Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Բարի Լոյս 33. Գուրգուրալ Երեւոյթին Վրայ

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Անցնող ամիս, Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը իր «Բարսեղ Կանաչեան», «Թորոս Ռոսլին», եւ «Գայեանէ» գեղարուեստի դպրոցներու տարեփակի հանդիսութիւններով եւ ելոյթներով,  ինչպէս նաեւ «Կարկաչ» եւ «Գուսան» երգչախումբերու ձեռնարկներով, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի ներկայացումով եւ վերջապէս «Քնար» պարախումբի բացառիկ կատարումով մշակութային համակող մթնոլորտ մը ստեղծեց գաղութին մէջ:

Մօտաւորապէս 1000-ի հասնող մանուկ, պատանի եւ երիտասարդ սերունդներու տղաք ու աղջիկներ, հայ մշակոյթի շունչով համախմբուելու երեւոյթը արդէն ինքնին հիմնական նուաճում մըն է ու գօտեպնդող երաշխիք, որուն համար Համազգայինը երկար տարիներէ ի վեր իր կարելին ի գործ կը դնէ` նուիրեալ աշխատանքի կողքին, մասնագիտական մօտեցումի ընկալումով եւ հայրենիքի հետ մշակութային կապերու յաւելեալ սերտացումով մեր կեանքին մէջ  ծաւալելու մշակութային ողջունելի աշխատանք եւ դերակատար դառնալու նորահաս սերունդներու հայեցի կազմաւորման ու մեր հոգեմտաւոր արժէքները անոնց մէջ արմատացնելու առաքելութեան կիրարկման գործընթացին մէջ: Այս իմաստով լիբանանահայ գաղութին համար «Լ. Շանթ» եւ «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոնները կը շարունակեն ունենալ իրենց եզակի դերակատարութիւնը: Հետեւաբար, արժէ մի՛շտ երախտապարտ մնալ այս կեդրոններու հիմնադրութեան գաղափարը յղացողներուն ու անոնց կառուցման եւ բարգաւաճման համար բարերար դարձած բոլոր ազգայիններուն, աւելի՛ն կամաւոր ու անշահախնդիր աշխատանքով իրենց ներդրումը բերած համազգայնականներուն: Այս բոլոր հանգամանքները բաւարար են զատորոշելու այս առաքելութիւնը այլ մշակութային նախաձեռնութիւններէ, որովհետեւ ան իր նկարագիրով, էութեամբ ու տեսլականով կը շարունակէ կենսաւորել մեր հաւաքական կեանքը, միաժամանակ անոր տալով որակեալ դիմագիծ:

Մշակութային նրբութիւններուն ու արուեստի որակին մասին թերեւս արուեստաբանն ու մասնագէտը կրնան ունենալ տեսակէտներ, որոնք հաստատօրէն կը ծառայեն աւելի կատարեալին ու աւելի ամբողջականին ձգտելու անհրաժեշտ ճիգին ու պատրաստակամութեան: Այլ խօսքով, նշեալ բոլոր առարկայական ու մասնագիտական գնահատումները կրնան ծառայել նոր մղումի ու ներշնչման: Սակայն այստեղ մենք կ՛անդրադառնանք երեւոյթի մը, որ ինքնին բաւարար խօսուն տուեալ է կեդրոնական այս գաղութի յաւելեալ ճառագայթումին:

Եթէ փորձենք հայրենիքէն դուրս փնտռել կեդրոն մը կամ միջավայր մը, որ այսքան մեծ թիւով համախմբուածութիւն ունի եւ արուեստի մարզերու բազմագաւառ դրամագլուխով կը ներկայանայ մեր իրականութեան մէջ, առանց տարակուսելու պիտի հաստատենք, որ Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքին ձեռնարկած գործին ծաւալն ու տարողութիւնը դժուար պիտի ըլլայ ուրիշ տեղ տեսնել ու գտնել: Աւելի՛ն, եթէ պիտի փորձենք  արժեւորել գեղարուեստի դպրոցներու շրջանաւարտներուն  եւ միաւորներուն անդամակցած անհատներուն ունեցած դերակատարութիւնը մեր կեանքին մէջ, աւելիով պիտի ըմբռնենք այս երեւոյթին եզակի ըլլալու  հանգամանքը:

Կը մնայ սակայն կարեւորն ու անհրաժեշտը: Արուեստի ու մշակոյթի որեւէ նախաձեռնութիւն կամ ծրագիր կարիք ունի ղեկավարութեան եւ ժողովուրդի նեցուկին ու գուրգուրանքին: Առանց այս գործօնին կարելի չէ ակնկալել յարատեւութիւն ու գոյատեւում: Նամանաւա՛նդ այս օրերուն, երբ նման մշակութային առաքելութիւն հոսանքն ի վեր թիավարելու աշխատանք է ու կամքի եւ վճռակամութեան հարազատ արտայայտութիւն: Այս առաքելութիւն ուշադրութեան կեդրոնի վերածելու անհրաժեշտութիւնը ռազմավարական նշանակութիւն ունի` տրուած ըլլալով որ սփիւռքի մէջ հայկականութեան պահպանումը օրէ օր կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ եւ դժուարութիւններ:

Տարուան մը տքնաջան կամաւոր աշխատանքի արդիւնքը մեր ներկայութեամբ եւ թէկուզ նիւթաբարոյական համեստ աջակցութեամբ քաջալերելու եւ մեր միջավայրին մէջ այս կառոյցներու առաքելութեան շեշտադրումը կատարելու գիտակցութեան դրսեւորումը ու համոզումի արմատացումը մեր բոլորին ճիտին պարտքն է ու հաւաքական պատասխանատուութիւնը:

Հարկ է հաստատել նաեւ, որ վերանորոգման, վերաթարմացման եւ ժամանակակից պայմաններուն համահունչ նախաձեռնութիւններու որդեգրումը եւ այդ գործընթացը հետեւողականութեամբ օժտելու աշխատանքը նախապայման են գործի շարունակութեան ու յառաջընթացին:

Հուսկ, վարձքը կատա՛ր բոլոր գեղարուեստի ղեկավարներուն ու պատասխանատուներուն, վարչական պատասխանատուութիւն  ստանձնած ծառայողներուն, ծնողներուն, արուեստագէտներուն եւ խումբերուն անդամակցող բոլոր հայորդիներուն: Բոլորը անխտիր արժանի են մեր ծափահարութիւններուն: Այո՛, պիտի շարունակենք տէր կանգնիլ անցեալին ու ներկայիս արձանագրուած բոլոր նուաճումներուն, միաժամանակ պահելով ու զարգացնելով այդ բոլորը, որպէսզի կեդրոնական այս գաղութը, այս մարզին մէջ եւս, շարունակէ իր գործն ու առաքելութիւնը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>