Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Եկեղեցիներ Վերականգնող Ճարտարապետներու Պատուիրակութիւնը

$
0
0

Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ

22 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի մէջ եկեղեցիներու վերականգնման աշխատանքներ իրականացնող ճարտարապետներու պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին իտալահայ Արա Զարեանը, իտալացի Քրիսթին Լամուրը եւ Ալեքսանտր Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան Ազգային թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Աշոտ Գրիգորեանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը տեղեկացուց, որ ողջունելով հիւրերը` սփիւռքի նախարարը կարեւոր նկատեց հայկական մշակութային արժէքներու պահպանման, վերականգնման եւ արժեւորման նպատակով տարուած անոնց գործունէութիւնը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Յարգելի՛ հիւրեր, ուրախ եմ ձեզ ողջունելով նախարարութեան մէջ: Բարի՛ եկած էք Հայաստան: Հայկական եկեղեցիները այսօր կենդանութիւն եւ շունչ կ՛առնեն ձեզի նման նուիրեալներու շնորհիւ: Արդէն վեց տարիէ ի վեր Իտալիայէն Հայաստան կու գաք, սիրով, ջանասիրութեամբ եւ նուիրումով կը վերականգնէք հնամենի եկեղեցիներու որմնանկարները: Այդ աշխատանքները մեծ ջանք, համբերութիւն, վարպետութիւն եւ պատասխանատուութիւն կը պահանջեն: Եւ իբրեւ շնորհակալութեան, երախտագիտութեան եւ գնահատանքի արտայայտութիւն` կ՛ուզեմ ձեզ պարգեւատրել Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» մետալով»:

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան համար: Քրիսթին Լամուր նշեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ եւ հաճոյք է Հայաստանի մէջ մասնակցիլ որմնանկարներու պահպանման աշխատանքներուն` աւելցնելով. «Ամէն տարի սիրով կու գամ Հայաստան: Այս պարգեւը ինծի համար մեծ հպարտութիւն է: Շնորհակալութի՛ւն»:

Արա Զարեան շնորհակալութիւն յայտնեց պարգեւին համար եւ նշեց. «Այս պարգեւը անակնկալ էր ինծի համար: Մեծ հօրմէս եւ հօրմէս սորված եմ ազգիս ծառայել: Հայրս` Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր ճարտարապետ Արմէն Զարեան, տակաւին 1960-ական թուականներէն զբաղած է հայ ճարտարապետութեան պատմութեան ուսումնասիրութեամբ: Ես եւ դասընկերներս հայ վերանորոգողներու առաջին սերունդն ենք: Ամէն ամառ կու գամ Հայաստան: Վերականգնողական աշխատանքները սկսած եմ Որոտնավանքէն: Հիմա կ՛աշխատինք Լմբատավանքին մէջ: Քրիսթինի հիտ 5 տարուան ընթացքին հաւաքած ենք վերականգնուած որմնապատկերներու լուսապատճէնները, որոնք սիրով ձեզի կը նուիրեմ»:

Պարգեւին համար շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Աշոտ Գրիգորեանը: Ան անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ճարտարապետներու միութեան եւ սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութեան հեռանկարներուն: Գրիգորեան ներկայացուց Թուրքիայէն բերուած հայկական արխիւներու փաստաթուղթերու իր ուսումնասիրութիւնը, որ պիտի աւարտի սեպտեմբերին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles