ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Հայ եւ իրլանտացի ազգերը դարերու ընթացքին կորսնցուցած էին իրենց քաղաքական անկախութիւնը: Հայը դարձած էր ստրուկ oսմանեան եւ ցարական կայսրութիւններու իշխանութեան տակ, իսկ իրլանտացին դարձած էր ստրուկ` բրիտանական գաղութատիրական իշխանութեան դրօշին ներքեւ:
19-րդ դարուն ազատատենչ եւ յեղափոխաշունչ գաղափարները կը սկսին մուտք գործել հայկական եւ իրլանտական հասարակական կեանքերուն մէջ: Քաղաքական անկախութիւնը կորսնցնելու հանգամանքին վրայ կ՛աւելնայ նաեւ ընկերային եւ տնտեսական անարդար ու շահագործող համակարգը` երկու ազգերուն պարագային:
Շահագործման եւ իրաւազրկման պատճառներով կը ծնին հայկական եւ իրլանտական յեղափոխական եւ ընկերվարական շարժումները: Առաջինը ներկայացաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան միջոցով, իսկ երկրորդը` Իրլանտայի աշխատաւորական կուսակցութեան` նպատակ ունենալով քաղաքական, մշակութային, ընկերային եւ տնտեսական ազատագրութիւնը:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ Իրլանտայի աշխատաւորական կուսակցութիւնը իրենց պատմութեամբ եւ գաղափարաբանական աշխարհահայեացքներով գրեթէ նոյնացած են: Երկուքին նմանութիւնները նշելու համար յօդուածը պիտի բաժնեմ երկու մասի` պատմական նմանութիւններ եւ ծրագրային նմանութիւններ:
Պատմական Նմանութիւններ
Երկու կուսակցութիւնները հիմնուած են կայսերապաշտ եւ գաղութատէր պետութիւններու մէջ: ՀՅԴ-ն` արեւելեան կայսերապաշտ ցարական Ռուսիոյ Թիֆլիս քաղաքին մէջ (ներկայիս` Վրաստանի մայրաքաղաքը), իսկ Իրլանտայի աշխատաւորական կուսակցութիւնն ալ` արեւմտեան գաղութատիրական մեծագոյն կեդրոնի` Տապլինի մէջ (ներկայիս` Իրլանտայի Հանրապետութեան մայրաքաղաք):
Երկու կուսակցութիւնները առաջնորդած են իրենց ազգերուն ազգային-ազատագրական պայքարները: ՀՅԴ-ն իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն նուիրուեցաւ հայ ազգի ազատագրական պայքարին ու լայնածաւալ պայքար մղեց սուլթանական կրօնամոլ եւ անոր յաջորդած իթթիհատական ցեղապաշտ իշխանութիւններուն դէմ, իսկ Իրլանտայի աշխատաւորական կուսակցութիւնը հիմնական նպատակ ունէր տապալել բրիտանական գաղութատիրական համակարգը եւ կերտել անկախ ընկերվարական հանրապետութիւն:
ՀՅԴ-ն դարձաւ ինքնապաշտպանական խումբերու կազմակերպիչ ուժը Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին եւ կամաւորական գունդեր հիմնեց` ազատագրելու համար Արեւմտեան Հայաստանը օսմանեան լուծէն: Թէ՛ ինքնապաշտպանական եւ թէ՛ կամաւորական խումբերը դարձան Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան կերտման ճամբան հարթողները: Իրլանտայի աշխատաւորական կուսակցութեան անպաշտօն թեւը եւ անոր գաղափարներուն ու նպատակներուն ծառայողը հանդիսացող «Իրլանտական քաղաքացիական բանակ»-ը եղաւ «Զատկուան ապստամբութեան» դէպքի գլխաւոր առաջնորդող ուժը. դէպք մը, որ հետագային դարձաւ արդի Իրլանտայի Հանրապետութիւնը ստեղծող հիմնական աղբիւրը:
Երկու կուսակցութիւնները մեծ ներդրում ունեցած են իրենց ազգերուն ընկերային եւ տնտեսական ազատագրութեան շարժումներուն մէջ: ՀՅԴ-ն «Կովկասեան նախագիծ»-ը որդեգրելէ ետք դարձաւ հայ աշխատաւորական շարժման յառաջատար ուժը: Ան հիմնեց արհեստակցական միութիւններ` Կովկասի հայահոծ շրջաններուն մէջ եւ իր մասնակցութիւնը բերաւ ռուսական յեղափոխութիւններուն (1905 եւ 1917), ապա` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ընկերային բարեփոխումներուն մէջ, ինչպէս` արհեստակցական միութիւններու օրինականացում, կիներու քուէարկութեան իրաւունքի ապահովում եւ ձրի ուսումի կարելիութիւն: Միւս կողմէ` Իրլանտայի աշխատաւորական կուսակցութիւնը արդէն ծնունդ առած էր «Իրլանտական արհեստաւորական միութեան ժողով»-էն եւ դարձած էր անոր քաղաքական թեւը` միշտ ըլլալով աշխատաւոր դասակարգի պաշտպան: Անիկա Իրլանտայի Հանրապետութեան հիմնադրութենէն անմիջապէս ետք դարձաւ աշխատաւորներու, սեռային հաւասարութեան եւ կրօնական ազատութեան ջատագով թիւ մէկ քաղաքական կուսակցութիւնը:
Քրիստափոր Միքայէլեան` ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիր գլխաւոր դէմքերէն մէկը, Եըլտըզի մեծ գործողութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքին զոհ կ՛երթայ` իր կեանքը նուիրելով հայ ազգի ազատագրութեան դատին, իսկ Ճէյմս Քոննելլի` Իրլանտայի աշխատաւորական կուսակցութեան հիմնական դէմքերէն մէկը, մահապատիժի կ՛ենթարկուի «Զատկուան ապստամութեան» մէջ առաջնորդող դեր ստանձնելուն համար:
Գաղափարաբանական Նմանութիւններ
Ներկայիս ՀՅԴ-ն եւ Իրլանտայի աշխատաւորական կուսակցութիւնը միացնող առաջին կէտը երկուքին կրած ընկերվարական գաղափարաբանութիւնն է: Ընկերվարութեան մասին Դաշնակցութեան ծրագիրը կը նշէ` «Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համոզումով` ընկերվարութեան ճամբով է, որ մարդկութեան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային զարգացումը կ՛օժտուի արդար եւ համերաշխ յարաբերութիւններով», իսկ իրլանտացի աշխատաւորականները կ՛ըսեն. «Աշխատաւորական կուսակցութիւնը ժողովրդավար ընկերվարական կուսակցութիւն մըն է եւ Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան ու Ընկերվար միջազգայնականին անդամ դառնալով` մաս կազմած է միջազգային ընկերվարական շարժման, որ կ՛աշխատի յանուն հաւասարութեան եւ նեցուկ կը կանգնի քաղաքացիներուն, սպառողներուն եւ աշխատաւորներուն այնպիսի աշխարհի մը մէջ, ուր կը տիրապետեն մեծ ձեռնարկութիւնները, ագահութիւնն ու անձնասիրութիւնը»:
Երկրորդ կէտը ժողովրդավարութիւնն է. ՀՅԴ-ի ծրագիրը կը նշէ. «Ժողովրդավարութիւնը կը խարսխուի մարդկային ու քաղաքացիական իրաւունքներու եւ ազատութեանց յարգումին վրայ: Ան օրէնքով կը պաշտպանէ բազմակարծութիւնը, բազմակուսակցականութիւնը եւ խօսքի, խղճի, մամուլի, ստեղծագործութեան ու աշխատանքի լիակատար ազատութիւնը»: Աշխատաւորականներու ծրագիրը իր կարգին կ՛ընդգծէ. «Աշխատաւորական կուսակցութիւնը հաւատք ունի ժողովրդավարութեան նկատմամբ, որուն միջոցով ժողովուրդը ամբողջապէս մաս կը կազմէ որոշումի կայացման հոլովոյթին… Ժողովրդավարութեան ենթարկուիլը կը պահանջէ հաւասար քաղաքական մրցակցութիւն բոլոր կուսակցութիւններուն միջեւ»:
Երրորդ կէտը ազգային հարցն է. հարիւրաւոր տարիներու ընթացքին հայերն ու իրլանտացիները ենթարկուած են սպիտակ ջարդի (մշակութային ցեղասպանութեան): Փորձեր կատարուած են թրքացնելու կամ ռուսացնելու հայութիւնը, միւս կողմէ ալ` անգլիացինելու իրլանտացիները: Երկու ազգերն ալ կորսնցուցին իրենց անկախ պետականութիւնները` յօգուտ կայսերապաշտ եւ գաղութատէր պետութիւններուն: ՀՅԴ-ի ծրագիրը ազգի մասին խօսելով` կը նշէ. «ՀՅ Դաշնակցութիւնը, հաւատարիմ իր գաղափարաբանութեան, իր բոլոր ուժերով կը նուիրուի բովանդակ հայ ազգի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային շահերու պաշտպանութեան` ի խնդիր Ազատ Հայու, Ազատ Քաղաքացիի եւ Ազատ Հայրենիքի կերտումին»: Աշխատաւորականներու ծրագիրը իր կարգին կ՛ընդգծէ. «Աշխատաւորական կուսակցութիւնը կը պաշտպանէ Իրլանտայի կղզիին վրայ գտնուող բոլոր ժողովուրդներուն փոխզարգացման իրաւունքը: Աշխատաւորական կուսակցութիւնը կը հաւատայ, որ աշխատաւոր ժողովուրդի լաւագոյն յոյսերը խարսխուած են ամբողջ Իրլանտայի մէջ, եւ պիտի աշխատի աւելի խորացնել ամբողջ Իրլանտայի համագործակցութիւնը` տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ բնապահպանական հարցերուն շուրջ… Աշխատաւորական կուսակցութիւնը կը ձգտի յառաջ մղել իր արժէքները ամբողջ աշխարհին մէջ` Իրլանտայի շահերն ու անկախութիւնը բարձր պահելով»: Իբրեւ իրլանտական մշակոյթի անբաժանելի մաս, բուն իրլանտերէն լեզուին ծրագիրը կ՛անդրադառնայ հետեւեալ կէտով. «Աշխատաւորական կուսակցութիւնը կը ձգտի պահպանել եւ զարգացնել իրլանտերէնը` իբրեւ պատմական եւ բարգաւաճած ազգային լեզու»:
ՀՅ Դաշնակցութիւնն ու Իրլանտայի աշխատաւորական կուսակցութիւնը քոյր կուսակցութիւններ են գաղափարական գետնի վրայ: Երկու կուսակցութիւններն ալ անդամակցած են Ընկերվար միջազգայնականին եւ Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան: