Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Հալէպի «Դալար» Այգեստանը Կրկին Վերածուեցաւ Ընտանեկան Ջերմ Միջավայրի

Հալէպի ԱՄԺ տան խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան ջանքերով «Դալար» այգեստանը կրկին վերածուեցաւ ընտանեկան ջերմ միջավայրի

Յետպատերազմին, բարեկարգման աշխատանքներու աւարտէն ետք, 21 յունիսին այգեստանը ընդունեց հալէպահայ ընտանիքներ եւ վերագտաւ իր երբեմնի կենսունակութիւնը:

Թեհրան

Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սեպուհ Արք. Սարգիսեանին Հանդիպումները

* 5 յուլիսին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Թեհրանի եկեղեցիներու Եկեղեցական խորհուրդներու ատենապետները:

Սրբազան հայրը շնորհաւորեց հիւրերը նոր շրջանի համար իրենց նշանակման առիթով եւ ներկայացուց հիմնական ուղղութիւններ եւ յանձնարարականներ: Ան նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց եկեղեցական խորհուրդ-քահանայ, երգեցիկ խումբ յարաբերութիւնը, նաեւ` ժողովուրդ-եկեղեցական խորհուրդ յարաբերութիւնը:

Սրբազանը նկատել տուաւ, որ եկեղեցական խորհուրդի անդամները իրարու հետ ունեցած իրենց յարաբերութեամբ, եկեղեցիին մէջ իրենց յարատեւ ներկայութեամբ օրինակ պէտք է հանդիսանան ժողովուրդին, եւ թելադրեց, որ եկեղեցական, կրօնական եւ ազգային տօներու առիթով հարկ է հաւաքներ, ձեռնարկներ կազմակերպել ժողովուրդը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ներգրաւելու համար:

Սրբազան հայրը լսեց նաեւ ատենապետներուն առաջարկներն ու մտածումները եկեղեցական խորհուրդներու բարւոք գործունէութեան համար:

* Նոյն օրը առաջնորդ սրբազանը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Թեհրանի ուսումնա-դաստիարակչական գերատեսչութեան տնօրէնութեան հետ:

Սրբազան հայրը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ մեր կրօնական եւ ազգային համոզումներուն կը համապատասխանէ մեր դպրոցներու երկսեռ ըլլալու իրողութիւնը: Թեհրանի ուսումնա-դաստիարակչական գերատեսչութեան ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ իրենց կարելին պիտի ընեն այս հարցին լուծում տալու համար:

Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Ընտրութեան Եւ Օծման 22-Ամեակի Նշում

Նոր Ջուղա

25 յունիսին, Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ընտրութեան եւ օծման 22-ամեակի առթիւ:

Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան ծ. վրդ. Քեչեճեան իր քարոզին մէջ անդրադառնալով Հայրապետական մաղթանքի արարողութեան` նշեց, որ աւետարանական հատուածներէն, աղօթքներէն եւ շարականներէն կազմուած սոյն արարողութիւնը` խաղաղութեան աղերսանք է ուղղուած Աստուծոյ: Առաջնորդը ընդգծելով անցնող 22 տարիներու ընթացքին վեհափառ հայրապետին նուիրեալ ծառայութիւնը` շեշտեց այն բեղուն գործունէութիւնը, որ վեհափառը իրագործած է Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ առաւել եւս պայծառացման եւ սփիւռքն ու սփիւռքահայութիւնը հովուելու ուղղութեամբ:

Ատրպատական

25 յունիսին Ատրպատականի հայոց թեմէն ներս տեղի ունեցաւ հայրապետական մաղթանք` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ընտրութեան եւ օծման 22-րդ տարեդարձին առիթով:

Թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան իր քարոզին մէջ վեր առաւ սփիւռքահայութեան անփոխարինելի կեդրոնի` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրաշքով փրկութիւնը Ցեղասպանութենէն եւ վերահաստատումը Լիբանանի մէջ: Ան հաստատեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը տասնամեակներ շարունակ եղաւ եւ կը շարունակէ մնալ հայրենասիրական կարգախօսներու վաւերական քարոզիչը: Առաջնորդը վեր առաւ նաեւ վեհափառ հայրապետին բացառիկ կարողութիւնները` ազգային, միջազգային, միջկրօնական եւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ, շեշտելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անժամանցելի դերակատարութիւնը իբրեւ սփիւռքահայութեան զարկերակը:

 

Յունաստան

Համազգայինը Կը Մասնակցի «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»-ի Համագումարին

Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը, ընդառաջելով  «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»-ի Պարի միջազգային խորհուրդի հրաւէրին, 7 յուլիսին Փլաքայի Մշակութային խորհուրդի «Պարի տան» «Աէ՛րիտէս» սրահին մէջ ունեցաւ ելոյթ մը:

Սոյն համագումարը կը վայելէր  «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»-ի Ազգային խորհուրդի եւ Յունաստանի մշակոյթի եւ կրթական նախարարութեան հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած էր Պարի համաշխարհային խորհուրդի  30 ամեակին եւ խորհրդաժողովհամագումարներու 50-ամեակին առիթով` «Ուըրլտ Քոնկրես օն տենս ռիսըրչ» խորագիրով, եւ անոր հրաւիրուած էին մասնակցելու 50 երկիրներէ 500 ժողովականներ, պարուսոյցներ, պարողներ, կազմակերպութիւններ եւ 170 երկիրներէ խումբեր ու պարային դպրոցներ:

Նոյն օրուան երեկոյեան «Տորա Սթրաթու» բացօթեայ թատրոնի բեմին վրայ ելոյթ ունեցան արտասահմանեան խումբեր: Այս ելոյթներուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը:

Համագումարին ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կանոնագրի ու հրատարակչական յանձնախումբի անդամ Վերժին Տէր Յովակիմեանը, որ ներկայացուց հայ ժողովուրդի պատմութեան, երաժշտութեան, պարին, յունահայ գաղութին, Համազգայինի կառոյցին ու գործունէութեան մասին զրոյց մը:

Քանատա

ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանի 23-րդ Պատգամաւորական Ժողովը

30 յունիսին, ինչպէս նաեւ 1 եւ 2 յուլիսին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի 93-րդ եւ Քանատայի շրջանի 23-րդ Պատգամաւորական ժողովը մասնակցութեամբ 58 պատգամաւորներու:

Առաջին օրը, ժողովի օրակարգի եւ ժամանակացոյցի վաւերացումէն առաջ, իւրաքանչիւր պատգամաւոր ներկայացուց ինքզինք: Ապա յաջորդաբար խօսք առին Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Քարոլին Շմաւոնեան, Կեդրոնական վարչութեան Քանատայի շրջանի ներկայացուցիչ Վարսենիկ Սարգիսեան եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սոնիա Պզտիկեան, որոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին` ներկայ գտնուելու սոյն ժողովին եւ յաջողութիւն մաղթեցին: Ք. Շմաւոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի Քանատայի շրջանին իրենց բերած նիւթական աջակցութեան համար, ի մասնաւորի` Ստեփանակերտի մանկապարտէզի շինութեան հանգանակութեան, սուրիահայութեան օժանդակութեան, Արցախի եւ Ջաւախքի ծրագիրներուն:

Խօսք առին նաեւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան, Համազգային Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ծովիկ Գահվէճեան, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Պերճ Աթոլիկեան եւ Քանատայի Ազգային վարչութեան անդամ Սեդա Մալխասեան, որոնք բարձր գնահատեցին ՀՕՄ-ի տարած ազգանուէր աշխատանքը եւ իրենց գործակցութիւնը յայտնեցին ապագայ ծրագիրներուն մէջ:

Այնուհետեւ Քարոլին Շմաւոնեան «փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուց ՀՕՄ-ի Կերոնական վարչութեան գործունէութիւնը, շրջաններու թիւը, ծրագիրներու իրագործումը, ՄԱԿ-ի գործունէութեան մէջ ՀՕՄ-ի մասնակցութիւնը, ՀՕՄ-ի հիմնադրամի աշխատանքները եւ ապագայի մարտահրաւէրները:

2016-ը ծառայութեան տարի ըլլալով` Շրջանային վարչութեան ատենապետ Արմինէ Կարապետեան գնահատագիր յանձնեց յանձնախումբերուն մէջ 10 տարի եւ աւելի աշխատած անդամներուն:

Պատգամաւորական ժողովի աւարտին  2017-2019 տարեշրջանի համար միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ Քանատայի Շրջանային վարչութեան կազմը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն` Անի Օհանեան, Անժել Պետրոսեան, Մարալ Յովսէփեան, Անի Գրալեան, Վարդուկ Պեզճեան, Նաթալի Մանուկեան եւ Սիլվի Օհանեան, փոխանդամներ` Անի Պապիկեան, Ֆլորա Կիրակոսեան, Լիւսի Շահինեան, Գեղուհի Պասթաճեան եւ Զեփիւռ Տորնա:

Միացեալ Նահանգներ

Այնճարի Հայ Աւետարանական Վարժարանի Հիմնադրութեան 70-ամեակի Տօնակատարութիւն Ֆրեզնոյի Մէջ

25 յունիսին Արա եւ Լենա Քարքազեան ամոլի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի հիմնադրութեան 70-ամեակի տօնակատարութեան առիթով մտերմիկ հաւաք մը, որուն ընթացքին մեծարուեցաւ Քալիֆորնիա այցելող եւ նշեալ վարժարանին ու այլ կառոյցներու միջոցով հայութեան սպասարկած գերմանուհի մայրապետ քոյր Աննա Քրիսթընը:

Ներկաները, ներառեալ` վարժարանի ուսուցիչներ, աշակերտեր ու համակիրներ, առիթը ունեցան իրենց երախտագիտական զգացումները արտայայտելու 87-ամեայ մայրապետին:

Ամերիկայի Հայ աւետարանական ընկերակցութեան Արեւմտեան ափի գործադիր վարիչ Լեւոն Ֆիլեան խօսեցաւ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, որմէ ետք կատարուեցաւ մօտաւորապէս եօթը հազար ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն, որ պիտի  յատկացուի վարժարանի անմիջական կարիքներուն:

Ֆրեզնոյի Մուսա Լեռ միութեան կողմէ Ճորճ Քարքազեան համայնքին անունով քոյր Աննային յանձնեց յուշանուէր մը` դրուատելով անոր անսակարկ նուիրումը եւ ծառայութիւնները:

Այս առիթով յուշանուէրներ յանձնուեցան նաեւ Ֆրեզնօ բնակող այն հայորդիներուն, որոնք տարբեր միջոցներով նեցուկ կանգնած են Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին:

Նշենք, որ նոյն օրը քոյր Աննան Ֆրեզնոյի Առաջին Հայկական Երիցական եկեղեցւոյ մէջ պաշտամունքի մասնակցեցաւ, իսկ Լեւոն Ֆիլեան մանրամասնութիւններ տուաւ քոյր Աննայի հայանպաստ գործունէութեան մասին` Այնճարէն մինչեւ Պուրճ Համուտի ծերանոցին ու կուրանոցին, ապա նաեւ հայրենի Թումանեան գիւղին եւ սահմանամերձ Բերդ քաղաքին մէջ:

Փարիզ

«Զուլալ» Եռեակի Համերգը

Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի,  28 յունիսին Փարիզի «Անաքօ» տափանաւուն վրայ տեղի ունեցաւ «Զուլալ» Ա-քափելլա եռեակին համերգը:

Եռեակը կազմուած է 2002-ին ամերիկահայ երեք արուեստագիտուհիներէ` Թենի Աբէլեան, Երազ Մարգարեան եւ Անայիս Թեքերեան: Եռեակը կը մշակէ հայկական աւանդական, գեղջկական երաժշտութիւնը եւ կը մատուցէ զայն իւրայատուկ, նոր ձեւով` աւելցնելով քնարականութիւն:

Փարիզի Համազգայինի վարչութեան անունով Հուրիկ Պաղտասարեան, ողջունելէ ետք ներկաները, հրաւիրեց հիւր արուեստագիտուհիները:

Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւած համերգին «Զուլալ»-ը հրամցուց Սասնայ, Վան-Վասպուրականի, Ջաւախքի, Ախալցխայի, Շատախի, Մոկաց աշխարհի, Մշոյ, Բալուի, Թալինի ժողովրդական երգեր, ինչպէս նաեւ Կոմիտասի եւ Արմէն Մովսիսեանի ստեղծագործութիւններէն եւ երաժշտական պատշաճեցումներէն կտորներ` երգի եւ երաժշտութեան միջոցով հիւսելով հայոց պատմութիւն:

Անոնք իւրաքանչիւր երգէ առաջ տուին բացատրութիւններ, նաեւ ներկաները փոխադրեցին հայրենի հին աշխարհ, ապրեցուցին մեր պապերու տան մէջ տիրող մթնոլորտը, աւանդութիւններն ու կենցաղը:

Անոնք նշեցին, որ իրենք աշխատանք կը տանին նաեւ հայ երգը ներկայացնելու օտարին եւ այս նպատակով իրենք ելոյթ ունեցած են աշխարհի համբաւաւոր բազմաթիւ վայրերու մէջ:

«Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հրաւէրով «Զուլալ»-ը Փարիզէն մեկնեցաւ Փորթուգալ` հոն եւս ներկայացնելու համար մեր ազգային մշակութային ժառանգութիւնը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>