Չորեքշաբթի, 5 յուլիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդէսը սկսաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական դպրոցական օրերու յիշատակելի նկարներու ցուցադրութեամբ, որուն յաջորդեց շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքը սրահ:
Շրջանաւարտներուն կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ Նարեկ Ճեմճեմեանի «Բարի արագիլ» երգով` կիթառի նուագակցութեամբ Ֆիլիփ Քեչեքի եւ Ալեք Էլպեքեանի: Ապա աւարտական դասարանի խումբ մը աշակերտներ նշելով Ճեմարանի հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեանի մահուան 70-ամեակը` ներկայացուցին «Նիկոլ Աղբալեան մարդը»` բեմականացուած Սէրուժ Յովսէփեանի կողմէ: Ներկայացման ընթացքին, յիշելով «Սայաթ Նովայի հետ» Նիկոլ Աղբալեանի ուսումնասիրական աշխատանքը, Մարիա Աճեմեան եւ Սեւակ Աշճեան կատարեցին Սայաթ Նովայէն փունջ մը երգեր: Ներկայացումը աւարտեցաւ հետեւեալ խօսքով. «Որքան փորձենք խիտ տողերու մէջ ներկայացնել Նիկոլ Աղբալեանի նման ՄԵԾ մարդ մը, տակաւին ոչ մէկ բան ըսած պիտի ըլլանք իր մասին: Թող մարդիկ կարդա՛ն անոր գրականութիւնը, որպէսզի աւելի լաւ ճանչնան զինք: Իսկ մենք փակենք մեր ներկայացումը երեք մեծ վերնագիրներով` Նիկոլ Աղբալեան Հայաստանի Ա. հանրապետութիւնն է, Նիկոլ Աղբալեան բոլորիս սիրելի 87 տարեկան Ճեմարանն է եւ, վերջապէս, Նիկոլ Աղբալեանը ՄԵՆՔ ենք` Ճեմարանի բոլոր շրջանաւարտները: Ի՞նչ պիտի ըլլայինք մենք առանց Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի նման անձնուէր մարդոց ազգանուէր գործին: Աւելորդ է խօսիլ: Ինչպէս կ՛ըսէր Նիկոլ Աղբալեան` «Էականը այն է, որ մենք ապրինք, հայ մնալով ապրինք»:
ԺԱ. դասարանին կողմէ ողջերթի ուղերձ կարդացին Լոռի Գորեսեանը եւ Հայկ Աւետիսը: Լոռի Գորեսեան դպրոցական տարիները նմանցուց լեռնագնացութեան, որուն աւարտին լեռնագնացը բլուրի մը կատարին պիտի յիշէ իր անցած ճամբան` իր դժուարութիւններով ու տագնապներով, իր յաջողութիւններով ու երջանիկ պահերով, սակայն նոյն պահուն պիտի վայելէ իրագործումին բերկրանքը, հպարտութիւնը: Անոր համաձայն, պահը ուրախութիւն առթող է նաեւ ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն համար, որովհետեւ անոնք բերքահաւաք կը կատարեն արդէն: Ապա Հայկ Աւետիս աւելցուց, որ աւարտելով այս կրթօճախը` շրջանաւարտները իրենց հետ կը տանին, լաւ ուսման կողքին, հայեցի դաստիարակութիւն, գիտական ու գրական միտք, նախաձեռնող ոգի, ազնուական հոգի ու ճեմարանականի աննկուն կամք: Անոր համաձայն, յիշատակները նաեւ պիտի ըլլան շրջանաւարտներուն մնայուն ընկերները, սակայն այդ բեմէն արդէն կ՛երեւի նոր հորիզոն մը` սկիզբ նոր հանգրուանի: «Վստահ ենք, որ պիտի ըլլաք հայ ժողովուրդի լաւագոյն ներկայացուցիչները` մշակոյթի, հայոց պատմութեան եւ հայոց լեզուի անպարտելի պահապան զինուորները: Ճեմարանի ճանապարհը աւարտ չունի, սերունդներ եկած են, կ՛երթան ու նորեր պիտի գան: Հետեւաբար, իբրեւ ԺԱ. դասարանի աշակերտներ, մենք մեզ պատասխանատու կը զգանք կրելու Ճեմարանի ջահը, զոր կը փոխանցէք մեզի այսօր: Կը խոստանանք միշտ վառ պահել ու մենք ալ մեր կարգին փոխանցել զայն յաջորդ սերունդին», վստահեցուց ան:
Ուղերձէն ետք Մանէ Պասմաճեան դաշնամուրով նուագեց Ա. Բաբաջանեանի «Նոքթիւրն»-ը: Այնուհետեւ աւարտական սերունդին կողմէ հրաժեշտի խօսքը կարդաց Նարօտ Սէրուժեանը, որ աւարտական այդ պահը նկատեց վերջ դպրոցական կեանքի, սակայն` սկիզբ այլ փուլի մը: Խօսելով դպրոցական տարիներուն մասին` ան դիտել տուաւ, որ նոյն յարկին տակ տարբեր ընտանիքներէ գումարուած զաւակներ բազմապատկեցին իրենց մտային պաշարը, բաժնեցին նոյն մտահոգութիւններն ու դժուարութիւնները, փորձեցին հանումը կատարել ժխտական միտքերուն եւ միասնաբար ծանօթացան ազգի ու հայրենիքի գաղափարին, միութեան, միասնականութեան, պատկանելիութեան` հաստատելով, որ պիտի վերադառնան ծառայելու այն հարազատ միջավայրին, որ իր կարգին ամբողջ 12 տարի նեցուկ կանգնեցաւ իրենց: «Սորվեցանք, որ ճեմարանականը համարձակ է, եւ ոչ` անդաստիարակ, ճեմարանականը շիտակ է եւ ոչ քծնող, ճեմարանականը հայրենասէր է եւ ոչ` ազգայնամոլ, ճեմարանականը լայնախոհ է եւ ոչ` պատեհապաշտ: Ան կը թիավարէ հոսանքն ի վեր` յանուն ճշմարտութեան, յանուն արդար իրաւունքի, յանուն մարդկայինին: Պայքարիլ, դիմադրել, յաջողիլ, յաղթել…. ճեմարանականի մը համար ո՛չ անորոշ, այլ խոնարհուող բայեր են…»: Նարօտ Սէրուժեան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան, ուսուցչական կազմին եւ մանաւանդ ծնողներուն, որոնք զիրենք առաջնորդեցին դէպի Ճեմարան:
Հրաժեշտի ուղերձէն ետք աւարտական դասարանի ջութակահարները` Արին Թաշճեան, Նարօտ Ադամեան, Նարէ Աշգարեան եւ Նարօտ Սէրուժեան նուագեցին «Գարուն Երեւան»` դաշնամուրի նուագակցութեամբ Ժ. դասարանէն Կարօ Գրիգորեանի: Ապա ցուցադրուեցաւ շրջանաւարտները ներկայացնող «ՄԵՆՔ» խորագրուած տեսերիզը (երգի գրութիւնն ու կատարողութիւնը` Սէրուժ Յովսէփեանին, նկարահանումն ու բեմադրութիւնը` Յակոբ Թաշճեանին, բոլոր շրջանաւարտներուն դերակատարութեամբ):
Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը. Էլի Ապտըլ Նուր արժանացաւ աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան» եւ աւարտական դասարաններու արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Լուի Օհանեան» մրցանակներուն: Արենի Խաչատուրեան արժանացաւ աւարտական դասարանի ուսողութեան լաւագոյն միջին ապահովողի «Զաւէն Գույումճեան» մրցանակին: Աւարտական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսի յիշատակի «ֆոնտ»-ի մրցանակներուն արժանացան գրական բաժինէն` Արին Թաշճեան, իսկ գիտական բաժինէն` Նարօտ Սէրուժեան: Մարիա Աճեմեան եւ Արենի Խաչատուրեան ստացան գերազանց արդիւնքներ ապահովող ու միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր Յովսէփեան» մրցանակները: «Ջահակիր»-ի պատրաստութեան լաւագոյն մասնակցութեան «Վիգէն Զաքարեան» մրցանակը ստացան Արին Թաշճեան եւ Արզնի Արսլանեան: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ տրամադրուած Ֆորումի մասնակցութեան մրցանակին արժանացաւ Նարօտ Սէրուժեան: Ժ. դասարանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Հուրի Պերթիզլեան» մրցանակին արժանացան Նարօտ Մերտխանեան եւ Կալի Միսիրեան: Թ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսէ Սեփեթճեան» մրցանակը ստացաւ Նարէ Գօգողլանեան: Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան» մրցանակին արժանացաւ Գալին Քիլեճեան: Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մրցանակները ստացան Հայկ Աւետիս եւ Արին Թաշճեան: Ծառայասէր ու հոգատար աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին արժանացաւ Սէրուժ Յովսէփեան:
Մրցանակաբաշխութենէն ետք Փաուլա Եղիայեան անդրադարձաւ 2016-2017 տարեշրջանին դպրոցական աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ տարեշրջանի ծրագիրներուն: Ան յատկապէս նշեց անցնող տարուան ընթացքին Ճեմարանի մանկամսուրի աշակերտութեան թիւի աճը: «2001 թուականին 15 աշակերտներով ծնունդ առած մեր մանկամսուրը այս տարեսկիզբին սկսաւ գործել 35 աշակերտներով. իսկ այժմ , թիւի յաւելեալ աճի պատճառով, Ճեմարանի մանկամսուր կը յաճախեն 4 դասարաններու բաժնուած 52 աշակերտներ` ստեղծելով աննախընթաց երեւոյթ մը», ըսաւ ան: Տնօրէնը բարձր գնահատեց Ճեմարանի աշակերտներուն յաջողութիւնները աւարտական քննութիւններուն` յայտնելով, թէ այս տարուան հունձքը արդէն իսկ փայլուն յաջողութիւն արձանագրած է ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն` 38 աշակերտներէն 37 յաջողած են եւ 37-էն 21-ը արժանացած յիշատակութիւններու (2 շատ լաւ յիշատակութիւն, 11 լաւ յիշատակութիւն եւ 8 բաւական լաւ յիշատակութիւն): Պըրըվէի պետական քննութիւններու ներկայացած 29 աշակերտները բոլորը յաջողած են, եւ 29-էն 16-ը` արժանացած յիշատակութիւններու: Շարունակելով իր խօսքը` ան ըսաւ. «Հպարտ ենք անցնող տարեշրջանի մեր իրագործումներով եւ այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր մեզի օժանդակողներուն եւ մեր բոլոր նուիրատուներուն, ըլլան անոնք հիմնարկութիւն, միութիւն, թէ անհատ, յիշելով մանաւանդ Միացեալ Նահանգներէն 2011-ին հանգուցեալ Մարգրիտ եւ Գուրգէն Ասատուրեաններու Ճեմարանին կտակած աւելի քան 1 միլիոն 200 հազար ամերիկեան տոլարը, որ զետեղուեցաւ այս տարի «Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի ապահովութեան հիմնադրամին» մէջ` նպաստելու համար Ճեմարանը ապագային նիւթապէս ապահով եւ ինքնաբաւ դարձնելու նպատակին»: Անդրադառնալով յառաջիկայ տարեշրջանի ծրագիրներուն` ան ըսաւ, որ հիմնական նոր ծրագիրը պիտի ըլլայ Ճեմարանի շրջափակէն ներս նորակառոյց «Րաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» արդիական մանկամսուրը, որուն բացումը նախատեսուած է 2018-ին:
80-100 նախադպրոցական տարիքի երեխաներ ընդունելու կարողութիւնը ունեցող կառոյցը օժտուած պիտի ըլլայ նորագոյն եւ այժմէական սարքերով: Խօսելով 2016-2017 տարեշրջանի շրջանաւարտներուն մասին` Փաուլա Եղիայեան ըսաւ. «Կ՛ուզեմ ձեր ուշադրութեան յանձնել, որ այս տարուան շրջանաւարտներէն շատեր եղած են Ճեմարանի 2001-2002 տարեշրջանի մանկամսուրի առաջին աշակերտները: Մէկ խօսքով, այսօր մեր դիմաց գտնուող երիտասարդ-երիտասարդուհիներէն ոմանք Ճեմարան կը յաճախեն աւելի քան 16 տարիներէ ի վեր: Այս սերունդը ունի մշակութասէր, արուեստասէր եւ մարզասէրներու մեծ խմբակ մը. դերասան, բեմադրիչի օգնական, դաշնամուրի, ջութակի եւ կիթառի երաժշտանոցի աշակերտներ եւ շրջանաւարտներ, պարախումբի անդամներ, նկարչական եւ համակարգչային հմտութիւններու տիրապետող, ինչպէս նաեւ գրական ձիրքերով օժտուած տղաք ու աղջիկներ, միութենական գործունեայ երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ եւ զանազան մարզաձեւերու հետեւող լաւ մարզիկներ: Բազմատաղանդ սերունդ մը, որ բնականաբար երբեմն այդ նոյն տաղանդները գործածեց որոշ չարաճճիութիւններու համար: Եւ վերջապէս, սերունդ մը, որ ստանձնեց դպրոցական ներքին զանազան ձեռնարկներու կազմակերպումը եւ նշեց ազգային բոլոր առիթները. սերունդ մը, որ հոգատար եւ օրինակ դարձաւ աւելի փոքր աշակերտներուն եւ իբրեւ գիտակից մարդ ու յանձնառու հայ` այսօր կը մեկնի Ճեմարանէն»: Ապա ան իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ. «Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, քիչ առաջ դուք ներկայացուցիք «Աղբալեան մարդը եւ Աղբալեան հայը». դուք ձեր դպրոցական կեանքը ապրեցաք նոյն այդ շունչով: Ճեմարանը հիմնուած է յատուկ առաքելութեամբ մը: Շանթն ու Աղբալեանը մտադրած ու յաջողած են ստեղծել «Փոքրիկ Հայաստան» մը, «հայ դպրութեան ջահակիր Ճեմարանը»: Ձեր ուսուցիչներն ու պատասխանատուները հաւատարիմ ու գիտակից մնալով այս նուիրական գործին, ճիգ չխնայեցին ձեզմէ իւրաքանչիւրին կազմաւորման համար: Այսօր դուք գիտութիւններ ամբարած եւ ինքնավստահութեամբ զինուած պիտի հեռանաք մարդակերտման ու հայակերտման այս «գաղափարի տաճար»-էն: Վստահ ենք, որ ձեզի հետ պիտի տանիք Ճեմարանէն բաժին մը:
Կը շնորհաւորեմ ձեզ, ձեր ուսուցիչներն ու մասնաւորաբար ձեր ծնողները: Ձեր բոլորին վարձքը կատար: Կը մաղթեմ, որ յաջողութիւն գտնէք ձեր ընտրած մասնագիտութիւններուն ու ասպարէզներուն մէջ եւ յառաջիկային ձեր ներդրումը ունենաք Ճեմարանի վերելքին մէջ: Բարի՛ երթ ձեր բոլորին»:
Իր խօսքէն ետք տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը` մասնակցելու վկայականներու յանձնումին:
Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.
Գրական ճիւղէն` Աճեմեան Մարիա, Արսլանեան Արզնի, Ծատուրեան Բալիկ, Մարկոսեան Սիւզանա, Փափազեան Լիանա, Սեմերճեան Նանէ-Սոֆի, Թաշճեան Արին, Տէր Խաչատուրեան Բալիկ, Ապտըլ Նուր Էլի, Ճեմճեմեան Նարեկ, Յովսէփեան Սէրուժ, Խանճիհանեան Բիւրակ, Բրուտեան Քրիստ-Աւետիս, Եագուպեան Նազօ:
Գիտական ճիւղէն` Աշգարեան Նարէ, Ադամեան Նարօտ, Պասմաճեան Մանէ, Պասուս Ճոյ, Պոյաճեան Սարին, Համալեան Քրիսթինա, Համամճեան Նանոր-Ռիթա, Ժհայեմ Նելլա-Մարիա, Գարամինասեան Կայա, Խաչատուրեան Արենի, Խաչատուրեան Թաշա-Լունա, Մարտիրոսեան Կրէյս, Սէրուժեան Նարօտ, Սնապեան Մեղեդի-Լուսընթագ, Թապագեան Սանան, Աշճեան Սեւակ, Պոյաճեան Շանթ, Պոյաճեան Կարէն, Էլպեքեան Ալեքսանտր-Օհաննէս, Կուրղիկեան Նշան, Քեչեք Ֆիլիփ, Քէշիշեան Նազարէթ, Մարտիրոսեան Յակոբ, Մկրտիչեան Գէորգ, Թաշճեան Յակոբ:
Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
—