ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Մինչեւ 1960-ական տարիները` հայութեան մեծամասնութիւնը կը բնակէր Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի մէջ: Անթիլիաս, Զալքա, Ժըտէյտէ եւ այլ արուարձաններ տակաւին կազմաւորուած չէին իբրեւ բնակավայրեր: Արեւելեան Պէյրութի հայութեան ամենախիտ բնակչութիւնը կը գտնուէր Էշրեֆիէի, Մար Մըխայէլի, Քարանթինայի, Նոր Հաճընի եւ Խալիլ Պատաուիի մէջ, Հայաշէնէն (նախապէս` Հայկաշէն) (1), մինչեւ Քարանթինայի ծովեզերքը` Էշրեֆիէ, Ռըմէյլ եւ Մըտաուար գաւառներ, տես` վարի քարտէսը: Իսկ արեւմտեան կողմը` աւելի ցանցառ` Զոքաք Պլաթի, Զարիֆի, Ուաթ-Ուաթի, Քանթարիի եւ Մուսայթպէի մէջ:
![](http://i1.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2017/07/1958-%D5%AB-%D5%8A%D5%A7%D5%B5%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%AB-%D6%84%D5%A1%D6%80%D5%BF%D5%A7%D5%BD%D5%A8.jpg?resize=680%2C327)
1958-ին ամերիկեան բանակին կողմէ պատրաստուած եւ վերամշակուած 1961-ին` Պէյրութի քարտէսին հիւսիսային հատուածը, ուր յատուկ կերպով յիշուած են երկու հայկական շրջաններ` Հայաշէն եւ Քարանթինա (1): Իմ կողմէս կէտերով առանձնացուած է հայահոծ հիւսիսարեւելեան շրջանը, որուն հիւսիսային հատուածը` սեւ գիծէն վեր մինչեւ ծով, հայ գաղթականներու վրանաքաղաք եղած է մինչեւ շուրջ 1934 (2):
Էշրեֆիէի մէջ յատկապէս, կարելի էր կատարեալ ու անկաշկանդ ապրիլ` առանց արաբերէն լեզուն գիտնալու: Փռապաններ, նպարավաճառներ, մսավաճառներ, զանազան տեսակի մանրավաճառներ, հնակարկատներ, հագուստեղէն, գրենական պիտոյք վաճառողներ, շապկագործներ, դերձակներ, դեղագործներ, սափրիչներ եւ այլն հայեր էին, նոյնպէս` «Սի. Էմ. Սի.» հայկական հիւանդանոցը: Նշուած շրջանին մէջ կը գործէին երեք յարանուանութիւններուն պատկանող եօթը վարժարաններ, որոնցմէ միայն Հայ աւետ. կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը կը գործէ այժմ: Դպրոցը դասական` «նահաուի» արաբերէն լեզուն կը սորվէինք, որ շատ կը տարբերի լիբանանեան խօսակցական լեզուէն, ու ծիծաղելի կը դառնար անոր գործածութիւնը հանրութեան մէջ: Օրինակ, անգամ մը նարինջ գնելու համար երբ օրինաւոր «պորթուքալ» բառը գործածեցի, վաճառատան մէջ գտնուողները տարօրինակ նայուածքով ու ծիծաղով ընկալեցին խօսքս, պէտք էր «պորտա՛ն» կամ «լէյմուն» ըսէի:
Մեր տանտէրին ընտանիքը շրջանին միակ մահմետականներն էին ու կը խօսէին յարաբերաբար աւելի դասական արաբերէն: Կիպրահայ մայրս անոնցմէ սորված էր արաբերէն խօսակցական լեզուն: Տարիներ ետք, մեր այլ տեղացի դրացիներէն Նատիան, երբ կ՛այցելէր մեզի, հեռատեսիլի դասական արաբերէնով լուրերուն ընթացքին, հեգնօրէն, մօ՛րս կը հարցնէր, թէ ի՛նչ կ՛ըսուէր… գանգատելով, որ` «Այս ի՛նչ արաբերէն է»:
Երկու բացարձակապէս հայաբնակ շրջաններ` «Ճերմակ տուներ»-ու բլուրէն եւ մայր ճամբէն տեսանելի էր Հայաշէնը, դիմացի բլուրը` «Արարատ» եւ «Անդրանիկ» փողոցներով: Իմ սափրիչիս` մարմնամարզիկ եւ պանճօ նուագող Անդոյին խանութին եւ անոր կից Վազգէնին փուռին ճամբուն դիմացի կողմը պարապութիւն էր, այժմ` վառելանիւթի կայան, այնտեղէն ձոր իջնելով, ապա բարձրանալով` հետիոտն Հայաշէն կ՛երթայինք: Այդ «Հայոց Ձոր»-ին երկու կողմերու լանջերուն թրքերէն անուններ տրուած էին` «Կաթոլիկ տերեսի», «Սեփեթ տուրմազ» եւ «Ղըրմըզ ղազըխ»: Այժմ անճանաչելի դարձած ու կերպարանափոխուած է այս երկու օճախներուն խառն բնակչութեամբ շրջանը, բարձր շէնքերով շրջապատուած, իսկ ձորէն անցնող մայրուղին իրարմէ անջատած է զանոնք:
Ազգերու դաշնակցութիւնը 1929-ին աւարտեց կառուցումը «Ճերմակ տուներ»-ուն` 80 երկյարկանի, փոքր բակով եւ երկու սենեակով տուներ, վրանաքաղաքի մէջ ապրող 160 հայ ընտանիքներու համար, 15 տարիէն սեփականութիւն դարձող չնչին վարձքով (3): Այս յաջող ծրագիրէն ետք, նոյնպէս, 1929-ին երկու փուլով սկսաւ աւելի ընդարձակ «Հայկաշէն»-ի կառուցումը, իւրաքանչիւրը` 64 քառ. մեթր տարածութեամբ, 390 մասի բաժնուած հողամասի մը վրայ, ուր ժողովուրդին կողմէ 230 տուներ կառուցուեցան, եւ երկրորդին վրայ` 60 տուներ (1), (3), (4): Էշրէֆիէի այլ շրջաններուն մէջ հայաբնակ, փայտաշէն ու թիթեղածածկ տուներ կային: Մինչեւ 1960-ի վերջերը, տակաւին քանի մը փայտաշէն տուներ մնացած էին «Ազատամարտ» ակումբին մօտակայ թաղերուն եւ գարեջուրի «Լազիզա» գործարանին շրջանը, ուր մեր փականագործ Արմէնը փայտաշէն արհեստանոց մը ունէր:
Հայ գաղթականներու Ս. Խաչ ամենամեծ վրանաքաղաքը կը գտնուէր Մար Մըխայէլի մէջ, շոգեկառքի կայարանի արեւմուտքէն հանրակառքի մայր կայարան, այժմու ելեկտրական ընկերութեան շէնք, եւ մինչեւ ծովեզերք: 1933-ին փուռէ մը սկսած հրդեհը հրոյ ճարակ կը դարձնէ վրանաքաղաքը, սակայն շրջանը կը մնայ հայկական: Այնտեղ, քարաշէնի կողքին, փայտաշէն ու թիթեղածածկ տուներ, արհեստանոցներ եւ խանութներ կառուցուեցան: Անոնց մնացորդը, այժմ` շէնքով մը փոխարինուած, Պետրոսին նիւենիի ծառի մը բունին շուրջ կառուցուած նպարավաճառի խանութն էր, ուրկէ գնում կը կատարէինք մինչեւ 1980-ական տարիները, երբ քանի մը տարի Մար Մըխայէլ բնակեցանք:
Նոյն թաղին սկիզբը` Իպրահիմ Պաշա փողոցէն բաժնուող վերջին թաղը, այժմ փակ` Հայ աւետ. Բեթանիա դպրոցին եւ մայրուղիին միջեւ, կար գործածուած ու նոր երաժշտական գործիքներ վաճառող պարոն Կարապետին խանութը: Այնտեղէն 1963-ին 50 լ.ո.ի գնեցի այլապէս արժէքաւոր, փոսիկներով վնասուած ու փողը ծռած «սի պեմոլ» եւ «սի»-ի վերածուող ֆրանսական Քուէզնոն Լաֆայեթ փողս. եղբայրս շտկելով զայն, նորի կերպարանք ստացաւ: Այնտեղէն գնած ենք նաեւ կիթառ եւ հօրս նոր ջութակը:
Մինչեւ 1957, Շարլ Հելու մայրուղիի շինութիւնը սկսելէ առաջ, Մար Մըխայէլ շրջանը կը շարունակուէր մինչեւ ծովեզերք` նեղ փողոցներով ու վրանաքաղաքէն մնացած դատարկ դաշտերով: Նաւահանգիստը աւելի փոքր էր, ինչպէս կ՛երեւի վերի քարտէսին մէջ. այժմ տարածուած է մինչեւ Պէյրութ գետին ծովափը` ծովէն լայն հատուածներ ցամաքի վերածելով, եւ բնակարանային շրջաններ ոչնչացնելով: Էշրեֆիէի մեր բնակարանէն հետիոտն կը յաճախէինք Մար Մըխայէլի «Պութրոս» լողափը` այժմու ելեկտրական ընկերութեան շէնքին մօտակայ ծովեզերքը: Երկաթուղիին վրայի անցորդներու կամուրջէն շուրջ 100 մեթր ետք պէտք էր բաւական երկար փայտաշէն աստիճաններէն իջնել` հասնելու համար նաւահանգիստին մերձակայ այս լողափը: «Պութրոս»-ին կից, աջին, իր աստիճաններով կար այլ լողափ մը, որուն անունը չեմ յիշեր, սակայն հայեր ընդհանրապէս այնտեղ չէին յաճախեր:
![](http://i2.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2017/07/%D5%8F%D5%B8%D6%80%D5%A1-%D5%86%D5%A1%D5%B0%D6%80-%D5%84%D6%85%D5%A9-%D5%B4%D5%A1%D5%B5%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%B2%D5%AB%D5%B6-1965.jpg?resize=680%2C441)
Անհաւատալի, բայց իրա՛ւ, կիտրոնային, պանանի եւ բանջարեղէնի պարտէզներու մէջէն անցնող Տորա-Նահր Մոթ-Ժըտէյտէ կանաչապատ մայրուղիները` 1965-ին. ետին` Պուրճ Համուտը եւ Պէյրութը, աջին` Պուրճ Համուտի ծոցը: Դէպի աջ ուղղուող Նահր Մոթ գետին եւ եզերող ճամբուն վերջաւորութեան` «Մոնթէ Քարլօ» լողափը:
Հազիւ վեց տարեկան էի, երբ Յակոբ հօրեղբայրս զիս ուսին առած, ես վիզին փաթթուած, առանց ապահովական միջոցի, ծփանքի` լողալով մինչեւ խարսխած նաւ մը տարաւ եւ ծովէն զրուցեց նաւաստիներուն հետ… Մինչեւ 1990-ական տարիները` «Պութրոս» լողափին անունը վրան, կամարէ մուտքը մնացած էր տակաւին մայրուղիի եզերքին:
Մայրուղիի կառուցումէն ետք, մինչեւ 1962-63` գրեթէ ամայի, Նահր Մոթ գետի ծովափին մօտ գտնուող «Մոնթէ Քարլօ» աւազեայ լողափը կը յաճախէինք, որուն սպիտակ աւազին մէջ եւ վրան հարիւրաւոր «գինովի նման ամէն կողմ քալող» խեչափառներու բնակավայրն էր. այժմ երկու գնդաձեւ, հսկայ կազի շտեմարաններ զետեղուած են այնտեղ, իսկ Պուրճ Համուտի գեղատեսիլ ծոցին կարեւոր մասը 1975-1990 քաղաքացիական պատերազմին վերածուեցաւ գարշահոտ աղբանոցի` կազմելով ցարդ կանգուն, աղբի հսկայական բլուր մը:
Մայրական մեծ մօրս տունը կը գտնուէր Նոր Հաճընի Ս. Գէորգ եկեղեցիէն մէկ թաղ վեր, Հաճնոյ Կենճոց (հաճնոյ բարբառ` երիտասարդաց) միութեան սրահին դիմաց, երկրորդ յարկ. պատուհանէն տեսանելի էր միութեան ելոյթները, երգչախումբ, նուագ, եւ այլն: Այս եւ զուգահեռ բոլոր թաղերը, այժմու մայրուղիին լայնքով, կը շարունակուէին շուրջ յիսուն մեթր մինչեւ այժմու «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի կանգառը, որ Նոր Հաճընին մաս կը կազմէր: Մեծ մօրս եւ հարիւրէ աւելի բնակարաններ զոհ գացին մայրուղիին` մօտ 8 հազար քառ. մեթր: Նոր Հաճընի հողամասը գնուած էր 1931-ին, մեծ մասը` բարերարներու կողմէ, եւ մաս մը պարտքով` 36 հազար քառ. կանգուն (շուրջ 25 հազար քառ. մեթր) տարածքով` 415 հաճընցի գաղթական ընտանիքներու համար, որոնք կառուցեցին հայաւանը (5):
Նոր Հաճընին կը յաջորդէին դէպի ծով` ֆրանսական Ժենի զինուորական կայանին դիմաց եւ շուրջը` Ամանոս եւ Չարչափուխ քեմբերը, եւ ապա դէպի արեւմուտք` Քարանթինայի քեմբերը, ուր ժամանակի ընթացքին կառուցուեցան քարաշէն բնակարաններ, ուր ցարդ կ՛ապրին տասնեակ մը հայ ընտանիքներ:
1955-ին ամերիկեան միջազգային զարգացման գործակալութեան` «Էյ-Այ-Տի»-ի օժանդակութեամբ սկսաւ Պէյրութ-Մաամըլթէյն նոր մայրուղիի մը շինարարութիւնը: Մայրուղին պիտի սկսէր Մար Մըխայէլի այժմու ելեկտրականութեան ընկերութեան ետեւի` հիւսիսային սովորական նեղ ճամբէն պիտի ուղղուէր դէպի Տորա-Նահր Մոթ, Պէյրութ գետին վրայ նոր կամուրջով, ապա մինչեւ Մաամըլթէյն` բոլորովին նոր ճամբով, միայն կարգ մը փոքր հատուածներ գոյութիւն ունեցող նեղ ճամբաները լայնեցնելով (6): Այն ժամանակ կ՛ըսուէր, որ ամերիկեան օժանդակութեան նպատակը հետագային մայրուղին ռազմական օդանաւերու վայրէջքի եւ թռիչքի գործածութեան համար էր. սակայն մայրուղիին կեդրոնը ելեկտրականութեան բարձր հոսանքի սիւներու տեղադրումը ժխտեց այս վարկածը:
15 յուլիս 1958-ին, սակայն, ամերիկեան ուժեր ցամաքահանում կատարեցին Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս երկարող ծովափին նաեւ` օդակայանի շրջանի ծովեզերքը: Նախագահ Շամունի կոչով եւ Ամերիկայի նախագահ Այզընհաուըրի հրամանով սկսաւ «Կապոյտ չղջիկ գործողութիւնը»` ամերիկեան առաջին գործադրութիւնը «Այզընհաուըր վարդապետութեան»` զինուորական միջամտութիւն կատարելու համայնավարութենէ վտանգուող երկիրներու մէջ:
Շուրջ 14 հազար ամերիկացիներ մասնակցեցան այս գործողութեան, 8509-ն զինուորներ` պաշտպանելու համար Լիբանանի արեւմտամէտ նախագահը եւ «քրիստոնեաները»` Եգիպտոս-Սուրիա նասըրական շարժումէն, նպատակ ունենալով հսկողութեան տակ առնել Պէյրութի օդակայանը, նաւահանգիստը եւ մայրաքաղաքին մուտքերը: Մեր պատշգամէն դիտեցինք Պուրճ Համուտի ցամաքահանումը:
Ամերիկեան միջամտութիւնը տեւեց երեք ամիս, մինչեւ 25 հոկտեմբեր 1958, առանց պատերազմելու, թէեւ անոնք ունեցան շուրջ երեսուն մեռեալ: Անոնք կայք հաստատեցին օդակայանին եւ նաւահանգիստին մէջ, նոյնիսկ դիրքեր հաստատեցին կարգ մը շէնքերու տանիքները, եւ կեդրոններ հաստատեցին մայրաքաղաքի զանազան շրջաններուն մէջ: Հայկական շրջաններուն մէջ այս կեդրոններէն մէկն էր Քոռնիշ Նահրի վրայ Խալիլ Պատաուին, ուր զանազան փերեզակներ առեւտուր կը կատարէին զինուորներուն հետ, ներառեալ եղբայրներս, որոնք կրցան ոսկիէ շղթայով քանի մը խաչ ծախել:
Ամերիկեան զինուորական բեռնակառքերը հրացաններով, փամփուշտով ու զինուորներու յատուկ ճաշի ծրարներով բեռնաւորուած` կը շարէին արեւելեան Պէյրութի որոշ թաղերուն մէջ, ու զինուորները լքելով բեռնակառքը կը հեռանային, մօտակայ խանութէ մը քիչ մը երկարատեւ գնումներ կատարելու` «առիթ ստեղծելով», որ թաղեցիները գողնան զինամթերք եւ ճաշի ծրարներ…ականատես եղած եմ նման դէպքի մը Էշրեֆիէի մէջ: Անոնք օրինակ առած էին, հօրս վկայութեամբ, 1941-ին Լիբանան գտնուող անգլիական բանակէն, որ կը «դիւրացնէր» զինամթերքի գողութիւնը իրենց կառքերէն, իսլամական շրջաններուն մէջ, ապա կը գանգատէր ֆրանսական կողմին, որոնք ստանձնած էին ոստիկանութիւնը, եւ անոնց կը վիճակուէր բախումը ժողովուրդին հետ, վերադարձնելու համար գողօնը` զինամթերքը… Այս պարագային վերադարձնելու հարց չկար:
Այս ժամանակամիջոցին, 23 սեպտեմբեր 1958-ին, լիբանանեան բանակին հրամանատարը` Ֆուատ Շեհապ, նախագահ ընտրուեցաւ (7): Նախագահ Շեհապի օրօք երկիրը թեւակոխեց կայունութեան եւ «օրէնքի» ու հաստատութենական ժամանակաշրջան մը, որ յաջորդող նախագահներու օրօք դժբախտաբար վերացաւ:
Աւարտին, անհրաժեշտ է թարմացնել յիշողութիւնը հեռաւոր եւ մօտիկ անցեալին` մեր մայրաքաղաքին պատմամշակութային կառոյցներուն, ընկերային-աւանդական կենցաղային առօրեային եւ մեր գաղութի կազմաւորման ու զարգացման հոլովոյթին, որ մաս կը կազմէր քաղաքիս դիմագիծին:
Աստիճանաբար կատարուող եւ ուսումնասիրուած բնականոն զարգացում-արդիականացումը ողջունելի է որեւէ քաղաքի համար` առանց վնասելու անոր դիմագիծին: Դժբախտաբար քաղաքային անհեռատես ու հաւանաբար դաւադիր` ոճրային մոլուցքով մը Պէյրութ քաղաքին դիմագիծը եւ հաւաքական յիշողութեան կառոյցները անիրաւ կերպով աղաւաղուեցան ու գրեթէ ոչնչացուեցան վերջին քսան տարիներուն: Պէյրութ քաղաքի օրական տասնեակ հազար ժողովուրդով բաբախող սիրտը` կեդրոնը, այժմ ամայացած է, միլիոնաւոր տոլար արժող, ժողովուրդին համար անմատչելի, դատարկ, նոր ու նորոգուած շէնքերով եւ խանութներով ու քանի մը սրճարաններով. այժմ ապահովական պաշտօնեաներուն թիւը կը գերազանցէ կեդրոն յաճախող ժողովուրդին թիւը… Այսօր իմ ծնած ու ապրած քաղաքիս մէջ օտար կը զգամ…
28 յունիս 2017
Վերջ
———————-
(1) ( http://www.lib.utexas.edu/maps/world_cities/txu-oclc-46881713-beyrouth-1961.jpg)
(2) Հայերը Լիբանանի Մէջ, Բ. հատոր, Պէյրութ, 1981, տպարան Սեւան: Սկզբնաղբիւրը` «Ազդակ» օրաթերթ:
(3) Ինքնակերտումի ճամբով, Սուրէն Անթոյեան, Պէյրութ, 2006, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան:
(4) Ապրելու համար, Համազասպ Տէր Խաչատուրեան, Պէյրութ, 2015, տպարան Շիրակ:
(5) Հաճընի Ընդհանուր Պատմութիւնը, Յակոբ Պ. Պօղոսեան, վերհրատարակութիւն, 2014, տպարան Կաթողիկոսութիւն Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս:
(6) ( https://www.usaid.gov/lebanon/history)
(7) ( https://en.wikipedia.org/wiki/1958_Lebanon_crisis )