիները, որպէսզի իր լեզուն չխօսի, Լենինէն մինչեւ Պրեժնեւ ըսուած էր, որ ամէն խորհրդային քաղաքացի պէտք է սորվի ռուս մեծ լեզուն` ի հարկէ ստեղծելու համար սովետամարդը (homo sovieticus), այսինքն քանդուի ազգային ինքնութիւնը: Համաշխարհայնացումը ժամանակակից ճնշումն է` պարտադրուած, միամտութեամբ կամ շահախնդրութեամբ ընտրուած եւ ընդունուած, որ կ’իրականացնէ տիրողներու յաղթանակը, «միատարածք մարդը» (l’homme unidimensionnel) ստեղծելու ձգտող: Եթէ զանգուածային դիմադրական շարժում չյաջողինք ստեղծել հրացաններէն աւելի զօրաւոր լեզուի պաշտպանութեան հարցով, ասդին-անդին նուաճած մեր դիրքերը, աչքի խտիղ պատճառող մեր շէնքերը, Ցեղասպանութեան ճանաչումներու հրավառութիւնները կը դառնան փուչիկ: Փուճ:
Հայերէնը` Պարտութեան Եւ Վերականգնումի
Անկամուրջ Բաժանարար Գիծ
Սփիւռքներու մէջ ազգային իրա՛ւ քաղաքականութիւնը, այսօր եւ վաղը, հայերէնի վերականգնումն է, մեր տուներուն մէջ, նորահաս սերունդի շրթներուն, խօսուող եւ գրուող, որակով, իր քերականութեամբ, ուղղագրութեամբ եւ շարահիւսութեամբ, ոչ մօտաւոր հայերէն մը: Երբ կրնանք աշխարհի բոլոր լեզուները սորվիլ, հպարտանալ, որ տեղացիէն աւելի լաւ գիտենք իր լեզուն, մէկ հատիկ պատճառ պէտք է տալ հայերէնի լքումը արդարացնելու համար: Ինչպէ՞ս հայը հասած է հայերէնը չսորվելու կամ զայն անկարեւոր համարելու պարտութեան կարմիր գիծը, ուրկէ անդին գիտենք, որ կայ այլասերումը:
Համացանցի վրայ անգլերէն գրուած յայտարարութիւն մը կարդացի Ամերիկայի մէջ գումարուելիք հայու ինքնութեան հարցով կայանալիք ժողովի մը մասին: Եթէ Ժոզեֆ Քեսելէն արտագրած մէջբերումս ազնիւ երիտասարդ մը թարգմանէր եւ կարդար այդ հանդիպման, յանուն Մեսրոպին` երախտապարտ կ’ըլլայի:
Ժամանակաւորը, անհատականը, պատահականը, պարտադրուածը եւ անգիտութիւնը պէտք չէ շփոթել էականի եւ վաւերականութեան հետ: Այդպէս պէտք է մօտենալ հիմնահարցերուն, ո՛ւր որ ալ գտնուինք, ինչ որ ալ ըլլան պայմանները, առանց աւաղելով ինքնարդարացումներ փնտռելու:
Ճապկումներու դէմ ըսուած իմաստուն խօսքեր կան: Յաճախ կը յիշեմ մամիկ մը, որ կ’ըսէր, թէ ամէն անգամ որ ուղտը ծունկը գետին դնէ, հոն քարվանասարայ չի շինուիր:
Հայերէնի լքումը արդարացնելու համար «քարվանսարայներ» շինողներ բանակ են, ինչ որ սովորական դարձած է ինքնարդարացումներու համար` շահակցութիւներու բերումով եւ մարդորսական շատախօսութիւններով:
Մէջբերումը հարկ է կարդալ իմաստասէր Հուսերլի ըսածին պէս` «մերկ եւ միամիտ հոգիով»… Եթէ այդ քաջութիւնը ունինք:
Առաքինութիւն` հոգիի ուժ, որ պէտք է տոկալու եւ տեւելու համար:
Ո՞վ, որո՞նք եւ գիտակցութիւնը ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ պիտի վերածեն գործի:
24 յուլիս 2017, Նուազի-լը-Կրան