Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ուզէք, Թէ Չուզէք

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Խորագիրս քիչ մը ամբարտաւանութիւն բուրելով հանդերձ, ուզեցի համբերութեամբ հետեւիլ անցնող շաբաթներուն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի կամ իշխանութեան որդեգրած քայլերուն` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին վերաբերեալ: Պետական յանձնաժողով, Արամ Մանուկեանի արձանի զետեղումի որոշում, հարիւրամեակի հետ կապուած զանազան ձեռնարկներու պատկերացումներ: Սակայն որոշումին մէջ եւ անկէ ետք տեղ գտած համացանցի կայքերու վրայ հակադաշնակցական արշաւը եւ մանաւանդ Արամ Մանուկեանի հասցէին տեղ գտած արտայայտութիւնները ստիպեցին, որ նման խորագիր մը ընտրեմ:

Աւելի՛ն. սպասեցի, որ սփիւռքի դաշնակցական մամուլէն անկախ, Հայաստանի մէջ ալ գէթ բացատրողական եւ յստակացման յօդուածներ լոյս տեսնեն այս հարցին մասին, սակայն մինչեւ այսօր զարմացնող լռութիւնը կը նեղացնէ զիս:

Ըսելիքս:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումը նպաստեց եւ մղեց, որ այսօրուան անկախ Հայաստանը ունենանք, կաթողիկոսներով եւ նախագահներով հաստատուած իրականութիւն մըն է: Պատմական անժխտելի փաստ մը:

Ուզէք, թէ չուզէք Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կերտիչն է Ա. Հանրապետութեան: Ճակատնիս բաց կ՛ըսենք, որ Արամ Մանուկեանը մեզի համար սրբութիւն սրբոց է:

Այսօրուան իշխանաւորներուն մեծ տոկոսը, որ եռագոյն բառը ըսելու կը վախնային, մենք սփիւռքի մէջ արամ մանուկեաններու, շանթերու, դրոներու, վրացեաններու, խատիսեաններու, աղբալեաններու շունչով մեծցանք, պահեցինք, պաշտպանեցինք եւ այդ երազով դաստիարակեցինք սերունդներ:

Աւելի՛ն. համեստութիւնն ալ սահման ունի: Լսողաց ենք, որ պետական յանձնաժողովին մէջ Դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս եւ առանձնաբար նկատի չէ առնուած: Անընդունելի եւ ընդվզեցուցիչ է նման քայլ մը:

Ուզէք, թէ չուզէք, պէտք է ընդունիք, որ հարիւրամեակի նշման կամ յանձնաժողովի մը մէջ առանձնաբար Դաշնակցութեան յիշատակումը եւ առանձնայատուկ տեղ ունենալը նախապայման է:

Գիտենք, շա՛տ լաւ գիտենք, որ Հայաստանի հակադաշնակցական կայքէջերը եւ անոնց խմբագիրները որմէ՛ կը սնանին, ինչպէ՞ս կը ֆինանսաւորուին, որո՞ւ տուրք կու տան եւ այդ նոյն կայքէջերը ուրիշ հրամանով մը ինչպէս Դաշնակցութիւն կը գովեն:

Երբ սփիւռքի մէջ կարգ մը կուսակցութիւններ խորհրդային իշխանութիւններուն գոհացում տալու համար կը մերժէին եռագոյնով համահայկական ձեռնարկուներու մասնակցիլ, Դաշնակցութիւնը հաւաքողը եւ եռագոյնը բոլորինը սեպողը եղաւ:

Ուզէք, թէ չուզէք, Արամ Մանուկեանին արձանը պիտի կանգնի Երեւանի հրապարակը: Եւ դուք` համոզուած եւ ուրախ Հայաստանի համար, համայն հայութեան համար, մեր միակամութեան համար:

Այս բոլորէն ետք չ՛արժեր պատասխանել ծախուած գրիչներու, ո՛չ ալ` արժեւորելու անոնց հանգամանքը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>