Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Նաւասարդեան»

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

29 յունիս 2017:

Լոս Անճելըսի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած 42-րդ «Նաւասարդեան» փառատօնի բացման օրն է, եւ գործէն վերադարձիս կը հանդիպիմ տուն, հապճեպով կը հագուիմ «Մասիս» մասնաճիւղի թի-շըրթը եւ արագ կ՛ուղղուիմ «Պերլինկհըմ հայ սքուլ», ուր տեղի կ՛ունենայ այդ աննախընթաց փառատօնը:

«Մասիս»ի կամաւորները

Տասնամեակէ մը աւելի է` կինս ու ես մեր համեստ մասնակցութիւնը կը բերենք «Մասիս» մասնաճիւղի կրպակին մէջ` տասնեակ հազարաւոր ներկաներուն ուտեստեղէն ծախելով, որ կոկիկ գումար մը կ՛ապահովէ մեր միութեան նիւթական կարիքներուն:

Մեր ըրածը ոչինչ է` բաղդատմամբ Շրջանային վարչութեան անդամներուն, «Նաւասարդեան»-ի յատուկ կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ իւրաքանչիւր շրջանի վարչական կազմերուն, որոնք ամբողջ տարին նուիրումով կը կատարեն իրենց վստահուած այնքա՜ն ժամանակ խլող պարտաւորութիւնները:

Երեկոյեան ժամը 7:00-ի մօտ է, եւ արդէն վերը յիշուած դպրոցի բացօթեայ հսկայ 3 կայարանատեղիները լեցուն են ինքնաշարժներով:

Դժուարութեամբ կը յաջողիմ երկու ինքնաշարժներու միջեւ տեղաւորուիլ եւ վազելով կ՛ուղղուիմ «Մասիս» մասնաճիւղին կրպակը, ուր կը վաճառուին վիճակագրութեամբ այս տարուան մեր մասնաճիւղին բաժին ինկած «շաուըրմա»-ի սանտուիչները:

Կրպակին ետեւի բաժնին մէջ մեր աննման ՀՄԸՄ-ական իգականները փառատօնի մասնակցող հայ երգիչներուն մեկնաբանած երգերէն խանդավառուած` երբեմն բարձրաձայն իրենք եւս երգելով, ծափերով ու աշխատած ժամանակ «պարելով» կը պատրաստեն համեղ  սանտուիչները:

Ամենաետեւը, քանի մը կիներ լոլիկ եւ սոխ կը «ջարդեն», իսկ անոնց կողքին, ՀՄԸՄ-ական եղբայրներ` աքելլա Յակոբը, Կարոն եւ ես կրակի վրայ կը խորովենք միսը:

Իսկական խմբական աշխատանք մը, որ այնքա՜ն հաճոյքով կը կատարենք:

* * *

Բաւարար միս խորոված ենք արդէն: Դադար մը առնելով` «շրջապտոյտի» կ՛ելլեմ  դպրոցի շրջափակին մէջ, որ այդ քանի մը օրերուն դադրած է ամերիկեան դպրոց մը ըլլալէ: Դարձած է նոր քաղաք մը, որ կը կոչուի «ՀՄԸՄ-աւան»: Փոքրիկ Հայաստան մըն է` միայն հայերէն երգով ու երաժշտութեամբ: Ամէնուրեք մեր մայրենին է, որ կը հասնի մեր ականջներուն: Ամէն քայլափոխի կը հանդիպիմ ծանօթի կամ բարեկամի մը, որոնց հետ յաճախ տեսնուելու առիթը չենք ունենար:

Բարեկամներու հանդիպելու տիպար վայր մը դարձած է «ՀՄԸՄ-աւանը»:

«Մասիս» մասնաճիւղի կրպակի  աջին «Ջաւախք»ի կրպակն է, իսկ ձախին` «Ազատամարտ»-ինը: Առաջինին մէջ «ֆելեֆիլ» կը վաճառուի, իսկ երկրորդին` «սուճուխ»:

Դիտումնաւոր կերպով, «երշիկ»-ի փոխարէն, գործածեցի «սուճուխ» բառը:

Քիչ ետք փոքրիկ փակագիծով մը կը յստակացնեմ, թէ ինչո՛ւ իսկական հայերէն բառը` երշիկը գործածելու փոխարէն` յիշեցի անոր թրքերէնը` «սուճուխ»:

* * *

Մէկ կողմ ձգենք «սուճուխն» ու երշիկը եւ վերադառնանք դաշտ:

Դպրոցի ֆութպոլի դաշտերէն մին այդ օր վերածուած է բացօթեայ հսկայ հանդիսասրահի մը:

Խորովածի պատրաստութիւն

Հարիւրաւոր սեղաններ ու աթոռներ կողք-կողքի, շրջապատուած` քանի մը տասնեակ կրպակներով, որոնք  վարձուած են տարբեր վաճառորդներու կողմէ: Մեծամասնութեամբ կը վաճառուին հայկական արտադրութիւններ:

Ճիշդ դիմացը հսկայ, արդիական բեմն է, ուր ելոյթ կ՛ունենան գաղութիս գրեթէ բոլոր երգիչները` ընկերակցութեամբ «Քնար» նուագախումբին:

Բազմաթիւ են իրենց մասնակցութիւնը բերող հայ երգիչները, որոնցմէ ամենաժողովրդականութիւնը  կը վայելեն  երկու երգիչներ` Գառնիկ Սարգիսեան եւ Յարութ Փամպուքճեան: Առաջինը բացման գիշերը կը խանդավառէ յեղափոխական եւ ազգային երգերով, իսկ շաբաթ երեկոյեան Յարութ իր խանդավառ շուրջպարերով կը հմայէ ներկաները:

Այս երկուքի կողքին, տասնեակ մը հայ երգիչներ իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը կը բերեն` առանց նիւթական ակնկալութեան, որոնցմէ կարելի է յիշել` Արարատ, Սահակ Սիսլեան, Արա Շահպազեան, Արաքսիա Վարդերեսեան, Քրիստափոր Արապեան, Անթուան Պեզճեան, Տիգրան Ասատրեան եւ տակաւին շա՜տ ուրիշներ:

* * *

Դպրոցի բոլոր մարզադաշտերը խճողուած են մարզիկներով ու զանոնք քաջալերող ծնողներով ու բարեկամներով:

ՀՄԸՄ-ականները «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով իրարու հետ կը մրցին. հոն են` «Արարատ»-ն ու «Մասիս»-ը, «Ազատամարտ»-ն ու «Սիփան»-ը, «Շանթ»-ն ու «Անի»-ն:

Գոց մարզադաշտերու մէջ կողովագնդակի խաղերն են, իսկ քիչ անդին, կիզիչ արեւուն տակ տեղի կ՛ունենան ֆութպոլի մրցումները:

Տարբեր տեսակի մարզական մրցումներ` տարբեր դաշտերու մէջ: Ամբողջ տարին տեղի ունեցած խաղերու աւարտական մրցումներն են: Իւրաքանչիւր խումբ կամ անհատ կը ջանայ կարելի եղածին չափ շատ բաժակներու տիրանալ:

Կը շրջիմ դաշտէ դաշտ, ուր կը հետեւիմ խաղերուն` քանի մը վայրկեան միայն ու կ՛ուղղուիմ տարբեր մարզադաշտ մը: Ժամանակ չունիմ հետեւելու մրցումներուն: «Պարտականութեան» վրայ եմ: Ուտելիք պէտք է հասցնենք ներկաներուն: «Պարտականութիւն» բառը մեծով ու պզտիկով չի դասուիր: Բոլորը կարեւոր են, եւ այդ մեծ կամ պզտիկ գործերով է, որ մէջտեղ կու գան հսկայ ծրագիրներ, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ-ի «Նաւասարդեան» սքանչելի փառատօնը:

Մարզադաշտէ մարզադաշտ անցած ժամանակ անզգալաբար ճամբէս կը շեղիմ եւ երեւակայութեամբ կը վերադառնամ մանկութեանս տարիները, երբ ամէն տարի, Զատկուան արձակուրդին, մեծ թիւով ՀՄԸՄ-ական սկաուտներ, արենուշներ, գայլիկներ ու մարզիկներ կ՛ուղղուէին հայահոծ Հալէպ քաղաքը, ուր նման փառատօն տեղի կ՛ունենար:

Լիբանանէն ՀՄԸՄ-ականներ փոխադրող պասերը, տակաւին ակումբ  չհասած, մեծ թիւով հալէպահայեր անհամբեր կը սպասէին եւ իրարու հետ «կռուելով»` կը ջանային շաբթուան մը համար «որդեգրել» գայլիկ մը, արենուշ կամ մարզիկ մը: Հալէպահայուն տան դուռը միշտ բաց եղած է,  եւ ամենամեծ ամօթն է, որ Լիբանանէն ժամանած ոեւէ ՀՄԸՄ-ական գիշերէ պանդոկի մը մէջ:

Կը գտնուիմ Նոր Գիւղ` այդ ժամանակուան Հալէպի ամենահայահոծ թաղամասերէն մէկը, ուր ամէն քայլափոխի լիբանանահայ ՀՄԸՄ-ականի մը կը հանդիպիս:

«Իմ իջած տունս վառարան կայ», կը պատմէ փոքրիկ գայլիկ մը քովի տունը գիշերած ընկերոջը:

«Մեր տունն ալ կայ», կը պատասխանէ երկրորդը:

Հալէպ, բաղդատաբար, շատ աւելի ցուրտ քաղաք է, եւ Լիբանան բնակող գայլիկին համար նորութիւն է մազութով վառարանը սենեակին կեդրոնը:

«Նաւասարդեան» փառատօնի վերջին օրն է: Տողանցքը աւարտած է եւ յաջորդ առաւօտ մեր շաբթուան մը համար «որդեգիր ծնողները» մեզ կը վերադարձնեն ակումբ: Կը տեղաւորուինք պասերու մէջ:

«Մամայիդ, պապայիդ բարեւ ըրէ», հեռուէն  կը լսեմ «որդեգիր մօրս» ձայնը:

Մօրս եւ հօրս հանդիպելու առիթը չէ ունեցած, սակայն այնքա՜ն հարազատ կը զգայ:

«Գալ տարի նորէն մեր տունը պիտի մնաս: Խոստացի՛ր»:

Պասը արդէն ճամբայ ելած է եւ հասած… Լոս Անճելըս:

Կիրակի, 2 յուլիս 2017:

Ներկաներուն մեծամասնութիւնը հապճեպով դիմած է դպրոցի մայր դաշտը` ապահովելու կրցածնին չափ յարմար նստարան մը, որպէսզի մօտէն կարենան տեսնել տողանցողները:

Ներկաներէն գրեթէ բոլորը, բջիջային հեռաձայնները պատրաստ, կը սպասեն իրենց հարազատի ժամանումին:

Նոյն պատկերը: Միջին Արեւելքը փոխադրուած է Լոս Անճելըս եւ տասնեակ հազարաւոր ՀՄԸՄ-ականներ կը մասնակցին տողանցքին:

Պատուոյ թրիպիւնի առաջին շարքին նստած է  առաջնորդ հայրը` Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, իսկ անոր երկու կողմերը` օրուան նախագահ տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Նոնօ Աբէլեանները, իսկ միւս կողմը` այս տարուան տիպար ՀՄԸՄ-ական տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան եւ իր կինը:

Տողանցքին կը մասնակցին շուրջ  3200 մարզիկներ եւ 300 մարզական խումբեր:

Նախքան աւարտը` առաջնորդ սրբազան հայրը կու տայ օրուան իր պատգամը եւ օրհնութիւնը, որմէ ետք ժողովուրդին մէկ մասը կը խուժէ ճաշի կրպակները  եւ իրենց ուտելիքները ապահովելէ ետք` դէպի  «հանդիսասրահ», ուր հայ երգիչներ կը շարունակեն խանդավառել ներկաները:

Կէս գիշեր է: Երաժշտութիւնը աւարտած է: Ներկաները կ՛ուղղուին իրենց տուները: Դաշտի խճողումը այժմ փոխադրուած է ինքնաշարժներու կայարանատեղիները:

Շատ չանցած` դաշտը ամայացած է: Ամէն ոք մեկնած է իր տունը: Մնացած են միայն ֆիզիքապէս յոգնած, սակայն հոգեպէս բարձր տրամադրութեամբ կամաւոր աշխատողները:

* * *

«Սուճո՞ւխ թէ՞ երշիկ»

«Սուճուխ» եւ … երշիկ:

Կարգ մը ուտելիքներ շատ աւելի «ժողովրդականութիւն» կը վայելեն եւ խճողում կը ստեղծուի այդ մէկը ծախող կրպակին առջեւ, եւ բնականաբար աւելի եկամուտ կ՛ապահովեն միութեան:

Ամէնէն գնահատուած, կամ «ժողովրդականութիւն» ունեցողը երշիկն է:

Ամէն տարի վիճակագրութեամբ է, որ կ՛որոշուի, թէ ո՛ր մասնաճիւղը ի՞նչ պիտի վաճառէ:

Բնականաբար երշիկ վաճառող մասնաճիւղը այդ տարուան բախտաւորը կը նկատուի:

Կրպակի մուտքին հսկայ պաստառի մը վրայ գրուած է «Սուճուխ», եւ կարգի սպասողներու, «պոչ բռնողներու» շարքը կ՛երկարի … երկա՜ր: Շա՜տ երկար:

Քանի մը տարի առաջ ներկայ էի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած տարբեր փառատօնի մը, ուր նոյնպէս ուտելիք մատակարարող կրպակներէն մէկուն մէջ կը վաճառուէր … այդ զօրաւոր համեմով ուտելիքը` երշիկը, որ Ամերիկայի մէջ աւելի ծանօթ է իր թրքերէն անունով` սուճուխ:

Մեր սիրելի ՀՕՄ-ուհիները կրպակի մուտքին պաստառի մը վրայ գրած էին` ԵՐՇԻԿ:

Զարմանքով նկատեցի, որ «պոչ բռնած» սպասողներու շարք գոյութիւն չունէր: Վաճառող ՀՕՄ-ուհիներէն մէկը մօտ բարեկամս էր: Ծիծաղելով` ըսի.

– «Երշիկ» գրուած պաստառը փոխարինեցէք «Սուճուխ»-ով եւ անմիջապէս պիտի նկատէք կարգի սպասողներու երկար շարքը:

Ծիծաղեցաւ, սակայն տխուր ծիծաղ մըն էր: Նոյնպէս ալ ուրախ չէի:

«Բամբասա՞նք … թէ բանն ասանկ», ինչպէս պիտի ըսէր Շահանդուխտ տարիներ առաջ լոյս տեսած «Ազդակ»-ի իր մնայուն «անկիւն»-ին  մէջ:

Այժմ մոռնանք «բամբասանքն» ու «բանն ասանկ»-ը եւ գոհանանք ՀՄԸՄ-ի նշանաբանով:

«ԲԱՐՁՐԱՑԻ՛Ր, ԲԱՐՁՐԱՑՈ՛ՒՐ»

Լոս Անճելըս, 2017

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>