Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Ստացուած Գիրքեր. «Նախնական Եկեղեցու Մտքի Զարգացման Պատմական Պատկերը» (Հեղինակ` Ներսէս Աւագ Քահանայ Ներսէսեան)

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի տպարանէն 2016-ին լոյս տեսաւ Ներսէս աւագ քահանայ Ներսէսեանի «Նախնական եկեղեցու մտքի զարգացման պատմական պատկերը» հատորը, բաղկացած` 325 էջերէ: Գիրքը «Արմաշ», «Էջմիածին», «Հասկ», «Սիոն» եւ «Ջանասէր» հանդէսներուն մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութիւններու ժողովածու մըն է:

Գիրքի առաջին մասը, «Համատես աւետարաններու կառուցուածքային յատկանիշերը», բաղկացած է տասներկու գլուխներէ:

Ներսէս աւագ քահանայ կ՛ըսէ, որ համատես են Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Ղուկասի աւետարանները: Համատես կը կոչուին, որովհետեւ բովանդակութեամբ իրարու այնքան նման են, որ համեմատութեան համար բնագիրները կարելի է դնել զուգահեռ սիւնակներու մէջ: Սուրբ գրական քննադատութեան մէջ ընդունուած է, որ երեք աւետարաններու միջեւ սերտ փոխյարաբերութիւն կայ:

Չորս աւետարաններու գիտական ուսումնասիրութեան պատմութիւնը շատ հին է եւ ունի պատկառելի գրական ժառանգութիւն:

Չորս աւետարանիչները միասնաբար կը յիշեն նոյն դրուագները` տալով տարբեր մեկնութիւններ: Դէպքերու արձանագրութեան ընդհանուր տուեալները համատեսակ են, բայց եղելութեան իւրաքանչիւրի ընկալումը եւ գնահատումը տարբեր է:

Յիսուսի մահուան լուրը քրիստոնէական ուսմունքի խարիսխն է: Յիսուսի մահը զոհաբերութիւն էր: Աւետարանիչներէն իւրաքանչիւրը աւագ շաբթուան դէպքերու պատմութիւնը կը շարադրէ իրեն յատուկ գրական ոճով եւ խրատական-ուսուցողական շեշտաւորումով:

Յարութեան վկայութիւնները կը պարունակեն որոշ տարրեր, որոնք մասնաւորաբար յատուկ են միայն յարութեան պատումներուն: Նախադասութիւնները շատ պարզ են եւ կտրուկ: Կան նաեւ որոշ վկայութիւններ, որոնք տեղ գտած են շարադրանքին մէջ` պարզապէս փաստելու պատմական երեւոյթ մը, ինչպիսին էին Քրիստոսի երեւումը աշակերտներուն: Կան նաեւ հատուածներ, որոնք կը շեշտեն առաքեալներու շփոթութիւնը, ցնծութիւնը, երբ կը լսեն Տիրոջ մեռելներէն յարութիւն առնելու լուրը:

«Լերան քարոզ»-ը քրիստոնէական գրականութեան լաւագոյն նմուշներէն մէկն է` իր բանաստեղծական պարզ ու խոր ներշնչանքով, պատկերներու առատութեամբ ու թարմութեամբ եւ չխամրող գաղափարներու արդիականութեամբ, որ իր ուրոյն տեղը ունի համաշխարհային բարոյական-խրատական գրականութեան պատմութեան մէջ:

«Լերան քարոզ»-ի շնորհիւ մենք ունինք Յիսուսի առանձին ասացուածքներու համադրում մը: Շատ յաճախ այդ ասացուածքները բաղկացած են մէկէ աւելի նախադասութիւններէ, որմէ պէտք է ենթադրել, թէ այդ ասացուածքներէն իւրաքանչիւրը կամ ամփոփումն է Յիսուսի ընթացիկ քարոզութեան եւ կամ վիճաբանութիւններու եզրափակումներն են Իր հակառակորդներու հետ:

Ներսէս աւագ քահանայ կ՛ըսէ, որ Տէրունական աղօթքի երկու տարբերակներ կան` Մատթէոս 6.9-13 եւ Ղուկաս 11.-2-4:

Յովհաննէս Մկրտիչի դերն ու տեղը պարզաբանելով հեղինակը կ՛ըսէ, որ պատմութեան հորիզոնի վրայ յայտնուած է Յովհաննէս Մկրտիչ, որ առաքուած էր Աստուծոյ կողմէ: Աստուած զայն ուղարկած էր որոշակի նպատակով` ծրագրուած առաքելութեան իրագործման համար:

«Աւագ շաբթուայ դէպքերու նկարագրութիւնը ըստ Ղուկաս աւետարանիչին» գլուխին տակ Ներսէս աւագ քահանայ կ՛ըսէ, որ Ղուկասի աւետարանի շարադրանքի իւրայատուկ կառուցուածքի, ձեւի եւ լեզուի պարզութեան ձգած անմիջական տպաւորութիւնը այն է, որ հեղինակը անհաւատալիօրէն լաւատես է եւ ինքնավստահ: Ան թեթեւցած հոգիով եւ շունչով կը նկարագրէ Յիսուսի կեանքի վերջին շաբթուայ դէպքերը, որովհետեւ կը հաւատայ, որ անցեալի ողբերգական դէպքերը յաջողութեամբ տարած են յաղթանակը. կը հաւատայ, որ գալիքը պիտի ըլլայ պայծառ ու փառաւոր:

Յիսուսի առաքելութեան ըմբռնումին անդրադառնալով հեղինակը կ՛ըսէ, որ պատմական առումով Յիսուս Քրիստոսի ամբողջ կեանքի եւ առաքելութեան միակ մնայուն ու տեսանելի վկայութիւնը եկեղեցին է` անհատներու «համայնք» մը, որ կը կոչուի նաեւ «Աստուծոյ ժողովուրդ»: Այս համայնքը կազմակերպուեցաւ անձի մը շուրջ, որ բնորոշուեցաւ «մեսիա» կամ «օծեալ» մակդիրներով: Նոր կտակարանին մէջ կան շարք մը նախադասութիւններ, ուր Յիսուս ինքզինք կը կոչէ «որդի մարդոյ»:

«Որդի մարդոյ» անուանումը Նոր կտակարանին մէջ կը հանդիպինք աւելի քան յիսուն անգամ: Համատես աւետարաններու այն ասացուածքները, որոնց մէջ կը հանդիպինք «որդի մարդոյ» բառանունին, ըստ իրենց նշանակութեան կը բաժնուին երեք խումբի: Առաջին, ակնարկութիւններ Յիսուսի գործունէութեան մասին աշխարհի վրայ Իր առաքելութեան ընթացքին: Երկրորդ, ակնարկութիւններ «որդի մարդոյ»-ի չարչարանքի, մահուան եւ յարութեան: Երրորդ, ակնարկութիւններ ապագայ գալստեան, փառաբանութեան եւ յետյարութեան առաքելութեան:

«Փրկիչ» տիտղոսին քիչ կը հանդիպինք աւետարաններուն մէջ: Համատես աւետարաններուն մէջ միայն վեց անգամ Յիսուս կը գործածէ «Փրկիչ» տիտղոսը Իր մահուընէ առաջ:

«Փրկիչ» կամ «Քրիստոս» տիտղոսը կ՛առնչուի Յիսուսի յարութեան հետ:

Քրիստոսի յարութեան դէպքի ընկալումին անդրադառնալով Ներսէս աւագ քահանայ կ՛ըսէ, որ Քրիստոսի յարութեան լուրը պատմութեան դարակազմիկ դրուագներէն մէկն է: Անոնք, որոնք հաւատացին այդ լուրին, կրցան լիուլի արժեւորել եւ գնահատել զայն իրենց արդէն ծանօթ Հին կտակարանի կանխասացութիւններով:

Քրիստոսի յարութեան պատգամը, թէ` «յարեաւ Քրիստոս ի մեռելոց», կ՛ակնկալէ, որ ամէն մէկ քրիստոնեայ Աստուածաշունչի տեսանկիւնէն կը գնահատէ Քրիստոսի անձը, երբ կ՛անդրադառնայ Անոր առաքելութեան, մահուան ու յարութեան: «Քրիստոս» անուանակոչումը լոկ տիտղոս մը չէր, այլ անիկա իր որոշիչ «Աստուծոյ օծեալը» իմաստով յղում մըն էր գաղափարի մը, որ կարմիր թելի պէս կ՛անցնի Աստուծաշունչի մէջէն:

Առաքեալներու հաւատքի կորիզը ոչ այնքան յարութեան գաղափարն էր, որքան այն հաւատքը եւ համոզումը, որ Աստուած փրկեց Յիսուսը:

Յարութիւնը դարձաւ պատմական այն իրողութիւնը, որով Աստուած ամբողջացուց Իր տնօրինութիւնը: Նոր ծնունդը եւ վերստին կեանքի կոչուելու դրդապատճառը իր կիրառական արտայայտութիւնը կը գտնէ մկրտութեան խորհուրդին մէջ: Ներգործումը կ՛իրականանայ Ս. Հոգիի շնորհիւ, իսկ շնորհներու ընկալումը կ՛ըլլայ ապաշխարանքով եւ հաւատքով:

Առաքեալներու աստուածաբանութիւնը խարսխուած է ոչ թէ տեսութիւններու վրայ, այլ շարք մը պատմական դէպքերու, որոնք կ՛առաջնորդեն զանոնք որոշ համոզումներու, աւելի վեր, քան իրենց անձնական նախազգացումները:

Առաքեալներու պատգամը հիմնուած է յարութեան դէպքին վրայ, իբրեւ եղելութիւն մը, որ տարբեր էր միւս բոլոր դէպքերէն: Իրականութեան մէջ մահ գոյութիւն չունի մարդ էակին համար, որովհետեւ հոգին յաւիտենական է:

Առաքելական ուսուցումը ամբողջապէս կ՛առնչուի այս հաւատքին, որ ոչ թէ Յիսուս հոգեպէս փրկուեցաւ, այլ որ Ան յարեաւ մարմնապէս:

Յիսուս մարմնացաւ ճշմարտապէս. Ան անցաւ տառապանքի եւ մահուան բովով եւ ճաշակեց կեանքի բոլոր դառնութիւնները` դառնալու համար մէկ Իր նմաններուն նման: Ան ենթարկուեցաւ մահուան` մեղքին առնչութեամբ: Անոր մահը ամբողջական էր եւ կատարեալ:

Քանի որ Քրիստոս նոյնն է այսօր, երէկ եւ յաւիտեան, ուրեմն շեշտը կը դրուի Աստուծոյ գործունէութեան վրայ եւ Քրիստոսի յարութիւնը մեռելներէն վկայութիւնն է այդ իրականութեան: Այն դէպքը, որ դարձաւ հիմքը Նոր կտակարանի ուսուցման, եզակի է իր փրկարար եւ ստեղծիչ յատկութիւններով:

Իր ամբողջ կեանքի ընթացքին Յիսուս անընդհատ «կը մեկնի» Հօր մօտ: Ան մէկ է Հօր հետ յաւիտենից: Ան մէկ դարձած է մարդկութեան հետ եւ կը քալէ կեանքի ու մահուան ուղիով:

Քրիստոսի փառաւորումը անկատար է առանց եկեղեցիի: Եկեղեցիի միջոցով է որ Ան կ՛ապրի եւ կը գործէ: Եկեղեցւոյ էութիւնը անդամները չեն, որ կը կազմեն եկեղեցին, այլ Քրիստոս, որմէ եկեղեցին իր կեանքը կը ստանար: Եկեղեցիի հիմքը, որ յարութեան դէպքն է, մշտնջենապէս կազմակերպուած եկեղեցին կը կապէ աւագ շաբթուան դէպքերուն: Մկրտութեամբ «ի մահ» կը դառնան անդամներ իր եկեղեցիին: Եւ այս փոխյարաբերութիւնը ընդմիշտ կը վերանորոգենք մեր անդամակցութեամբ:

Խաչն ու յարութիւնը եկեղեցւոյ սկզբնաւորման, գոյատեւման ու նպատակներու երկու հիմնաքարերն են:

*
*   *

Գիրքին երկրորդ մասը Պօղոս առաքեալի անձը եւ աստուածաբանութիւնն է:

Պօղոս առաքեալ կը նկատուի քրիստոնէական մտածելակերպի առաջին տեսաբանը: Թէ՛ Յիսուսի եւ թէ Պօղոսի համար, Հին կտակարանի ամէնէն տպաւորիչ եւ ուսանելի տարրը յոյսի ներշնչումն է:

Պօղոս տարբեր առիթներով խոր համոզումով կը պաշտպանէ առաքեալի իր կոչումը` ամէն անգամ շեշտելով իր անհատականութիւնն ու իրաւունքը` կոչուելու առաքեալ:

Պօղոսի տեղեկութիւնները Յիսուսի անձի պատմականութեան եւ Անոր առաքելութեան վերաբերեալ ամենայն մանրամասնութեամբ կը համընկնին աւետարանիչներու աւանդած տուեալներուն: Պօղոս բազմիցս կ՛ընդգծէ, որ ինք իր քարոզչութեան բոլոր տուեալները քաղած է այն վաւերական աղբիւրներէն, որոնցմէ օգտուած են միւս առաքեալները:

Պօղոսի ուսուցումներուն առանցքը Դամասկոսի ճանապարհին տեղի ունեցած տեսիլքն էր, որ, անոր բնութագրումով «յայտնութիւն» էր:

Քրիստոնէական հաւատքի եւ առաքեալներու գործունէութեան գերագոյն գրաւականը Քրիստոսի «Ի մեռելոց յարուցեալ է» ճշմարտութիւնն էր եւ ատիկա, ըստ Պօղոսի, արդէն ընդունուած փաստ էր եւ անխախտելի հիմք այն սուրբ աւանդին, որ ձգած են աշակերտներ եւ որմէ ինք օգտուած է:

Գիրքին երրորդ մասը գործք առաքելոցի ճառերն են:

Գործք Առաքելոցի առաջին տասը գլուխներուն մէջ կարեւոր տեղ ունին Պետրոս առաքեալին պատկանող ճառերը, որոնք կ՛ընդգրկեն յետ-հոգեգալստեան շրջանի իրադարձութիւններու պատմութիւնը:

Պետրոսի ճառերուն գլխաւոր նիւթը անոր քարոզչութեան գլխաւոր աղբիւրն է, ուր ան համոզուած է, թէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը մօտեցած է:

Պետրոս իր ճառերուն մէջ յաճախ կը յիշեցնէ, որ իրենց փոխանցուած տուեալները ականատեսի վայութիւններ են` յատկապէս Յիսուսի յարութեան առնչուող:

Ներսէս աւագ քահանայ Ներսէսեան կ՛եզրափակէ ըսելով որ Նոր կտակարանի աստուածաբանական ուսումնասիրութիւնը, ուսումնասիրութեան պայման կ՛ընդունի ճշդել Նոր կտակարանի գրական յուշարձաններու գրութեան մօտաւոր թուականները: Այս նկատառումով ամէնէն արդիւնաւէտ ուղղութիւնն է, որ կը փորձէ առանձնացնել Նոր Կտակարանի հարուստ նիւթերէն այն տարրերը, որոնք մատչել են բոլորին եւ իբրեւ սկզբնաղբիւր կը նկատուին առաւել հնագոյնը:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>