Շաբաթ, 8 յուլիս 2017-ի առաւօտեան շուրջ 150 օտար ուխտաւորներ այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք:
Ուխտաւորները դիմաւորեց եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մասին բացատրութիւններ տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբան հայրերէն Թաթուլ աբղ. Գարտանաքեանը:
Ուխտաւորներ շրջեցան վանքին զանազան բաժանմունքները եւ ապա ստացան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը: