Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Մաշտոց Քոլեճի Հիմնադրութեան 25-ամեակի նշումը

$
0
0

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Կիրակի, յունիս 4-ին, Կլենտէյլի «Ֆենիսիա» ճաշարանի մէջ յորդահոս բազմութեան մը ներկայութեամբ, տօնական ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ քոլեճի հիմնադրութեան 25-ամեակը եւ անոր նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի Միացեալ Նահանգներու մէջ ծաւալած կրթական, մշակութային եւ հասարակական ծառայութեան 40-ամեակի պաշտօնական ճաշկերոյթ-հանդիսութիւնը, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսութեան, յանձինս` Վալերի Մկրտումեանի:

Ճաշի օրհնութենէն ետք հանդիսութիւնը վարեց ծանօթ եւ համակրելի հասարակական գործիչ Յակոբ Յովհաննիսեանը: Խօսք առին` Վալերի Մկրտումեանը, Իրաքահայերու ընտանեկան միութեան ատենապետ Խաչիկ Ճանոյեանը եւ Տէր Եղիայեան ընտանիքին կողմէ` ճարտարապետ Ժիրայր Թիւթիւնճեանը:

Ձեռնարկին ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, քաղաքական գործիչներ, վարժարաններու տնօրէններ, հասարակական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, քոլեճի առաքելութեան հաւատացող բարերարներ, ղեկավարներ :

Երեք խօսողներն ալ մեծապէս գնահատեցին Մաշտոց քոլեճի ծնունդը, անոր տարած  ծառայութիւնը Միացեալ Նահանգներու հայութեան կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ յիշեցին դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի մարդկային, քրիստոնէական նկարագրի ազնիւ գիծերը:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական  հոյակապ յայտագիր մը: Ասմունքով եւ նուագով ելոյթ ունեցող հոյակապ կատարողներ` Թագուհի Արզումանեան, Րաֆֆի Գերպապեան, Լեւոն Սեւան, Մերուժան Մարգարեան, Մեկի Խլղաթեան եւ Գօգօ Հայիթեան:

Այդ ճաշկերոյթին քոլեճի տնօրէնութիւնը եւ հոգաբարձութիւնը շատ տպաւորիչ յուշատախտակներով գնահատեցին մօտ 25 ազգայիններ, քոլեճին եւ մեր գաղութին մատուցած ծառայութեանց համար:

Դիւանագէտ Վալերի Մկրտումեանը ստացաւ քոլեճի պատուոյ փրոֆեսէօրի կոչումը` իր դիւանագիտական ծառայութիւններուն եւ սփիւռք-հայրենիք կապերու ամրապնդման սատարելուն համար:

Ապա, խօսք առաւ մեծարեալը` դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը: Ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց նախ Աստուծոյ, իր ընտանիքի անդամներուն, որոնք միշտ զօրավիգ եղած են իրեն:

Դոկտ. Տէր Եղիայեան հպարտութեամբ յիշեց քոլեճի 25 տարիներու իրագործումներու ամփոփ տեղեկութիւնները: Վերջաւորութեան հատումը կատարուեցաւ քոլեճի եւ մեծարեալի տարեդարձներու հսկայ կարկանդակին, բոլոր ներկաներու միաբերան եւ լիաթոք «Տարեդարձ է այսօր» երգի կատարումով:

Այդ օր դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ամենաբարձր` Ոսկէ մետալով, որ իր հետ Հայաստանէն բերած էր քոլեճի դասախօսական կազմի անդամ Յովսէփ Նալպանտեանը:

Պաշտօնական այս ճաշկերոյթէն ետք տօնակատարութեան ուրիշ հրավառութիւն մը տեղի ունեցաւ կիրակի, 11 յունիս 2017-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Փասատինայի Հայ Նազովրեցի ընդարձակ եկեղեցւոյ մէջ:

Այդ օր քոլեճի 25-ամեակին առիթով, մանկավարժական բաժինէն 70 ուսանող-ուսանողուհիներ շրջանաւարտ եղան: 70 հայ երկսեռ երիտասարդներ հայ լեզուի, կրթութեան եւ հայապահպանման ասպարէզ մտան: Անոնք 100% գործի տեղաւորուած են եւ պիտի ծառայեն ազգակերտման եւ հոգեկերտման սուրբ գործին:

Հանդիսութիւնը սկսաւ շրջանաւարտներու տպաւորիչ մուտքով` առաջնորդութեամբ քոլեճի նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին եւ քոլեճի հոգաբարձութեան ղեկավարներուն, ապա աւուր պատշաճի աղօթք կատարուեցաւ: Հանդիսավարն էր ծանօթ ասմունքող Յարութիւն Ֆոդուլեանը:

Երգով, նուագով, պարով եւ ասմունքի գեղեցիկ կատարումով ելոյթ ունեցան` Մարալ Բարսեղեան, Անահիտ Ներսիսեան, Մէյրի Ակիւլեան, Ալէնուշ Եղնազար, Գագիկ Պատալեան, Թագուհի Արզումանեան, Նոէլ Տոքթորեան, Արաքս Կարապետեան, Յասմիկ Յովսէփեան, Ռուբէն Թելունց եւ Անժելա Ամիրեան: Շրջանաւարտներու կողմէ Քաղցրիկ Մանուկեան, Շրջանաւարտից միութենէն Ազնիւ Փափազեան ու դասախօսական կազմի անունով` Յովսէփ Նալպանտեան:

Որպէս գլխաւոր պատգամաբեր խօսք առաւ Յակոբ Յովհաննիսեանը: Դասախօսական կազմէն ելոյթ ունեցաւ Յովսէփ Նալպանտեանը: Նմանապէս խօսք առին եւ որդիական ջերմ սիրով ու գնահատանքով խօսեցան դոկտ. Տէր Եղիայեանի ու Մաշտոց քոլեճի գործունէութեան մասին իր երկու զաւակները:

Երախտագիտական խորագոյն բառերով եւ արտայայտութիւններով խօսք առին քանի մը շրջանաւարտներ: Անոնք իրենց խորին շնորհակալութիւնը յայտնեցին Մաշտոց քոլեճին եւ անոր ղեկավար դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին` շեշտելով անոր մարդկային, կրթական արժանիքները, հոգատար ծառայութիւնն ու նուիրական ոգին:

Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան 15 հատորներու հեղինակ է, ան աւելի քան 100 գիտական յօդուածներ գրած է: Այդ օր հանրութեան ներկայացուեցաւ դոկտորին վերջին գործը` «Voices In Silence» (Ձայներ լռութեան մէջ), որ պատմական արխիւային պատկերազարդ հատոր մըն է, 350 էջերէ բաղկացեալ: Հոն կը տեսնենք պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ աւելի քան 80 քաղաքներէն, գաւառներէն ու գիւղերէն առնուած նկարներ: Հատորին 350 էջերուն 285-ը կը բաղկանայ գունաւոր գեղեցիկ էջերէ: Իսկապէս, պատմական, տեղեկատուական, բացատրական գլուխ-գործոց հատոր մըն է` հրատարակութեամբ Կլենտէյլի «Երեւան» տպարանի: Գիրքը ներկայացուց ծանօթ մտաւորական, դոկտ. Տէր Եղիայեանին երկար տարիներու բարեկամ Սարգիս Մաճառեանը: Ան ներկայացուց այս ծաւալուն հատորը՝ նշելով անոր առանձնայատկութիւնները, ունենալիք օգուտն ու նպաստը Հայ դատին եւ մեր պահանջատիրական պայքարին:

Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, յանուն Մաշտոց քոլեճի, գեղեցիկ գնահատագրերով պարգեւատրեց օրուան արուեստագէտ-արուեստագիտուհիները, խօսողներն ու «Voices In Silence» հատորի լոյս ընծայման բոլոր սատարողները:

«Տարուան հայրը» կոչումին արժանացաւ Սարգիս Թոփալեանը, «Տարուան մայրը»` Սելա Էքմեքճեանը: Հայագիտութեան պատուոյ փրոֆեսէօրի տիտղոսը շնորհուեցաւ Երան Գույումճեանին, որ կիպրահայ հանրածանօթ մտաւորական մըն է:

Այս ուրախ առիթով հռչակագրեր ու գնահատագրեր  ղրկած էին` Միացեալ Նահանգներու նախագահը, կրթութեան նախարարը, Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտէն հինգ անդամներ, Ներկայացուցիչներու տունէն 26 անդամներ, եօթը նահանգապետներ, 36 քաղաքապետներ, 24 համալսարաններու նախագահներ, 84 հայ ու ամերիկեան կազմակերպութիւններ, 136 մտաւորականներ, շրջանաւարտներ ու բարեկամներ:

Մօտաւորապէս գիշերուան ժամը 8:30-ին վերջ գտաւ հանդիսութիւնը, վեր. Յովսէփ Մաթոսեանի փակման աղօթքով` խորապէս գոհ ձգելով բոլոր ներկաները, որոնք մեկնեցան սրահէն պատմական ձեռնարկի մը ներկայ եղած ըլլալու մեծագոյն բաւարարութեամբ:

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք բոլոր անոնք, որոնք 25 տարի հաւատացին, ծառայեցին նիւթապէս եւ բարոյապէս օգտակար հանդիսացան այս սուրբ եւ պատուական գործին` գլխաւորութեամբ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին:

Բոլորին կ՛ըսենք` ձեր վարձքը կատար: Մենք հպարտ ենք ձեզմով: Թող Աստուծոյ շնորհքները անպակաս ըլլան ձեր վրայէն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>