Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Հայկազեան Համալսարանի Շրջանաւարտից Հանդէս

$
0
0

Քրիսթինա Լասըն. «Իբրեւ Եւրոպական Միութիւն` կը ձգտինք շարունակել մեր համագործակցութիւնը Լիբանանի հետ, յատկապէս` անոր կայունութեան, անվտանգութեան, բարգաւաճման եւ տնտեսական զարգացման մարզերուն մէջ»:

Ուրբաթ, 30 յունիս 2017-ին, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի  շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ համալսարանի շրջանաւարտներու 57-րդ հունձքի վկայականաց բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ընթացքին 136  ուսանողներ ստացան իրենց աւարտական վկայականները: Յաջողութեան բերկրանքին խառնուած էր յուզմունքը` հրաժեշտ տալու կրթական այն օճախին, ուր ուսանողները անցուցած են իրենց կեանքի ամէնէն հաճելի պահերը:

Պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էր Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որ կը ներկայացնէր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրին, իսկ վարչապետ Սաատ Հարիրին կը ներկայացնէր կիներու հարցերու նախարար Ժան Օղասապեանը: Ներկայ էին նաեւ` երեսփոխաններ Պասըմ Շապը եւ Շանթ Չինչինեանը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութեան, քաղաքապետութիւններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր ու ծնողներ:

Շրջանաւարտները դասախօսական կազմին հետ  ուղղուեցան բեմ, որմէ ետք հնչեց Լիբանանի քայլերգը, որուն յաջորդեց համալսարանի հոգեւոր տեսուչ վեր. Ուիլպըրթ Վան Սանի բացման աղօթքը:

Ելոյթ ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան շրջանաւարտներուն ուղղած իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց ծնողներուն կատարած զոհողութիւնները, ջանքերն ու նուիրուածութիւնը:

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան ընդգծեց կրթութեան հիմնական կարեւորութիւնը` ըսելով. «Այս յարափոփոխ ժամանակաշրջանին կրթութեան նպատակը եղած է ու կը մնայ մարդկութեան զարգացումը` ոչ միայն ակադեմական ծրագիրներու միջոցով, այլեւ` հոգեւոր դաստիարակութեան, անոր ընդմէջէն հոգեկան բարձրագոյն ուսուցման եւ նոր սերունդներու տեսլականը ձեւաւորելու միջոցով»: Ան հրաւիրեց շրջանաւարտները ուղղուելու դէպի ապագայ, առանց երբեք վախնալու ապագայի անորոշութիւններէն, ուր ասպարէզ նետուող ուսանողը իր ներդումն ու դրոշմը պիտի ունենայ:

Օրուան պատգամը տուաւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասըն, որ կեդրոնանալով Հայկազեան համալսարանի «Ճշմարտութիւն, ազատութիւն եւ ծառայութիւն» նշանաբանին վրայ` ըսաւ, որ ատիկա նաեւ Եւրոպական Միութեան հաւատացած եւ ներշնչող արժէքներուն մաս կը կազմէ:

Անդրադառնալով համալսարանի նշանաբանի իւրաքանչիւր բաժնին, դեսպան Լասըն ըսաւ. «Ճշմարտութիւն է, որ այս սերունդը իր բարձրագոյն ուսումը կ՛աւարտէ տարածաշրջանային ծանր պայմաններու մէջ, սակայն անոնք զինուած են այդ դժուարութիւնները յաղթահարելու միջոցներով», հաստատելով, որ տարածաշրջանը պիտի կարենայ բարգաւաճիլ եւ յառաջդիմել` շնորհիւ ուսանող նոր սերունդին:

Ընդգծելով ազատութեան կարեւորութիւնը մարդուն կեանքին մէջ` դեսպան Լասըն ըսաւ, որ բաղդատելով շրջանի այլ երկիրներու հետ` ինք Լիբանանը կը նկատէ ազատութիւններու երկիր, եւ կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն, պաշտպանելու բոլոր տեսակի ազատութիւնները:

Խօսելով Հայկազեան համալսարանի նշանաբանի վերջին բաժնին մասին` դեսպան Լասըն շեշտեց, որ ծառայութիւնը կը մնայ կեանքի հիմնական նպատակ` յորդորելով շրջանաւարտները ծառայելու իրենց համայնքներուն, հայրենիքին եւ ամբողջ աշխարհին: Նոյն ծիրին մէջ դեսպան Լասըն ըսաւ. «Իբրեւ Եւրոպական Միութիւն կը ձգտինք շարունակել մեր համագործակցութիւնը Լիբանանի հետ, յատկապէս` անոր կայունութեան, անվտանգութեան, բարգաւաճման եւ տնտեսական զարգացման մարզերուն մէջ»:

Եզրափակելով իր խօսքը` դեսպան Քրիսթինա Լասըն համալսարանի «Ճշմարտութիւն, ազատութիւն եւ ծառայութիւն» ջամբող արժէքներուն վրայ աւելցնելով` մատնանշեց քաջութեան եւ նուիրուածութեան կարեւորութիւնը` յաջողութիւններու հասնելու համար:

Հանդիսութեան ընթացքին շրջանաւարտներուն անունով խօսք առին Անժի Քիւրեճեան եւ Ռապիհ Ռիմանը, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ծնողներուն, համալսարանի տնօրէնութեան, դասախօսական կազմին եւ ընկերներուն` անոնց անսակարկ օժանդակութիւններուն համար:

Աւարտին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, տեսուչներ` դոկտ. Ֆատի Ասրաուի եւ դոկտ. Արտա Էքմեքճի վկայականներ յանձնեցին շրջանաւարտներուն:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով:

Հայկազեան համալսարանի առեւտրական վարչագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան բաժանմունքի պսակաւոր արուեստից վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Քրիսթինա Ապաճեան, Յարութիւն Ակոբեան, Լալէ Անտոնեան, Աւետիս Արզումանեան, Սեւակ Պեքերեճեան, Փաթիլ Պէրպէրեան, Ժաքլին-Թամար Պոյաճեան, Ճեսիքա Տեքերմենճեան, Սերժ Տօնապետեան, Քրիսթին Էքմեճեան, Անահիտ Էքմեքճեան, Կարէն Էօրտեքեան, Դալար Կիրակոս, Ռոզալին Իպրահիմեան, Լուչիա Չաքմաքեան, Մարիա Ճանճանեան, Սարին Չոպանեան, Լիզա Քամուշեան, Ցոլեր Գարամինասեան, Քարլա Գայայեան, Նարեկ Քերպապեան, Անճի Քիրեճեան, Արիան Քոֆթիկեան, Յովհաննէս Գույումճեան, Գրիգոր Մելքոնեան, Ժաք-Յակոբ Նաճարեան, Քրիսթինա Ներսէսեան, Միսաք Փափիսեան, Կասիա Սամուէլեան, Անի Սարեան, Հերա Շէկեան, Մարալ Սիմոնեան, Սագօ Թապուճեան, Հայկ Թովմասեան, Սեպուհ Թորիկեան, Մեղրի Թորոս, Լեւոն Վարդանեան:

Առեւտրական վարչագիտութեան մագիստրոսի վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Սարին Այնեճեան, Ժան Պաղպուտարեան, Մանուէլ Ստեփան, Սարին Հաւաթեան, Անդրանիկ Քէօրքիւնեան, Միրէյ Մոխթարեան:

Ընկերային գիտութեանց բաժանմունքի պսակաւոր արուեստից վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Կարին Ադամեան, Մարիա Պալապանեան, Փեքիզա Պէրպէրեան, Ցոլեր Ղազարեան, Թալին Հեքիմեան, Քրիսթոֆըր Քեճելեան, Ծաղիկ Քուլսահակեան, Նայիրի Լաքիսեան, Ռուբինա Մարկոսեան, Փաթիլ Թաքաճեան, Սեւանայ Թոփալեան:

Մարդկային գիտութեանց պսակաւոր արուեստից վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Քրիսթինա Ճէօքճեան եւ Վիքի Գալուստեան:

Գիտութեան բաժանմունքի պսակաւոր արուեստից վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Սերժ Ակոբեան, Լոռի Պիլալեան, Նայիրի Պիրինճեան, Րաֆֆի Գայայեան, Փոլ Գոլանճեան, Ճորճ Քոզաքճեան, Զաւէն Լեփեճեան, Սարին Սիմոնեան, Ժաք Եագուպեան:

Ընկերային գիտութեանց բաժանմունքի մագիստրոսի վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Աննա Արթին եւ Նաթալի Գունտաքճեան:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>