Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
3 յունիսին լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի ելեւմտավարկային պիւտճէական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Գագիկ Մինասեանը խօսեցաւ այն մասին, որ ժողովրդագրական պատկերը քրիստոնեայ երկիրներուն մէջ բաւական մտահոգիչ է, իսկ այս լուծման բանալին քրիստոնեայ աշխարհը տակաւին չէ գտած:Անորհամաձայն, փորձը ցոյց կու տայ, որ եթէ որեւէ քրիստոնեայ երկրի մէջ, ուր կայ նաեւ ոչ քրիստոնեայ հատուած, եւ աշխատանք կը տարուի խրախուսելու ժողովրդագրական խնդիրներու լուծումը, հետեւաբար անիկա տեղի կ’ունենայ ոչ քրիստոնեայ հատուածի աճին շնորհիւ:
«Այս պարագային անիկա շատ բարդ լուծելի խնդիր է: Կը կարծեմ, որ միայն ներքին միջոցներ օգտագործելով` կարելի պիտի չըլլայ ապահովել իրագործումը հանրապետութեան նախագահին այն յայտարարութեան, որ մինչեւ 2040 թուական բնակչութեան թիւը պիտի հասնի 4 միլիոնի: Այսինքն, եթէ կարենանք ներգաղթկազմակերպել,բնակչութեան աճը հաւանական կը դառնայ մեր այն հայրենակիցներուն կամ անոնց առաջին սերունդին հաշուոյն, որոնք հայրենիքը լքեցին բաւական բարդ տարիներու ընթացքին», նշեց Մինասեանը:
Պատգամաւորին կարծիքով, ժողովրդագրական խնդիրը Հայաստանի պէս երկիրներուն համար կարելի է նկատել մեծ խնդիր: Անոր համաձայն, եթէ բոլոր մարզերուն մէջ հաւասարապէս բարեփոխումներ չկատարենք, դժուար թէ կարենանք յառաջիկային 4 միլիոն բնակիչ ունենալ:
Մինասեան նաեւ նկատեց, որ Հայաստանի տնտեսութեան զանազան մարզերուն մէջ շարք մը բարեփոխումներ կատարուած են արդէն:
«Մենք մէկ խնդիր ունինք` ոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն կացութիւնը, որմէ միշտ կախեալ կը մնանք: Այս պարագային 4 միլիոն բնակիչ ունենալը կ’ենթադրէ մէկ բան, որ երկրին մէջ պէտք է ամէն ինչ կատարուի արդար, ապահով եւ մրցակցային կարելիութիւններ երաշխաւորելու միջոցով», եզրափակեց ան: