ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պէյրութի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ «Թուրքիոյ գեհենէն տարագրութիւն յուշք նամականի» գիրքը, ականատես վկայագրող` տոքթ. Յովհաննէս Յակոբ Սրապեան: Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է տոքթ. Հրայր Յովհաննէս Սրապեան:
Յովհաննէս Սրապեան ծնած է 1899-ին, Խարբերդի մօտակայ Հիւսենիկ գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է գիւղի բողոքականներու դպրոցին մէջ, որմէ ետք յաճախած է Խարբերդի Եփրատ քոլեճը:
Հիւսենիկ գիւղին տարագրութիւնը սկսաւ 4 յուլիս 1915-ին: Ոստիկանները ժողովուրդին կ՛ըսեն, որ եղածը պարզ տեղահանութիւն է, պիտի փոխադրուին Ուրֆա կամ Սեւերակ: Ոստիկաններ կ՛առաջնորդեն կարաւանը:
Կարաւանը կը հասնի Արղնի Մատէն, ուր մեծ խանի մը մէջ այր մարդիկը կը զատեն կիներէն, ձեռքերնին կապելով: Սարսափելի գիշեր մը կ՛անցընեն, կէս քիլոմեթր հեռու թուրքեր խոշոր փոսեր բացած էին եւ 3-4 հազար այր մարդիկը կապուած ձեռքերով հոն կը նետեն, առանց կապար վատնելու: Հողը վրանին կը լեցնեն այն սպառնալիքով, որ պիտի զարնեն ան որ փախչիլ փորձէ: Փոսերը առաջուընէ փորուած էին շատ հաւանաբար հայ զինուոր գործաւորներու կողմէ:
Այնուհետեւ մեծ մասամբ կիներէ եւ աղջիկներէ բաղկացած կարաւանով ճամբայ կ՛ելլեն եւ յաջորդ օր կը հասնին Տիգրանակերտի մօտերը: Անոնց կ՛ըսեն, որ ով որ դրամ ունի բոլորը պէտք է, որ ոստիկաններուն յանձնէ, որովհետեւ քիւրտեր կան, որ կը կողոպտեն այդ շրջաններուն մէջ: Բայց գաղթականները բոլոր դրամը չեն տար, այլ կէսը, կէսն ալ կը պահեն: Ոստիկանները դրամները կ՛առնեն եւ ստացագիրներ կու տան, որ իբրեւ թէ ետքը դրամները պիտի վերադարձնեն, մինչդեռ իրենք էին կողոպտողները:
Կարաւանը ճամբան դժուարաւ կը քալէր: Ի վերջոյ կը հասնին Տիգրանակերտ, հռոմէացիներու թաղին դուրսի կողմը եւ հոն կը նստին: Կը լսեն, որ քաղաքէն ներս հայերը գէշ վիճակի մէջ կը չարչարուին: Գիշերը հոն կ՛անցընեն:
Յաջորդ առաւօտուն բազմաթիւ ձիաւորներ կու գան, կը շրջին կարաւանին մէջ եւ գեղեցիկ կիներն ու աղջիկները կը խլեն կը տանին: Աղջիկները թուրքերու հետ կ՛ամուսնացնեն:
Կարաւանը քանի մը օր Տիգրանակերտ կը մնայ: Կը լսեն, որ թուրքերը քաղաքէն հայերը սոսկալի կը նեղեն, կը սպաննեն ու կը կախեն, որովհետեւ այդտեղի հայերը հարուստ էին:
Այնուհետեւ կարաւանը ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Մարտին: Ոմանք ճամբան կ՛իյնան կը մահանան, իսկ գեղեցիկ կիներն ու աղջիկները կ՛առեւանգուին, բոլորը կը կողոպտուին: Կարգ մը աղջիկներ կը բռնաբարուին: Ոմանք անձնասպանութիւն կը փորձեն:
Մարտինէն անդին ճամբան այլեւս անապատային էր: Քսան օր քալելէ ետք, Ռաս իւլ Այնի կամուրջէն անցնելով կը մտնեն քաղաքը: Կարաւանը արդէն մեծապէս կոտորակուած էր: Ամէն տեսակ հիւանդութիւններ տարածուած էին. ժանտատենդ, քոլերա եւ այլն:
Ռաս իւլ Այնի մէջ կային սասունցի հայ թրքախօս փռապաններ, որոնք հայերուն բաւական կ՛օգնէին, սակայն գաղթականները օրական տասնեակներով կը մեռնէին:
Գաղթականներուն մնացած մասը Տէր Զօր կը ղրկուէր: Բայց Յովհաննէս Սրապեան կը յաջողի Հալէպ փախչիլ: Կ՛երթայ Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցի, ուր տէր Միքայէլ քահանան իրեն նոր հագուստ կու տայ եւ յետոյ խարբերդցի բողոքական ընտանիքի մը կը յանձնէ: Այնուհետեւ զինք ուրիշ խարբերդցի ընտանիքի մը` Կիւլեաններուն քով կը տանին: Կիւլեանները օճառի վաճառական էին եւ մեծ տան մը մէջ կը բնակէին, ուր տասնեակ մը ընտանիքներ կային:
Յովհաննէս Սրապեան այնուհետեւ Հոթել Պարոնի տէր Օննիկ Մազլումեանի օգնութեամբ Խարբերդ պահ դրուած դրամէն կը ստանայ 12 մեճիտիէ, Պէյրութ գտնուող Սամուէլ եղբօրմէն ալ` 4 ոսկի, եւ դարձեալ Օննիկ Մազլումեանի շնորհիւ վասիքա (արտօնագիր) հանել տալով Պէյրութ կը փոխադրուի:
Պէյրութ հասնելէ ետք կը գտնէ եղբայրը եւ կը մտնէ Ամերիկեան քոլեճը:
Գիրքին երկրորդ մասը Յովհաննէս Սրապեանի կողմէ Եգիպտոս բնակող եղբօր` Յովսէփ Սրապեանի նամակներն են, ուր ան կը նկարագրէ Խարբերդէն իրենց բռնագաղթը դէպի Ռաս իւլ Այն:
Այնուհետեւ Մարիձա Տեփոյեանի տարագիրի օրագիրն է:
Գիրքին վերջին մասը տոքթ. Յովհաննէս Սրապեանի կենսագրական է: Եղած է վիրաբուժ-ատամնաբուժ, ստորագրած է յօդուածներ` ատամնաբուժական եւ առողջապահական նիւթերով` հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Պարգեւատրուած է Լիբանանի մայրիներու շքանշանով: