Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Միացեալ Նահանգներ Եւ Եւրոպա Պէտք Է Հետապնդեն Ազրպէյճանի Կողմէ Ահաբեկիչներուն Զինամթերքի Առաքումները

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Պուլկարացի լրագրող Տիլեանա Կայթանճիեւայի ապշեցուցիչ քննութիւնը բացայայտած է, որ Ազրպէյճանի «Սիլք Ուէյ» օդանաւային պետական ընկերութիւնը դիւանագիտական թռիչքներու քողի տակ, վերջին երեք տարիներուն ընթացքին 350 թռիչք իրականացուցած է` զինուորական ծանր արհեստագիտութիւն եւ զինամթերք մատակարարելով ահաբեկիչներուն` ամբողջ աշխարհի տարածքին: Ազրպէյճան դիմած է տարբեր երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն` այդ թռիչքներուն դիւանագիտական բացառութիւն կատարելու` թոյլատրելով քաղաքացիական օդանաւերուն զէնք տեղափոխել, բան մը, որ իբրեւ կանոն` արգիլուած է Օդային երթեւեկութեան միջազգային ընկերութեան կողմէ:

Լրագրողին տեղեկութիւնները հիմնուած են անանուն աղբիւրներէ ուղարկուած մեծ թիւով ելեկտրոնային նամակներու վրայ. «Բացայայտուած փաստաթուղթերը կը ներառեն Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Պուլկարիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան միջեւ նամակագրութիւնը` կցուած այնպիսի փաստաթուղթերու, որոնք կը վերաբերին զէնքի գործարքներու եւ թռիչքի եւ/կամ վայրէջքի դիւանագիտական ձեւակերպումներու, Պուլկարիոյ եւ եւրոպական ուրիշ երկիրներու մէջ», ի լրումն Սուրիոյ, Իրաքի, Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութեան, Թուրքիոյ, Իսրայէլի եւ այլ երկիրներու:

Ըստ Կայթանճիեւայի ձեռք բերած փաստաթուղթերուն, «Սիլք Ուէյ» օդանաւային ընկերութիւնը դիւանագիտական թռիչքներ առաջարկած է մասնաւոր ընկերութիւններու եւ զէնք արտադրողներու` Միացեալ Նահանգներէն, Պալքաններէն, Իսրայէլէն, ինչպէս նաեւ` Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութեան բանակներուն, Միացեալ Նահանգներու յատուկ գործողութիւններու հրամանատարութեան (USSOCOM) եւ Գերմանիոյ ու Դանիոյ զինուած ուժերուն` Աֆղանիստանի եւ Շուէտի` Իրաքի մէջ: Դիւանագիտական թռիչքները չեն ենթարկուիր ստուգումներու, ազատ կը կացուցուին ապրանքի արձանագրութենէ եւ հարկերէ, այսինքն «Սիլք Ուէյ»-ի օդանաւերը ազատօրէն հարիւրաւոր թոներով զինամթերք կը տեղափոխեն աշխարհի տարբեր շրջաններ` առանց կարգաւորումներու:

Բացայայտուած փաստաթուղթերը նաեւ ցոյց կու տան, որ ամերիկեան զինամթերք արտադրող ընկերութիւնները «Սիլք Ուէյ»-ի միջոցով առաքած են աւելի քան 1 միլիառ տոլարի զինամթերք: Ասոնք ամերիկեան ոչ սովորական զէնքեր էին, այսինքն արտադրուած չէին Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու կողմէ օգտագործուելու նպատակով: Երբ «Սիլք Ուէյ» օդանաւային ընկերութիւնը բաւարար քանակութեամբ օդանաւեր չէ ունեցած, ռազմական բեռները տեղափոխած են Ազրպէյճանի ռազմական օդանաւերով կը հաղորդէ Կայթանճիեւա:

Ըստ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային պայմանագրերու արձանագրութեան` 2014-ի դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու յատուկ գործողութիւններու հրամանատարութիւնը 26,7 միլիոն տոլարի պայմանագիր կնքած է  ամերիկեան «Բրբըլ շովել» ընկերութեան հետ: Պուլկարիա նշուած է իբրեւ առաքուող զինամթերքի բեռնաթափման երկիր, իսկ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը` իբրեւ բեռը ստացողը: Մէկ այլ ամերիկեան ընկերութիւն` «Օրպիթըլ Էյ.Թի.Քէյ.», կնքած է 250 միլիոն տոլարի պայմանագիր` ամերիկեան ոչ սովորական զէնքեր արտադրելու համար:

Զարմանալի է, որ խիզախ պուլկարացի լրագրողը անցեալ տարուան դեկտեմբերին մեկնած է Հալէպ, ուր «բացայայտած եւ նկարահանած է ծագումով պուլկարական, ծանր զինատեսակներով լեցուն զինամթերքի ինը ստորգետնեայ պահեստներ: Ասոնք  օգտագործուած են «Ալ-Նուսրա ճակատ»-ին կողմէ (Քայիտայի մասնաճիւղը Սուրիոյ մէջ, որ ՄԱԿ-ի կողմէ որակուած է իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն)»:

Կայթանճիեւա բացայայտած է, որ միայն 2017 ապրիլին եւ մայիսին Ազրպէյճանի օդուժի օդանաւերը դիւանագիտական տասը թռիչքներով 282 թոն նռնակներ տեղափոխած են:

Ամերիկեան ոչ սովորական զէնքի մէկ այլ գնորդը Սէուտական Արաբիան է, որ չի կրնար օգտագործել այդ զէնքերը իր սեփական պաշտպանութեան համար, քանի որ ատոնք չեն համապատասխաներ արեւմտեան զէնքի իր զինանոցի որակին: 2016 եւ 2017 թուականներուն Պուլկարիայէն, Սերպիայէն եւ Ազրպէյճանէն զէնքեր փոխադրող 23 դիւանագիտական թռիչքներ իրականացուած են դէպի Ճետտա եւ Ռիատ: Այդ զէնքերը Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութիւն տեղափոխուած են «Սիլք Ուէյ»  օդանաւային ընկերութեան միջոցով եւ Սուրիոյ ու Եմէնի մէջ յայտնուած են ձեռքը զինեալներուն, որոնց, ըստ Կայթանճիեւայի, Սէուտական Արաբիան կը զօրակցի պաշտօնապէս:

Այս տարուան ապրիլ 28-ին եւ մայիս 12-ին «Սիլք Ուէյ» օդանաւային ընկերութիւնը Պաքուէն երկու դիւանագիտական թռիչքներ իրականացուցած է դէպի Պուրկաս-Ճետտա-Պրազաւիլ (Քոնկոյի Հանրապետութիւն): Սէուտական Արաբիա վճարած է ռազմական բեռներով այս երկու թռիչքներուն համար: Օդանաւը բեռցուած եղած է ականանետներով եւ հակահրասայլային նռնակներով: Այս նոյն զինամթերքը մէկ ամիս առաջ Իրաքի բանակի կողմէ յայտնաբերուած է Մուսուլի իսլամական պահեստի մը մէջ: Զարմանալի չէ, որ Իսլամական պետութեան ահաբեկիչները այդ զէնքերը ցուցադրած էին իրենց քարոզչական տեսանիւթերուն մէջ, ըստ Կայթանճիեւայի:

Նոյն իրավիճակը կը տիրէ «Քոյոթ» գնդացիրներու առաքման հետ կապուած: Այդ գնդացիրները տեսնուած են Սուրիոյ մէջ զինեալ խումբերու կողմէ տեղադրուած առցանց քարոզչական տեսանիւթերու մէջ: Քանի մը ամիս առաջ այդ զէնքերը դիւանագիտական թռիչքներով տեղափոխուած էին Թուրքիայէն եւ Սէուտական Արաբիայէն: Առկայ են նման առաքումներու ուրիշ շատ օրինակներ, որոնք ի վերջոյ յայտնուած են ահաբեկիչներու ձեռքը, ներառեալ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հովանաւորած կարգ մը առաքումները:

2017 փետրուարին եւ մարտին Սէուտական Արաբիա 350 թոն զէնք ստացած է Պաքուէն` «Սիլք Ուէյ» օդանաւային ընկերութեան դիւանագիտական թռիչքներով: Բեռը կը ներառէր 27 հազար 350 հատ 128 մմ հրթիռներ եւ 10 հազար հատ 122 մմ «Կրատ» տեսակի  հրթիռներ:

Այս առաքումներէն քանի մը հատին համար վճարումը կատարուած է կանխիկ  գումարով, ինչ որ  կրնայ բացատրել Ալիեւի եւ անոր ընտանիքին կուտակած հսկայական հարստութիւնը:

Նոյնքան մտահոգիչ են մեծ քանակութեամբ սպիտակ ֆոսֆորի (շուրջ 200 թոն) առաքումները, որոնք կրնան մահացու ըլլալ: Ծիծաղելի է, որ սպիտակ ֆոսֆոր ունեցող Ազրպէյճանը կը մեղադրէ Հայաստանը` արցախեան հակամարտութեան մէջ զայն կիրարկելու համար:

Սա հերթական սովորական յօդուած չէ, որ պէտք է կարդալ եւ մոռնալ… Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը եւ եւրոպական կառավարութիւնները պէտք է լսումներ իրականացնեն հսկայածաւալ զինամթերքի այս առաքումներուն մասին եւ հետապնդեն զանոնք, որոնց մեծ մասը նախատեսուած է իբրեւ աջակցութիւն ահաբեկիչներուն,  Մերձաւոր Արեւելքի մէջ թէ այլուր:

 

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`

ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`

ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>