Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Միջազգային Անդրադարձ.- Թուրքիա. Թատրերգական Յեղաշրջումէն Մէկ Տարի Ետք

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ 15 յուլիս 2016-ի «ձախող յեղաշրջում»-ին առաջին ամեակը, որուն առիթով թէ՛ թրքական իշխանութիւնները եւ թէ՛ ընդդիմութիւնը հակադիր պատգամներ ուղղեցին հանրութեան: Միւս կողմէ, մխրճուած սուրիական տագնապին մէջ, Թուրքիա նոր արշաւանքի հեռանկարներու առջեւ կը գտնուի Սուրիոյ քրտական Աֆրին քաղաքին ուղղութեամբ: Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ Թուրքիա թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատներուն վրայ ահազանգային օրեր կրնայ ապրիլ յառաջիկայ ամիսներուն:

Շաբաթներ առաջ Անգարայի մէջ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըճտարօղլու սկսաւ առաջնորդել երթ մը` ուղղուելով դէպի Պոլիս: Ան թրքական գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան այս նախաձեռնութիւնը կոչեց «Արդարութեան երթ»: Մասնակցողները բարձրացուցած էին թրքական դրօշակները եւ արդարութիւն կը պահանջէին: Սկիզբը երթը կազմուած էր մօտ 20-25 հազար ցուցարարներէ, ապա անոր միացան յայտնի դերասաններ, լրագրողներ եւ ակադեմականներ: Երբ 10 յուլիսին երթը Պոլիս հասաւ, մասնակցողներուն թիւը հասած էր 1,5 միլիոնի: Այս երթը նաեւ շահեկան էր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան համար: 2019-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններ, հետեւաբար Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը պիտի փորձէ իր շուրջ համախմբել աշխարհիկ ընդդիմադիր ուժերը եւ անցնիլ քուէներուն 25 առ հարիւրին սահմանը, համեմատութիւն մը, որ գրեթէ բոլոր ընտրութիւններուն կը հաւաքէ: Քըլըճտարօղլու իր շուրջ պիտի համախմբէ նաեւ ընդդիմադիր ուժերը` պատրաստուելու համար նախագահական ընտրութիւններուն: Վերջին տասնամեակին Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը գաղափարական լուրջ տագնապի ու պառակտումներու դիմաց գտնուեցաւ եւ չկրցաւ շահիլ ժողովուրդին վստահութիւնը: Սակայն այս անգամ Քըլըճտարօղլու յաջողեցաւ իր շուրջ համախմբել որոշ ազգայնականներ եւ իսլամականներ, որոնք դժգոհ են Էրտողանի վարչակազմէն եւ իշխող բռնատիրական կարգերէն:

Պոլսոյ մէջ Քըլըճտարօղլու յայտարարեց իր 10 կէտերէ բաղկացած պահանջները, որոնց կարգին` անկախ դատական ատեաններու վերստեղծումը, արդարութեան եւ խօսքի ազատութեան սկզբունքներուն վերահաստատումը, ինչպէս նաեւ արտակարգ դրութիւնը չեղեալ նկատելը: Ան նաեւ խստիւ քննադատեց նախագահ Էրտողանը եւ անոր վարչակազմը: Էրտողանին ուղղելով իր խօսքը` Քըլըճտարօղլու ըսաւ. «Մէկը թող չկարծէ, թէ այսօր երթը վերջ գտաւ այստեղ: Ասիկա սկիզբն է, այս երթը մեր երկրին եւ զաւակներուն վերածնունդն է, մենք պիտի ապստամբինք անարդարութեան դէմ»: Ապա եզրափակելով, ան հետեւեալ խօսքերով դիմեց Էրտողանին. «Քու արդարութիւնդ մեզ պիտի չճզմէ»: Քըլըճտարօղլուի կոչին մէջ նաեւ հետաքրքրական էր նոր «ընկերային համաձայնութեան» ստեղծման իր պահանջը: Քաղաքացիին եւ պետութեան միջեւ համաձայնութիւն մը, որուն ընդմէջէն քաղաքացին կ՛ենթարկուի պետութեան, որպէսզի պետութիւնը պաշտպանէ անոր իրաւունքները: Քըլըճտարօղլու ըսաւ. «Այսօր մենք կը քալենք, որպէսզի վերականգնենք այս համաձայնութիւնը, վերականգնենք ժողովրդավարութիւնը եւ դիմադրենք ոչ ժողովրդավարական օրէնքներուն»:

Շատերու համար զարմանալի չէր, որ Քըլըճտարօղլու ոչ մէկ նշում ըրաւ քրտական հարցին եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահաթթին Տեմիրթաշի ու այլ 11 խորհրդարանականներու ձերբակալումին, բան մը, որ զայրացուցած էր քիւրտերը: Քիւրտերը իրենց վերապահութիւնները ունին Քըլըճտարօղլուի եւ անոր կուսակցութեան երեսփոխաններուն նկատմամբ, որոնք անցեալ տարուան նոյեմբերին թեր քուէարկեցին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան առաջարկած ծրագիրին` վերցնելու անձեռնմխելիութիւնը քիւրտ երեսփոխաններուն, որոնք Էրտողանի կողմէ ամբաստանուած էին «ահաբեկչութեան» յանցանքով: Հանրապետական ժողովուրդի եւ քրտամէտ կուսակցութիւններուն միջեւ հարցը աւելի եւս բարդացաւ, երբ վերջերս իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան աջակցութեամբ ազգայնականները եւ հանրապետականները խորհրդարանին մէջ անցուցին օրինագիծ մը, որուն միջոցով խորհրդարանի անդամներուն արգիլուեցաւ օգտագործել «Հայոց ցեղասպանութիւն», «Քիւրտիստան» եւ «քրտական ջարդեր» եզրերը: Օրինագիծը նաեւ ստիպեց, որ նորընտիր խորհրդարանականները երդման արարողութեան ընթացքին չփոխեն երդման բնագիրին խօսքերը: Յայտնենք, որ քիւրտ երեսփոխան մը երդման արարողութեան ընթացքին «թրքական ազգութիւն» եզրը փոխարինած էր «Թուրքիոյ մէջ ապրող ազգերը» եզրով:

15 յուլիսին Պոլսոյ մէջ «յեղաշրջման ձախողութեան» առաջին ամեակին նուիրուած նախաձեռնութեան եւ «Նահատակներու յուշարձան»-ի բացման արարողութեան ընթացքին Էրտողան յայտարարեց, որ արտակարգ դրութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ Ֆեթհուլլա Կիւլենի եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) «ահաբեկչութիւնը վերջ գտնէ: Ան նաեւ վերահաստատեց իր տեսակէտը մահապատիժի հարցին նկատմամբ` պահանջելով, որ բոլոր անոնք, որոնք յեղաշրջման եւ ահաբեկչութեան մասնակցեցան, հանրութեան առջեւ մահապատիժի ենթարկուին:

Էրտողան իր այս քայլով կ՛ուզէ վերասահմանել թրքական ազգայնականութիւնը: Էրտողանեան այս ազգայնականութիւնը ունի նաեւ իր կրօնական (իսլամական) գոյնը, որ այդքան ալ տարբեր չէ 1915-ի թրքական ազգայնականութենէն, որուն հիմնական թիրախը «ներքին թշնամի»-ն էր: Այսօր հայը, ասորին եւ յոյնը գրեթէ սպառնալիք չեն ներկայացներ, որքան քիւրտերը, ազատականները, յառաջդիմականներն ու ձախակողմեանները: 15 յուլիսի «յեղաշրջում»-ը առիթ եղաւ Էրտողանին, որ ձերբազատի իր նախկին դաշնակից Ֆեթհուլլա Կիւլենի ցանցէն, ինչպէս նաեւ քրտական եւ ազատամիտ շարժումներէն` նախ պառակտելով ընդդիմութիւնը, ապա արգելափակելով հազարաւոր ուսուցիչներ, զինուորական եւ պետական պաշտօնատարներ:

Ներքին քաղաքական այս սուր պայքարին վրայ աւելցան նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ Սուրիոյ հետ կապուած երկու խնդիրներ:

6 յուլիսին Եւրոպական խորհրդարանը որոշում տուաւ կասեցնելու Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հետ կապուած բանակցային հոլովոյթը: Ըստ եւրոպացի խորհրդարանականներուն, Թուրքիա չյարգեց Քոփենհակընի չափանիշները, որովհետեւ այդ երկրին մէջ տակաւին կ՛ոտնակոխուին մարդկային իրաւունքները եւ կը շարունակուին քաղաքական հալածանքները: Եւրոպական ճնշումը աւելի եւս սաստկացաւ Թուրքիոյ վրայ, երբ 9 յուլիսին Գերմանիա յայտարարեց, որ իր զինեալ ուժերը պիտի հեռացնէ Ինճիրլիքի զինուորական խարիսխէն եւ զանոնք տեղափոխէ Յորդանան: Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացան, երբ յունիս 2016-ին Գերմանիոյ խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Քաղաքական այս տագնապը ստեղծուեցաւ, երբ Էրտողան գերմանական քաղաքականութիւնը նմանեցուց «նացիական վարչակարգ»-ին: Իբրեւ հակազդեցութիւն Թուրքիոյ կողմէ գերմանացի խորհրդարանականներու Ինճիրլիք այցելութեան արգիլումին, Գերմանիոյ կառավարութիւնը արգիլեց, որ թուրք նախարարները մուտք գործեն երկիր` անցեալ ապրիլին կատարուած սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէին ի նպաստ քարոզարշաւ կատարելու համար: Իսկ վերջերս Աւստրիոյ եւ Հոլանտայի կառավարութիւնները արգիլեցին թուրք նախարաներուն մուտք գործել իրենց երկիրները` մասնակցելու յեղաշրջման փորձին դէմ ձեռնարկներուն, որոնք կազմակերպուած էին թրքական կառավարամէտ կազմակերպութիւններու կողմէ:

Հաւանաբար շատ ուշ չէ, որ Էրտողան իր սլաքը դարձեալ ուղղէ դէպի Սուրիա: Մինչ Թուրքիա կը պատրաստուի ներխուժելու Սուրիոյ Աֆրին շրջանը, սուրիացի ընդդիմադիր զինեալները յայտարարեցին, որ թրքական բանակին հետ միասնաբար զինուորական գործողութիւններու պիտի ձեռնարկեն Աֆրինի ուղղութեամբ` «ազատագրելու համար արաբական գիւղերը քրտական լուծէն»: Մինչ այդ, քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները յայտարարեցին, որ բախումները արդէն իսկ սկսած են թուրք զինուորականներուն հետ: Միւս կողմէ, արաբական ուժերը, որոնք մաս կը կազմեն քրտամէտ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն, սպառնացին հեռանալ Ռաքքայէն, եթէ Թուրքիա ներխուժէ քրտական շրջաններ: Ասիկա կրնայ վտանգի ենթարկել Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ծրագիրը, բան մը, որ ի շահ Ռուսիոյ եւ Իրանի է: Թրքական կառավարութիւնը եւ սուրիական ընդդիմադիր ուժերը յայտարարեցին, որ «քիւրտ անջատողականները դուրս պիտի քշեն Աֆրինէն»: Անցեալ շաբաթ թրքական հրասայլերը արդէն իսկ մուտք գործեցին Հալէպի հիւսիսը գտնուող Ազեզ գիւղաքաղաքը: Անշուշտ այս գործողութիւնը միայն Աֆրին շրջանին դէմ չէ ուղղուած, այլ նաեւ Թել Ռիֆաաթի (Ազեզի հարաւը), որ ռազմավարական նշանակութիւն ունի: 2016 փետրուարին քիւրտերը իրենց վերահսկողութեան տակ առին Թել Ռիֆաաթը, երբ շրջանէն դուրս վռնտեցին ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումի զինեալները: Թել Ռիֆաաթ ռազմավարական նշանակութիւն ունի թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ քիւրտերուն համար: Անիկա այն կամուրջն է, որ քրտական երեք շրջաններ (Աֆրին, Արաբ Բունար եւ Ժազիրա) կը միացնէ իրարու. Եթէ թրքական ուժերը եւ անոնց դաշնակիցները գրաւեն Թել Ռիֆաաթը, ապա Աֆրինը կը մեկուսանայ եւ կը շրջափակուի: Պատահական չէ, որ անցեալ շաբաթ Էրտողան հաղորդակցութիւն ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ եւ բանակցութեան մէջ է Ռուսիոյ ու Իրանի հետ` կանաչ լոյս ստանալու իր զինուորական գործողութեան համար: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Աֆրինի գործողութեան ծրագիրը արդէն իսկ պատրաստ է: Այդ ծրագիրին համաձայն, սուրիական ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներ քաղաքին վրայ պիտի յարձակին արեւելեան կողմէն` իրենց հակակշիռին տակ առնելով Ազեզէն հարաւ գտնուող Ճինիկ զինուորական օդակայանը, իսկ հարաւէն (Իտլիպի շրջանէն) այլ խմբաւորումներ պիտի յարձակին, մինչ հիւսիսէն թրքական բանակի թնդանօթները պիտի ռմբակոծեն քրտական զինեալ ջոկատները` այսպիսով ամբողջովին ոչնչացնելով Աֆրինը:

Հայկական դիտանկիւնէ մեկնած, այս զարգացումը դարձեալ կրնայ վտանգել Քեսապի հայութիւնը, Իտլիպի միջոցով իսլամական եւ ընդդիմադիր զինեալներ դարձեալ Թուրքիոյ կողմէ կանաչ լոյս կրնան ստանալ յարձակելու Քեսապի վրայ: Թուրքիա այս հարցը կրնայ իբրեւ ճնշումի խաղաթուղթ օգտագործել Ռուսիոյ դէմ, բայց հայութիւնը դարձեալ կրնայ զոհ երթալ շրջանային արիւնալի ճատրակի խաղի մը: Էրտողան ամէն ջանք պիտի թափէ, որպէսզի տեղական եւ համաշխարհային հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը հեռացնէ իր բռնատիրութենէն եւ զայն ուղղէ ուրիշ տեղ: Ատիկա կրնայ Սուրիոյ մէջ քրտական Աֆրին քաղաքը դառնալ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles