ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Շատերուս ծանօթ է ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին կողմէ համայն հայութեան ուղղուած «Դէպի երկիր» կոչը, որ Դաշնակցութեան ծրագիրին մէջ բնութագրուեցաւ հետեւեալ տողով. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը ձգտի Հայ դատի լուծման. ամբողջական հայութեամբ` ամբողջական հայրենիքի կերտումին»:
«Դէպի երկիր» կարգախօսը հասարակ երազային նպատակ մը չէ, այլ, ընդհակառա՛կն, անիկա տրամաբանական գաղափար մըն է, որ կը բխի հայ ազգային-ազատագրական շարժումի եւ համայն հայութեան վեհ իղձերէն:
Հոգեբանականօրէն, իւրաքանչիւր հայրենազուրկ ազգ (մանաւանդ եթէ անոր հայրենիքը կը գտնուի ամբողջատիրական ուժի գրաւման ներքեւ) նպատակ կ՛ունենայ անկախ պետականութիւն մը կերտել` ազգային-ազատագրական պայքար մղելով:
ՀՅԴ-ն իբրեւ Ընկերվար միջազգայնականի անդամ կուսակցութիւն` միշտ ալ կարիքը զգացած է օգտուելու այլ ընկերվարական կուսակցութիւններու մղած ազգային- ազատագրական պայքարներէն եւ, ըստ անհրաժեշտութեան, որդեգրած է անոնց քաղաքականութիւնները:
Ընկերվարութիւնը իբրեւ ընկերային-տնտեսական համակարգ լաւագոյն այլընտրանքն է դրամատիրութեան, կայսերապաշտութեան, ամբողջատիրութեան եւ գաղութատիրութեան:
Ընկերային եւ տնտեսական ազատագրութիւնը անբաժանելի մաս կը կազմէ ազգային- ազատագրական շարժումներուն, եւ այդ պատճառով է, որ 20-րդ դարու ընթացքին բազմաթիւ ազգային-ազատագրական շարժումներ որդեգրած են ընկերվարութիւնը` իբրեւ պաշտօնական գաղափարախօսութիւն եւ ծաւալուն պայքար մղած են ընկերային ու տնտեսական ճնշումներուն դէմ:
Այստեղ կ՛արժէ անդրադառնալ «ընկերվարական սիոնականութեան», որ մեր կարծիքով, լաւագոյն օրինակը հանդիսացած է հայրենադարձութեան գաղափարին:
Հազարաւոր տարիներ հրեայ ժողովուրդը հայրենազուրկ մնաց` ցրուած աշխարհի չորս ծագերուն.19-րդ դարուն, հակասեմականութեան աճումէն ետք, հրեաները զգացին, որ պէտք է իրենց համար ստեղծեն անկախ պետութիւն մը, ուր ազատագրուած ըլլան բոլոր կաշկանդումներէն. ահա այսպիսով ծնաւ սիոնականութիւնը:
Հրէական ընկերվարական տարրը ունեցաւ իր յատուկ ուղին հայրենադարձութեան մէջ. նշեալ տարրը մերժեց դասական սիոնականներու ազատական տնտեսական գործելակերպը, որուն հիմնական սկզբունքներէն մէկն էր ներդրումներ կատարել Պաղեստինի մէջ: Ներդրումներուն փոխարէն` ընկերվարականները առաջարկեցին կազմակերպել քաղաքի բանուորութիւնը` արհեստակցական միութիւններու մէջ, իսկ գիւղացիները` համագործակցական միութիւններու մէջ: Անոնք նոյնիսկ դէմ կեցան հողերու անհատական սեփականատիրութեան եւ ձգտեցան համայնացնել զանոնք:
Այս նպատակով ալ 1913-ին հիմնուեցաւ «Հաշոմեր հացայիր» (եբրայերէնով կը նշանակէ` «Երիտասարդ պահակ») կազմակերպութիւնը: Այս կազմակերպութիւնը երիտասարդական միութիւն մըն էր, որուն նպատակն էր դաստիարակել երիտասարդութիւնը ընկերվարական համամարդկային արժէքներու հիման վրայ եւ կերտել ընկերվարական հասարակութիւնը մարդ անհատի կեանքին մէջ:
1920-ական թուականներէն սկսեալ «Հաշոմեր հացայիր»-ը Պաղեստինի մէջ սկսաւ գիւղեր կառուցել Եւրոպայէն գաղթած հրեաներուն համար: Այդ գիւղերուն ընկերային-տնտեսական համակարգը ընկերվարական էր: Հոն բոլոր հողերը համայնացուած էին, հրեաներն ու արաբները հաւասար էին օրէնքի ու պարտականութեան առջեւ, իսկ բնակարանը, կրթութիւնը, առողջապահութիւնն ու ջուրը ապահովուած էին բոլորին անխտիր:
Ժամանակի ընթացքին ընկերվարական գիւղերու գաղափարը կրկնապատիկ յաջողութիւն արձանագրեց, գաղթողներուն թիւը աւելցաւ, եւ գրեթէ բոլորն ալ բարեկեցիկ կեանք կ՛ապրէին:
Այսօր Հայաստանն ու Արցախը կրնան օգտուիլ հրէական օրինակէն` առողջ եւ ազդու հայրենադարձական քաղաքականութիւն յառաջ մղելու իմաստով: Անոնք միայն կարիքը ունին որդեգրելու այնպիսի ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւն մը, որ հիմնուած ըլլայ ընկերային արդարութեան վրայ, ուր բոլոր հայրենադարձները (առանց դասակարգային խտրականութեան) բարեկեցիկ կեանք կ՛ապրին` իրենց համար ապահովելով կեանքի ամէնէն պարզ ծառայութիւններն ու կարիքները:
Ինչպէս պատմութիւնը կ՛ապացուցէ, միայն ընկերային արդար կարգերու միջոցով է, որ համայն հայութիւնը պիտի քաջալերուի վերադառնալու իր հայրենիքը եւ հոն արժանապատիւ կեանք մը ապրելու:
Ընկերվարական հիմքերը միայն այժմէական չեն. Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին ալ իրերայաջորդ չորս կառավարութիւնները որդեգրեցին ընկերվարական քաղաքականութիւններ, եւ ապագային ալ, երբ իրականանայ միացեալ Հայաստանի նպատակը, պիտի գործադրուի ընկերվարութիւնը` վերաբնակեցնելով տարագիր հայութիւնը իր պապենական հողերուն վրայ:
Ծանօթ.- Այս յօդուածը բնաւ չի քաջալերեր սիոնական անմարդկային ոճիրները եւ բնաւ կողմնակալութիւն չ՛արտայայտեր Իսրայէլի անարդար գոյացութեան օգտին, այլ միայն կը պարզաբանէ գաղափարները այն կազմակերպութեան, որ արդէն 1948-ին մերժեց Իսրայէլի պետութեան հիմնումը եւ առաջարկեց «Մէկ պետութիւն` երկու ազգերու համար» գաղափարը: