ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Չորեքշաբթի, 12 յուլիսին, Պրազիլի նախկին նախագահ Լուիզ Ինիասիօ Լուլա Տա Սիլվա դատապարտուեցաւ 9 տարուան բանտարկութեան ներկայ աջակողմեան իշխանութիւններուն կողմէ` պետական ընկերութիւններէ կաշառք առնելու յանցանքով:
Այս վճիռին արձակումը անշուշտ քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական խաղ մըն էր աջակողմեան կառավարութեան կողմէ, առաջին` տկարացնելու համար Լուլայի ղեկավարած Բանուորական կուսակցութիւնը, որպէսզի վերջինս յոյս չունենայ յառաջիկայ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն մեծամասնութիւն ունենալու եւ իր նախագահական թեկնածուն չ՛ընտրուի, իսկ միւս կողմէ` փտածութեան հագուստ հագցնելու քարիւղի պետական ընկերութեան, որպէսզի անիկա աւելի արագ սեփականաշնորհուի:
Լուլա, որ ծանօթ է ընկերային արդարութեան արժէքներու պաշտպան ըլլալու իր հանգամանքով, ծաւալուն պայքար մղած է իր նախագահութեան ժամանակաշրջանին (2003-2011)` աղքատութիւնը վերացնելու համար Պրազիլէն: Իր նախագահութեան ընկերային եւ տնտեսական քաղաքականութիւնները ընդգրկած են պետական մեծագոյն ներդրումները կրթութեան, առողջապահութեան եւ ենթակառոյցներու մարզերուն մէջ: Ան հսկողութեան ենթարկած է շուկայի գործունէութիւնը:
Այսօր դժբախտաբար Լուլայի ժառանգութիւնը վտանգի մէջ է. ընկերային եւ հանրային ծառայութիւնները կ՛ենթարկուին խստամբերութեան, իսկ պետական ընկերութիւնները սեփականաշնորհման ճամբուն վրայ են:
Բանուորական կուսակցութեան համակիրները, Լուլայի դատապարտման լուրը լսելէ անմիջապէս ետք, հաւաքուեցան կուսակցութեան կեդրոնին առջեւ` իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Լուլային: «Եթէ կը կարծեն, որ այս վճիռով զիս խաղէն դուրս պիտի հանեն,պէտք է գիտնան, որ ես խաղին մէջն եմ», ըսաւ Լուլա իր զօրակիցներուն` աւելցնելով. «Այս վայրկեանէս կ՛առաջարկեմ Բանուորական կուսակցութեան, որ ինծի նշանակեն նախագահական թեկնածու»: Զօրակիցները գոչեցին` «Լուլա նախագահ»:
Պաշտօնական յայտարարութեամբ մը Բանուորական կուսակցութիւնը դատապարտեց իշխանութիւններուն որդեգրած քայլը` նշելով, որ անիկա «յարձակում մըն է ժողովրդավարութեան վրայ»:
Յայտարարութիւնը Լուլայի դատապարտումը մէկ մասը նկատեց աջակողմեան կառավարութեան վարած նոր-ազատական քաղաքականութիւններուն` նշելով. «Լուլայի դատապարտումը նոր մոլորութիւն մըն է պետական հարուած հասցնող կառավարութեան կողմէ, որ կը փորձէ չեղեալ նկատել ընկերային եւ աշխատաւորական իրաւունքները` բարձրացնելով թոշակառուներու տարիքը, կրճատելով պետական ծախսերը կրթութեան եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ եւ սեփականաշնորհելով կարեւոր պետական ձեռնարկութիւնները, ինչպէս` պետական դրամատուներն ու քարիւղի ընկերութիւնը»:
Պրազիլեան ներկայ քաղաքական ճգնաժամը սկսաւ 2 դեկտեմբեր 2015-ին, երբ երկրին Պատգամաւորներու պալատը (աջակողմեան կուսակցութիւններուն աջակցութեամբ) փտածութեամբ ամբաստանեց Բանուորական կուսակցութեան անդամ նախագահ Տիլմա Ռուսեֆը:
Ակնյայտ է, որ այս պայքարին մէջ, իբրեւ առաջին խումբ, կը ներկայանայ ներկայ աջակողմեան կառավարութեան կազմը` իրեն հետ ունենալով միջազգային դրամատուները, քարիւղի ընկերութիւններն ու համաշխարհային մեծ ընկերութիւնները, որոնք անդադար կ՛աշխատին սեփականաշնորհման եւ Բանուորական կուսակցութեան ու անոր շրջանային քոյր կուսակցութիւններուն տկարացման նպատակով:
Իսկ երկրորդ խումբը ընկերվարական Բանուորական կուսակցութիւնն է` իրեն հետ ունենալով հասարակ աշխատաւորութիւնն ու գիւղացիութիւնը, որոնք կը պայքարին ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող ձեռնարկութիւնները պահելու պետութեան ձեռքը` ի շահ հանրութեան:
Պրազիլը անշուշտ առաջին եւ վերջին կայարանը չէ մեծ ձեռնարկութիւններուն, Պրազիլի կողքին կայ նաեւ Վենեզուելան:
Անկասկած պէտք է զօրակցութիւն յայտնել Պրազիլի, Վենեզուելայի եւ միւս լատինամերիկեան երկիրներուն, որոնք կը դիմագրաւեն մեծ ընկերութիւններու արշաւանքը եւ ժողովրդային լայն շարքերով կը դիմադրեն «ազատ շուկայ»-ի վերջին փորձերուն: