Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հայ Քաղաքական Միտքի Տեսադաշտը

$
0
0

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

Երեւանի եւ սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ արդէն պատրաստութիւնները ծայր առած են Հայաստան-սփիւռք վեցերորդ համահայկական երկօրեայ ժողովի նախօրեակին, որ տեղի պիտի ունենայ այս տարուան սեպտեմբեր 19-20, Երեւանի մէջ: Անցեալ տարուան ռազմաքաղաքական թոհուբոհէն ետք, սոյն նախաձեռնութիւնը ինքնին լաւ առիթ մըն է վերագնահատելու եւ վերարժեւորելու Հայաստանի եւ սփիւռքեան տարբեր հատուածներու միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններու բնոյթն ու զարգացման հեռանկարները: Առաւել, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման հարիւրամեակի սեմին այս խորհրդաժողովը ինքնին հրամայականն է ընդլայնլելու հայ քաղաքական մտքի տեսադաշտը` իսկապէս ոստում կատարելով դէպի «համահայկական» մտածողութիւն, զարգացնելով նոր որակի յարաբերութիւններ այս երկու քաղաքական միաւորներուն (Հայաստանը` իբրեւ հանրապետութիւն եւ պետութիւն, ինչպէս նաեւ` սփիւռքը) միջեւ, որոնք չեն սահմանափակուիր տնտեսական ներդրումներով կամ Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջի արշաւներով: Տրուած ըլլալով, որ դասական սփիւռքի գոյութիւնը կը համընկնի այն ժամանակաշրջանին, երբ 20-րդ դարասկզբին Հայաստանը դարձաւ անկախ ու ազատ պետականութիւն եւ հանրապետութիւն, անհրաժեշտ է ակնարկ մը նետել, թէ անցած տասնամեակներուն ընթացքին որո՛նք էին այն բոլոր խոչընդոտները, ըլլան անոնք գաղափարական, քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային, որոնք սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները պահեցին խեղճ, յաճախ տհաս ու նաեւ խնդրայարոյց վիճակի մը մէջ: Հետեւաբար սոյն յօդուածով այս տողերուս հեղինակը կ՛ուզէ բարձրացնել որոշ կէտեր ու հարցեր, որոնց քննարկումը իր համեստ կարծիքով առանցքային տեղ կրնայ գրաւել վերոյիշեալ համաժողովի օրակարգին վրայ:

Բազմիցս ականատես եղած ենք նմանատիպ ժողովներու, որոնք համահայկական մտածողութեան կայծերը զարգացնելու իրենց կարողականութեամբ հանդերձ, գոհացած են միայն սփիւռքի ու Հայաստանի աւանդական կազմակերպութիւններու գովասանքը հիւսելով, առանց անցնելու կառուցուածքային խնդիրներու խորքային լուծումներու իսկական փնտռտուքին: Ուստի, նկատի ունենալով եկող տարուան պատմաքաղաքական նշանակութիւնը արդի հայոց պատմութեան համար, այս համաժողովը կարելի է ընդունիլ, եւ յոյսով ենք, որ անիկա ինքզինք կ՛արդարացնէ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակի ընդառաջ հայկական նոր գաղափարախօսութեան մը որոնումի եւ մշակման լուրջ սկիզբ: Ստորեւ նշուած հայեցակարգային հարցերը կրնան իբրեւ սկզբնակէտ ծառայել սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները բարձրացնելու պետականակերտութեան  մակարդակին:

Յաճախ հպարտանքով է, որ կը խօսինք հայկական պետականութեան վերականգնման մասին` դարեր շարունակ օտար ուժերու տիրապետութեան տակ ապրելէ ետք, սակայն խորապէս գիտե՞նք կամ կ՛ընկալե՞նք, թէ այդ պետականութիւնը ի՛նչ է: Արդեօք պետականութիւնը միայն ա՞յն է, երբ առիթը կ՛ունենանք ազատ ճեմելու եւ անկաշկանդ զբօսնելու Երեւանի քանի մը նորակառոյց փողոցներուն մէջ: Քսանմէկերորդ դարու սրընթաց փոփոխութիւններէն մեկնած ու Հայաստանի մէջ հասարակական քաղաքական ու մշակութային մարտահրաւէրներու առկայութեան ճշմարտութեան առաջ կանգնած` սոյն համաժողովի առաքելութիւններէն եւ, ինչո՞ւ չէ, ամենակարեւոր մտահոգութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ սփիւռքի մէջ տասնամեակներ շարունակ «Հայաստան» յղացքի վերարտադրման քաղաքականութեան վերանայումը եւ անոր վերամշակումը` փորձելով մտցնել հայ գաղութներու մէջ  Հայաստանի «պետականութեան», եւ ոչ` լոկ «հայրենիքի» գաղափարը:

Տրուած ըլլալով, որ այս մասին նախապէս գրած եմ, կը բաւարարուիմ միայն շեշտելով քանի մը կէտեր:

Քսանմէկերորդ դարու ամէնօրեայ քաղաքական տնտեսական եւ հասարակական եռուզեռին ու անկէ սնանած բազմաթիւ գաղափարական եւ ընկերաբանական այլափոխութիւններու պատճառով անհրաժեշտ է լրջօրէն զննել եւ խորապէս փորձել հասկնալ, թէ դասական սփիւռքահայերու մօտ հայրենասիրութիւն եզրոյթը ճիշդ ի՛նչ կ՛ենթադրէ, ի՞նչ կը ներառէ կամ կը բացառէ: Հակառակ անոր որ այս մասին կան բազմաթիւ ակադեմական սահմանումներ, սակայն մեր հայկական իրականութեան մէջ նման գիտական մօտեցումներ չեն գտած իրենց համարժէք նշանակութիւնն ու ընդունելութիւնը: Աւելի պարզեցնելու համար կարելի է ըսել հետեւեալը. խիստ անհրաժեշտութիւնը կայ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն մօտաւորապէս երեք տասնամեակ ետք այժմէականցնելով թէ՛ քաղաքականապէս եւ թէ՛ գաղափարապէս` աւելի հասանելի դարձնել «հայկական պետականութիւն» հասկացողութիւնը եւ զայն պատշաճեցնել քսանմէկերորդ դարու հասարակաքաղաքական պահանջներուն:

Սփիւռքի հայ քաղաքական մտքի տեսադաշտին մէջ տակաւին իր լիարժէք տեղը չէ գտած «պետականութեան»  ամբողջական ընկալումը` Սփիռքահայերու լայն հատուածները անհաղորդ պահելով Հայաստանի հաստատութենական տնօրինման համակարգին: Այս երեւոյթն է, որ մասամբ կը ծնի «աժան հայրենասիրութիւն»-ը` յատկանշուած գլխաւորաբար կռուազան ռազմահայրենասիրութեամբ կամ լոկ դրամական նուիրատուութիւններու միջոցով բարոյական գոհացումով:

Հակառակ անոր որ այս մօտեցումը կարելի եւ պէտք չէ ամբողջապէս վերացնել, «հայոց պետականութեան» գաղափարը  նպատակայարմար չէ խարսխել լոկ այս երկու երեւոյթներուն վրայ: Դէպի Հայաստան զբօսաշրջութեան պտոյտներու հոսքը աճեցնելու կարգին, այս համաժողովին հիմնական առանցքը պէտք է հանդիսանայ կառուցողական մօտեցումներու զարգացումը: Հետեւաբար սփիւռքի պատկան մարմինները, որոնք հասանելիութիւն ունին ուսումնական եւ մշակութային լծակներու` պարտին Հայաստանի պետական համակարգին հետ միատեղ տարբերակ մը գտնել սփիւռքի մէջ տիրող վտանգաւոր ռազմահայրենասիրութեան, որուն տեսադաշտէն դուրս կ՛իյնան կառուցողական խնդիրներու արծարծումը. սա երեւոյթ մըն է, որ կը սնանի միայն հակառակորդը ոչնչացնելու մարմաջով, չենթադրելով միաժամանակ լուրջ ճիգ եւ ուստի դառնալով ամենահեշտ բորբոքուող զգացումներէն մէկը: Վերոյիշեալ գաղափարներէն մեկնած` անցնինք երկրորդ կէտին:

«Հայաստանի պետականութիւն» յղացքը նոր մօտեցումներով խարսխելու համար սփիւռքեան ենթակառուցուածքին մէջ` մեծ դեր կը խաղան կրթութիւնն ու ուսումնական հաստատութիւնները: Հետեւաբար հրամայական է պատրաստել նոր որակի հայոց պատմութեան դասագիրքեր, որոնք լուսարձակի տակ կ՛առնեն վերոյիշեալ խնդիրներու քննական ուսումնասիրութիւնը եւ կը մատուցեն աւելի ամբողջական ու համապարփակ հայոց պատմութիւն մը` զայն տեղադրելով միջազգային պատմական ընդարձակ բնագիրին մէջ` առաջքը առնելով այսպիսով հայոց պատմութեան լուսանցքայնացման: Նոր որակի դասագիրքերը պարտին հայ քաղաքական միտքը պատշաճեցնել քսանմէկերորդ դարու արդի մարտահրաւէրներուն եւ պետութեան մը էականութեան այս խնդիրներու հանգուցալուծման գործընթացներուն մէջ: Ուստի խիստ անհրաժեշտ է յաղթահարել Հայաստանը լոկ եկեղեցիներու, աւերակներու կամ գեղատեսիլ բնութեան ձեւով ներկայացնելու երեւոյթը եւ զայն համալրել աւելի շօշափելի ու քննական միտքը արթնցնող հարցադրումներով: Օրինակ` հայոց պատմութեան մէջ քաղաքացիական դաստիարակութիւնը, մարդկային իրաւունքները, ներգործիչ քաղաքական համակարգի գործելաոճը եւ այլն: Ապակուսակցականացնելով հայոց պատմութեան դասաւանդումը` հրամայական է հայ աշակերտութիւնը պատրաստել գիտական մտածողութեան` բարձրացնելով նմանատիպ հարցեր. «Ո՞ր համակարգային նախատիպին կրնայ հետեւիլ Հայատանի պետութիւնը, եւ ի՞նչ է սփիւռքի դերը այստեղ» կամ «ինչպէ՞ս ազդեցիկ դեր կրնայ ունենալ քաղաքացիական հասարակութիւնը Հայաստանի մէջ», անշուշտ շարքը երկար է, բայց բաւարարուինք այսքանով:

Երբ կը խօսինք յետխորհրդային անցումային փուլի մը մասին, պարտաւոր ենք նաեւ սփիւռքի մէջ յիշել, գրել եւ ուսուցանել Հայաստանի Հանրապետութեան արդի պատմութիւնը հասնելով` մինչեւ 2000-ական թուականները: Արագ ակնարկ մը սփիւռքի հայոց պատմութեան դասագրքերուն` պիտի յանգեցնէ այն եզրակացութեան, որ անոնք դարձած են անժամկէտ առարկաներ, որոնք ոչ միայն վերոնշեալ թեմաները կը ներկայացնեն տարբեր գաղափարախօսական եւ կուսակցական պրիսմակներու ընդմէջէն, այլեւ քիչ թէ շատ լուռ են յետարցախեան գոյամարտի պատմութեան մասին: Այսպիսով,  կը դիտարկուի յստակ պատմագրական բացը, երբ խօսքը յետխորհրդային` անկախութեան ժամանակահատուածի գնահատման կը վերաբերի:

Որպէս այդպիսին, գերիշխող խօսոյթը հիմնականին մէջ կը մնայ խորհրդապաշտութիւնը կամ ռոմանթիզմը` հրաւիրելով յաճախ վերացական հասկացողութիւններ, ինչպիսին է «հայրենիքը»` առանց սակայն յստակ պատկերացումներու, որոնք լեռներէ եւ եկեղեցիներէ անդին կ՛անցնին: Ուրեմն, սփիւռքի հայկական դպրոցներուն մէջ պատմագիտութեան գիտակցութեան հիմնարար հարցը կը շարունակէ մնալ «Ինչպէ՞ս ստեղծուեցաւ հայոց պետութիւնը», առանց համարժէք գնահատելու, թէ` «Ի՛նչ հիմքեր անհրաժեշտ են այս պետութեան կայունութեան եւ գոյատեւման համար»:

Ասիկա կրնայ բացատրել այն անհասկացողութիւնը, որմէ կու գայ մեղադրելու «պատրաստակամութիւնը», որ շատ մը սփիւռքահայեր ունին այն հայաստանաբնակ հայերուն հանդէպ, որոնք տարբեր պատճառներով ստիպուած կը լքեն եւ կը գաղթեն Հայաստանէն` դատարկելով այն «երազային» հայրենիքը, որ շատեր պիտի ուզէին վայելել ամրան քանի մը շաբթուան ընթացքին: Այս մտահոգութիւններէն մեկնած` կ՛առաջարկեմ, որ սոյն համաժողովին կազմուի հայոց պատմութեան միացեալ մարմին մը, որ պիտի համախմբէ սփիւռքէն եւ Հայաստանէն տարբեր մասնագէտներ, եւ որուն հիմնական առաքելութիւնը պիտի ըլլայ պատրաստել նիւթեր, դասագիրքեր եւ նախաձեռնութիւններ, որոնք կը նպատակադրեն ստեղծել պատմութեան ծանօթ, քաղաքականապէս իրազեկ եւ տեղեկացուած սերունդ մը, որ հաշուի առնելով ներկայ դարուն մարտահրաւէրները` երեւան կու գայ կառուցողական եւ խորքային հարցերու լուծման նոր հարթակներով:

Անշուշտ, հայոց պատմութիւնը մինակը բաւարար չէ այս բացը լրացնելու, սակայն տրուած ըլլալով, որ հայ աշակերտներուն առաջին մտապատկերը Հայաստանի մասին կը կազմուի դպրոցական միջավայրին մէջ, սոյն հաստատութիւնները կրնան ծառայել իբրեւ մեկնակէտ: Այս օրակարգին մէջ տակաւին մեծ դեր ունի խաղալիք Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ոչ միայն իր ողջ աշխարհասփիւռ կառոյցով, այլ նաեւ` այն պարզ տրամաբանութեամբ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան կուսակցութեան անդամ է եւ այս առումով մեծ է բեռը ներդաշնակեցնելու սփիւռքի եւ Հայաստանի կրթական համակարգին հայեցակարգային բացթողումները: Նոյնն է պարագան նաեւ տարբեր ոլորտներու ու բնագաւառներու. այս համաժողովը կրնայ հիմք հանդիսանալ այն հարթակին, որուն հիման վրայ հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուի ներգրաւել սփիւռքի մարդուժը հայաստանեան կրթական համակարգի բարեկարգման եւ բարեփոխման աշխատանքներուն մէջ: Այս առումով, լոկ տնտեսական միջոցները չեն, որ նշանակութիւն ունին, այլ նաեւ մասնագիտացած սերունդի մը հետ համագործակցութիւնը` յանուն կառուցուածքային խնդիրներու աստիճանական վերացման:

Նպատակայարմար է նման ժողովներու ընթացքին հեռու մնալ մոլորեցնող լոզունգներէ, ինչպէս` «Միացեալ հայութիւն» կամ «Միացեալ կամք», հակառակ անոր որ պատմութեան որոշ ժամանակներու ընթացքին նման արտայայտութիւններ իրենց առաքելութիւնը կրնան կատարել համախմբելով ամբողջ ժողովուրդը գերագոյն նպատակի մը համար, ինչպէս ականատես դարձանք անցած տարուան ապրիլի քառօրեայ կռիւներու օրերուն. սակայն միշտ չէ, որ լուծումներու կրնան առաջնորդել: Կը տառապինք այն վախէն, որ յանկարծ բացայայտ կերպով չընդունինք մեր հասարաքաղաքական կամ մշակութային կամ թէկուզ գաղափարական (աւելի նուազ չափով) տարակարծութիւններն ու տարբերութիւնները` առարկելով, որ նման քայլեր միայն կը ջլատեն մեր ազգային միասնականութիւնն ու կամքը: Սկսինք այն կէտէն, որ բացի քանի մը գերխնդիրներէ, ինչպէս` Արցախի անվտանգութիւն (բայց` ոչ լուծման հեռանկար) կամ Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջ (բայց` ոչ ռազմավարական միջոցներու հետապնդում), «Ազգային միասնականութեան» գաղափարը ինքնին առասպել է եւ շատ պարագաներու` ապակողմնորոշող գործօն: Պէտք է գիտակցաբար ընդունինք, որ հակառակ բոլորիս «հայեցի պատկանելիութեան» այս գիտակցութիւնը առաջնորդող դեր չի կրնար խաղալ, տրուած ըլլալով, որ հայ ըլլալը բաւարար ազդակ մը չէ շղարշելու այն տարբեր մօտեցումները, զորս իւրաքանչիւրս ունի կրթական, մշակութային, կամ հասարակական խնդիրներու վերաբերեալ: Այսինքն հարցը կը կայանայ հոն, ուր յաճախ նման համաժողովներ իրենց աւարտին հանդէս կու գան` ըսելով, որոշուած է աշխատիլ յանուն Հայատանի ու սփիւռքի շահերուն` միացեալ հայութեան մը միացեալ կամքով: Այս յայտարարութիւնները ոչ միայն մոլորեցնող են, այլ դատարկ` լուրջ եւ գործնական ճիգեր պարունակելու կարողականութենէ, որովհետեւ չեն բարձրաձայներ այն մտահոգութիւնը, թէ հայ ըլլալով հանդերձ, ո՛րն է ամէնէն ազդեցիկ մօտեցումը, որ կրնայ յանգեցնել այս կամ այն խնդիրի լուծման:

Ուստի, նման համաժողովներ պէտք է հարթակ հանդիսանան յաղթահարելու այս երեւոյթը ու նաեւ զարգացնելու «անդրհայկական» մօտեցումներ: Այս վերջին եզրոյթով նկատի ունիմ տարբեր կարծիքներու եւ առաջարկներու առողջ քննարկումը, որոնց մերձեցմամբ է միայն, որ կարելի պիտի ըլլայ վերակառուցակարգել հայկական իրականութիւնը: Կրնայ ըլլալ, որ Ցեղասպանութեան կամ Արցախի անվտանգութեան հարցին մէջ բոլորս մէկ դիրք կ՛որդեգրենք, սակայն երբ կարգը կու գայ հաստատութենական խնդիրներու, ինչպէս` կրթութիւն կամ քաղաքացիական հասարակութեան գործունէութիւն, դժուար թէ համահայկական մօտեցում մը ցուցաբերենք: Վերջ ի վերջոյ, լոկ հայ զգալով չէ, որ այս խնդիրները պիտի գտնեն իրենց տրամաբանական հանգուցալուծումները:

Սփիւռքի մէջ զանազանութիւնը ոչ միայն քաջալերելի ու բնական է, այլ նաեւ ունի ռազմավարական նշանակութիւն, երբ կը խարսխուի առանցքային թնճուկներու լուծման ուղիներու վրայ: Հայաստանի զարգացումը իբրեւ գերիշխող գաղափար նման հիմք մը չէ, որովհետեւ ոչ միայն գործնականապէս պղտոր է, այլ նաեւ` անհասկնալի շատերու համար, տրուած ըլլալով, որ սփիւռքն ու Հայաստանը տակաւին չեն թեւակոխած այն փուլը, երբ երկուքը լաւապէս կ՛ընկալեն զիրար: Կը կարողանանք հասնիլ այդ հանգրուանին միայն այն ատեն, երբ ընդունելով եւ հասկնալով մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններն ու հայեցակարգային զանազանութիւնները` կը յաջողինք մշակել եւ զարգացնել հասարակ քաղաքական լեզու մը, որուն շուրջ կարելի է համագործակցութիւն ձեւակերպել եւ իսկական համահայկական մտածողութիւն բանեցնել: Այնուամենայնիւ, վերաքննութեան ենթարկելով մենք մեզ` ժամանակն է յաղթահարելու Պաղ պատերազմի ազգավնաս ու դառն ժառանգութիւնը եւ կազմակերպութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցող ստեղծուած անջրպետն ու անվստահութիւնը: Ցեղասպանութիւնը չէ, որ միայն պիտի ըլլայ այն հարթակը, ուր համահայկական համագործակցութիւն մը պիտի կայանայ: Միայն այս նուաճումէն ետք է, որ իսկապէս կրնանք լրջօրէն մտածել յաճախ պարզ թուացող, սակայն խորքին մէջ պատասխանը շատերուս համար անորոշ մնացող հիմնական հարցին` «21-րդ դարու աշխարհասփիւռ հայութեան համար նպատակայարմա՞ր է ունենալ հայաստանակեդրոն մտածողութիւն, իսկ եթէ` այ՛ո, ինչպէ՞ս իրականացնել զայն»:

Հայաստանը տեսնել եւ յարմարեցնել որպէս հայրենիք` նոյնը չէ, ինչ որ է հայաստանակեդրոն մտածողութիւն բանեցնելը: Երբ տակաւին առկայ են վերեւը նշուած գործօնները, որոնք կը խոչընդոտեն Հայաստանն ու սփիւռքը իրարու խորքապէս կապելու քաղաքական շաղախի մշակմանը, հայաստանակեդրոն մտածողութեան մը ծիլերը կը մնան աննկատելի:

Հոս է, որ կը կայանայ սփիւռքի նախարարութեան գերագոյն դերը` համախմբելու բոլոր այն կազմակերպութիւնները, որոնք իրենց շօշափելի ներդրումը ունին սփիւռքի տարբեր հատուածներու հասարակական քաղաքական կամ մշակութային կեանքին մէջ: Անկախ պետականութեան մը սփիւռքի նախարարութիւնը, մանաւանդ` հայոց նման ազգի մը համար, կարողականութիւնը ունի դառնալու այն համակարգային հիւլէն, որուն շուրջ կարելի է կայացնել այս հայեցակարգային ոստումը: Անշուշտ, իր հերթին այս մէկը կ՛ենթադրէ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ պատշաճ վերաբերում մը սփիւռքի կազմակերպութիւններու մասնագիտական կարողականութեան հանդէպ եւ ոչ միայն անոնց դիտարկումը` որպէս տնտեսական «կթան կով»: Ուստի, սփիւռքի եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ Հայաստանի կազմակերպութիւնները պարտաւոր են արձագանգելու եւ ի հարկին բողոքելու բոլոր այն յայտարարութիւններուն դէմ, որոնք կը խանգարեն հայաստանակեդրոն մտածողութեան զարգացման: Օրինակները ձգելով ընթերցողներու երեւակայութեան` անցնինք աւարտին:

Եզրափակելու համար պէտք է կրկնել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակի շեմին, երբ սփիւռքի գոյութիւնը կը թուի ըլլալ տեւական եւ մնայուն, հայ քաղաքական միտքի տեսադաշտին մէջ անհրաժեշտ է ստեղծել հայաստանակեդրոն մտածողութեան մը ենթահողն ու հեռանկարները: Ներկայ դարուս դրամագլուխի, մարդկային ներուժի եւ տեղեկութեան արագաշարժ հոսանքին դիմաց քննարկել տակաւին, թէ սփիւռքը կը վերադառնա՞յ Հայաստան, թէ՞ ոչ, պարզապէս խաբուսիկ մտային աշխատանք մըն է: Կանգնելով աշխարհայնացման փաստի առաջ, միակ քաղաքական երաշխիքը, որ կը կարողանայ ամրացնել Հայաստան-սփիւռք դիւրաբեկ յարաբերութիւնները եւ առաւելագոյնս քաղել քսանմէկերորդ դարու արհեստավարժական ու մասնագիտական բարիքները, կը կայանայ հայ քաղաքական մտքի ընդլայման մէջ` ճանապարհը հարթելով դէպի հայաստանակեդրոն մտածողութիւն:

10 յուլիս, 2017
Պոլիս

vketsemanian@gmail.com

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>