Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ
«Ռիա Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ «Եանտեքս» եւ «Ուպըր» ընկերութիւնները որոշած են թաքսի պատուիրելու առցանց ձեռնարկութիւնները միաւորել Հայաստանի, Ռուսիոյ, Վրաստանի, Պիելոռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Ղազախստանի մէջ:
Երկու ընկերութիւններուն միացումով ստեղծուած կառոյցին մէջ «Ուպըր» պիտի ներդնէ 225 միլիոն տոլար, իսկ «Եանտեքս»` 100 միլիոն տոլար: Միաւորուած ընկերութիւնը կը գնահատուի 3,725 միլիառ տոլար: Գործարկութեան աւարտէն ետք ընկերութեան 59,3 տոկոսը պիտի պատկանի «Եանտեքս»-ի, 36,6 տոկոսը` «Ուպըր»-ի, իսկ 4,1 տոկոսը` աշխատակիցներուն:
Նոր ընկերութիւնը պիտի գլխաւորէ «Եանտեքս»-ի գլխաւոր տնօրէն Տիգրան Խուդավերտեանը: