ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Մարմնավաճառութիւնը որքան ալ ծանր հնչեղութիւն ունենայ, ան դժուար թէ գրաւէ յոռի բարքերու պարագլուխի դիրքը: Նոյնը կարելի չէ ըսել «մտավաճառութեան» մասին, իմա գաղափարներու ու համոզումներու շահարկման պարագան, որ, թէեւ մարդու պատմութեան հնագոյն աշխատանքը չէ, այդուհանդերձ շատ ալ հեռու չի մնար անկէ, վկայ հայոց պատմութեան ծանօթ`արքունիքի վաղեմի պատմագիրները:
Այսօր, ժամանակակից հաւաքական կեանքին մէջ մտաւոր աշխատանքի ոլորտները ընդհանրապէս կոտորակուած են, բայց արքունիքի պատմագիրները դեռ կը յամենան: Տակաւին կան գրիչներ, որոնք կը շարժին ըստ ապսպրանքի, մասնաւորաբար` առ ի փառաբանում այսինչ կամ այնինչ անձնաւորութեան, այսինչ կամ այնինչ երեւոյթին, իսկ երբեմն ալ, աւանդապահ դաստիարակի մը խստութեամբ, պատգամներ շռայլելու հանրութեան: Աւելի՛ն, անոնք մեծութիւններու անունով վկայութիւններ կ’ընեն, խեղաթիւրուած վերլուծումներ կը կատարեն ու կանխամտածուած հետեւութիւններու կը հասնին:
Մինչ մարմնավաճառներու ազդեցութեան գօտին սահմանափակ խաւի մը շրջանակը չի գերազանցեր, անդին «մտավաճառները» իրենց հոգեմտաւոր թոյնով կը յաւակնին ախտահարել ամբողջ հասարակութիւն մը, սերունդներ թերեւս: Վճռաշեշտ բառերու ետին թաքնուած անոնց նեխած խորհուրդներն ու կեղծ շեփորահարումները երիտասարդ ու մատղաշ մտքեր վարակող քաղցկեղ են, իրականութիւններ այլանդակելու ու յառաջադիմական հայեացքներ ճզմելու յանձնառութեամբ, սեւով ճերմակին յանձնուած մտքի թակարդներ:
Հայ իրականութեան մէջ թուղթ մրոտողներու այսօրինակ տիպարներ ակներեւ աշխուժութիւն կ՛ապրին վերջին շրջանին: Յայտնապէս, անոնց բազմացումն ու բարգաւաճումը արդիւնք է զիրենք հովանաւորող արքունիքներու վերանորոգ հոգատարութեան: Գրաւը կը մնայ ուրեմն հասարակութեան վրայ, յաւելեալ զգօնութեամբ դիմակալելու հաղորդուած իւրաքանչիւր կոչ ու պատգամ եւ յաւելեալ քաջութեամբ ըստ այնմ բացայայտելու անոնց պիղծ դրդապատճառները: