Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ
Գիտնականները պարզած են, որ Հայաստանի եւ Արցախի կիները վերջին 8.000 տարիներու ընթացքին ծինային տեսանկիւնէն գրեթէ չեն փոխուած: «Քարընթ պայոլոճի» ամսագիրին մէջ հրապարակուած է համապատասխան հետազօտութիւնը, որ հակիրճ կերպով կը ներկայացնէ «Սել Փրես»:
«Մենք չենք կրցած որեւէ փոփոխութիւն յայտնաբերել կիներու ծինային ժառանգական տուեալներուն մէջ` շատ երկար ժամանակաշրջանի ընթացքին: Ատիկա չափազանց հետաքրքրական է, քանի որ այդ նոյն ժամանակաշրջանին տարածքը բազմաթիւ մշակութային փոփոխութիւններ կրած է, սակայն այդ փոփոխութիւնները կապուած չեն ծինային ազդեցութեան հետ, առնուազն` բնակչութեան կիներու հատուածին վրայ», ըսած են աշխատանքի համահեղինակները` Դանիոյ բնագիտութեան թանգարանի երկրաբանական ծինագիտութեան կեդրոնի գիտնականներ Աշոտ Մարգարեանը ու Մորթեն Ալենթոֆթը:
Փորձագէտները այդ եզրակացութեան յանգած են` ուսումնասիրելով Հայաստանէն եւ Արցախէն 52 հնագոյն կմախքներու ծինային ամբողջական տուեալները: Հնագոյն նմուշներու տարիքը կազմած է 7,8 հազար տարի: Այդ տուեալները գիտնականները համեմատած են 206 ժամանակակից հայերու ծինային տուեալներուն վերաբերող տեղեկութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ` աւելի կանուխ դրացի եօթը բնակչութիւններէն աւելի քան 480 մարդոց մասին հրապարակուած տուեալներուն հետ:
Վերլուծութիւնը ցոյց տուած է, որ ժամանակակից Հայաստանի եւ Արցախի տարածքներուն մէջ բնակչութեան թիւը արագ ձեւով աճած է մօտ 18 տարի առաջ, բայց մօտ երկու-երեք հազար տարի առաջ շրջանին մէջ տեղի ունեցած գաղթերը փաստացիօրէն ազդեցութիւն չեն ձգած կիներուն վրայ: Գիտնականները կը պատրաստուին կատարելու Ազրպէյճանի արեւելեան տարածքներէն, ինչպէս նաեւ Վրաստանէն վերցուած նմուշներու ծինային ուսումնասիրութիւն:
Աշոտ Մարգարեանը նշած է, որ հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ կա՛մ մշակութային փոփոխութիւնները տեղի ունեցած են նախ եւ առաջ գաղափարներու փոխանակութեան միջոցով, կա՛մ նախ եւ առաջ տղամարդիկ գացած են նոր տարածքներ` իրենց հետ տանելով մշակութային նոր գաղափարներ: