Ուրբաթ, 14 յուլիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հալեթի շրջանի մէջ գտնուող «Ճորճի Սապունճեան» հաստատութեան պարտէզին մէջ լիբանանահայ ոսկերիչներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ ընթրիք-հաւաք մը` կազմակերպութեամբ եւ հրաւէրով Նազարէթ ու Պետիկ Սապունճեաններու եւ հովանաւորութեամբ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի:
Ներկայ էին` Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գագիկ Աբրահամեան, որ նաեւ Հայ ոսկերիչներու միջազգային միութեան նախագահն է, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Յարութիւն Սամուէլեան:
Այս առիթով խօսք առաւ Նազարէթ Սապունճեան. ան շեշտեց, որ սոյն հաւաքոյթին գլխաւոր նպատակն է հայ ոսկերչութեան զարգացման զարկ տալ` դիտել տալով, որ անիկա կը միտի ի մի բերել Լիբանանի մէջ գործող անուանի հայ ոսկերիչները, ինչպէս նաեւ` ոսկերչութեան հարցերը քննարկելու եւ անոնց լուծման մասին մտածելու իրաւասութիւնը ունեցող անձեր, որպէսզի լիբանանահայ ոսկերչութեան թափ տրուի, մանաւանդ որ վերջին շրջանին Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը պատճառ դարձաւ, որ լիբանանահայ ոսկերչութիւնը վնաս կրէ: Ան շեշտեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան դերը զարգացման այս աշխատանքին մէջ` նկատի ունենալով, որ Պուրճ Համուտը լիբանանահայ ոսկերիչներուն կեդրոնական շուկան է: Ան յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանն ու Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն Յակոբ Թերզեանը խոստացան կարելի միջոցներով օգտակար դառնալ հայ ոսկերիչներուն` անոնց աշխատանքը դիւրացնելով: Ն. Սապունճեան աւելցուց, որ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Յարութիւն Սամուէլեանը եւս պատրաստ է իր ունեցած գիտելիքն ու հմտութիւնը տրամադրել հայ ոսկերիչներու գործերը դիւրացնելու: Խօսելով Հայաստանի ոսկերչական շուկային մասին` Ն. Սապունճեան ներկայացուց պատուոյ հիւրը` Գագիկ Աբրահամեանը, որ երկար տարիներէ ի վեր եղած է նախագահը Հայաստանի ոսկերիչներու եւ ադամանդագործներու միութեան եւ ան ներկայիս ու ապագային կրնայ մեծ բաժին եւ օգտակարութիւն ունենալ` իր փորձառութեամբ, այս գործի յառաջընթացին մէջ: Ան յիշեցուց ներկաներուն, որ Հայաստան ներկայիս մաս կը կազմէ Եւրասիական տնտեսական միութեան, այսինքն Հայաստանի մէջ որեւէ արտադրութիւն առանց տուրքի եւ արգելքի կրնայ փոխադրուիլ Ռուսիա, Ղազախստան, Թիւրքմենիստան եւ Պիելոռուսիա, շեշտելով, որ Հայաստանի մէջ ոսկերչութեան արտադրութեան մեծ հեռանկարներ կան, որովհետեւ Հայաստանի մէջ արտադրութիւնը աժան է: Նազարէթ Սապունճեան բախտաւորութիւն նկատեց այս հաւաքին նախարար Հրանուշ Յակոբեանին ներկայութիւնը, մանաւանդ որ ան եւս պետականօրէն այս բոլոր հարցերէն տեղեակ է եւ իր պաշտօնի բերումով սփիւռքահայութիւնը զարգացնելու, սփիւռքահայութեան օգտակար ըլլալու գլխաւոր յենարան կը հանդիսանայ:
Ապա խօսք առաւ Գագիկ Աբրահամեանը, որ ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նազարէթ Սապունճեանին` նման երեկոյի մը կազմակերպման համար` նշելով, թէ ասիկա առիթ է, որ մեր հայրենիքին խնդիրները ճշդենք, փորձենք համատեղել ջանքերը եւ գտնենք ելքեր: Ան յայտնեց, որ լիբանանահայուն դիրքը բացառիկ է, մէկ կողմէ կայ անկոտրում կամք, կենսասիրութիւն, հայկական արժէքներու նուիրուածութիւն, իսկ միւս կողմէ` հայրենասիրութիւն եւ աշխատասիրութիւն: Ան ըսաւ, որ այսօր շատ կը խօսուի Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու մասին, անդրադառնալով ներկայիս Հայաստանի ունեցած առաւելութիւններուն եւ յիշեցնելով, որ արդէն երկու տարիէ ի վեր Հայաստան մաս կը կազմէ Եւրասիական տնտեսական միութեան, որ կը կազմէ 170 միլիոն բնակչութիւն ունեցող շուկայ: Այն ապրանքները, որոնք կ՛արտադրուին Հայաստանի մէջ, այսօր անարգել, առանց կառավարական փաստաթուղթերու կ՛արտածուին Եւրասիական միութեան երկիրներ` առանց որեւէ տուրքի: Նաեւ կայ այն, որ Հայաստան կը մտնէ GSP Plus երկիրներու կազմին մէջ, ուր ներառուած են Հայաստանը, Սիրի Լանքան, Ֆիլիփինը, Փաքիստանը եւ շարք մը այլ երկիրներ: Այն ապրանքները, որոնք կ՛արտադրուին Հայաստանի մէջ եւ կը ներմուծուին Եւրոպական Միութեան պատկանող քսանութ երկիրներ, զերծ կը մնան տուրքերէ: Նոյնն է նաեւ Հայաստանի արտադրութիւնը Միացեալ Նահանգներ ներմուծելու պարագային: Գ. Աբրահամեանը յայտնեց` իր ամբողջական պատրաստակամութիւնը յայտնեց` աջակցելու եւ անշահախնդիր օգնելու այս հարցերուն վերաբերեալ:
Խօսք առաւ նաեւ նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, որ ողջունելէ ետք ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց Սապունճեան եղբայրներուն այս նախաձեռնութեան համար, որովհետեւ անոնք այսպիսով համախմբեցին համապատասխան անձնաւորութիւնները եւ առիթ ստեղծեցին միտքերու փոխանակման: Նախարարը նշեց, որ Լիբանան կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հրաւէրով` եռօրեայ համախմբումի մը ընթացքին աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած գիտնականներու եւ տարբեր ոլորտներու մասնագէտներու հետ քննարկելու հայ ինքնութեան հարցերը: Ան ըսաւ, որ համաժողովին վրիպում մը եղած է իր կողմէ, որ չէ նշած, թէ հայ ինքնութեան կարեւորագոյն բնութագրիչներէն մէկը նաեւ մասնագիտութիւնն է, ոսկերչութիւնը, որ հայուն ծիներուն մէջ կայ: Ան խօսքը ուղղելով ներկաներու ըսաւ` «Դուք ոսկի մարդիկ էք», եւ հաստատեց, որ հազարաւոր տարիներու ընթացքին, իրօք, որ ծիներու միջոցով հայ մարդուն փոխանցուած է ոսկեայ միտք եւ ոսկեայ ձեռքեր: Ան ըսաւ, որ ներկայիս հայ ոսկերիչներու գործերը միջազգայնօրէն մեծ պահանջարկ ունին:
Խօսքը ուղղելով ներկաներուն` նախարարը ըսաւ. «Դուք միայն դուք ձեզ չէք ներկայացներ, ձեր աշխատանքով կը բարձրանայ հայ ժողովուրդին դրամագլուխը, որովհետեւ ձեր գործերը գնելով` գնորդները պատկերացում կ՛ունենան Հայաստանի եւ հայու մասին: Փափաքս է, որ Հայաստանը վերացական Հայաստանէն դառնայ առարկայական Հայաստան: Հայաստանը միայն հայաստանցիներուս չէ, Հայաստանը ամբողջ հայ ժողովուրդին է, ձերն է, ձեր սեփականութիւնն է: Լաւն ալ ձերն է, վատն ալ ձերն է: Ուրեմն միասնաբար պէտք է Հայաստանը հզօրացնենք, ուժեղացնենք, զարգացնենք, երազներու Հայաստան դարձնենք»: Նախարարին համաձայն, ասիկա կարեւոր միջոց է թշնամիին դէմ դնելու, նոյնիսկ եթէ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան քարիւղ ու կազ ունին, անոնք ժամանակաւոր են, իսկ մեր մարդկային ներուժը անվերջ է, եւ որքան խելացի եւ հզօր դառնայ այդ ներուժը, այնքան մտահոգութեան պատճառ կը դառնայ թշնամիին: Ան եւս անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայ կարելիութիւններուն եւ ըսաւ, որ այսօր Հայաստանի առջեւ բացուած է հարիւր ութսուն միլիոնանոց շուկայ` ամբողջ Եւրոպայի եւ Ասիոյ տարածքին երկարող, աւելցնելով, որ կայ նաեւ իրանական շուկան, որ քառասուն միլիոն կը հաշուէ, իսկ ներկայիս Հայաստանի կառավարութիւնը Իրանի սահմանի վրայ կը ստեղծէ ազատ գօտի: Ան քաջալերեց ներկաները, որ հայրենիքի մէջ ստեղծեն աշխատանքներ` փոքր թէ մեծ: Նախարարը ըսաւ. «Մենք ձեզմէ բարեգործութիւն չենք ուզեր, մենք կ՛ըսենք ձեզի` եկէք հայրենիք եւ շահ ստացէք, օգուտ ունեցէք, եկամուտ ունեցէք: Այդ ձեւով դուք կ՛օգնէք հայրենիքին, որովհետեւ եթէ դուք աշխատատեղ ստեղծէք, մեր գործազուրկները աշխատանք կ՛ունենան, եւ Հայաստանէն գաղթողներուն թիւն ալ կը նուազի: Հետեւաբար կրկնակի կ՛օգնէք Հայաստանին»:
Անոր համաձայն, շնորհիւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի ջանքերուն` Հայաստանի մէջ աւելցած է լիբանանցի զբօսաշրջիկներուն թիւը:
Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ կատարուող մեծ բարեփոխումներուն: Ան շեշտեց, որ եթէ 1990-ը բաղդատենք 2017-ի հետ, կը տեսնենք, թէ ոչինչէն ստեղծած ենք երկու հայկական պետութիւն` ազատ, անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Արցախի Հանրապետութիւնը: Քսանհինգ տարիներու ընթացքին մենք ստեղծած ենք խորհրդարան, կառավարութիւն, նախագահական «հաստատութեան», հարկային համակարգ, արտաքին քաղաքականութիւն: Ան կոչ ուղղեց, որ միասնաբար հզօրացնենք մեր երկու պետութիւնները եւ մէջբերեց Արամ Ա. վեհափառի խօսքերը, ըստ որոնց, Արցախը Հայ դատի գլխաւոր մասն է այսօր, աւելցնելով, որ մենք հարիւր տարիէ կը պահանջենք մեր հողերը, նաեւ պէտք է յիշենք, որ մենք առաջին անգամ ըլլալով մեր հողերէն բաժին մը վերադարձուցած ենք` նուաճելով Արցախը, ուրեմն այդ հողերը պէտք է ամրացնել նաեւ քաղաքական պայմանագիրներով, եւ հաստատագրենք Արցախի ազատութիւնը: Նախարարը շեշտեց, որ ամէն մարդ մեզի հետ հաշուի կը նստի, երբ մենք ուժեղ ենք, միասնական, տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս հզօր: «Մենք միասնաբար, համախմբուած ձեւով, բռունցքուած հայրենիքի շուրջ` հզօրացնենք, զարգացնենք Հայաստանը եւ դարձնենք զայն այնպիսի Հայաստան, որ անոր հետ բոլորը հաշուի նստին: Իսկ փաստ է, որ աշխարհի մեծերը հաշուի կը նստին Հայաստանի հետ`սփիւռքի միջոցով: Ձեր ուժը մեզի ուժ կու տայ, հզօր է սփիւռքը` հզօր է հայրենիքը: Հակառակը նոյնն է, երբ հայրենիքը ուժեղ է, հայ երիտասարդը հպարտ կը մեծնայ, ան կը գիտակցի, որ ունի հայրենիք եւ պէտք է պայքարի իր հայրենիքի անկախութեան եւ ազատութեան համար», եզրափակեց նախարար Յակոբեան: