Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Թումանեանի Ստեղծագործութիւնները Եւրոպական Լեզուներով Հրատարակելու Քայլեր Կը Ձեռնարկուին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ

Թումանեանի միջազգային հանրահռչակման նպատակով անոր ստեղծագործութիւնները եւրոպական լեզուներով հրատարակելու քայլեր կը ձեռնարկուին: Թումանեանի 150-ամեակին ընդառաջ, պիտի հրատարակուին շարք մը գիրքեր, իսկ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկը կ՛իրականացնէ նաեւ Թումանեանի կեանքի եւ գործունէութեան տարեգրութեան 4 հատորներու կազմութիւնը: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, 25 յուլիսին տեղի ունեցած ասուլիսին հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան յոյս յայտնեց, որ Թումանեանի ներկայացման խնդիրը նաեւ պիտի ընդգրկուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ, ինչպէս եղած էր խորհրդային տարիներու մշակոյթի շարք մը գործիչներու պարագային:

«Թումանեանի ստեղծագործութիւններուն ռուսերէնէն թարգմանութիւնները, բարեբախտաբար, այնքան շատ են, որ նոյնիսկ կրնանք նոյն ստեղծագործութեան քանի մը թարգմանութիւններուն ընտրութիւն կատարել: Սակայն միջազգային հանրահռչակման համար պէտք է քայլեր առնենք նաեւ այլ լեզուներով հրատարակելու: Յատկապէս պէտք է ձեռնամուխ ըլլանք եւրոպական լեզուներով թարգմանութիւններուն, որոնց շնորհիւ իրապէս պիտի երեւի մեր ժողովուրդի էութիւնը: Թումանեանի միջոցով պիտի ներկայացնենք մեր ժողովուրդը», ըսաւ Դեւրիկեան:

Ըստ անոր, նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքի երկիրները պէտք է ռուսերէնէն կատարեն թարգմանութիւնները: Միւս լեզուներով թարգմանութիւններուն համար պէտք է հիմք դարձնել անգլերէն լաւ թարգմանութիւնը, որուն մէջ սփիւռքը կրնայ կազմակերպչական մեծ դեր կատարել:

«Կարեւորագոյն խնդիրներէն է նաեւ կազմել իւրաքանչիւր գրողի կեանքի եւ գործունէութեան տարեգրութիւնը: Կը նախատեսենք հրատարակել 4 հատոր: Ներկայիս լոյս տեսած են առաջին երկու հատորները: Երկրորդ հատորին մէջ կը ներկայացուի մինչեւ 1914 ինկած ժամանակաշրջանը, ուր նաեւ կը յիշատակուի, թէ ինչպէ՛ս Թումանեանը կը մեղադրէին ՀՅԴ-ին անդամակցելու ամբաստանութեամբ: 3-րդ հատորը կը ներկայացնէ Թումանեանի կեանքն ու գործունէութիւնը համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն», ըսաւ Դեւրիկեան եւ աւելցուց, որ Թումանեանի կեանքի իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան կը համապատասխանէ հայ ժողովուրդի պատմութեան նշանակալի որեւէ փուլի հետ:

Ըստ անոր, մինչեւ տարեվերջ լոյս պիտի տեսնէ նաեւ Սուսաննա Յովհաննիսեանի «Թումանեանի գործունէութիւնը առաջին աշխարհամարտի տարիներուն» ռուսալեզու գիրքը, որուն շնորհիւ դարձեալ պիտի շօշափուի Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Մինչեւ յոբելեան պիտի տպագրուի նաեւ «Թումանեանի ժամանակը» գիրքը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>