ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Համազգայինի երիտասարդական թատերախումբը, Հրայր Գալեմքէրեանի բեմադրութեամբ, չորս ելոյթներով ներկայացուց «Լեոն» թատերախաղը, որ հիմնուած է Նիլ Սայմընի «Յիմարներ» (Fools, 1981) կատակերգութեան վրայ: Ելոյթները յառաջացուցին խանդավառութիւն եւ հետաքրքրութիւն:
Բնագիրը.- Նիլ Սայմընի «Ֆուլզ»-ը յաճախ կը ներկայացուի ուսանողական խումբերու կողմէ, հաւանաբար այն պատճառով, որ դիւրին կը սեպուի բեմի վրայ խեղկատակ ձեւերով թափառիլ: Գոյ է վարկած, թէ Սայմըն դիտմամբ գրած է թոյլ ձեւով, որովհետեւ հասոյթը պիտի տրամադրուէր իր ամուսնալուծուած կիներէն մէկուն: Իրօք կատակերգութիւնը արագ փակուած է Պրոտուէյի վրայ:
Հեղինակը թատրերգութիւնը որակած է «զաւեշտային հեքիաթ»: Դէպքերը կը պատահին 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն: Ուքրանիոյ խուլ անկիւններէն մէկուն մէջ գիւղ մը «անիծուած» է երկու դար առաջ: Այսինքն` Մեծն Պետրոսի օրերուն, երբ կայսրութիւնը այդ շրջանի «արդիականութեամբ» կը լուսաւորուէր: Անիծուած գիւղը դուրս մնացած է այդ գործընթացէն: Ամբողջ գիւղը յիմարացուած է: Կովը, օրինակ, շրջուած կը կթէին, որպէսզի կաթի սերը ստանային: Անէծքը կարելի էր բեկանել, եթէ իշխանուհին յանձնուէր վիշապին… ներողութիւն, եթէ բժիշկին դուստրը` Սոֆիա ամուսնանար կոմսին հետ, եւ կամ դառնար գրաճանաչ: Գիւղի առաջնորդ բժիշկն ու կինը կ’ընտրեն լուսաւորութիւնը, այլ ոչ` անձնատուութիւնը խաւարամիտ կոմսի բռնակալութեան: Այդ նպատակով կը վարձեն ռուս ուսուցիչ Լեոնը: Լեոն կը յաջողի խաբէութեան միջոցով փրկել գիւղը: Հեքիաթներու հերոսները յաճախ կը դիմեն խաբէութեան: Պարզ է, որ գործը այլաբանական է:
Առաջին բանալին այն է, որ բնակիչները կը գիտակցին, թէ իրենք յիմարացուած են: Այս խոտոր է յիմարներու հոգեբանութեան: Տկարամիտ մարդիկ առհասարակ դժգոհ չեն իրենց մտային կարողութենէն: Երկրորդ բանալին այն է, որ յիմարութիւնը հաւաքական է: Այդ կը թելադրէ, որ կը խօսինք ընկերային երեւոյթի մը մասին: Անէծքը առնչուած է կոմսի՛ հետ: Գիւղին առաջնորդը որոշած է բեկանել անէծքը: Կոմսի բռնակալութիւնը կը տապալի ռուս մտաւորական Լեոն Թրոցքիի… ներողութիւն, ռուս ուսուցիչ Լեոն Թոլչինսքիի օգնութեամբ:
Ելոյթին դրոյթը.- Սայմընի կատակերգութեան յաւելուած էին շուրջ վեց տարրեր: Նախաբան եւ վերջաբան, շուքերու պաստառ, երկու միջնարարներ` առնչուած կոմսի հետ եւ «passe-partout» միմոս մը, որ կատարեց նաեւ մոլորած հովիւի եւ զառամած ատենակալի (magistrate) դերերը: Սայմընի բնագրի երկխօսութիւնը այլապէս մնացած էր գրեթէ անփոփոխ: Ատիկա ի հարկէ ելոյթին մեկնաբանութիւնը կը դնէ հարցականի տակ:
Բեմայարդարում եւ այլն.- Երկու «գիտաշխատողները» հիմնականին մէջ կը պատրաստեն ամպիոն մը եւ պաստառ մը: Այսինքն բեմ` բեմի վրայ: Նման լուծում ունէր նաեւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին նախորդ ելոյթը: Ստուերներու պաստառը ճկուն միջոց մըն է, որ կարելի է մեկնաբանել բազմաթիւ ձեւերով: Շա՛տ բարի: Պաստառի կլոր եւ նախնական ըլլալը խոտոր կը համեմատի ապագայապաշտ (futuristic) ճարտարագիտութեան հետ, բայց` ինչեւիցէ: Շարժական վանդակաճաղը էական էր Ռոմէօ-Ժիւլիեթ պատշգամի… ներողութիւն, Լեոն-Սոֆիա պատշգամի (կրճատուած) տեսարաններուն համար: Խոտոր էր նաեւ սեւ «օճառի սնտուկը» (1): Լեոն ունէր բարձրախօս, իսկ գիւղացիք ատենախօսներ չէին: Բեմայարդարումը առհասարակ նուազապաշտական էր (մինիմալիստ): Բարի՛: Ինչպէս «Գասպար Իփէկեան»-ի նախորդ երեք ելոյթներուն մէջ, նոյնպէս եւ այստեղ, բեմի ձախ կողմին վրայ կար բարձրախօս: Ասիկա կը թուի օրինաչափ դարձած ըլլալ: Կարելի է նշել, որ այս «Յիմարներու» առաջին մինիմալիստ մերօրեայ եւ պաստառաւոր բեմայարդարումը չէ: Կողքի նկարին մէջ` նկատել մէկ ու միակ նստարան-ամպիոնը եւ պաստառը, որ ցոյց կու տայ Ամերիկայի կորած անկիւններէն մէկը (2): Այսուհանդերձ, բարի՛:
Նկատել նաեւ, որ Լեոն կը կրէ մերօրեայ զգեստ, բայց` ռուսական բաբախ: Ի դէպ, հովիւը կը կրէ գոռ եղջերափող (այդ իր ցաւոտ աղաղակն է), այլ ոչ` ճմուռ եւ համր շեփոր: Մեր Լեոնը եւս կը կրէր մերօրեայ զգեստ, բայց… սեւ քասքեթ, որ աւելի յարիր է ռուս յեղափոխականի: Կողքի գծանկարը եւս առնուած է ուսանողական ելոյթի մը տարազներէն (3): Մեր վայելուչ կոմսը կը կրէր նոյն տարազին մուգ տարբերակը:
Սոֆի կը զանազանուէր իր կարմիր բաճկոնով: Շա՛տ բարի: Մսավաճառը ունէր վախազդու տեսք: Այլ պայմաններու տակ` բարի՛, բայց այդ յարիր չէ «քուլիենչիքով»-ցիներու խառնուածքին: Մնացեալ դերակատարները կը կրէին գրեթէ միօրինակ տարազներ: Առանց այդ ալ դժուար է «յիմարները» զանազանել հիմնուած լոկ երկխօսութեան վրայ: Հագուկապը «կ’ամրագրէ» այն թելադրանքը, որ հարկ չէ զանազանել տիպարները:
Երաժշտութիւնը երկու տեսարաններու մէջ դեր ունէր: Առաջին հերթին` պատշգամի, ուր երկու անգամ լսեցինք Նաթ Քինկ Քոլի շնորհիւ հռչակ ստացած «Ուեն այ ֆոլ ին լաւ» (Երբ սիրահարիմ) երգին երաժշտութիւնը (4): Սէրը ցաւօք չեղաւ յաւիտեանս, ինչպէս երգը կը խոստանայ: Երկրորդն էր` ջութակի «Թրանսիլվանիական օրօրը», որ յօրինուած է Մել Պրուքսի «Երիտասարդ Ֆրանքընշթայն» ժապաւէնին համար (1974): Այս հատուածը այլ ուսանողական ելոյթներու մէջ գործածուած է իբրեւ կոմսին բներգը (theme) (5): Թերեւս երաժշտութիւն կարելի է համարել նաեւ «Իկոր»-ի մանտոլինի մէկ ու միակ «աքոր»-ով (կապան, ձայնակապակցութիւն) տնկրտած ծիծաղաղերս ելոյթը:
Լուսաւորումը չունէր մեկնաբանական դեր: Շուրջ երեք անգամ լուսարձակը կեդրոնացաւ գործող անձերու վրայ:
Որմազդը ծայրայեղօրէն նուազապաշտական է: Ցոյց կու տայ թեթեւ, աժան նիւթով (շերտակ – contre-plaqué) շինուած երկլեզու գորշ քառակուսի մը. «Լեոն»: (Ո՞վ) Կը նկատենք, որ լատիներէն տառերը (բնագի՞րը) յարմարեցուած են հայերէն տառերուն (ելոյթի՞ն), ի գին որոշ կորուստի: Մինիմալիզմը եւ յարմարեցումը յարիր են ելոյթի բնոյթին: Այսուհանդերձ, որմազդը կրնար ըլլալ աւելի խօսուն եւ գրաւիչ:
Լեզու եւ հումոր.- Նիլ Սայմընի հումորին նախապէս անդրադարձած եմ քանի մը անգամ: Կը հիմնուի մէկ տողնոց սրամտութիւններու եւ բառախաղերու վրայ: Ելոյթի բնագիրը դժբախտաբար ինծի հասանելի չեղաւ: Այստեղ կ’ուզեմ հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնել այն բեմադրիչներուն, որոնք կը տրամադրեն իրենց ելոյթներուն բնագիրը` քաջ իմանալով, որ ատիկա կրնայ հիմնաւորել նկատողութիւնները: Հիմնուած լոկ մէկ դիտումի վրայ` կարելի է նկատել, որ բառախաղեր զեղչուած են եւ երբեմն` սխալ ըմբռնուած: Անգլերէնի մէջ purse, nurse, եւ curse (դրամապանակ, բուժքոյր եւ անէծք) համահունչ են: Թարգմանութեան մէջ purse եւ nurse փոխարինուած են «սարսափելի» բառով: Կային նաեւ երանգային տարբերութիւններ: Լեոն բժիշկին կը հարցնէ` «Ի՞նչ է մարդու գոյութեան իմաստը»: Թարգմանուած է` «Ի՞նչ է մարդու գոյութեան նպատակը»: Իմաստը փիլիսոփայական է, իսկ նպատակը կրնայ ըլլալ ընկերային կամ անհատական: Անգլերէնի մէջ dust կը նշանակէ փոշի: Բժիշկին կինը «to dust» կը հասկնայ տառացիօրէն, այսինքն` «փոշոտել»: Ներս կը բերէ դիտմամբ փոշոտուած գիրքը: Ներկայ ելոյթին մէջ բժիշկը կը թելադրէ փոշին մաքրել: Հումորը կորսուած է: Անգլերէն լեզուի մէջ մատանին կը դնեն «մատի վրայ» (on the finger): Պսակի ընթացքին մատանին տառացիօրէն կը դնեն մատի վրայ: Մատանին անշուշտ կ’իյնայ գետին: Նման բան չտեսայ: Չտեսայ նաեւ շրջուած կով կամ կորած ոչխար: Գիւղի տառապալից, բայց պայքարող եւ կենսուրախ կենցաղը ցաւօք հիմնովին զեղչուած էր:
Ոչ ի թեր կատակերգութեան, կարելի է դիտել տալ, որ նման թիւրիմացութիւններու շարքը շուտով ձանձրացուցիչ կը դառնայ: Ի վերջոյ քանի՞ ապարանցիի անեկդոտ կարելի է շարունակաբար լսել եւ ծիծաղիլ: Բեմադրիչը փորձած էր այս տաղտկալի միօրինակութիւնը մեղմել միմոսի ոստոստիւններով: Հարկ է, որ «յիմարութիւնները» ունենային իւրաքանչիւր տիպարի առանձնայատուկ բնոյթ: «Վերացական» յիմարութիւնը ծիծաղաշարժ չէ: Արդար ըլլալու համար պէտք է նշել, որ բնագիրին մէջ կան նման առանձնայատկութիւններ: Սոֆիի մայրը դուռ բանալու դժուարութիւն ունի, իսկ Սոֆին` նստելու եւ իր ծնողքը զանազանելու: Սոֆին կրնայ դիւրութեամբ նստիլ եւ ծնողքը զանազանել Լեոնի յայտնութենէն անմիջապէս ետք: Այսինքն` նախքան անէծքին պաշտօնական բեկանումը: Սոֆի ոչ թէ յիմար է, այլ` յիմարացուած: Նախքան անէծքի բեկանումը` իմացական կարողութեան նշաններ ցոյց կու տայ նաեւ Սոֆիին մայրը: Սայմընի տղամարդոցմէ ոչ մէկը իմացականութեան նշան ցոյց կու տայ…
Տիպարներ եւ կատարում.- Ըստ երկխօսութեան մէջ իրենց մասնակցութեան ծաւալին, տիպարներն են` Լեոն, բժիշկ Նիքոլայը, Սոֆիան, մայրը` Լենիան, կոմս Կրեկորը, ատենակալը, նամակատար Միշքին, ծաղկավաճառ Ենչնան, հովիւ Սնիեթսքին եւ մսագործ Սլովիչը: Բայց թատերական հանգոյցի առումով դասաւորումը այդպէս չէ: Բժիշկն ու կինը պարզապէս կ’արտադրեն ծիծաղաշարժ նախադասութիւններու հեղեղ: Կեդրոնական քառեակն են` Լեոն, Սոֆիան, կոմսը եւ նամակատար Միշքին: Առաջին երեքը հասկնալի են: Նսեմացուած էր սակայն նամակատարին դերը: Պէտք է նկատել, որ ան կը կարդար բոլոր նամակները եւ երբեմն կը պահէր զանոնք (արխի՞ւ): Տեղեակ է ամէն ինչէ: Տեղեակ է նաեւ անէծքին ծագումէն եւ բեկանելու այլընտրանքներէն: Վստահաբար կարդացած էր նաեւ Լեոնի նամակը, որ ի հարկէ իր հօրեղբօր մահուան մասին չէր: Ուրեմն մեղսակից էր Լեոնի խաբէութեան: Հետագային ան պատմութեան հաստափոր գիրք մը կը գրէ: Նամակատարը կը ներկայացնէր հաւաքական յիշողութիւնը եւ ժողովրդական իմաստութիւնը: Մենք այդ չտեսանք:
Բժիշկը վերամբարձ կը մօտենայ իր կնոջ եւ դստեր, բայց ինք աւելի իմաստուն չէ: Ի տարբերութիւն երկուքին` ոչ մէկ իմաստալից խօսք կ’արտասանէ:
Ատենակալը ի հարկէ զառամած է, վատառողջ եւ մահամերձ, որովհետեւ կը ներկայացնէ քաղաքական (ցարական) իշխանութիւնը: Իսկ հոգեւոր հոգատարութիւնը ի սպառ կը բացակայի: Կը լսուի լոկ եկեղեցւոյ զանգը (որ փոխարինուած էր կաթսայով մը):
Կրեկոր (Գրիգոր) կը նշանակէ «արթուն»: Ատիկա հաւանաբար հեգնական է: Որովհետեւ կոմս Կրեկոր նոյնպէս զոհն է անէծքին: Իմա` խաւարամտութեան: Սայմընի ստեղծած կերպարը ցաւօք համոզիչ չէ: Կոմսը չունի տնտեսական եւ քաղաքական իշխանութիւն: Շատ դիւրաւ կ’ընդունի իր պարտութիւնը: Ո՛չ միայն այդ, այլեւ կ’ապաշխարէ եւ կը դառնայ վանական: Հարցը դրուած է անհատական-հոգեբանական գետնի վրայ: Քուլիեչնիքովի մէջ ընկերային-տնտեսական հարցեր եւ պայքար չկան: Ասիկա համահունչ է Սայմընի պահպանողական ըմբռնումներուն: Այս մասին նախապէս քանի մը անգամ արտայայտուած եմ:
Սայմընի Լեոնը սրամիտ չէ: Հազիւ թէ կ’արտաբերէ որեւէ ծիծաղաշարժ խօսք: Ուշադրութի՛ւն. կատակերգութեան վարպետ Սայմըն գլխաւոր հերոսին չի տար որեւէ ծիծաղաշարժ խօսք: Մինչդեռ ամէնէն սրամիտ տողը տրուած է կոմսին («Աստուած վկայ, սկսայ ատել այս անէծքը»): Ատիկա ի հարկէ դիտաւորեալ է: Լեոն կը ներկայացնէ տափակ, անհրապոյր արդիականութիւնը: Կը ծրագրէր Սոֆիին ուսուցանել աստղագիտութիւն եւ փիլիսոփայութիւն: Մինչդեռ Սոֆի կ’ուզէ սորվիլ «նապաստակներու լեզուն»: Իմա` կ’ուզէր հաղորդակցիլ բնութեան, կեանքին հետ: Հայրը նկատել կու տայ, որ այլեւս այդ լեզուն չեն խօսիր… Ի դէպ, Սոֆի կը նշանակէ «իմաստութիւն»: Նոյն ուղղութեամբ, գիւղացիներուն համար օրաթերթին անձրեւէն թրջուած ըլլալը աւելի իմաստալից է, քան` անոր բովանդակութիւնը:
Լեոն կարճատես է (թերեւս եւ` ֆիզիքապէս), ոչ իմաստուն: Անէծքի բնոյթը կը հասկնայ միայն այն ժամանակ, երբ եկեղեցւոյ զանգը կը հնչէ յայտնելով ժամկէտը: Առաջին արարին մէջ Լեոն կոյր հաւատք ունի արդիականութեան «ազատագրական» բնոյթին նկատմամբ: Կը ներկայացնէ 19-րդ դարու միամիտ եւ լաւատես մտաւորականութիւնը: Գրեթէ «Ընկեր Փանջունի» մըն է: Լեոն կը «մարդկայնանայ», երբ կը սկսի սիրել ո՛չ միայն Սոֆին, այլեւ` ամբողջ գիւղը:
Խաղարկութեան շուրջ արդէն իսկ լոյս տեսած են ակնարկներ: Խումբը վստահաբար արժանի է գնահատանքի: Կատարողական առումով, նկատելի էր, որ խումբը կը ներկայացնէր հաւաքական «ապրող պաստառներ» (tableaux vivants): Շա՛տ բարի (6): Թէեւ այդ պատկերներէն քանի մը հատը դժուար վերծանելի էին ինծի համար: Ինչո՞ւ համար, օրինակ, մսավաճառը, որ անէծքի բեկանումէն ետք ալ մնաց անբան, միւսներուն հետ ծունկի չեկաւ աղօթքի ընթացքին: Արդեօք անհաւատութիւնը առնչուած է անխելքութեա՞ն: Արդեօք երկինքը անոր զլացաւ փրկութիւն, որովհետեւ անհաւա՞տ էր: Կողքի պատկերին մէջ Լեոն մաս կազմած է քուիենչիքովցիներու: Շա՛տ բարի: Բայց աւելի յարմար էր, որ ծաղկավաճառ կինը հովանոցի փոխարէն` գործածէր ա՛յլ, նուազ նպատակայարմար իր: Բարձրախօսին առջեւ Լեոնի մտորում-մենախօսութիւններուն ընթացքին կարելի էր տեսերիզի (վիտէօ) նման սառեցնել տեսարանը, ապա «վերակենդանացնել»: Եւ այլն: Անհատ դերասաններու խաղարկութեան վերաբերող նկատողութիւնները կը թողում նորակազմ երիտասարդ թատերախումբի հետագայ ելոյթներուն: Գալեմքերեան կ’ըսէ, թէ փորձարկած է խաղարկային այլազան դպրոցներ: Միմոսի պարագայն ատիկա, ըստ երեւոյթին, արուեստակողականն էր (mannerism)…
Մեկնաբանական.- Քուլիենչիքովի մէջ սիրտը գերադաս է մտքին, այդտեղ կը սիրեն առանց իմանալու բառին իմաստը: Այդտեղ մարդիկ իրենց սահմանափակ կարողութեամբ յամառօրէն եւ լաւատեսօրէն կը պայքարին ամէնէն պարզ բաները կատարելու համար. կով կթել, սրուակ բանալ եւ կամ պարզապէս աթոռի վրայ նստիլ: Գիւղացիք, այո՛, չեն հասկնար դրսեցի նորելուկ ուսուցիչին խօսքերը, բայց ոչ մէկ դժուարութիւն ունին զիրար հասկնալու: Անոնց յիմարութիւնը այլաբանական է: Անոնք ո՛չ միայն շատ լաւ կը հասկնան զիրար, այլ կ’օգնեն, որպէսզի կարենան շարունակել գոյութեան առօրեայ պայքարը: Կ’օգնեն զիրար, որովհետեւ բոլորը կը գիտակցին իրենց սահմանափակ կարողութիւններուն: Այդտեղ գոյ է հիանալի զօրակցութիւն: Անոնք հաւատացեալ են, բայց` ոչ կրօնամոլ: Անոնք խեղճ են, բայց` ոչ խղճալի: Այս բոլորը, այսինքն` կատակերգութեան ընկերային երեսը, մղուած էին յետին գիծ` ի նպաստ համբակ ուսուցիչի մը արժեւորումին: Այլ ելոյթներ աւելցուցած են շուրջ տասը վայրկեան տեւող միջնարարներ` ցոյց տալու համար գիւղի սրտառուչ առօրեան:
Թատրերգութեան ընկերային երեսին նսեմացումը համահունչ է բեմադրութեան գաղափարապաշտ (իտէալիստ) մօտեցումին (7): Բեմին վրայ շարժող տիպարները իբր թէ Լեոնի մտապատկերներն են: Նիւթականացած «մտքեր»: Մտապատկերներու փոխյարաբերութիւնը կը յանգի անոնց հեղինակի հոգեկան փոխակերպման: Ասիկա կը յիշեցնէ գրական երկեր, ինչպէս` Տիքընզի «Տէյվիտ Քափըրֆիլտ»-ը (1850) կամ Րաֆֆիի «Ֆարհատ»-ը (1883-1887), ուր հեղինակը կը խօսի միամիտ նախագուսանի (փրոթակոնիստ) մը բերնով: Ապա վէպի աւարտին միամիտ հերոսը կը «հասուննայ», ինչպէս Լեոն կը հասուննայ հեքիաթի աւարտին: Ինչպէս Տիքընզի վէպը, նոյնպէս ալ Սայմընի կատակերգութիւնը կը տառապի «խրատամոլութենէ»…
Տէյվիտ եւ Ֆարհատ լաւ մտադրութիւններ ունեցող, համակրելի, բայց ծաղրանկարային կերպարներ են: Ընթերցողը քաջ գիտէ, որ անոնք Րաֆֆին, Տիքընզը չե՛ն: Լեոն եւս ծաղրանկարային է, բայց` ոչ շատ համակրելի, Սայմըն չի խօսիր անոր բերնով: Սայմընի «Յիմարները» չունի այդ երկու երկերուն կառոյցը: Աւելցուած նախաբանն ու վերջաբանը չեն փոխեր գործին էութիւնը: Ինչպէս վերը յիշած էի, երկխօսութիւնն ու դիպաշարը մնացած են գրեթէ անփոփոխ: Բոլոր «ռումբերը մտքերուն մէջ զետեղուած» էին նոյնինքն Նիլ Սայմընի կողմէ: Ելոյթի աւարտին Լեոն կրկին մօտեցաւ բարձրախօսին, ապա լուռ հեռացաւ: Ուրեմն ոչինչ ունէր աւելցնելիք Սայմընի երկխօսութեան…
Մոպայլները, մոթոսիքլեթը եւ այլն նոյնպէս հազիւ թէ որեւէ բան կ’աւելցնեն Սայմընի կատակերգութեան:
Յաւելուած տիպարը եւս կը յարուցէ հարցականներ: Նախ եւ առաջ անոր «երկխօսութիւն»-ը կը բաղկանայ փռնգտոցներէ, խնչիւններէ եւ խեղ շեփորի խեղդուկ հառաչանքներէն: Ի հարկէ նկատի չունիմ ատենակալին եւ հովիւին բաժինները, որոնք նոյնպէս յանձնուած էին միմոսին` պահելով անոր տարազը (իմա՞ստը): Միմոսը եւս կը դիմէր հանդիսականներուն: Ինչպէ՞ս հասկնալ: Արդեօք ան իսկապէս նոյնինքն փորձարկող «գիտաշխատող»-ներէն մէ՞կն էր: Եթէ այո՛ ինչո՞ւ փորձին միջամտեց իբրեւ միմոս: Ատիկա յարի՞ր է փորձարկողի բարոյականին: Ինչո՞ւ յատուկ ներդաշնակութիւն ունէր բացառաբար կոմսին հետ: Եւ այլն:
Կային անբացատրելի տեսարաններ: Ինչո՞ւ տանտիկինը մէկդի պիտի շպրտէր իրեն նուիրուած ծաղիկները: Ինչո՞ւ Լեոն լուսամփոփ կը վառէր մենախօսութեան ընթացքին: Այդ ի՞նչ բնոյթի «լոյս» էր: Ինչո՞ւ բոլորը բարձրացան «օճառի սնտուկ»-ին վրայ: Ինչո՞ւ Լեոն եւ կոմսը մանտոլինը ձեռքէ ձեռք կ՛անցընէին: Ինչո՞ւ մեծահարուստ կոմսը գլխուն լաչակ կապած` իր սպիտակեղէնները պիտի լուար: Ինչո՞ւ այն թելը, որուն վրայ կախուած էին կոմսին եւ իր անծանօթ սիրականին հագուստները, վերածուեցաւ յաղթական պսակի լոյսերուն: Պսակ, որուն ծիսական խօսքերը լպրտեց նոյնինքն միմոսը: Ինչո՞ւ Լեոն իր գիրքերուն վրայ փակցուցած էր հայուն տանջահար եռագոյնը:
Ելոյթը փաստեց, որ կարելի է յարուցել ուրախ ծիծաղ` առանց դիմելու գռեհիկ լեզուի եւ վարքի: Ասիկա իրապէս կարեւոր եւ դրական իրագործում է: Շա՛տ բարի: Թէեւ անձնապէս չհասկցայ, թէ ինչպէ՛ս Լեոն կրցաւ չհամբուրել Սոֆին:
Սայմընի վերջաբանը տխուր է: Բանականութիւնը երջանկութիւն չի բերեր գիւղին: Ոչ բոլոր հարցերը լուծուած են: Բժիշկը տակաւին դժուարութիւն ունի սրուակներ բանալու: Ելոյթին աւարտը յատկապէս տխուր էր: Պաստառի վրայ Սոֆի իր թեւի շարժումով «մնաք բարով» կ’ըսէ հանդիսատեսին: Լեոն իր կարգին կը վերադառնայ ապագայ: Ամուսնութիւնը չի պտղաբերիր: Տեսական փորձը աւարտած է… ինչո՞ւ: Այլ ելոյթներու մէջ հանդիսատեսին ցոյց կը տրուի սիրահար զոյգի սիրուն առողջ նորածինը:
Գալեմքերեան կ’ըսէ, որ ընտրած է կատակերգութիւն, որովհետեւ տրաման «… կրնայ հանդիսատեսին ուշադրութիւնը մղել դէպքերուն, աւելի քան` պատգամին…»: Սայմընի կատակերգութիւնը հիմնուած է գլխաւորաբար լեզուական խաղերու վրայ: Ատիկա ի հարկէ դիւրաւ թարգմանելի չէ: Թերեւս այդ պատճառով բեմադրութիւնը աւելի ուղղուած էր հանդիսատեսի աչքին, քան` ականջին: Ասիկա յատկապէս ցայտուն էր միմոսի հազիւ արդարանալի կամ իմաստալից միջամտութիւններուն ընթացքին: Միթէ այդ թամաշան հանդիսատեսի ուշադրութիւնը չէ՞ր շեղեր թատրերգութեան պատգամէն:
«Լեոն» իբրեւ կատարում գերադաս է` բաղդատած այս թատերական շրջանին ներկայացուած այլ ելոյթներու: Յոյսով եմ, որ թատերախումբին ապագայ մեկնաբանութիւնները ըլլան աւելի լաւ հիմնաւորուած:
Բարի՛ երթ:
———————-
1.- Ժողովրդական հաւաքներու ընթացքին խօսք առնողներ կը բարձրանան «օճառի սնտուկի» վրայ:
2.- Տես` «iDrama 1994» youtube v=_llBz-fZXgg.
3.- Francis Marion համալսարան 2007: Նման տարազներ կան նաեւ այլ ուսանողական ելոյթներու մէջ:
4.- Երաժշտութիւն Victor Young, բառեր` Edward Heyman 1952.
5.- Transylvanian Lullaby, John Morris. 1974: Գործածուած է, օրինակ` Hilsboro Players ուսանողական խումբի 2013-ի ելոյթին մէջ: Այդ ելոյթին մէջ կար նաեւ նուագախումբ:
6.- «Փարաջանովի արուեստը», «Ազդակ», 14 յուլիս 2014:
7.- Նկատի ունիմ եզրի քանթեան իմաստը: