Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Չինաստանի Մեքենաշինական Կազմակերպութիւնը Կ՛ուզէ Ներդրումներ Կատարել Հայաստանի Մէջ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանը 13 յուլիսին հանդիպում ոնեցած է Չինաստանի մեքենաշինական կազմակերպութեան Երեւան գտնուող պատուիրակութեան հետ: Նախարարին ներկայացուած է ընկերութեան հիմնական գործունէութիւնը շինարարութեան եւ ուժանիւթի մարզերուն մէջ` ելեկտրակայաններու, ջերմակայաններու, ջրակայաններու, շէնքերու եւ ճամբաներու կառուցում եւ շինարարութիւն: «Չայնա մաշինըրի էնճինիրինկ քորփորէյշըն»-ի ներկայացուցիչ Ճէյմս Տոնկ Սուրէն Կարայեանին յայտնած է, որ ընկերութիւնը հետաքրքրուած է Հայաստանի մէջ լայնածաւալ ներդրումներ կատարելով: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուց Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը:

Նախարար Ս. Կարայեան պատուիրակութեան ներկայացուցած է Հայաստանի ճամբու շինութեան եւ ուժանիւթի մարզին մէջ ներդրումներ կատարելու հեռանկարները: Նախարարը մասնաւորապէս անդրադարձած է Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի շինարարութեան: Ան նաեւ ներկայացուցած է Սիւնիքի մարզին մէջ կառուցուող ազատ տնտեսական գօտիին մէջ գործունէութիւն ծաւալելու կարելիութիւնները:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Աւակ Աւակեանը ընկերութեան ուշադրութեան պիտի յանձնէ Հայաստանի մեծ ներդրումային ծրագիրներու մանրամասնութիւնները, եւ ներդրումներու կատարման հետագայ քայլերու քննարկման նպատակով նախարարութիւնը մնայուն կապի մէջ պիտի ըլլայ ներդրողներուն հետ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>