Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Երեւանի Մէջ Սեպտեմբերին Պիտի Բացուի Հաշմանդամ Զինուորներու Վերականգնողական Կեդրոնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ

12 յուլիսին Երեւանի Մ. Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանին մէջ տօն էր, ուշադրութեան կեդրոնը շրջանաւարտներն էին: «Հերացի» թիւ 1 համալսարանի հիւանդանոցի բակին մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր երեկոյի ընթացքին շրջանաւարտները ստացան իրենց աւարտական վկայականները: Շէնքի ընտրութիւնը պայմանաւորուած էր անով, որ համալսարանական հիւանդանոցը Հայաստանի հնագոյն բժշկական հաստատութիւնն է:

Հանդիսաւոր ձեռնարկին ներկայ էին` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը, պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեանը, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեանը, բուժում ստացող զինուորներ` Սարգիս Ստեփանեանը, Գոռ Դարմանեանը եւ ուրիշներ:

Շնորհաւորելով շրջանաւարտները` համալսարանի նախագահ Արմէն Մուրատեանը նշեց, որ ասիկա կարեւոր իրադարձութիւն մըն է շրջանաւարտներուն համար, որովհետեւ անոնք կու տան Հիպոկրատի երդումը:

«Այսօր մենք կը կատարենք համալսարանի գիտական խորհուրդի հանդիսաւոր նիստ` նուիրուած երդման արարողութեան: Ես շրջանաւարտներուն խորհուրդ պիտի տամ ըլլալ նախաձեռնող եւ պատասխանատու, խիզախ` իրենց մօտեցումներուն մէջ, բայց` խոհեմ: Աշխատանքը կատարելագործելու համար ունենան մեծ ցանկութիւն եւ անսահման սիրեն իրենց գործը», ըստ «Արմէնփրես»-ի, ըսաւ Արմէն Մուրատեան: Այս տարի Մ. Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանը աւարտեց 968 ուսանող, որոնց մէջ կան աշխարհի 10 երկիրներէ 246 ներկայացուցիչներ եւ 52 գերազանց յառաջդիմութեամբ շրջանաւարտներ:

Շնորհաւորական խօսքէն ետք շրջանաւարտները հանդիսաւորութեամբ կատարեցին իրենց երդումը: Հիպոկրատի երդուեալները պարտաւոր են իրենց բոլոր ջանքերը գործադրել ի նպաստ իրենց հիւանդներու ապաքինման եւ կեանքի որակի բարելաւման: Այս տարի անոնք այդ երդումը տուին շէնքի մը բակին մէջ, որ բժշկական կրթութեան եւ պատմութեան ակունքներուն մէջ է:

Խորհրդանշական է նաեւ, որ այդ շէնքին մէջ բացումը պիտի կատարուի վիրաւոր զինուորներու վերականգնողական կեդրոնին: Արմէն Մուրատեանը նշեց, որ իրենք զայն պիտի կոչեն Վիրաւոր զինուորի տուն:

«Ես ուրախ եմ, որ մեր ուսանողները ուժ ստանալով` ուժ կու տան մեր հերոսներուն: Կերպարները տեսնելով` կը հասկնան, որ նիւթապաշտութիւնը չէ, որ անոնց համար շարժիչ ուժ կրնայ հանդիսանալ: Կեդրոնը պիտի բացուի սեպտեմբերին եւ յագեցած պիտի ըլլայ լաւագոյն սարքաւորումներով: Այսօր արդէն հիւանդանոցին մէջ կան կարելիութիւններ` վերականգնողական բուժում ստանալու, մեր տղաներէն շատերը կրցած են հրաժարիլ սայլակներու գործածութենէն: Հաւատացէ՛ք, որ անոնց կողմէ մէկ աստիճան բարձրանալը մեզի համար անսահման ուրախութիւն է», ըսաւ Արմէն Մուրատեանը:

«Աջակցութիւն` վիրաւոր զինուորներուն եւ զինուորական հաշմանդամներուն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Հայկուհի Մինասեանը լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ կեդրոնին ստեղծման գաղափարը յառաջացաւ ապրիլեան պատերազմէն ետք: Այդ ժամանակ բոլորին ուշադրութեան կեդրոնը ուղեղի եւ ողնաշարի վնասուածքով զինուորներն էին: Այդ օրերուն կը խօսէին արտասահմանի մէջ անոնց բուժումը կազմակերպելու մասին: Պարզ դարձաւ, որ արտերկրի մէջ վերականգնողական կեդրոնի մը մէջ մէկ օր բուժում ստանալը կ’արժէ մինչեւ 3 հազար եւրօ:

«Իսկ վերականգնողական բուժումը ամիսներու հարց չէ, այլ` տարիներու: Հետեւաբար արտասահմանի մէջ բուժում ստանալը բաւական սուղ է, այդ պատճառով ապրիլեան պատերազմէն ետք կամաւորական սկզբունքով զինուորական հիւանդանոց գացին մասնագէտներ: Անոնք աշխատեցան վիրաւոր զինուորներու հետ, արձանագրեցին այնպիսի արդիւնքներ, որոնք շատերու համար զարմանալի էին: Ծրագիր կազմեցինք եւ ներկայացուցինք այն ժամանակ առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեանին: Որոշուեցաւ ստեղծել այս կեդրոնը եւ դրսեւորել վերականգնողական մարզին մէջ մեր ունեցած մասնագիտական ներուժը», ըսաւ Հայկուհի Մինասեանը:

Ըստ անոր, իրենք այս կեդրոնով պիտի չսահմանափակուին: Արդէն Գեղարքունիքի մարզպետարանին հետ կայ համաձայնութիւն, որ այդտեղ եւս բացուի մասնաճիւղ մը: Ամբողջ հանրապետութեան մէջ պիտի ըլլան նման մասնաճիւղեր:

Այս կեդրոնը նաեւ տղոց զբաղումի հարցը պիտի լուծէ, պիտի իրականանան ուսումնական ծրագիրները, անոնք պիտի ունենան մարզանքով զբաղելու կարելիութիւն: Շէնքին մօտ պիտի գործէ սրճարան մը, որ պիտի աշխատցնեն կեդրոնին մէջ բուժուող տղաքը: Հայաստանի մէջ ներկայիս կան մօտ 9 հազար հաշմանդամներ:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը ողջունելով այս գաղափարը` նշեց, որ իրենք անմիջապէս միացած են անոր իրագործման:

«Ողջունելի է, որ այս գաղափարը եւ ծրագիրը չմնացին միայն պաշտպանութեան նախարարութեան ու բժշկական համալսարանին սեփականութիւնը: Շատ արագ այս նախաձեռնութեան միացաւ հասարակութիւնը, եւ այսօր մենք ունինք այս կեդրոնը: Ասիկա մէկ օրինակն է այն բանին, թէ ինչպէ՛ս մենք բոլորս պէտք է լուծենք այն խնդիրները, որոնք թելադրուած են մեզի մեր անկախութեան օրէն: Հասկնալի պատճառներով կ՛ուզեմ խօսքս ուղղել մեր ուսանողներուն եւ ռազմաբժշկական բաժանմունքը աւարտողներուն: Անոնք Հիպոկրատի երդումէն բացի` պիտի տան նաեւ հայոց բանակի սպայի երդում: Իրենց ծառայութիւնը կը տարբերի: Անոնք աւելի մեծ պարտականութիւն ունին, անոնք պիտի ըլլան բժշկական օգնութեան կարիք ունեցող զինուորի կողքին, անոնց աշխատանքէն կախեալ է, թէ որքա՛ն արագ պիտի ապաքինին զինուորները եւ վերադառնան ծառայութեան», ըսաւ նախարարը:

Վերականգնողական կեդրոնը բաղկացած պիտի ըլլայ երեք յարկէ, առաջին յարկին վրայ տեղակայուած պիտի ըլլան ջրային միջամտութիւններու համար նախատեսուած ծառայութիւնները, լողաւազանները եւ մարզասարքերը: Երկրորդ յարկին վրայ պիտի ըլլան մասնագէտներու սենեակները, ուսումնական սենեակները եւ շարժազգացողութեան քննութեան սրահը: Երրորդ յարկին վրայ նախատեսուած են հիւանդասենեակները` 37 անձի համար: Վերականգնողական բուժման կեդրոնը թոյլ պիտի տայ ունենալու աւելի քիչ հաշմանդամ զինուոր: Նախագահ Սերժ Սարգսեան շրջեցաւ վերականգնողական կեդրոնին մէջ եւ ծանօթացաւ կատարուող աշխատանքներուն:

Հանդիսութեան նուագով մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու նուագախումբը, ինչպէս նաեւ ցուցադրուեցան բժշկական համալսարանի աշխատանքներուն մասին պատմող ժապաւէններ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>