Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Լիզպոն. Հայաստանի Համար` Հայաստանէն Հեռու

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ամէն տարի, երբ Լիզպոնի տղոց տարելիցը կ՛ոգեկոչենք, մէջս խանդավառութիւն մը կը ստեղծուի, մանաւանդ երբ ԼԵՄ-ականներ եւ ԶՈՄ-ականներ համոզումով եւ նուիրումով իրենց համար զոհողութեան խորհրդանիշ դարձած տղոց ձեռնարկ կազմակերպեն:

Ամէն տարի` հոգեհանգիստ, հսկում, բանախօս, յօդուած եւ յաջորդ տարուան հանդիպումի խոստում…

Հայաստանի անկախութենէն ետք անձնական, միութենական, կուսակցական թէ մշակութային հանդիպումներու համար յաճախ Հայաստան կ՛այցելեմ: Բնականաբար կը հանդիպիմ Եռաբլուր: Սակայն հոն կը զգամ բացակայութիւնը:

Բացակայութիւնը` Լիզպոնի տղոց յիշատակումին:

Բացակայութիւնը` Լիզպոնի տղոց հանդէպ վերաբերմունքին:

Լիզպոնի տղաքը միայն մերը չեն:

Լիզպոնի տղաքը միայն սփիւռքին համար չեն:

Լիզպոնի տղաքը Հայաստանի համար կատարեցին իրենց գործողութիւնը եւ այսօր Հայաստանի մէջ բացակայ են:

Ո՞վ պիտի հետապնդէ այս հարցը:

Ո՞վ տէր պիտի կանգնի այս տղաքը իբրեւ հերոսներ ճանչնալու գործին:

Մինչեւ ե՞րբ այս անտեսումը:

Մինչեւ ե՞րբ ընդհանրական շահերու համար այս զիջումը:

Արդեօք բացատրութիւն պէ՞տք է, թէ ի՛նչ է Լիզպոնի տղոց զոհաբերութիւնը: Երկու չափ երկու կշիռով մօտեցումներու մէջ այս մէ՞կն ալ ներառուած է:

Լիզպոնի տղաքը բոլորին համար զոհուեցան: Արցախի համար, խրամատի մէջ զոհուող ամէն մէկ զինուորի համար:

Նախակարապետներն էին զոհաբերութեան:

Նախակարապետներն էին մերօրեայ անձնազոհութեան:

Մենք այսօր միայն մեզի յիշատակելով` անոնց յիշատակը անոնց գործը նսեմացուցած կ՛ըլլանք:

Պէտք է զգաստանան բոլորը` վերէն վար: Պէտք է գիտնան մեր տղոց արժէքը: Պէտք է զգան անոնց բաբախած սրտերուն կանչը: Արդար կանչը, մաքուր կանչը եւ անմահ կանչը:

Լիզպոնի տղոց ոգեկոչումը Եռաբլուրի մէջ պէտք է տեղի ունենայ:

Յուշակոթող մը պէտք է բարձրացուի Հայաստանի կապոյտ երկնքին տակ:

Միայն այդ ատեն անոնք կը բաւարարուին:

Միայն այդ ատեն անոնց աճիւնները կը հանգչին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>