Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
«Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ իւրաքանչիւր կրճատում հիմնաւորուած է եւ չի կրնար ինքնանպատակ ըլլալ», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց Երեւանի փոխքաղաքապետ Կամօ Արէեանը` շեշտելով, որ Երեւանի լիաժամ պաշտօնեաներու կազմը կը համապատասխանէ լիազօրութիւններու այն ծաւալին եւ բեռին, որ դրուած է օրէնքով Երեւանի քաղաքապետարանին առջեւ: «Եթէ միջոցները չեն բաւարարեր, լիազօրութիւնը թերի կը մնայ», ըսաւ Արէեան: Երեւանի փոխքաղաքապետը դժգոհ չէ, որ իր աշխատավարձը 2013 թուականէն ի վեր չէ բարձրացած: «Ես գոհ եմ իմ աշխատավարձէս: Անիկա ներկայիս բաւարար է ինծի», աւելցուց Կամօ Արէեանը:
Անդրադառնալով «Երկիր ծիրանի» խմբակցութեան այն մեղադրանքներուն, թէ Կամօ Արէեանի կառավարման ժամանակաշրջանին կանաչ տարածքներու կրճատում կը նկատուի, Կամօ Արէեանը ըսաւ, որ մայրաքաղաքին մէջ կանաչ տարածքներուն ծաւալը մեծցած է: «Ես չեմ ամչնար իմ կատարած աշխատանքէս: Մենք յաջողած ենք Երեւանի կանաչ տարածքները անձ գլուխ նուազագոյն 3,5-էն հասնցնել 7,4 քառակուսի մեթրի», եզրափակեց փոխքաղաքապետը: