ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայկազեան համալսարանի մամուլէն լոյս տեսաւ Անդրանիկ Տագէսեանի աշխատասիրած «Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967) կեանքի մը երաժշտացումը» հատորը, բաղկացած` 669 էջերէ:
Յառաջաբանին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ Բարսեղ Կանաչեան հայութեան յետ-եղեռնեան վերակերտումին, վերարտադրութեան տեսիլքին մասնակիցն է: Իր իսկ փափաքով Կոմիտաս վարդապետ զինք որդեգրեր էր, սակայն Եղեռնը անաւարտ ձգած էր ուսուցիչին յղկումի աշխատանքը:
Տագէսեան կը շարունակէ ըսելով, որ Պէյրութի մէջ Կանաչեանի մատուցուած գործօններուն հանրագումարը բաւարար եղաւ զինք աննախընթաց երաժշտական ասպարէզ հանելու: Իր ստեղծագործական եւ խմբավարական թափն ու յանձնառութիւնը դարձած էին անզսպելի: Պէյրութի Համազգայինի շրջանակը բարոյական ու հոգածու կարելիութիւններ ընծայեց իրեն. հին ու նոր երաժշտասէր բարեկամներ կամաւորագրուեցան երգչախումբին: Պէյրութի մէջ ծնունդ կ՛առնէ Գուսանը` Շանթ, Աճէմեան եւ Թոսպաթ ամոլներուն աջակցութեամբ: Կանաչեան կը շրջապատուի մտաւորական ու մշակութասէր վերնախաւէ մը: Շրջանակը տակաւ կը ծաւալի ու կը բաւարարէ Կանաչեանի հոգեկան պապակը: Գուսանի ամէնամեայ համերգները նորովի կ՛աշխուժացնեն լիբանանահայ մշակութային տօնահանդէսն ու կը գունաւորեն հայկական ինքնութեան ձեւաւորումը:
Գիրքին առաջին մասը` «Ստեղծագործական ծիրը» կ՛ընդգրկէ «Տալիլօ» «Վարդերի հետ», «Օրօր», «Հոյ-նար», «Նանօր նանօր (ուխտագնացութիւն)», Գուսանի մեկնաբանած երգերը 1933-1957-ին, յօրինումներ եւ դաշնաւորումներ, հրատարակութիւններ եւ համերգներու ժամանակագրութիւն:
Գիրքին երկրորդ մասը Բարսեղ Կանաչեան-Միհրան Թումաճան նամակագրութիւնն է, որ կ՛ընդգրկէ 1918-1973 ժամանակաշրջանը:
«Յուշեր» բաժինով հանդէս կու գան Գէորգ Սազճեան, Նշան Խոշաֆեան, Չափրաստ, Մուշեղ Իշխան, Աստղիկ Քեթենճեան, Աստղիկ Ազնաւորեան, Լիւսի Թոսպաթ, Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան, Լիպարիտ Ազատեան, Արփինէ Փեհլիւանեան, Գրիգոր Սրապեան, տոքթ. Է. Էլմաճեան, Սեդա Կանաչեան եւ Քրիստինէ Կանաչեան:
Լիւսի Թոսպաթ կ՛ըսէ, որ Կանաչեան Լիբանանի քայլերգը քառաձայնի վերածեց, որ մեծ ընդունելութեան արժանացաւ լիբանանցիներուն կողմէ: Հետզհետէ լիբանանեան գեղջուկ երգեր ալ քառաձայնի վերածեց, ինչպէս` «Զահլէ-Զահլէ», «Զահլէ Արուս», «Ալա տալ՛ոնա», «Տպըք տպըք»: Արաբական երգերու առաջին հանդէսին` Կրան թէաթրի մէջ, վարչապետ Ռիատ Սոլհ եւ բազմաթիւ լիբանանցիներ ներկայ եղած են:
Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան կ՛ըսէ, որ մասնակի փորձերու ատեն Կանաչեան կը բացատրէր տուեալ կտորին կառոյցը եւ զայն արժեւորելով երգելու ձեւը: Իսկ ընդհանուր փորձերուն ու բեմի վրայ` ան կը ղեկավարէր ձեռքերու եւ մանաւանդ մատներու շատ նուրբ ու պարզ շարժումներով: Ոչ մէկ ծեքծեքում, ոչ մէկ թատերական թեւածում, սակայն ճշգրտօրէն կը փոխանցէր իր բոլոր պահանջները, իսկ եթէ գոհ մնար ստացած արդիւնքէն` դէմքը կը ճառագայթէր անուշ ժպիտի մը ետին կուտակուած զուսպ վերացումի ազնուական արտայայտութեամբ մը:
Տոքթ. Է. Էլմաճեան կ՛ըսէ, որ Կանաչեան երաժշտագէտի բացարձակ ականջ ունէր: Կարելի չէ անոր ականջէն փախչէր որեւէ ամենափոքր հնչիւն, որ սխալ ելլէր խումբի անդամներէն մէկուն բերնէն:
Սեդա Կանաչեան կ՛ըսէ, որ իր հայրը համեստ էր, չէր սիրեր իր մասին իր քով գովասանք ընեն. անմիջապէս խօսքը կը փոխէր, իսկ ինքը իր մասին երբեք չէր խօսեր: Մեծ, պզտիկ, հարուստ, աղքատ, գիտնական կամ ոչ` բոլորին հետ սիրալիր խօսակցութիւն կը պահէր: Ընկերական շրջանակ շատ ունէր եւ բոլորին հետ գիտէր խօսիլ, եթէ պէտք է` շատ լուրջ վերլուծումներով, եւ հակառակը` շատ կատակային պատմութիւններով կը զբաղեցնէր մեծերը եւ փոքրերը: Բոլորը հիացումով կը հետեւէին իր պատմութիւններուն եւ շատ անգամ` լուրջ վերլուծումներուն: Շատ կը սիրէր երեխաներ. միշտ բան մը կը գտնէր զբաղեցնելու, կամ մտային մարզանքներ, հանելուկներ հնարելով, շուտասելուկներով եւ այլն:
Սեդա Կանաչեան կը շարունակէ ըսելով որ հօր աշխատանքի ժամերը կէս գիշերէն ետք էին, երբ թաղի աղմուկը, արաբական երաժշտութեան ձայները չկային, լռութիւնը տիրէր: Կը փակէր փեղկերը, ապակիները, դռները ու կատարեալ լռութեան մէջ, մէկ լուցկիով կը վառէր ծխախոտը եւ կէս գիշերէն մինչեւ առտու կ՛աշխատէր` մօտաւորապէս 4-5 ժամ: Մոխրաման չունէր. ապուրի պնակը կը ծառայէր որպէս մոխրաման, որ առաւօտեան արդէն յորդած կ՛ըլլար: Անկողին երթալէ ետք անպայման գիրք մը կը կարդար, որ միտքերը ցրուին եւ կարենայ քնանալ:
«Կենսագրութիւն» բաժինով հանդէս կու գան Խորէն Ա. կաթողիկոս, Սիրան Սեզա, Տիգրան Թոսպաթ, Եոլանտ Աճէմեան, Մուշեղ Իշխան, Շահանդուխտ եւ Անդրանիկ Տագէսեան:
Սիրան Սեզա կ՛ըսէ, որ Կանաչեան, առաջին աշխարհամարտի օրերուն, օսմանեան բանակին զինուոր եղած ժամանակ կը պատահի, որ երեկոյ մը զինուորական նուագահանդէսի մը պահուն ջութակահար կը փնտռեն: Երկրորդ բանակի հրամանատար Մուսթաֆա Քեմալ փաշա այնքան կը հաւնի երիտասարդ զինուորի նուագին, որ իր մօտ կը կանչէ եւ կ՛ուզէ որ թրքերէն եղանակներ նուագէ: Կանաչեան կը շարունակէ քրտերէն եղանակներ նուագել: Ճապաղջուրի քիւրտ գեղջուկներու երգը արուեստագէտ մարդու մը ճպոտին տակ անդիմադրելի հմայք կը ստանար: Մուսթաֆա Քեմալ փաշան կը հրամայէ, որ փոխեն ցնցոտիներու վերածուած զինուորական հագուստը եւ կարելի եղած չափով ազատ ձգեն այդ տաղանդաւոր տղան:
Գուսան երաժշտասէր միութիւնը կը կազմուի 1936-ին: Գուսան երգչախումբին համար Կանաչեան կը յօրինէ իր մեծագոյն գործերը-ամբողջացած թեմաներ, արուեստի բարձր կառուցուածքով – «Վարդերի հետ», «Նանօր-Նանօր»…: Շանթի «Հին Աստուածներ» թատերգութենէն ներշնչուած կը գրէ «Աբեղան» օփերան` երեք արարուածով: Քնարերգակ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի միակ երկարաշունչ քերթուածը` «Խենթը» կը վերածէ երաժշտալի արտասանութեան` երգչախումբ, մեներգ, նուագախումբ: Ասոնց շուրջ լուսացայտ արժէքով գործեր` «Ալվարդի երազը», «Ռազմերգ» եւ այլն:
Մուշեղ Իշխան կ՛ըսէ, որ երգը անփոխարինելի ներշնչումն է ազգի մը հաւաքական ապրումներուն համար: Երգ ու սէր, երգ ու աղօթք, երգ ու կարօտ, միթէ կարելի՞ է մարդկային եւ ազգային հոգին ըմբռնել առանց երգի: Հայ երգ ու Բարսեղ Կանաչեան նոյնացած էին: Անցեալն ու ներկան ծփուն ձայներու ալիքներով իրար պաշարող հրաշալի ուժն էր Կանաչեան, որուն առջեւ բաց էին բոլոր հայ սրտերը առանց խտրութեան: Ան գիտցաւ բանալ նաեւ օտար սրտերու դռները եւ հայ երգին կախարդանքով նուաճել մեզ շրջապատող ազգերու սէրն ու հիացումը: Երգի պէս անուշ մարդ մըն է նոյն ատեն Կանաչեանի անձը: Դիւրահաղորդ, զուարթախոհ, բարեմոյն: Ե՞րգը քաղցրացուցած էր զինք, թէ՞ երգերն էին, որ իրենց ջերմութիւնը եւ գերազանցօրէն հայեցի հմայքը քաղած էին Կանաչեանի ներքին գանձերէն:
«Մամուլի արձագանգներ» բաժինով կը տրուին տարբեր տարիներու ընթացքին Գարեգին Ա. կաթողիկոսի, Գէորգ Արապաճեանի, Յ. Յովսէփեանի, Ֆարհատի, տոքթ. Լ. Փոթուգեանի, Է. Մալոյեանի, Շահրոզի, Սեզայի, Մուշեղ Իշխանի, Անդրանիկ Ծառուկեանի, Յ. վրդ. Գալայճեանի, Երուանդ Պարսումեանի, հայր Ներսէս Ակինեանի, Հրաչ Քաջարենցի, հայր Գրիգոր Հեպոյեանի, Վ. Ագկիւլի, Տիրան Անդրէասեանի, Ս. Բաբէլեանի, տոքթ. Եդուարդ Սիմքէշեանի, Գոհարիկ Տիրատուրեանի, Աւետիք Յ. Գալֆայեանի, Գ. Արշաւի, Շուշան Թիւրապեանի, Էւա Տէրվիշեանի եւ Լեւոն Մոմճեանի կողմէ արձանագրուած խօսքեր:
Սեզա կ՛ըսէ, որ իր օփերայով` Կանաչեան եկաւ ապացուցանելու, որ ինք ոչ միայն գիտէ արուեստին տանիլ հայ ֆոլքլորը, այլ նաեւ կրնայ ժողովուրդին բերել մաքրակրօն երաժշտութիւնը:
Հայր Ներսէս Ակինեան կ՛ըսէ, որ հայ երգը երգուած Կանաչեանի երգչախումբէն` ունկնդրուած է միշտ անյագօրէն: Հայ երգերը, քանիցս եւ կրկնուած, խօսած են հայ սրտին եւ ներգործած անոր մէջ միշտ քնքշօրէն, խաղաղօրէն եւ հմայիչ: Անոնք հայրենի հունչ եւ շունչ ունին, կ՛արծարծեն կարօտը հայրենիքի, կը վառեն սէրը հայ հողի:
Շուշան Թիւրապեան կ՛ըսէ, որ Կանաչեանի երաժշտութիւնը արտայայտութիւնն է մարդկային զգայնութեան, իր յուզականութեան եւ գաղափարներուն. արդիւնքը իր էութեան հզօր տպաւորութեանց: Իր երաժշտութիւնը կ՛արտայայտէ նաեւ մարդկային կիրքերը: Իր տաղանդը կ՛արտացոլայ եւ կը սնանի հայրենասիրութեան եւ սիրոյ ակունքներէն: Կանաչեան հայրենասէր մը եւ գերզգայուն բանաստեղծ մըն է: Իր գործին մէջ կայ ամէն ինչ որ կրնայ փառաւորել իր հայրենիքը: Իր կարգ մը մեղեդիներուն մէջ կ՛երգէ հայրենիք, զայն կը պաշտպանէ իր քայլերգին ռազմահունչ կշռոյթով եւ կը սիրցնէ իր միւս երգերուն մէջ օգտագործուած ժողովրդական նիւթերով: Իր բանաստեղծութիւնը եւ զգայնութիւնը տարածուած են իր բովանդակ ստեղծագործութեան վրայ:
Գիրքին յաջորդ բաժինները հարցազրոյցներ եւ վերլուծականներ են, ուր հանդէս կու գան Պետրոս Ալահայտոյեան, Շահան Պէրպէրեան, Նիկոլ Աղբալեան, Ցիցիլիա Բրուտեան, Գէորգ Գանտահարեան, Անգինէ Մուրատեան, փրոֆ. Արա Մանաշ, Արմէն Սայեան, Հենրիկ Անասեան, Ռոպերթ Աթայեան, Արմէն Տօնոյեան, Կարինէ Ղաւազեան, Դաւիթ Ղազարեան, Անահիտ Ցիցիկեան, Վարդի Դանիէլեան, Երուանդ Տէր Խաչատուրեան եւ Երուանդ Երկանեան:
Ներկայացուած է նաեւ Բարսեղ Կանաչեանի ընտանեկան ծառը: Քանի մը խօսք ալ` Համազգայինի Բարսեղ Կանաչեան երաժշտանոցի մասին: