ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Կիրակի, 16 յուլիսի երեկոյեան, հեռատեսիլի պետական Հ1 կայանի` Պէյրութի ժամով ժամը 8:00-ին, շաբթուան լուրերը ամփոփող «360 աստիճան» յայտագիրին ընթացքին հաղորդավարը ըսաւ, որ` «Հայաստանում քննարկւում է` ովքեր պէտք է լինեն երրորդ սերնդի թղթադրամների դիմերեսին» (2): Անմիջապէս բարձրացնելով հեռատեսիլի ձայնը` գրեթէ հինգ վայրկեան` 4՛:57՛՛, միամիտ ու անտեղի լաւատեսութեամբ մը կարծեցի, որ` վերատեսութեան ենթարկած են Հայաստանի Հանրապետութեան 100-րդ տարեդարձին առիթով նոր դրամանիշներուն վրայ երեւնալիք անձերուն դիմանկարները…
Մասնագէտներու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ հարցազրոյցներ կատարուեցան, եւ որեւէ ակնարկութիւն չկատարուեցաւ անկախութեան հարիւրամեակին եւ անկախութիւնը կերտող անձնաւորութիւններուն մասին… ոչ ալ ակնարկութիւն` սփիւռքահայ մամուլին մէջ երեւցած այս կապակցութեամբ կատարուած քննադատութիւններուն: Հ1-ի լուրերու պատասխանատուները եւ անձնակազմը արդե՞օք չեն կարդար դաշնակցական մամուլը: Աւելի՛ն. իմացանք, որ նոյնիսկ Ամերիկայէն հայկական վարժարանի մը աշակերտները եւս առաջարկներ ներկայացուցած են… Ինչպէ՞ս տեղեակ էին անոնք, որ մրցոյթ կազմակերպուած է, ինչո՞ւ «Ազդակ» եւ արտասահմանեան մամուլը տեղեակ չէր այս մրցոյթէն…
Այս բացայայտ անտեսումը սեփական պատմութեան` անգամ մը եւս կը հաստատէ փաստուածը, որ պետական մեքենային մէջ խորհրդային վարքագիծը կը շարունակուի տակաւին:
Կ՛առաջարկեմ այս հարցը անյապաղ արծարծել եւ քննել խորհրդարանին` Ազգային ժողովին մէջ:
16 յուլիս 2017
————-
(1) ( http://www.aztagdaily.com/archives/355981 )
(2) ( news.1tv.am/hy/2017/07/16/Հայաստանում-քննարկւում-է`-ովքեր-պէտք-է-լինեն-երրորդ-սերնդի-թղթադրամների-դիմերեսին/65325 )