Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Հայաստանի Նախագահ. «Ոսկէ Ծիրան»-ը Դարձած Է Բարձր Ճաշակի, Ճշմարիտ Արուեստի Մունետիկ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպած է «Ոսկէ ծիրան» 14-րդ միջազգային շարժանկարի փառատօնի հիւրերուն եւ Հայաստանէն ու աշխարհի տարբեր երկիրներէն փառատօնին մասնակցող շարժանկարի գործիչներուն հետ:

Փառատօնին մասնակիցները հանրապետութեան նախագահին հետ զրուցած են «Ոսկէ ծիրան»-ի անցած ուղիին, ձեռքբերումներուն, ինչպէս նաեւ այս տարուան փառատօնի մրցութային ծրագիրներուն մասին: Սերժ Սարգսեան ուղերձ յղած է «Ոսկէ ծիրան» 14-րդ միջազգային շարժանկարի փառատօնին: Ողջունելով «Ոսկէ ծիրան» 14-րդ միջազգային շարժանկարի փառատօնի մասնակիցները եւ հիւրերը` ան առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է կազմակերպիչներուն, որոնք հետեւողականութեամբ եւ նուիրուածութեամբ ամէն տարի Երեւանի եւ մայրաքաղաքի հիւրերուն համար կ՛արարեն այս սպասուած տօնը:

Նախագահը շեշտած է, որ հայկական ամէնէն հեղինակաւոր շարժանկարի այս փառատօնը ո՛չ միայն հաճելի պահեր կը պարգեւէ մեր հանդիսատեսին, այլեւ կարեւոր ուսուցողական նշանակութիւն ունի երիտասարդ արուեստագէտներուն համար` գեղագիտական եւ աշխարհայեացքային աճի տեսանկիւնէն: Ան նշած է, որ այս փառատօնը նաեւ կոչուած է ստեղծելու համապատասխան հոգեւոր-մշակութային միջավայր եւ մթնոլորտ, առանց որոնց` դժուար է պատկերացնել ստեղծագործական թռիչքներ:

«Գոհունակութեամբ կ՛արձանագրենք «Ոսկէ ծիրան»-ի հաւատարմութիւնը հայկական շարժանկարի պատմութեան եւ աւանդոյթներուն: Մեր դասական ժառանգութիւնը եւ ժամանակակից գործերը կարիք ունին հանրահռչակման: Հայկական շարժանկարի արուեստը մենք մնայուն կերպով պէտք է քննենք եւ դիտարկենք համաշխարհային ու միջազգային ընդհանուր պարունակին մէջ:

Կրկին կ՛ողջունեմ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնը, որ դարձած է բարձր ճաշակի, ճշմարիտ արուեստի, ինչպէս նաեւ խաղաղասիրութեան եւ մարդասիրութեան գաղափարներու կրող եւ մունետիկ», ըսած է Սերժ Սարգսեան: Այս մասին յայտնած են նախագահին մամլոյ ծառայութենէն:

Փառատօնին դատական կազմը պիտի գնահատէ 47 ժապաւէն, որոնք ընդգրկուած են մրցութային ծրագրին մէջ: Ընդհանուր առմամբ, փառատօնի ծիրին մէջ 100 ժապաւէն պիտի ցուցադրուի, որոնցմէ շատերը 2017-ի լաւագոյն համաշխարհային ժապաւէններէն են:

Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ Կեդրոնին Մէջ Սկսած Է Ժապաւէններու Յատուկ Աշխատանոց

Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնին մէջ սկսած է ժապաւէններու յատուկ աշխատանոց մը, զոր կը վարէ արցախցի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանը:

Երեք շաբթուան ընթացքին բեմադրիչը ուսանողներու հետ պիտի պատրաստէ երեք ժապաւէն: Առաջին շաբթուան ընթացքին ուսանողները ծանօթացան շարժապատկերի եւ համադրութեան հիմքերուն, ընտրեցին ժապաւէնի դերակատարները եւ կազմեցին բեմագրութեան ծրագիր: Երկրորդ շաբթուան ընթացքին սկսան ժապաւէններու հիմնական նկարահանումները:

«Փոքրիկները աւելի լաւ պատրաստուած էին նկարահանման, քան ինչ որ կը պատկերացնէի: Կը սպասէի դասընթացքին լաւ ընթանալուն, բայց սպասելիքներս աւելին էին. թէ՛ այն խումբը, որ կը կատարէ հիմնական նկարահանումները, եւ թէ՛, ընդհանրապէս, դասընթացքի բոլոր մասնակիցները կը տիրապետեն իրենց աշխատանքին», յայտնեց Ջիւան Աւետիսեանը` շեշտելով յատկապէս գործող խումբին արագընթաց աշխատանքը:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ առաջին ժապաւէնին հերոսը Ստեփանակերտի մէջ գործող «Նռնենի» խանութի հիմնադիր Արմոնտ Թահմազեանն է: Ան Արցախ տեղափոխուած է Իրանէն: Իր խօսքին մէջ վերջինս յայտնեց, որ ինք պարտական է իր ընտանեկան դաստիարակութեան. անոնք իր մէջ սէր յառաջացուցած են հայրենիքի նկատմամբ, յատկապէս` հայրենիքի մէջ ապրելու եւ զայն շէնցնելու գաղափարը: Արմոնտ կը կարծէ, որ Արցախի մէջ գործելու լայն ասպարէզ կայ:

Շուշիի Մէջ Քանդակագործութեան 5-րդ Միջազգային Սիմփոզիումն Է

Յուլիս 1-էն Շուշիի մէջ սկսած է «Յակոբ Գիւրջեան»-ի քանդակագործութեան 5-րդ միջազգային սիմփոզիումը` Արցախի մէջ հիւրընկալելով 11 քանդակագործ` Իտալիայէն, Հնդկաստանէն, Սերպիայէն, Եգիպտոսէն, Լեհաստանէն եւ Հայաստանէն:

Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ «Ապագայ սերունդներու հիմնադրամ»-ի միացեալ նախաձեռնութեամբ սկսած սիմփոզիումը միջազգային համագործակցութեան, մշակութային եւ մասնագիտական երկխօսութեան եւ ստեղծագործական ոգեշնչման իւրօրինակ բեմ է աշխարհի տարբեր երկիրներու արուեստագէտներու համար:

Նախարարութիւնը յայտնած է, որ կաւի հետ նոր աշխատիլ սկսող պատանիներն անգամ ճանչցուած մասնագէտներու հետ հաղորդակցելու կարելիութիւն պիտի ունենան` դասախօսութիւններու, վարպետութեան դասերու ընթացքին: Սիմփոզիումը նաեւ Արցախը աշխարհին ներկայացնելու միջոց է:

2011 թուականի ամրան կայացաւ Շուշիի «Յակոբ Գիւրջեան» քանդակի 1-ին միջազգային սիմփոզիումը:

Արժանթինահայերու Նիւթական Աջակցութեամբ Տաւուշի Մէջ Բացուեցաւ 100-րդ Ջերմոց

Տաւուշի Դիտաւան գիւղին մէջ դժուար արտասանուող Էքսերճեան մականունը վարժ գիտեն նոյնիսկ մանուկները. 2007-ին արժանթինահայ բարերար Արմէն եւ Նատիա Էքսերճեանները սկսան համապարփակ կերպով աջակցիլ գիւղին: Դիտաւանը այսօր ունի բարեկարգ դպրոց, համայնքային կեդրոն, ջրամատակարարման համակարգ: Դիտաւանին բաժին հասաւ նաեւ Տաւուշի մարզի 11 գիւղերու արժանթինահայ բարերարներու նիւթական աջակցութեամբ կառուցուած ջերմոցներէն 100-րդը:

Յուլիս 12-ին արժանթինահայ բարերարներ Էքսերճեան, Տէվէճեան, Շիմշիրօղլու ընտանիքներու, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչներու, Հիմնադրամի Արժանթինի տեղական մարմինի ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ կայացաւ 100-րդ ջերմոցին բացումը: Ինչպէս եւ ջերմոցներէն իւրաքանչիւրը, այդպէս ալ 100-րդը նուիրուեցաւ մէկ ընտանիքի:

Ջերմոցի շահառու Մարինէ Մեսրոպեանին ընտանիքը բաղկացած է հինգ անդամէ: Ընտանիքը ջերմոցը նուէր ստանալուն զուգահեռ, հողագործութեան դասընթացքներ անցած է «փորձառու» ջերմոցապահներու` այն ընտանիքներուն մօտ, որոնք իրենց ջերմոցը կը գործարկեն արդէն երրորդ տարին ըլլալով: Բացման արարողութեան արժանթինահայ բարերար Պօղոս Էքսերճեանը շեշտեց, որ թէեւ բացման ներկայ են քանի մը արժանթինահայ ընտանիքներ միայն, սակայն Արժանթինի ամբողջ հայ համայնքը մեծ նուիրատուութիւններ ըրած է Տաւուշի մարզի ընտանիքներուն կայուն եկամուտի կարելիութիւն ապահովելու համար:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր արժանթինահայ բարերարներուն նիւթական աջակցութեամբ, կեանքի կոչած է 100 քառ. մեթր մակերեսով, մետաղեայ կառուցուածքով եւ բարձրորակ ծածկով 100 ջերմոցներու ծրագիրը` Տաւուշի Դիտաւան, Ոսկեւան, Արծուաբերդ, Կոթի, Ներքին Ծաղկաւան, Բերդաւան, Այգեհովիտ, Կողբ, Զօրական, Կիրանց համայնքներուն մէջ: Իւրաքանչիւր ջերմոց արժած է 5 հազար 5 հարիւր ամերիկեան տոլար: Ջերմոցներուն արդիւնաւէտ շահագործման նպատակով առաջին փուլին  գիւղացիներուն կը յատկացուին սածիլներ եւ կը տրամադրուի անվճար խորհրդատուութիւն:

Քարինտակի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Նոր Մանկապարտէզի Բացման Արարողութիւն

Շուշիի շրջանի Քարինտակ համայնքին մէջ 10 յուլիսին տեղի ունեցաւ նոր կառուցուած մանկապարտէզի շէնքի բացման արարողութիւնը:

Քարինտակ համայնքի ղեկավար Մխիթար Առուշանեան յայտնեց, որ շէնքը կառուցուած  է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին եւ Արցախի կառավարութեան ֆինանսաւորումով:

«50 տեղնոց մէկ յարկանի մանկապարտէզը ունի անհրաժեշտ բոլոր յարմարութիւնները` ննջասենեակ, ճաշասենեակ եւ խաղասրահ: Մանկապարտէզ յաճախող փոքրիկներուն թիւը 28 է. աւելնալու յոյս կայ», տեղեկացուց Առուշանեան:

Հաղորդենք, որ արարողութեան ներկայ էին Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը, պատգամաւորներ եւ գիւղացիներ:

Հայ-Չինական Կրթական Համագործակցութիւնը Կ՛ընդլայնի

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան հանդիպեցաւ Չինաստանի Կրթաթոշակներու յանձախումբի (China Scholarship Council) քարտուղարութեան ղեկավարի տեղակալ Վան Շենկանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:

Նախարարը երախտագիտութիւն յայտնեց Շենկանին` Չինաստանի առաջատար համալսարաններու մէջ Հայաստանին յատկացուող կրթաթոշակային տեղերուն համար:

Նախարարը գոհունակութեամբ նշեց, որ վերջին տարիներուն հայ-չինական կրթական յարաբերութիւնները աշխուժ զարգացում ապրած են: Բացի երկու պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ուսանողներու փոխանակման ծրագիրներէն` Հայաստանի մէջ կը գործէ չինարէնի ուսուցման կեդրոն մը եւ շուտով Երեւանի մէջ կ՛աւարտի չինարէնի խորացուած ուսուցման դպրոցին կառուցումը:

2017-ի Յունուար-Մայիս Ամիսներուն Հայաստանի Մէջ Քոնեաքի Արտադրութիւնը Աճած Է 71,1 Առ Հարիւրով

Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն`, 2017-ի յունուար-մայիս ամիսներուն Հայաստանի մէջ արտադրուած է 11 միլիոն 720 հազար 500 լիթր քոնեաք: Նախորդ տարուան համեմատ, այս տարուան հինգ ամիսներուն քոնեաքի արտադրութեան ծաւալները աւելցած են 71,1 առ հարիւրով:

Նշենք, որ  նախորդ տարի նոյն ժամանակահատուածին հանրապետութեան մէջ արտադրուած է 6 միլիոն 851 հազար 900 լիթր քոնեաք:

Յիշեցնենք, որ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն,  2016-ին Հայաստանի մէջ քոնեաքի արտադրութեան ծաւալները աճած են 27 առ հարիւրով եւ կազմած` 21 միլիոն 529 հազար 200 լիթր, իսկ 2015-ին քոնեաքի արտադրութեան ծաւալները նուազած են 9.4 առ հարիւրով եւ կազմած` 16,9 միլիոն լիթր:

Իտալական Ընկերութիւնը 10 Միլիոն Եւրոյի Ներդրում Պիտի Կատարէ

Իտալական «Այ. Տի. Էս.» եւ հայաստանեան «Թի. Էս. Տի.» ընկերութիւնները յայտարարեցին, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտէն ներս 10 միլիոն եւրոյի ներդրումներով գիտական- հետազօտական գիտաշխատանոց եւ բարձր արհեստագիտութեան դատաքննական (forensic) արտադրութեան նոր ճիւղ պիտի հիմնեն:

Ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու ու տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանի միջեւ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արմէն Աւագ Աւագեան խոստացած է հիմնադրամին աջակցութիւնը` ամբողջ յետ-ներդրումային շրջանին:

Տեղեկացնենք, որ ծրագիրը պիտի իրականացուի 5 տարուան ընթացքին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>