Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Անդրադարձ. Անհեթեթ Ու Զաւեշտական Պնդում Մը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

15 յուլիս 2016-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման ձախողած փորձէն անցած է մէկ տարի, որուն ընթացքին այդ յեղաշրջման փորձին իսկական թիրախը եղող Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան առաւել եւս ամրապնդած է իր իշխանութիւնը` օգտուելով երկրին մէջ օրին յայտարարուած եւ մինչեւ օրս շարունակուող արտակարգ դրութենէն:

Յեղաշրջման փորձի առաջին ամեակին առիթով հրապարակուեցան բազմաթիւ շնորհաւորութիւններ, որոնք Թուրքիոյ ղեկավարներուն նման կը պնդեն, թէ թուրք ժողովուրդը 15-16 յուլիս 2016-ին պաշտպանած է ժողովրդավարութիւնը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ թեզը աւելի մանրամասնելով նշեց, որ Թուրքիոյ տարբեր ծագում ու քաղաքական հայեացքներ ունեցող քաղաքացիները պաշտպանած են իրենց ժողովրդավարութիւնը: Պնդում մը, որ չի համապատասխաներ իրականութեան:

Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձը նախորդող քանի մը տարուան ընթացքին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան վարած քաղաքականութեան պատճառով ստեղծուած բոլորին ծանօթ ընկերային ու քաղաքական լարուածութեան լոյսին տակ անհեթեթ է պնդել, թէ Էրտողանի հակադրուած, անոր գաղափարներն ու էութիւնը մերժող ժողովրդային լայն հատուածները, ինչպէս նաեւ քիւրտերը, ալեւիներն ու ուրիշներ փողոց դուրս գալով, հրասայլերու եւ զինուորներու դիմաց կանգնեցան` պաշտպանելու համար իրենց «սիրելի» Էրտողանին իշխանութիւնը: Իրականութեան մէջ, ատիկա կատարողները Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հետեւորդներն ու համակիրներն էին, այլ խօսքով` Էրտողանի ընտրազանգուածը:

Վերջիններուս կատարածը ժողովրդավարութեան պաշտպանութիւն չէր, այլ պարզապէս իշխանութեան, իրենց իշխանութեան պաշտպանութիւնը: Անոնք ո՛չ միայն այդ քայլին պիտի չդիմէին, այլ հաւանաբար պիտի ողջունէին յեղաշրջումը, եթէ մրցակից քաղաքական հոսանքի մը դէմ ըլլար այդ: Այո՛, ճիշդ է, որ Էրտողանի իշխանութիւնը գոյացած է ժողովրդավարական, թէեւ խիստ խոցելի, հոլովոյթի մը իբրեւ հետեւանք, սակայն Հիթլեր եւս իշխանութեան բարձրացաւ օգտագործելով ժողովրդավարական հոլովոյթի սանդուխը, ապա անմիջապէս ջարդեց զայն: Մէկ տարի առաջ այդ հազարաւորները փողոց դուրս եկան ոչ թէ ի սէր միջոցին, այլ` ատոր արդիւնքին: Եւ վերջապէս, կարելի չէ մենատէրի մը պաշտպանութիւնը ներկայացնել իբրեւ ժողովրդավարութեան պաշտպանութիւն. այդպիսի պնդում մը պարզապէս անհեթեթութիւն է ու զաւեշտ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>