Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Եւրոպա
Նոր Նշանակումներ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Գրասենեակին Մէջ
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան ընտանիքով Լիբանան տեղափոխուելու պատճառով, 30 յունիս 2017-էն սկսեալ պիտի դադրի զբաղեցնել այս պաշտօնը:
Պ. Տեմիրճեան գրասենեակի աշխատակազմի մշտական անդամ դարձաւ հոկտեմբեր 2010-ին եւ այս ընթացքին ան նուիրումով եւ ձեռնհասութեամբ կատարեց իրեն վստահուած պարտականութիւնները:
1 յուլիս 2017-էն սկսեալ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատուի պաշտօնը պիտի վարէ Յարութ Շիրինեան, որ արդէն Պրիւքսել կը գտնուի եւ աստիճանաբար պիտի ստանձնէ իրեն վստահուելիք պատասխանատուութիւնները: Ան աւարտած է Լիբանանի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը, ապա` Փարիզի Քրեթէյ համալսարանի «Տնտեսութիւն եւ կառավարում» ճիւղը, որմէ ետք մասնագիտացած է «Մարզական կառավարում» ճիւղին մէջ` վկայականը ստանալով փարիզեան «Ամոս» համալսարանէն: Շիրինեան անդամ է ՀՅԴ-ի, եղած է ՀՅԴ «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան վարչութեան ատենապետ, ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի արտաքին յարաբերական յանձնախումբի անդամ եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի պատասխանատու:
Սուրիա
Ղնեմիէի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Գմբէթին Խաչը Վերստին Տեղադրուեցաւ
Ազատագրուած Ղնեմիէ հայկական գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խաչը, որ օծուած էր Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի ձեռամբ, 28 յունիսին տեղադրուեցաւ գմբէթին վրայ` ձեռամբ Արտակ վրդ. Արապեանի եւ Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեանի:
Ղնեմիէն եղած է հայաբնակ գիւղ: Ս. Գէորգ եկեղեցին կառուցուած է 1875-ին, գիւղի ժողովուրդին կողմէ: 1959-ին, օրուան առաջնորդ Ղեւոնդ արք. Չէպէեանի նախաձեռնութեամբ, ծրագրուած է կիսաքանդ եկեղեցւոյ հիմնական կառուցումը: Պաշտօնական հիմնարկէքը կատարուած է 9 օգոստոս 1959-ին, իսկ նորաշէն եկեղեցւոյ օծումը` 31 յուլիս 1960-ին, ձեռամբ Ղեւոնդ արք. Չէպէեանի: 1997-ին Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդութեան կողմէ վերանորոգուած է եկեղեցւոյ գմբէթը:
1985-ին շրջափակին մէջ կառուցուած է Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սրահը:
Սուրիական տագնապի առաջին տարիներուն գիւղը գրաւուեցաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ, որուն պատճառով բնակչութիւնը տեղահանուեցաւ, իսկ եկեղեցին սրբապղծուեցաւ:
Գիւղի` սուրիական բանակին կողմէ ազատագրումէն ետք, Բերիոյ թեմի առաջնորդը Լաթաքիոյ մէջ օծեց եկեղեցւոյ Ս. խաչը:
Այժմ եկեղեցին գտած է իր նախկին տեսքը, իսկ բնակչութիւնը վերադառնալով` լծուած է գիւղի վերականգնումի աշխատանքներուն:
Միացեալ Նահանգներ
Վեց Հայորդիներ Կը Մասնակցին Հայ Դատի Ամառնային Վարժողական Ծրագիրին
Վերջերս ընթացք առաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի 2017-ի ամառնային վարժողական ծրագիրը, որուն կը մասնակցին 6 նուիրեալ հայորդիներ` Ֆլորա Ադամեան, Րաֆֆի Հայրապետեան, Յակոբ Մեսրոպեան, Նիքլըս Փորթնոյ, Շանթ Ռեկանեան եւ Էմիլի Սամուէլեան:
Յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան նկատել տուաւ, որ տարիներու ընթացքին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրները Հայ դատի մեր բանակին կը պատրաստեն տասնեակներով նորագիրներ: Ան իր հպարտութիւնը արտայայտեց, որ վարժողական ծրագիրներու իւրաքանչիւր մասնակից իր ձիրքերը ի սպաս կը դնէ Հայկական հարցի զօրակցութեան` հաստատելով, որ խումբը յատկանշական իրագործումներու պիտի հասնի:
2006-ին հաստատուած սոյն վարժողական ծրագիրներու մասնակիցները սովորաբար ներկայ կ՛ըլլան աշխատանիստերու, դասախօսութիւններու եւ հանդիպումներու, ինչպէս նաեւ աշխատանք կը տանին շարք մը յանձնախումբերու համար` միաժամանակ իրականացնելով կարգ մը ծրագիրներ, որոնք զիրենք կը պատրաստեն համալսարանական կեանքէն անցնելու դէպի արհեստավարժ ասպարէզ:
Հայրապետական Կոնդակ Եւ Վարդապետական Լանջախաչ` Տաճատ Վրդ. Աշըգեանի Եւ Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի
* Ս. Էջմիածինի տաճարի հիմնադրութեան տօնին եւ Հայրերու օրուան առիթով, 18 յունիսին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագին, իր պատգամը յղեց ժողովուրդին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ շնորհած հայրապետական կոնդակն ու լանջախաչը յանձնեց հոգեւոր հովիւ Տաճատ վրդ. Աշըգեանին:
Սրբազանը շնորհաւորեց հոգեւոր հովիւը եւ յայտնեց, որ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը հայր սուրբին վարդապետական օծման 5-րդ տարեդարձն է: Ան գնահատեց նաեւ մեր եկեղեցւոյ ու մասնաւորապէս Ֆրեզնոյի ծխական համայնքին մատուցած ծառայութիւնները:
Նկատի ունենալով, որ նոյն օրը կը զուգադիպէր նաեւ առաջնորդ սրբազանին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան 41-րդ տարեդարձին, սրբազանը յատուկ կարեւորութեամբ շեշտը դրաւ քահանայական ծառայութեան կոչուող հոգեւորականի մը արժանիքներուն վրայ նշելով, որ ան կոչուած է ըլլալու` բարի հովիւ, ղեկավար, ուսուցիչ, խորհրդատու եւ դեռ աւելին:
Սրբազանը գնահատանքով խօսեցաւ հայր սուրբին արժանիքներուն մասին` հաստատելով, որ ան հաւատարիմ է իր կոչումին, եւ մաղթեց, որ այս պատիւը նոր մղում տայ իր ծառայական կեանքին, եւ հրաւիրեց ներկաները անոր հետ գործակցաբար յառաջ տանելու ծխական համայնքի աշխատանքները:
Առաջնորդը շնորհաւորեց նաեւ հայրերու տօնը` վեր առնելով ընտանիքի հոգատարը ըլլալու, դաստիարակի եւ տիպար օրինակ ըլլալու անոնց առաքինութիւնները:
Իր պատգամին մէջ առաջնորդը կանգ առաւ օրուան խորհուրդին վրայ` յիշելով, որ մեր եկեղեցին այդ օրը կը տօնէ Ս. Էջմիածինի Տաճարի տօնը, եւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Ս. Էջմիածինի հիմնադրութեան:
* 25 յունիսին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի սրբատառ կոնդակով եկեղեցւոյ հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան արժանացաւ վարդապետական լանջախաչ կրելու պատիւին: Այս առթիւ, Ս. պատարագին հանդիսապետեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, որ իր քարոզին սկիզբը խօսքը ուղղելով հայր սուրբին` յայտնեց վեհափառ հայրապետին օրհնութիւններն ու գնահատանքը` բարձր գնահատելով հայր սուրբին հովուական ծառայական կեանքն ու գործունէութիւնը: Սրբազանը յորդորեց հայր սուրբը` յաւելեալ ու վերանորոգ կենսունակութեամբ շարունակելու իր նուիրեալ ծառայութիւնը:
Առաջնորդ սրբազանը ներկայ հաւատացեալներուն յիշեցուց, որ 22 տարիներ առաջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընտրուեցաւ եւ օծուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, եւ այս տարեդարձը յիշատակելու համար նոյն օրը բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ՛ունենայ Հայրապետական մաղթանք: Առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի իրագործումներուն` նշելով, որ ան ականաւոր անհատականութիւն է ո՛չ միայն մեր եկեղեցական կեանքին, այլ նաեւ` միջազգային բեմին վրայ: Անցնող 22 տարիներուն ան ցոյց տուած է տեսլական ունեցող հզօր առաջնորդի արժանիքներ, վերակենսաւորած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը եւ պատկառազդու տեղ մը ապահոված է անոր` միջազգային շրջանակներու մէջ: Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ նոյն շաբաթավերջը նաեւ վեհափառ հայրապետին ձեռամբ իր եպիսկոպոս ձեռնադրութեան 20-րդ տարեդարձն է, եւ այս առիթով վերանորոգեց Աստուծոյ ու եկեղեցւոյ անսակարկ ծառայելու իր ուխտը եւ հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթակից ըլլալու ծխական համայնքի բարգաւաճման ի խնդիր:
Աւարտին, եկեղեցւոյ կողքի «Վասպուրական» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան` ի պատիւ առաջնորդ սրբազան հօր եւ հայր սուրբին: Յաջորդաբար խօսք առին հոգաբարձութեան ատենապետ` դոկտ. Կարօ Միրիկեան, փոխատենապետ` Սարգիս Շիրիգեան, հայր սուրբը եւ առաջնորդ սրբազանը:
Այնուհետեւ հայր սուրբը եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը երկու յուշանուէրներով պատուեցին առաջնորդ սրբազանը, մաղթելով անոր երկար եւ առողջ կեանք եւ աննահանջ երթ` եկեղեցանուէր առաքելութեան մէջ: Սրբազան հայրը, իր կարգին, Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանին նուիրեց լանջախաչ մը:
Համազգայինի Թատերական Միաւորի «Արուեստի Երեկոն»
3 յունիսին «Քէօշ Ռենչ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի թատերական միաւորի «Արուեստի երեկոն»:
Թատերական միաւորի վարչութեան ատենապետ Նարկիզ Թերզեան-Մրայեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, օրուան հանդիսավար Նայիրի Հարպոյեան-Մոմճեան յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց թատերականի անդամ դերակատարներ, որոնք մասնակցած էին միաւորի կազմակերպած վարժանքներուն` ղեկավարութեամբ բեմադրիչ Վանէ Ասատուրեանի: Անոնք ներկայացուցին զաւեշտային տեսարաններ` այլազան վիճակներով եւ զգացումներով, որոնց մէջ մատնանշուեցան կարգ մը յոռի բարքեր եւ ծիծաղի ընդմէջէն քննադատուեցան այդ ախտագին երեւոյթները:
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր նաեւ երաժշտական բաժին:
Քանատա
Արուեստագէտ Մկրտիչ Տարագճեանի «Ընթերցողը» Քանդակը` «Մոն Ռուայալ»-ի Հանրային Արուեստի Հաւաքածոյին Մէջ
«Ռեճինալտ Տաուսըն» գրադարանի հիմնադրութեան 50-ամեակին առիթով, քանդակագործ դոկտ. Մկրտիչ Տարագճեան Մոնրէալ քաղաքին նուիրեց պրոնզաձոյլ մեծ չափի գործ մը` «Ընթերցողը»:
Յուշարձանին բացումը տեղի ունեցաւ 26 մայիսին ներկայութեամբ ուժանիւթի նախարար Փիեռ Արքանի, Հայաստանի դեսպան Արմէն Եկանեանի, Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, քաղաքապետ Ֆիլիփ Ռոյի եւ այլն:
Ցուցասրահը անցեալ տարի ցուցադրած էր դոկտ. Տարագճեանի աւելի փոքր չափի գործերէն, որոնցմէ մէկը` «Ի՞նչ նորութիւն» խորագրեալ քանդակը, նախատիպը հանդիսացաւ «Ընթերցողը»-ին, որ ունի 1,7 մեթր բարձրութիւն:
Քաղաքապետ Ֆիլիփ Ռոյ իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ «Ընթերցողը» հրաշալի քանդակ մըն է, եւ գրադարան իւրաքանչիւր այցելող պիտի դիմաւորուի այդ պրոնզաձոյլ յուշարձանին կողմէ:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` ի պատիւ դոկտ. Տարագճեանի:
Մխիթար Աբբահօր Ս. Ղազար Մուտքին 300-ամեակի Նշում
17 յունիսին Թորոնթոյի հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացիի Վենետիկի Ս. Ղազարի վանք մուտքին 300-ամեակը:
Օրուան գլխաւոր բանախօս, Լիբանանի Մխիթարեան միաբանութեան մեծաւոր հայր Մեսրոպ ծ. վրդ. Սիւլահեան հայերէն, անգլերէն եւ իտալերէն լեզուներով մանրամասնօրէն ներկայացուց Մխիթար աբբահօր անձը, կեանքը, գործը:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնադիր, ձեռնարկը հիւրընկալող Եղիա վրդ. Քիրեճեան իր ելոյթին մէջ մեծարեց Մխիթարեան միաբանութիւնը եւ դրուատեց մխիթարեան նախկին սաներն ու անոնց այս առթիւ տարած աշխատանքը:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Թորոնթոյի Մխիթարեան սանուց միութեան փոխնախագահ Յարութ Մարտիրոսեանը, կարտինալ Քոլինզի ներկայացուցիչ հայր Թիմոթին եւ Իտալիոյ հիւպատոսարանի ներկայացուցիչ Մարիա Քրիսթինա Մինիաթին, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց Ս. Ղազարի մխիթարեաններուն նման բարձր գնահատուող միաբանութեան մը պաշտպանութեան` իր երկրին ունեցած ներդրումին համար:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Պուլկարիա
Հայերէն Թատերական Ներկայացում Փլովտիւի Մէջ
Փլովտիւի միջազգային փառատօնի ձեռնարկներու ծիրին մէջ «Յակոբ Պարոնեան» թատերախումբը հանդէս եկաւ «Հարսս բռնեցի» կատակերգութեամբ` բեմադրութեամբ Սիմոնա Փալաճեանի:
Թատրերգութեան մէջ դերեր ստանձնած էին` Միքայէլա Ճամճեան, Էտի Յակոբեան, Միքայէլ, Անուշ Սարգիսեան, Սարգիս Քէշիշեան, Թադէոս Եաղճեան, Աղաւնի Գէորգեան: