Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ
24 յուլիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրի 6-րդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
6-րդ փուլի ծրագիրին մասնակցեցաւ շուրջ 90 պատանի եւ պարմանուհի` աշխարհի 10 երկիրներէ` Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Պիելոռուսիայէն, Վրաստանէն, Լիբանանէն, Յորդանանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Սպանիայէն եւ Շուէտէն:
Մասնակիցներուն ողջոյնի խօսքով դիմեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց արիտունցիներու ծնողներուն ու մանկավարժներուն` նախարարութեան վստահելու եւ իրենց երեխաները հայրենիք ուղարկելու համար: «Շնորհակալ ենք նաեւ հիւրընկալ ընտանիքներուն, որոնք իրենց յարկին տակ 10 օր շարունակ կը պահեն եւ հոգ կը տանին ձեզի: Այս պահուն «Արի տուն»-ը թեւակոխած է ամէնէն աշխուժ փուլը, երբ Հայաստանի մէջ է շուրջ 300 մասնակից: Բարի՛ եկած էք հայրենիք», նկատել տուաւ: Նախարար Յակոբեան:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեան նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստանը ամբողջ աշխարհասփիւռ հայութեան, ինչպէս` արիտունցիներու տունն է: «Ուրախ պիտի ըլլանք, եթէ որոշէք ձեր կրթութիւնը շարունակել հայրենիքի մէջ, քանի որ Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ նոյնպէս կ՛ապահովեն որակեալ կրթութիւն», նշեց ան:
Այնուհետեւ նախարարը կրտսերագոյն մասնակիցին` Սերոբ Գէորգեանին (Ռուսիա) հագցուց «Արի տուն» ծրագիրի տարբերանշանով վերնաշապիկը: Սերոբ Գէորգեան նշեց, որ զինք սիրով ընդունած է հիւրընկալող ընտանիքը եւ ինք կը պատրաստուի անմոռանալի օրեր անցընել Հայաստանի մէջ:
Վրաստանէն Աննա Մացակեան ներկաներուն զարմացուց իր պարային կատարումով: Հայ ազգագրական երգերու կատարումներով եւ ասմունքով հանդէս եկան ծրագիրին միւս մասնակիցները: