Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Սողոմոն Թեհլիրեան (1896-1960)

$
0
0

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Ժ. Թեհլիրեանին Եւ Թեհլիրեանէն

5 մայիս 2017-ին ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին մէջ (Նոր Ամանոս) բացումը կատարուեցաւ Թեհլիրեանի կիսանդրիին, որուն հեղինակն է շնորհալի քանդակագործ Վարդան Աւեսեանը: Շնորհակալ գործ: Կոմիտէն կատարեց իր խղճի պարտքը: Սփիւռքի տարածքին Սողոմոն Թեհլիրեանը խորհրդանշող յուշարձան մըն ալ կայ Ֆրեզնոյի մէջ, վեց-եօթը մեթր բարձրութեամբ. արծիւը կը բզկտէ օձը:

Հայաստանի մէջ Թեհլիրեանին նուիրուած երեք յուշարձաններ կան: Առաջինը` Թալինի շրջանի Մաստարա գիւղին մէջ: Երկրորդը` Երեւանի մէջ, Աջափնեակ թաղամասի Շինարարներու փողոցի համեստ անկիւն մը տեղադրուած է (8 օգոստոս 2003) անոր կիսանդրին, որ շինուած է Ղարաբաղի վարդագոյն մարմարէ: Բարձրութիւնը` երեք մեթր: Յուշարձանի հեղինակն է Լեւոն Թոքմաքճեան, իսկ հովանաւորը` Արծրուն Խաչատրեան:

Սողոմոն Թեհլիրեանի երրորդ յուշարձանը տեղադրուած է Շիրակի մարզի Մարալիկ քաղաքի հրապարակին վրայ, 22 ապրիլ 2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ: Պրոնզաձոյլ այս արձանը ունի չորս մեթր բարձրութիւն. Թեհլիրեանը կանգնած է կրանիթէ պատուանդանին` ատրճանակը ձեռքին: Գործն է վաստակաւոր նկարիչ Սամուէլ Պետրոսեանի, իսկ բարերարն է Եուրա Յովհաննիսեանը:

Յուշարձաններու կողքին, Մարսէյի հրապարակներէն մէկը կը կրէ Սողոմոն Թեհլիրեանին անունը: Հրապարակի անուանափոխման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 21 ապրիլ 2017-ին: Ձեռնարկի կազմակերպիչներն են Մարսէյի քաղաքապետարանը եւ Ֆրանսայի Հայոց կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը:

Սողոմոն Թեհլիրեան գեղարուեստական գրականութեան նիւթ հայթայթած է հետեւեալներուն.

ա. Բոգդան Վերդեան` «Ծաղիկներս մնացին հեռւում» (վէպ Թեհլիրեանի մասին), Երեւան, 1991:

բ. Ռոբերտ Կարայեան` «Արդարահատոյց» (վիպակ` նուիրուած Ս. Թեհլիրեանին, պատմուածքներ, յօդուածներ), Երեւան, 2004:

գ. Պերճ Զէյթունցեան` «Ոտքի՛, դատարանն է գալիս» (տրամա նուիրուած Ս. Թեհլիրեանին), տես «Մեծ լռութիւն» (տրամաներ), Երեւան 1983 (100):

Այս բոլորէն անկախ, Թեհլիրեանին եւ առհասարակ «Նեմեսիս»-ի մասին բազմաթիւ յօդուածներ եւ գրութիւններ լոյս տեսած են եւ կը տեսնեն Հայաստանի մէջ: Պատրաստուած են եւ կը պատրաստուին բազում տեսերիզներ եւ ժապաւէններ:

Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան առաջին սղագրական արձանագրութեան տպագրութիւնը եղած է դատավարութեան տարին իսկ, 1921-ին, Վիեննա, Մխիթարեան տպարանէն` «Դատավարութիւն Թալէաթ փաշայի սղագրական զեկուցում» խորագիրով: Ասիկա վերհրատարակուած է Երեւանի մէջ, 1990-ին: Թարգմանաբար հրատարակուած է անգլերէնով, ֆրանսերէնով եւ ռուսերէնով:

Թեհլիրեանի յուշերը գրուած են ընտանիքի բարեկամ Վահան Մինախորեանի կողմէ, որ 1930-1940-ական թուականներուն Պելկրատի «Զեմգոր» գրադարանին մէջ կը պաշտօնավարէր իբրեւ գրադարանապետ: Սողոմոն Թեհլիրեան որդին` Շահէնը, կը պատմէ, որ 1940-ական թուականներուն Մինախորեանը յաճախ գտնուած է իրենց տունը` հօրը մասին գիրք գրելու նպատակով: Թեհլիրեան Մինախորեանին կու տար մանրամասն տեղեկութիւններ: Ամէն գրառումէ ետք «գալիս էր մեր տուն, միասին խմբագրում ու ձեւակերպում էին»: Այդ գրառումները առանձին հատորով լոյս տեսան Գահիրէի մէջ, 1956-ին, «Վերյիշումներ (Թալէաթի ահաբեկումը)» խորագրով: Պէտք է աւելցնել, որ գիրքի հրատարակումէն առաջ, 1948-50 տարիներուն, «հայրս արտագրում էր Վահանի արած գրառումները` այդ ամէնը ձեռագիր վիճակում ունենալու համար»: Եուկոսլաւիոյ մէջ համայնավար վարչակարգ հաստատուելէ ետք, Սողոմոն Թեհլիրեան ժամանակաւորապէս հաստատուեցաւ Մարոք: «Մեկնելուց առաջ, սակայն, հայրս կարծում էր, որ Մինախորեանի գրառումների իր արտագրած տարբերակը արտասահման տանելիս մաքսատանը կարող է կասկած յարուցել եւ խնդիրներ առաջացնել: Այդ պատճառով փաթեթաւորուած ձեռագիրը նա թողեց աներոջս մօտ` յուսալով, որ այդպէս աւելի ապահով կը լինի ու աւելի բարենպաստ ժամանակներ կը գան: Այդ տարիներին գողութեան դէպքեր յաճախ էին լինում: Ո՞վ իմանայ, գուցէ արժէքաւոր այդ ձեռագիրն էր գողութեան զոհ դարձաւ» (101):

Թեհլիրեանի յուշերը, հատուածաբար կամ ամբողջական, թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու` անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն: Թեհլիրեան ունի նաեւ հայ ու օտար կայքեր:

Թեհլիրեանի մահէն ետք իր կինը` Անահիտ, «Հայրենիք» ամսագրին ղրկած է իր ամուսնոյն անտիպ յուշերը` «Իմ առաջին ոխը թուրքերուն դէմ», որ լոյս տեսաւ նոյնանուն ամսագրին երեք յաջորդական համարներու մէջ (102):

Սողոմոն Թեհլիրեանի հօրեղբօր որդիին` Սամուէլ Օսկանեանին թոռան` Արա Օսկանեանին վկայութեամբ, Թալէաթի սպանութենէն ետք, Թեհլիրեան բանտը գտնուելու ժամանակ, իր պաշտպան փաստաբաններու թելադրութեամբ օրագիր պահած է, որ դատի ժամանակ կրնար նպաստել իր արդարացման: Դատարանին մէջ անոր կարիքը չզգացուեցաւ: Թեհլիրեանի մահէն ետք իր կինը այդ օրագիրը յանձնած է Արա Օսկանեանի հօր` Վահէ Օսկանեանին, որ, իր կարգին, յանձնած է Հայաստանի պետական արխիւին (103):

Արա Օսկանեանի վկայութեամբ դարձեալ, իր եղբայրը` Արմէն, գրի առած է մեծ հօր` Սամուէլի բոլոր պատումները Սողոմոն Թեհլիրեանին մասին, սակայն Արմէնին ողբերգական մահէն ետք (խեղդուած` ծովուն մէջ) յայտնի չէ, թէ ո՛ւր են այդ գրառումները (104):

Արա Օսկանեան կը յայտնէ նաեւ, որ Թեհլիրեանի դատավարութենէն ետք գերմանական դատարանը Թեհլիրեանին կը վերադարձնէ այն ատրճանակը, որով սպաննած էր Թալէաթը: Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն, երբ սերպ իշխանութիւննրը սկսած են խուզարկել տուները, Թեհլիրեան իր ատրճանակը նետած է Դանուբ գետը (105): Պէտք է հաստատել, որ Թեհլիրեան իր յուշերուն մէջ ոչ մէկ ակնարկութիւն ունի իր ատրճանակին մասին, բացի այն, որ Թալէաթը սպաննելէ ետք ինք նետած է ատրճանակը (106): Կան նաեւ Արա Օսկանեանէն տարբեր կարծիքներ, ըստ որոնց, Եուկոսլաւիայէն դուրս ելլելու ատեն Սողոմոն Թեհլիրեան իր երկրորդ զաւկին` Զաւէնին մարմինին վրայ պահած է ատրճանակը, որ այժմ կը գտնուի Զաւէնին կամ անոր ընտանիքին մօտ: Բոլոր պարագաներուն, ասոնք վարկածներ են պարզապէս:

*
*   *

Վերջացնելու համար.

Թեհլիրեանի պատմելով` անգամ մը, 1956-ին կամ 1957-ին,  Միացեալ Նահանգներ երթալու ճամբուն վրայ, Փարիզի մէջ կազմակերպուած էր հաւաքոյթ մը` ֆրանսահայ գաղութին կողմէ: Այդ հաւաքոյթին կը մասնակցէր նաեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը` Վազգէն Ա.: Եւրոպայի տարբեր շրջաններէն բազմաթիւ հայեր եկած էին տեսնելու երկու մեծ հայերը: Բոլորն ալ անխտիր, հակառակ Թեհլիրեանի կամքին, կը ցանկային համբուրել անոր մատը, որով սեղմած էր Թալէաթը սպաննող ատրճանակի բլթակը:

Ժամանակ մը ետք Վազգէն Ա. կը մօտենայ Թեհլիրեանին, կը համբուրէ անոր ճակատը եւ կ՛ըսէ. «Քու մատդ համբուրողները շատ աւելի էին, քան իմ աջս համբուրողները»: Ապա վեհափառը ներկաներուն դառնալով` կը յայտարարէ. «Այսպէ՛ս պէտք է յարգուի հերոսը: Ազգ մը, որ հերոս չունի, պատմութիւն չունի»(107):

Մենք հերոս ունինք, ուրեմն պատմութիւն ալ ունինք:

Վկա՛յ` Սողոմոն Թեհլիրեանը:

Հայոց պատմութիւնը չէր գրուեր, եթէ չըլլային թեհլիրեանները:

Հայոց պատմութեան անունն է` Սողոմոն Թեհլիրեան:

(Շար. 11 եւ վերջ)

——————————————–

100.- Ուիքիփետիա – հայերէն բաժին:
101.- Սիմոնեան, անդ, էջ 21-22:
102.- «Հայրենիք» ամսագիր, Խ. տարի (1962), թիւ 5 (մայիս), էջ 1-6, 6 (յունիս), էջ 7-14 եւ թիւ 7-8 (յուլիս-օգոստոս), էջ 47-53:
103.- «Թեհլիրեաններն ու անոնց պայքար», անդ, էջ 6:
104.- Նոյն տեղ:
105.- Յակոբեան, անդ:
106.- Մինախորեան, անդ, էջ 308:
107.- Գինոյեան, անդ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>