Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Տնօրէնութեան Պաշտօնի Փոխանցում

$
0
0

1 յուլիս 2017-ին Հայ Աւետարանական քոլեճը տօնական տրամադրութեամբ հայ ազգին ու Լիբանանին պարգեւեց իր 89-րդ հունձքը: Ժամը 8:00-ին, կրթական եւ հոգեւոր պատասխանատուներու, ծնողաց եւ հիւրերու ծափողջոյններուն ընկերակցութեամբ, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ շրջափակ հանդիսաւոր մուտք գործեցին երկրորդականի 9 շրջանաւարտներն ու նախակրթարանի 7 ընթացաւարտները եւ դպրոցի ուսուցչական կազմը, տնօրէնն ու փոխտնօրէնը, եկեղեցւոյ հովիւն ու հոգեւոր տեսուչը եւ բանախօսը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Աստուածաշունչէն յաւուր պատշաճի ընթերցում կատարեց եւ աղօթք մատուցեց քոլեճի հոգեւոր տեսուչ Կարինէ Չոլագեան: Օրուան բանախօս վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան դրուատանքով արտայայտուեցաւ քոլեճին մասին եւ շնորհաւորեց դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի տնօրէնութեան յիսնամեակը: Ապա  աշակերտներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ ան շեշտեց, որ ուժը ժխտական վիճակ կը ներկայացնէ, եթէ բռնութեամբ կիրարկուի, նոյնն ալ` գիտութիւնը,  եթէ իմաստութեամբ չօգտագործուի: Հայ աւետարանական քոլեճի ջամբած դաստիարակութիւնը կ՛օգնէ երկուքին միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահպանելուն, որովհետեւ այդ դաստիարակութիւնը, նշեց վերապատուելին, հիմնուած է իմաստութեան սկզբնաւորութեան` Աստուծոյ վախին վրայ, որ կ՛օգնէ ընտրելու բարին եւ յաղթահարելու անհաւասարակշռութիւնը, թուլութիւնը, որ կորուստի կ՛առաջնորդէ:

Մրցանակաբաշխութենէն եւ վկայականներու տուչութենէն ետք հուսկ բանքով ելոյթ ունեցաւ տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը: Ան շրջանաւարտներուն ըսաւ, որ ժամանակի յառաջացումը եւ դէպքերու զարգացումը պէտք չէ իրենց գլխապտոյտ պատճառեն, որովհետեւ իրենք օժտուած են Հայ աւետարանական քոլեճի ջամբած հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութեամբ: Անոնցմով եւ Աստուծմէ իրենց տրուած շնորհներով զինուած` շրջանաւարտները պարտին ճշդել իրապաշտ նպատակակէտեր, որպէսզի կարենան յաղթահարել անխուսափելի դժուարութիւններն ու խոչընդոտները: Կեանքի նպատակները իրականացնելու համար, նշեց տնօրէնը, հաւատքին ու կամքին պէտք է միանայ անշահախնդիր ու սիրով եւ նուիրումով իրականացող գործը: Ապա տնօրէնը կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն, որ կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ ըլլան միշտ կառուցողական եւ համեստ, ու իրենց ստացած ազգային դաստիարակութեամբ, իրենց հերթին շէն պահեն հայ ընտանիքը եւ դպրոցը, որոնք մեր գոյատեւման գրաւականներն են:

Յանուն շրջանաւարտներուն ուղերձ կարդացին Լոռի Եունիսես (հայերէն) եւ Ճեսիքա Թերզեան (արաբերէն)` յայտնելով իրենց երախտիքը դպրոցին նկատմամբ: Հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրուեցան` Մաքրուհի Ունճեանը (Հայ աւետարանական քոլեճի «Երկարամեայ ծառայութեան» շքանշանով) եւ Յասմիկ Թորոսեանը (Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Երախտագիտութեան» շքանշանով):

Հանդիսութեան գեղարուեստական մասով ելոյթ ունեցան 6-րդ դասարանի աշակերտները` արտասանելով մեր մայրենիին նուիրուած բանաստեղծութիւններու փունջ մը (ուսուցչուհի`   Անի Աղպաշեան), իսկ դպրոցի աշակերտներէն կազմուած խումբ մը երգեց Կոմիտասի «Անձրեւ եկաւ» եւ Ալ. Հեքիմեանի «Հայոց տառեր» երգերը (խմբավար` Նեկտար Փալազեան): Շրջանաւարտներ Քրիսթին Մաամարպաշի (դաշնակ) եւ Լոռի Եունիսես (ջութակ) ելոյթ ունեցան զուգանուագով:

Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիի հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեան, փակման եւ շնորհակալութեան խօսքէ ետք, բեմ հրաւիրեց դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Ներսէս Պաղտոյեանը, որ յայտարարեց, թէ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը կը հռչակուի պատուակալ տնօրէն եւ կը շարունակէ մաս կազմել Հայ աւետարանական քոլեճի ընտանիքին` ստանձնելով զանազան պարտաւորութիւններ: Պաղտոյեան յայտնեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանէն ետք տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանը, որ իր կարգին արտասանեց շնորհակալութեան կարճ խօսք մը:

Վեր. Չոլագեանի օրհնութեան աղօթքով աւարտեցաւ հանդիսութիւնը:

Հիւրասիրութեան ընթացքին դպրոցի Տիկնանց օժանդակ մարմինը յուշանուէր մը յանձնեց դոկտ. Մսըրլեանին, իսկ հոգաբարձութիւնն ալ իր կարգին մետալներով կամ գնահատագիրներով պատուեց նոյն մարմինին տիկինները, որոնք սիրայօժար ծառայած են դպրոցին, ոմանք` աւելի քան 20 տարի:

6-րդ դասարանէն ընթացաւարտ եղան` Լոռի Գալուստեան, Յակոբ Գալուստեան, Եուսեֆ Եունես, Քարիմ Եունես, Էնտրու Նազարեան, Գէորգ Պասթաճեան (բարձր պատուոյ յիշատակութեամբ) եւ Թաթիանա Ֆայսալ:

12-րդ դասարանէն շրջանաւարտ եղան` Կասիա Գազանճեան, Դալար Գազեզեան, Մարիանա Գարակիւլլէեան, Կարինէ Գիւլխանճեան, Կարինէ Եղիայեան, Լոռի Եունիսես, Ճեսիքա Թերզեան, Օմար Խաթիպ եւ Քրիսթին Մաամարպաշի:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>