Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
Սուրիահայ բժիշկ Հայկ Խաչոն, որ փրկուած էր ՏԱՀԵՇ խմբաւորման հալածանքներէն եւ քանի մը տարի առաջ վերաբնակութիւն հաստատած էր Արցախի մէջ, 9 յունիսին ստացաւ իր նոր առանձնատունը, որ կը գտնուի Քաշաթաղ շրջանի Իշխանաձոր գիւղին մէջ: Առանձնատունը կառուցուած է «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամին կողմէ` Քաշաթաղի վերաբնակութիւն հաստատել փափաքող սուրիահայերուն աջակցելու նպատակով ի գործ դրուող ծրագիրի ծիրին մէջ: Բնակարանի ստանձման արարողութեան մասնակցած են «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի խորհուրդի անդամ եւ զարգացման տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան, Քաշաթաղի վարչակազմի փոխղեկավարը, «Հայրենասէր» կազմակերպութեան նախագահը, ինչպէս նաեւ Իշխանաձորի գիւղապետը եւ տեղական մամուլն ու գաղութի ներկայացուցիչները:
Հայկ Խաչոն իր ընտանիքին` երեք դուստրերուն հետ Արցախ տեղափոխուած է 2015 թուականին` սուրիական պատերազմին ընթացքին: Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը առեւանգած էր բժիշկը եւ ստիպած էր հրաժարիլ քրիստոնէութենէն: Ազատ արձակուելէն ետք Հայկ Խաչոն որոշած է ապաստան գտնել Արցախի մէջ եւ ընտանեօք նոր կեանքի սկսիլ Քաշաթաղի Իշխանաձոր գիւղին մէջ:
Մասնագիտութեամբ ջղախտաբան բժիշկ Խաչոն ներկայիս իբրեւ բժիշկ կ՛աշխատի գիւղի միակ հիւանդանոցին մէջ, որ նոյնպէս «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամին կողմէ կառուցուած է 2004-2005 թուականներուն:
«Երբ առաջին անգամ ոտքս դրի Իշխանաձոր, անմիջապէս կարծեցի իմ տունս մտած եմ: Մարդիկ շատ ջերմ ու բաց սրտով ընդունեցին: Ես եւ երեք դուստրերս` բոլորը դեռահաս, հոս շատ ապահով կը զգանք: Շնորհակալ եմ այս տան համար, անիկա իրապէս նոր կեանք տուաւ մեզի», խոստովանեցաւ Հայկ:
Բժիշկ Խաչոյին առանձնատան կառուցումը սկսած է սեպտեմբեր 2016-ին եւ աւարտած յունիս 2017-ին: Ամայի աւերակներէն վերանորոգուած եւ բնակարանի վերածուած այս առանձնատունը արդէն ամբողջովին պատրաստ է, Հայկ Խաչոյին եւ անոր երեք դուստրերուն համար վայելուչ բնակարան մըն է անիկա:
«Մենք ուրախ ենք, որ ան նոր տուն գտաւ իր պապերուն հայրենիքին մէջ: Հայկը երկու անգամ առեւանգուած է ՏԱՀԵՇ-ին կողմէ, եւ երկու անգամ անոր սպառնացած են սպաննել: Անոր վիճակուած է կենդանի մնալ եւ երկու անգամ փախչիլ մահէն: Մեր պարտականութիւնն է աջակցիլ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին գալ եւ ապրիլ այս ազատագրուած հայկական տարածքին մէջ», նշեց «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան:
Հիմնադրամի խորհուրդին անդամ եւ զարգացման տնօրէն Անդրանիկ Գասպարեան իր խօսքին մէջ շեշտեց Իշխանաձորի կարեւորութիւնը` իբրեւ հարաւային Քաշաթաղի շրջանին մէջ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածք: «Իշխանաձորը սահմանագիծ է, հետեւաբար մեր պարտականութիւնն է ապահովել, որ անիկա զարգանայ եւ համապատասխանաբար բնակելի վայր դառնայ: Հայկ Խաչոն իր ներդրումը պիտի ունենայ այս շրջանին զարգացման առումով: Գիւղը իր դռները բացած է Լիբանանէն, Սուրիայէն, Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէն եկող հայերուն համար: Մենք ուրախութեամբ կրնանք յայտարարել, որ Հայաստանն է բոլոր հայերուն հայրենիքը», հաստատեց Գասպարեան: