ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Է. Նկարագիրի Գիծեր. Իսկական Հերոսը
Սողոմոն Թեհլիրեան նուրբ եւ զգայուն խառնուածքի տէր երիտասարդ մըն էր, ամչկոտ եւ փափկանկատ: Կը պատկանէր աւետարանական համայնքի: Տխուր ու մելամաղձոտ տղայ մը: Իր կենսագիրներէն մէկը կը յայտնէ, որ Թեհլիրեան Մատթէոս Զարիֆեան կը կարդար, Պետրոս Դուրեան կը վերլուծէր, հոգեբանական կնճիռներով լեցուն գիրքեր կը կարդար: Զգացական պոռթկումներով լեցուն` «Ալագեազ» կ՛երգէր (88):
Սողոմոն Թեհլիրեան իր կատարած վրէժխնդրական արարքը որեւէ ժամանակ անձնական դրամագլուխի չվերածեց, արարքը լծակի չվերածուեցաւ իր քով: Ան մնաց համեստութեան խորհրդանիշ: Իր որդին` Շահէնը, կը յայտնէ, որ հայրը քիչ կը խօսէր, յատկապէս` բազմութեան մէջ, մանաւանդ չէր ուզեր խօսիլ Պերլինի իրադարձութիւններուն մասին: Երբեք չէր զբաղեր ինքնամեծարումով եւ չէր պատկերացներ ինքզինք հերոսի պատուանդանին վրայ:
Ահա՛ իսկական հերոսը:
Սեդրակ Բախտիկեան, Թեհլիրեանի մօտիկներէն, կ՛ըսէր իրեն. «Պերլինի մասին ոչ մէկ խօսք` նամակներուդ մէջ. հոս գալէդ վերջն ալ` ինքնաբերաբար ոչ մէկ խօսք: […] Երբ ստիպուած կը պատմես Պերլինի մասին, կարծես ամչնալով կը պատմես: Անձնական դերանուն չունիս. ուրախ պիտի ըլլայիր, եթէ ուրիշի մը մասին պատմէիր: Նոյնիսկ մեզի հետ, երբ կը պատմես, գործը կատակի կը տանիս: Դեռ չլսեցի, որ ըսէիր. «Ես Թալէաթը սպաննեցի» (89):
Թալէաթի ահաբեկումէն ետք, Թեհլիրեան Մանչեսթըրի վրայով կ՛անցնի Միացեալ Նահանգներ: Մարդիկ, ընկերներ ու բարեկամներ կը փափաքէին տեսնել զինք, կ՛ուզէին հետը խօսիլ: Ամիսներ կը տեւեն այցելութիւնները, քաղաքէ քաղաք: Ինք կը գանգատէր. «Մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւեն այս այցելութիւնները: Շատ դժուար է դիմանալ մարդոց, մանաւանդ` ծեր կիներու նայուածքներուն: Երբեմն կարծես պիտի խեղդուիմ այդ նայուածքներուն մէջ: Տասնեակներով, երբեմն հարիւրներով աչքեր քեզի կը նային (90):
Բոլոր այցելութիւններուն եւ հանդիպումներուն, ինչպէս կը գրեն կարգ մը յուշագրողներ, Թեհլիրեան գրեթէ չէ խօսած վրէժխնդրական արարքին մասին, իսկ եթէ ստիպուեր է պատմելու, կարծէք ամչնալով պատմած է (91):
Ը. Թեհլիրեանի Կեանքը Մինչեւ Մահ (1960)
Միացեալ Նահանգներէն ետք Թեհլիրեան կը փոխադրուի Սերպիա, ուր կը գտնուէին հայրը, հօրեղբայրները եւ եղբայրները: Կը պսակուի Անահիտ Թաթիկեանին հետ եւ բնակութիւն կը հաստատէ Պելկրատի Վալեւօ գիւղաքաղաքի Դալմատինսկա փողոցի թիւ 78 տունը: Կնոջ հետ կը բանայ սուրճի սեփական խանութ մը: Այր ու կին սքանչելիօրէն կը վարեն իրենց գործը մինչեւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտը: Պելկրատի մէջ աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ ՀՅԴ Պալքանեան կեդրոնական կոմիտէութեան կազմին մէջ (92):
Հ. Գինոյեան ուշագրաւ դրուագներ գրի առած է Թեհլիրեանի կեանքէն` ուղղակի լսելով իրմէ (93): Թեհլիրեանի պատմելով` 1927-28 տարիներուն Եուկոսլաւիա լաւ յարաբերութեան մէջ կը գտնուէր Թուրքիոյ հետ: Օր մը կը հաղորդուի, որ Թուրքիոյ վարչապետ Իսմեթ Ինէօնիւ Պելկրատ պիտի այցելէ: Սակայն թուրք ապահովութեան մարդիկ եուկոսլաւ պատասխանատուներուն կը յայտնեն, որ Պելկրատի մէջ կը գտնուի Թալէաթի ահաբեկիչը` Սողոմոն Թեհլիրեան: Պելկրատի ոստիկանապետը, առ ի զգուշութիւն, կ՛որոշէ հսկողութեան տակ պահել մայրաքաղաքի բոլոր հայերը: Առ այդ, իր քով կը հրաւիրէ Պելկրատի Հայ ազգային խորհուրդի ատենապետը, որուն կը յայտնէ իր որոշումը եւ կը գանգատի, որ` «Թեհլիրեանը ձեր մէջ է, եւ ինք լուր չունի»: Իր կարգին, ատենապետը կը յայտնէ, թէ ինք Սողոմոն Թեհլիրեան անունով հայ մը չի ճանչնար Պելկրատի մէջ: Արդարեւ, Սողոմոն Թեհլիրեան մինչեւ վերջ կը ճանչցուէր անցագրային Սարօ Մելիքեան անունով, որովհետեւ լաւ գիտէր, որ թրքական իշխանութիւնները կրնան օր մը բռնել զինք:
Ոստիկանապետին եւ ատենապետին միջեւ խօսակցութիւնը տեղի կ՛ունենար այն պահուն, երբ Սողոմոն Թեհլիրեան գործով կը բացակայէր Պելկրատէն: Երբ Պելկրատ կը հասնի Թեհլիրեան, իր կինն ու Ազգային խորհուրդի ատենապետը կը տեղեկացնեն զինք ոստիկանապետին կարգադրութիւնը, որով պիտի բանտարկէր բոլոր հայերը Ինէօնիւի այցելութեան օրերուն, իրենց վախը կը յայտնեն եւ կը զգուշացնեն զինք, որ տունէն դուրս չելլէ: «Իսկ ես,- կը պատմէ Թեհլիրեան,- քիչ մը նեղուած` ըսի կնոջս, որ պէտք էր ոստիկանապետին յայտնէի իմ ինքնութիւնս: Կինս պատասխանեց. «Վախցայ, որովհետեւ թուրքերը կրնան պահանջել քեզ, եւ եուկոսլաւները կը յանձնեն թերեւս, ո՞վ կրնայ փրկել քեզ անոնց ձեռքէն»:
Քիչ մը հանգստանալէ ետք, Թեհլիրեան առանց կնոջը բան մը յայտնելու` կ՛երթայ ոստիկանատուն եւ կը ներկայանայ ոստիկանապետին: Այս վերջինը, թթուած երեսով, աթոռ մը կը հրամցնէ Թեհլիրեանին եւ կ՛ըսէ.
«Սողոմոն Թեհլիրեանը մեր քաղաքը կ՛ապրի եղեր, եւ ես լուր չունիմ: Եթէ պատահի, որ ան փորձանք մը բերէ Թուրքիոյ վարչապետի գլխուն, վա՜յ ինծի: Մեռած օրս է: Ես ի՞նչ ոստիկանապետ եմ, որ լուր չունիմ անոր այստեղ ներկայութենէն»:
Թեհլիրեան ոտքի կ՛ելլէ եւ գլուխը բարձր բռնած կը յայտարարէ. «Ձեր դէմ կեցած` ձեզի հետ խօսողը Սողոմոն Թեհլիրեանն է»:
Ոստիկանապետը կարծես քարացած` Թեհլիրեանին կը նայի, ապա ոտքի կ՛ելլէ, ձեռքը կ՛երկարէ եւ Թեհլիրեանին մօտենալով` վիզը կը փաթթուի եւ կը սկսի համբուրել: Ան կ՛ըսէ.
«Ես քեզի մինչեւ հիմա Մելիքեան անունով կը ճանչնայի, ինչո՞ւ ինձմէ գաղտնի կը պահէիր ինքնութիւնդ,- ապա, կը շեշտէ,- դուն պիտի չբանտարկուիս միւս հայերուն նման, այլ ազատ ես եւ պիտի գաս ճիշդ այն ճամբուն բազմութեան առաջին շարքին, ուրկէ պիտի տեսնես թշնամիդ մօտէն: Սակայն խօսք տուր, որ… չար գործ պիտի չտեսնես»:
«Պատուոյ խօսք տուի»:
«Երբ յաջորդ օրը Ինէօնիւի թափօրը կ՛անցնէր, ես հոն էի, առաջին շարքին, եւ տեսայ ոստիկանապետը, որ, վիզը ծռած ինծի կը նայէր: Ժպիտով բարեւեցի զինք եւ ձեռքերս խաչաձեւեցի վստահութիւն ներշնչելու համար»:
Թեհլիրեան յաջորդ օրը կրկին կ՛երթայ ոստիկանապետին, որ դարձեալ ճակատը համբուրելով` կ՛ըսէ.
«Ես յարգանք ունիմ հերոսներու հանդէպ: Դուն ազգիդ վրէժը լուծեցիր: Երանի՜ շատ Սողոմոններ գտնուէին մեր մէջ: Մենք ալ ժամանակին շատ տառապեցանք թուրքերու լուծին տակ»:
Թեհլիրեանին եւ Պելկրատի ոստիկանապետին միջեւ բարեկամութիւնը կը շարունակուի մինչեւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտը, երբ Թեհլիրեան հարկադրաբար դուրս ելաւ Եուկոսլաւիայէն: Բարեկամութիւն մը, որմէ օգտուեցաւ ամբողջ պելկրատահայութիւնը:
(Շար. 9)
——————————
88.- Բախտիկեան, անդ, էջ 81:
89.- Նոյն տեղ, էջ 85:
90.- Նոյն տեղ, էջ 84-85:
91.- Նոյն տեղ, էջ 85:
92.- Ն. Պ., անդ, էջ 2:
93.- Հ. Գինոյեան, «Ուշագրաւ դրուագներ Սողոմոն Թեհլիրեանի կեանքէն», «Ազդակ», 10 սեպտեմբեր 1964: