Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

«Գործն Է Անմահ…»

$
0
0

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

Համայն հայութիւնը 2019-ին  կը պատրաստուի մեծ շուքով նշելու Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակը:

Նախատեսուած բազմաթիւ ձեռնարկներու շարքին Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան յատուկ յանձնախումբին կողմէ մրցոյթով ընտրուած երիտասարդ քանդակագործները մէկ ամսուան համար մեկնած են բանաստեղծին ծննդավայր:

Դսեղի հրապարակը վերածուած է ընդարձակ, բացօթեայ արուեստանոցի մը, ուր հայկական տուֆ քարատեսակի խոշոր բեկորները մուրճերու երաժշտութեան ներքոյ աստիճանաբար կը վերածուին թումանեանական գրական կերպարներու:

Երիտասարդ քանդակագործները Երեւանի Փ. Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանի եւ Գեղարուեստի ակադեմիայի ուսանողներ են, ոմանք` շրջանաւարտներ…

Փորձառուները աւելի համարձակ են, արագաշարժ, ոմանք` զգուշաւոր, սակայն պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւնն ու բծախնդրութիւնը ընդհանուր է բոլորին համար: Կը մօտենանք Սուրէն Գրիգորեանին: Քանդակագործը կ՛ընդհատէ աշխատանքը: Փոշիի ամպը կը ցրուի եւ քարի ընդմէջէն կ՛ուրուագծուի Կուր գետի կամուրջին վրայ կայնած, ձկնորսներուն հետեւող Գիքորի կծկուած կերպարը: «Գիքորը իմ սիրած պատմուածքն է: Այս առիթը ինծի համար փորձաքար ըլլալէն զատ` պարտաւորեցնող է, կը ջանամ իմ «Գիքոր»-ով արժանի ըլլալ այս բարձր հարթակին», կ՛ըսէ քանդակագործը:

Քանի մը քայլի վրայ «Թմկայ բերդի» քարէ աշուղն է, որուն արարիչը Ղուկաս Եղիազարեանն է: Քանդակագործը ոգեւորուած է, հետեւողական` իր առաքելութեան հանգրուանին հասնելու:

Տուֆի մէկ այլ խոշոր բեկորի վրայ «Խօսող ձուկն» է, որուն իրագործումը պատասխանատուութեան բարձր գիտակցումով ստանձնած է Գէորգ Մնացականեանը:

Քանդակագործ տղոց շարքին անսպասելի է նրբագեղ Մարիամ Խաշակեանին ներկայութիւնը, որուն մուրճի ու հատիչի հարուածներէն կը ծնի «Սեւուկ ուլիկը»: «Այս միջավայրը մեծ դպրոց մըն է ինծի համար, ես եկած եմ ոչ միայն տալու, այլ` առնելու…», կ՛ըսէ քանդակագործուհին:

Արցախցի երիտասարդ Մուշեղ Մուսայելեանին ընկերները կատակով կը կոչեն «Մուշելանճելլօ», ապա գրեթէ արտայայտուելու առիթ չտալով` զայն կը բնութագրեն որպէս «Ոսկի տղայ»: Մուշեղ ստանձնած է անմահ Թումանեանի գլուխգործոցը` «Անուշ»-ը, որ արդէն իսկ քանդակագործին խօսքն է, յուսանք նաեւ` անմահ գործը:

Գէորգ Վահանեան կը ջանայ շունչ տալ իր սիրած հեքիաթի հերոսին` «Սուտլիկ որսկանին»: Քանդակագործը չէ բաւարարուած հեղինակին բնագիրով, կամ շարժապատկերի մեկնաբանութեամբ, այլ փորձած է գիւղի բնակիչներու մէջ գտնել իր կողմէ յայտնաբերուած կերպարին յատուկ գիծերը: «Իմ որսկանը բնաւ «սուտլիկ» չէ,- կ՛ըսէ Գէորգ,- ան պարզապէս ամէն ինչ կը չափազանցէ, ինչպէս` Դսեղի ներկայ բնակիչները»: Իրաւամբ, «Սուտլիկ որսկան»-ին մէջ կայ մտքի թռիչք, անսահման երեւակայութիւն… Գէորգի հատիչին տակ թռչող քարի աւելորդ բեկորները աստիճանաբար կը բացայայտեն քանդակագործին տեսլականը:

Յովհաննէս Բաղդասարեան խումբին մէջ ամէնէն կրտսերն է, որուն թեման «Շունն ու կատուն» է: Յովհաննէս յարգանքով մտիկ  կ՛ընէ ընկերներուն կարծիքները, սակայն կը փորձէ իր իսկ ձեռագիրը` խարդախ կատուն գլխարկի փոխարէն ինքը բազմած է անիրաւուած շան գլխուն…

«Կռնատ աղջիկը» իր յուսադրող խորքով գերած է  այլ քանդակագործ մը. «Ես հոս գտայ նոր ընտանիք մը, որուն տարբեր խառնուածքի տէր անդամները կը միաւորէ սէրը, յարգանքը եւ արուեստի հզօր ոգին…», կ՛ըսէ անհանդարտ խառնուածքի տէր, քանդակագործներու գերդաստանէ սերած Նարեկ Մկրտիչեանը, ապա կ՛աւելցնէ. «Կը փորձեմ այնպիսի աշխատանք իրագործել, որ երբ ապագային թոռնիկներս այցելեն Դսեղ, հպարտանան իրենց մեծ հօր քանդակով…»: Նարեկ Մկրտիչեանին քարէն զատ հարազատ է նաեւ փայտարուեստը:

Անդրանիկ Պալապանեանին առջեւ մեծ քարէ գիրք մըն է, որուն էջերէն ելած է Անուշի տառապեալ կերպարը: Քանդակագործը թէեւ դատապարտուած է յաւերժական լռութեան, սակայն իր աշխատանքը հզօր ճիչ մըն է, բողոք` ընդդէմ տգէտ բարքերու: Անդրանիկ քանի մը շարժումով կը բացատրէ, որ ինք շնորհակալ է Աստուծոյ` իրեն շնորհուած կարողութիւններուն համար:

Քանդակագործներ Սեւակ Նալբանդեանը եւ ջաւախքեցի Գուրգէն Ծառուկեանը իւրաքանչիւրը շուտով աւարտին կը հասցնէ իր «Քաջ Նազարը»: Երկուքն ալ կերպարին բնորոշ, սակայն մէկը միւսէն տարբեր լուծումներով մտքի  թռիչքներ են:

Վահէ Մնացականեանին «Անուշ եւ Սարօ»-ն կը խորհրդանշեն սիրոյ յաւերժութեան գաղափարը: «Այս ընտանիքին մէկ անդամը ըլլալ` կը նշանակէ մեծ փորձառութիւն ձեռք ձգել, քայլ պահել տարբեր վայրերէ եկած արուեստագէտներու հետ, հետք ձգել ժամանակի մէջ…», կ՛ըսէ Վահէ:

Բանաստեղծի տուն-թանգարանին դիմաց հատուած ծառերու կոճղերը Նարեկ Մկրտիչեանին եւ Սերգէյ Աբովեանին շնորհիւ դարձած են «Անյաղթ աքլորը», «Մի կաթիլ մեղրը»,  «Ծիտը», «Խօսող ձուկը» եւ պիտի դառնան` «Քաջ Նազարը», «Պոչատ աղուէսը», «Սուտլիկ որսկանը», «Շունն ու կատուն» հեքիաթներու կերպարները:

Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան կողմէ նշանակուած` ծրագրի ղեկավար-արուեստագէտներ Էդուարդ Աւետիսեանը եւ Մարգարիտա Սիրեկանեանը նման պատասխանատու դաշտին վրայ ուշի-ուշով կը հետեւին քանդակագործներու աշխատանքներուն, կը հոգան անոնց ստեղծագործական եւ կենցաղային պէտքերը: Խորապէս վստահելով երիտասարդ քանդակագործներուն` անոնք կը հաւատան, որ այս գիտահանդէսը խթանիչ դեր պիտի խաղայ տղոց ապագայ ստեղծագործական գործունէութեան համար:

Երեկոյեան քանդակագործները ընդունելով Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան տիկնիկային թատրոնի առաջատար դերասան Ռոպերթ Սարգսեանի հրաւէրը` կը հիւրընկալուին դերասանի օճախին մէջ: Ներկայ են` դերասան Կարէն Խաչատուրեանը, Համազգայինի եւ Տրամաթիքական թատրոններու դերասաններ Սերգէյ Թովմասեանը, Արմէն Բարսեղեանը, գեղանկարիչ Աւետիս Խաչատուրեանը:

Ներկաներէն շատեր «Ազդակ»-ի ընթերցողներ են: Երիտասարդ քանդակագործ Սուրէն Գրիգորեանը ներկաներու անունով կանխայայտ շնորհակալութիւն կը յայտնէ «Ազդակ»-ին` իրենց աշխատանքները լուսաբանելու համար:

Սեղանին շուրջ բոլորին կողմէ անխտիր կը հնչեն թումանեանական բանաստեղծութիւնները, ապա` երգն ու կատակը…

Իսկական «Վերնատուն»…

Ականջդ խօսի Ամենայն Հայոց հանճար, իսկապէս որ «Գործն է անմահ…»:

Դսեղ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>