Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հայոց Լեզուի Վաստակաշատ Ուսուցչուհիներու Եւ Գործիչներու Պարգեւատրում

$
0
0

Հրայր Տանձիկեան                                       Արթիւր Գունտաքճեան                        Գրիգոր Նազարեան

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան կազմակերպութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ հայոց լեզուի վաստակաշատ ուսուցիչներու եւ գործիչներու նուիրուած երախտագիտութեան ձեռնարկ մը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ գովաբանելով ուսուցիչներու նուիրական աշխատանքը` վեր առաւ անոնց ունեցած անփոխարինելի դերը սփիւռքի մէջ հայ լեզուի պահպանման եւ հայ սերունդներու կերտման մէջ:

Նախարար Յակոբեան հայ ուսուցիչը նկատեց Հայաստանի եւ սփիւռքի ամրակուռ կամուրջը, որուն միջոցով հայ նոր սերունդը կը կապուի Հայաստանին եւ կառչած կը մնայ իր հայ արմատներուն: Ան նաեւ խօսեցաւ տարբեր բնագաւառներու մէջ գործունէութիւն ծաւալած եւ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման մէջ իրենց ներդրումը ունեցած անձնաւորութիւններուն տարած օգտաշատ աշխատանքին մասին:

Ապա տեղի ունեցաւ պարգեւատրումի արարողութիւն, որուն ընթացքին Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման մէջ իրենց բերած նպաստին համար նախարարութեան «Ոսկի մետալ»-ով պարգեւատրուեցան լիբանանահայ գործիչներ` Հրայր Տանձիկեանը, Արթիւր Գունտաքճեանը եւ Գրիգոր Նազարեանը, Էտկար Դաւիթեան ստացաւ «Ուիլիըմ Սարոյեան»-ի մետալ, իսկ Անայիս Կետիկեան` սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիր:

Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան` իր հիմնադրութեան 95-ամեակին եւ Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանը` իր հիմնադրութեան 65-ամեակին առիթով արժանացան նախարարութեան «Երախտագիտութեան մետալ»-ին:

«Մայրենիի դեսպան» մետալներով պարգեւատրուեցան հետեւեալ վաստակաւոր ուսուցիչները. Մաքրուհի Խաչատուրեան` Սահակ-Մեսրոպեան ազգային վարժարան, Սիրարփի Քետերեան` Սահակ-Մեսրոպեան ազգային վարժարան- Ազգային Ռուբինեան վարժարան, Զապէլ Պոյաճեան եւ Ազնիւ Ալթունեան` Ազգային Ռուբինեան վարժարան, Մաքրուհի Երկանեան` Ազգային Գ. Չաթալպաշեան քոլեճ, Ազգային Ռուբինեան, Կարմիրեան, Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան վարժարաններ, դոկտ. Մարի Պեքարեան` Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարան եւ Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան քոլեճ, Աւետիս Տիպան,  Ռիթա Թամուկեան,  Շաքէ Տոմպուրեան եւ Լորիս Թուղլաճեան` Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարան, Վերժին Սաաթճեան` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն, Անի Տագէսեան` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն, իսկ Լենա Սահակեան-Ճորճեան` Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան միջնակարգ վարժարանէն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>