ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Մարդկութիւնը տակաւին չէ հասած միջազգային հեղինակութիւն եւ ներգործօնութիւն ունեցող արդարադատ աշխարհակարգի մը, որուն երազով ու ցանկատեսութեամբ յաճախ կը գործածենք «միջազգային ընտանիք», «քաղաքակիրթ աշխարհ» եւ նման անգոյ բաներու բառակապակցութիւնները, կամ` գոյութիւն ունեցող, բայց այդպիսին չեղող կառոյցներ, ինչպէս` ՄԱԿ, Ապահովութեան խորհուրդ եւ Միջազգային պատժական մնայուն ատեան… Տակաւին, իրաւունքը զօրաւորին է, եւ ոչ թէ զօրութիւնը` իրաւատիրոջ: Հետեւաբար արդար դատ մը, երբ չունի հզօր պետութիւններու նեցուկը, կը մնայ անլոյծ, եւ` երբ ոճրագործ, զաւթիչ եւ օրինազանց պետութիւն մը ունենայ հզօր պետութիւններու նեցուկը եւ պաշտպանութիւնը, կը մնայ անպատիժ, ինչպիսիք են Թուրքիան եւ Իսրայէլը, որոնք մինչեւ օրս կ՛ոտնահարեն միջազգային բոլոր հռչակագրերն ու պայմանակցութիւնները, ՄԱԿ-ի ուխտն ու միջազգային հանրային իրաւունքի հիմնարար բոլոր տրամադրութիւններն ու դաշնագրերը:
Իսկ երբ բազմաթիւ (մէկէ աւելի) հզօր պետութիւններ միջամտեն դատի մը լուծումին` առանց ունենալու լուծումի միեւնոյն տարազումը, եղանակը կամ բեմագրութիւնը, լուծումը կը ձգձգուի, մինչեւ որ դատի տկար կողմը առաջին յոգնողը ըլլայ եւ ստիպուի ենթարկուիլ զօրաւոր կողմին անարդար պայմաններուն:
Վերոյիշեալ իրականութիւնները վերահաստատող պարագաներն են` ընդհանրապէս հայ-թրքական եւ մասնաւորապէս Արեւմտահայաստան ու Թուրքիա, եւ ընդհանրապէս արաբ-իսրայէլեան եւ մասնաւորապէս Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութեանց պարագաները: Եւ այս երկու պարագաներուն մէջ` կայ ուշագրաւ զուգահեռ մը: Արեւմտեան հզօրները միշտ եւ հետեւողականօրէն, Արեւմտահայաստանի դատը թաղելու նպատակով, ջանացած են բնականոնացնել յարաբերութիւնները Արեւելահայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ… իսկ պաղեստինեան դատը թաղելու նպատակով` բնականոնացնել յարաբերութիւնները արաբական միւս պետութիւններուն եւ Իսրայէլի միջեւ:
Փակուղի մտած պաղեստինեան հարցը իբր թէ լուծելու համար Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեան տակ, Միացեալ Նահանգներ կ՛առաջարկեն կայացնել «միջազգային» համագումար, որուն մասնակից պետութիւնները ըլլան` Միացեալ Նահանգները, Մեծն Բրիտանիան, Ֆրանսան, Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Էմիրութիւնները, Յորդանանը, Մարոքը եւ Եգիպտոսը: Այս ոչ միջազգային, այլ ամերիկամէտ համագումարը կը միտի բնականոնացնել յարաբերութիւնները յիշուած արաբական պետութիւններուն եւ Իսրայէլի միջեւ, աւելի ճիշդը` առաւել եւս ամրապնդել արաբական յիշեալ պետութիւններու մեծ մասին արդէն իսկ բնականոնացուած յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ` թաղելու համար վերջնականապէս պաղեստինեան դատը, պաղեստինցի ժողովուրդին պարտադրելով տեղական կենցաղային-տնտեսական ինքնավարութիւն մը, կեանքի եւ ունեցուածքի ապահովութիւն մը միայն, որուն դատապարտուած էր արեւմտահայութիւնը օսմանեան լուծին տակ… Այլ խօսքով, ոչ անկախութիւն եւ հետեւաբար ալ ոչ երկու պետութիւն, Պաղեստինի հողին վրայ:
Սան Սթեֆանոյի դաշնագրի երկու իրաւասու եւ օրինական կողմերն էին` յաղթական Ռուսիան, որ կը պաշտպանէր հայոց շահերը` պարտադրելով յօդ. 16-րդը, եւ միւս կողմէ` օսմանեան պետութիւնը: Ռուսիոյ եւ հետեւաբար ալ հայոց շահերուն թշնամիները, գլխաւորութեամբ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ, միջամտեցին եւ Պերլինի մէջ գլխիվայր շրջեցին յօդ. 16-րդը` յօդ. 61-րդի, հայկական շրջաններու մէջ բարենորոգումներու վերահսկողութիւնը խլելով ռուսական յաղթական բանակէն եւ զայն դրին Արեւմուտքի պետութիւններուն ձեռքին` փաստօրէն ազատ արձակելով սուլթանին ձեռքը: Այլ խօսքով, բազմացնելով վերահսկող կողմերը... ազատ կացուցին բռնատէրը` թաղելով բարենորոգումները:
Իսկ Ղարաբաղ-Ազրպէյճան հակամարտութեան երկու իրաւասու կողմերն էին Ղարաբաղը եւ Ազրպէյճանը: Բայց հակամարտութեան լուծումը դրուեցաւ եռեակ համանախագահներու ձեռքին մէջ: Եւ Արեւելահայաստանի երեք նախագահները փոխանակ պնդելու, որ հակամարտութեան լուծումին բանակցութիւնները պէտք է սահմանափակուին Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, ընդհակառակը, Ղարաբաղը դուրս հանեցին բանակցութիւններէն, եւ իրենք` այսինքն Արեւելահայաստանը դարձաւ բանակցող կողմ: Այսպէս, Լ. Տ. Պետրոսեան պահանջեց զիջումներով նախընտրել խաղաղութիւնը` պատերազմէն... հակառակ յաղթանակին: Ռ. Քոչարեան յայտարարեց, թէ Հայաստան հողային պահանջ չունի Թուրքիային: Իսկ Ս. Սարգսեան, առանց պայմանի բնականոնացնելու համար յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, ստորագրեց ցիւրիխեան փրոթոգոլներ…
Սակայն այսօր Խորհրդային Միութեան ինքնալուծարումին պատճառով ստեղծուած` Միացեալ Նահանգներու կայսերական ամբողջատիրութեան միաբեւեռ աշխարհակարգի քսանամեակին յաջորդած են շրջադարձային տարիներ, որոնք կը խոստանան նպաստաւոր ըլլալ Արեւմտահայաստանի դատին համար:
Միաբեւեռ աշխարհակարգին յաջորդող բազմաբեւեռ աշխարհակարգին վայրաշարժը հանդիսացող Փութինի Ռուսիան յայտնօրէն որոշած է ընթանալ աշխարհառազմավարական նոր ընթացքով մը, որուն նպատակն է Միացեալ Նահանգներու հետ իրերհասկացողութեամբ լուծել միջազգային խնդիրները, վճռականօրէն պաշտպանել ռուսական ազգային շահերը` մերձաւոր եւ միջին արեւելքներու մէջ, այստեղ հաստատելու մնայուն խաղաղութիւն` լուծելով շրջանին մէջ ցարդ անլոյծ մնացած հիմնահարցերը, նախընտրաբար` ապահովելով Միացեալ Նահանգներու համամտութիւնն ու նոյնիսկ գործակցութիւնը: Կը թուի թէ` Հիլըրի Քլինթընի պնդումը, որ Փութին օգնեց Տոնալտ Թրամփի ընտրութեան, անհիմն չէ, եւ Փութին-Թրամփ գաղտնի համաձայնութիւն մը կայ:
Մինչեւ վերջերս Ռուսիոյ համար Հայկական հարցին լուծումը կաշկանդուած էր 16 մարտ 1921թ. Մոսկուայի համաձայնագրով: Բայց երբ «գունաւոր յեղափոխութիւն» կոչուած ամերիկեան յեղաշրջումներու պատճառով` Ռուսիա մէկը միւսին ետեւէն կորսնցուց շարք մը դիրքեր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, եւ հերթը հասած էր Սուրիոյ, 10 օգոստոս 2013 թուին, ՕԹԱՆ-ի մէջ Ռուսիոյ զինուորական մնայուն ներկայացուցիչը Պրիւքսելի կեդրոնին մէջ կատարեց խիստ կարեւոր ազդարարութիւն մը, որ հետեւեալն է. «Դուք որոշած էք Լիպիոյ բեմագրութիւնը կրկնել Սուրիոյ մէջ, իսկ մենք դէմ ենք այդ բանին, եւ որոշած ենք ամէն գնով արգիլել այդ»:
Վլատիմիր Փութին անհանգստացաւ նաեւ Էրտողանի Թուրքիոյ վարած քաղաքականութենէն, որ այլեւս «չարեաց փոքրագոյնը»-ը չէր` բաղդատած Արեւմուտքի հակառուս քաղաքականութեան հետ, այլ նորօսմանական իր ծաւալապաշտական ախորժակներով Սուրիոյ եւ Իրաքի նկատմամբ եւ ահաբեկչութիւնը զինելու եւ հովանաւորելու քաղաքականութեամբ, բացորոշ սպառնալիք մը կը հանդիսանայ Ռուսիոյ ազգային անվտանգութեան համար, անհրաժեշտ նկատեց վերատեսութեան ենթարկել Մոսկուայի համաձայնագիրը, որուն առաջին եւ 8-րդ յօդուածներուն համաձայն, Ռուսիա յանձն առած է, յարգել Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը, որուն դիմաց Թուրքիան 5-րդ յօդուածով յանձն առած է յարգել ռուսական ռազմանաւերուն ազատ անցքի իրաւունքը նեղուցներէն… Բայց այս իրաւունքը երաշխաւորուեցաւ 1935 թուի Մոնթրէօյի միջազգային համաձայնագրով, եւ Փութինի մօտ կանգնած վերլուծաբան մը, որ չէ բացայայտած իր ինքնութիւնը, յայտնած է, թէ Փութինի վարչակազմը որոշած է ոչ միայն վերատեսութիւնը պահանջելու Մոսկուայի համաձայնագրին, այլեւ արժեցնելու` պատմական հինգ փաստաթուղթեր, եթէ Էրտողան չհրաժարի իր ծաւալապաշտական ախորժակներէն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հակառակ Փութինի ցուցաբերած մարտավարական բարեացակամութեան իրեն հանդէպ` որպէս վերջին ազդարարութիւն: Եւ այդ հինգ պատմական կարեւոր փաստաթուղթերն են` 1) 11 յունուար 1918 թուի «Դեկրետ Թուրքահայաստանի մասին»-ը, 2) 24 մայիս 1915 թուի երեք դաշնակիցներու (Անգլիա, Ֆրանսա եւ Ռուսիա) ազդարարագիրը Բարձր դրան, 3) 10 օգոստոս 1920 թուի Սեւրի դաշնագիրը, 4) 22 նոյեմբեր 1920 թուի Վու. Ուիլսընի իրաւարար վճիռը եւ 5) 14 մայիս 1995 թուի Ռուսական դաշնութեան Պետական տումայի ճանաչումը Հայոց ցեղասպանութեան…:
Շրջադարձային կարեւոր երեւոյթ է միաբեւեռ աշխարհակարգէն բազմաբեւեռ աշխարհակարգ անցնումը: Նոյնպէս` շրջադարձային է Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա յարաբերութեանց ներկայ ընթացքը: Նուազ շրջադարձային չէ նաեւ Գերմանիոյ ուշ, բայց նուշ ճանաչումը Հայոց ցեղասպանութեան եւ… աննախընթաց մերձեցումը Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ, որ բացորոշ պիտի դառնայ 2019-2020 տարիներուն… կազի «Հիւսիսային հոսք»-ին ընդմէջէն:
Այս շրջադարձային տարիներուն, ի՞նչ հալի է եւ ի՞նչ կ՛ընէ համայն հայութիւնը…
Այս իսկ է ցաւատանջ մեծ հարցումը…
Պէյրութ, 5 մայիս 2017