Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը 2016-2017 տարեշրջանի կրթական իր վերջին բերքը լիբանանահայութեան ներկայացուց երեքշաբթի, 4 յուլիս 2017-ի երեկոյեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ կազմակերպուած հանդէսով մը:
«Կար ու չկար» հեքիաթին ընդմէջէն հանդէսին վկայեալ սերունդը ներկայացուց քոլեճին 53 տարուան պատմութիւնը` հիմնադրութենէն մինչեւ կրթական ծաղկուն գործունէութիւն եւ Ազգային Միացեալ վարժարան փոխանցման հանգրուան: Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցող աշակերտները տեսերիզով, թատերական պատկերով, մենախօսութեամբ, պարով եւ սրտի խօսքերով ընդհանուր գաղափար մը տուին կրթական այս յարկին տակ տարուած աշխատանքներուն մասին: Անոնք շեշտեցին, որ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը զիրենք կազմաւորեց իբրեւ պարկեշտ քաղաքացիներ, լաւ հայեր ու յանձնառու երիտասարդներ` գիտակից իրենց մարդկային եւ ազգային պարտաւորութիւններուն:
Հանդէսին ընթացքին ուշագրաւ ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ բեմի խոստմնալից դէմքերէն, շրջանաւարտ Անժելինա Սարգիսեան: Ան կատարեց Համաստեղի «Զրոյց շունի մը հետ» մենախօսութիւնը եւ տպաւորիչ կերպով ներկայացուց քոլեճին մասին իր գրած արաբերէն բանաստեղծութիւնը:
Հանդէսին առաջին մասին աւարտին քոլեճին աշակերտութեան անունով վկայեալներուն ողջերթի խօսք արտասանեց Գէորգ Եագուպեան: Ապա տնօրէն Վիգէն Աւագեան կատարեց քոլեճին «Գերազանց» եւ «Շատ լաւ» արդիւնքներով աշակերտներուն պարգեւատրում: Յաջորդեց քոլեճին հայերէնի, հայոց պատմութեան, կրօնի դասանիւթերու լաւագոյն աշակերտներու, ինչպէս նաեւ արուեստի շնորհներ ունեցող, ամէնէն ընկերասէր, հանրային կեանքին նուիրեալ, տիպար աշակերտներու եւ աւարտական դասարանի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան մրցանակներուն տուչութիւնը: Ապա, բեմ բարձրանալով, վկայեալները ներկայացուցին երկու անակնկալ. առաջինը` անոնք յուշանուէրով մը պատուեցին քոլեճին վաստակաշատ տնօրէնը, իսկ երկրորդը` անոնք դպրոցին հիմնաքարը խորհրդանշող մեծադիր նկարը հանդիսաւոր կերպով յանձնեցին առաջնորդին` խնդրելով, որ ան յարմար մը տեղադրուի Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ` ի յուշ 53 տարուան իր գոյութեան:
Տնօրէնութեան խօսքով Վիգէն Աւագեան նախ ամփոփ արժեւորումը կատարեց կրթական 2016-2017 տարեշրջանի աշխատանքներուն եւ նշեց, որ տասը ամիս շարունակ քոլեճը եղաւ յարատեւ զարգացող ու զարգացնող աշխատանքի մէջ: Աշխատանք մը, որ իր լրումին չի հասնիր հանդէսով, այլ կ’երկարի մինչեւ կրթական յաջորդ տարեշրջան: Արդարեւ, հանդէսէն շաբաթ մը ետք, երկրորդականի բաժինէն 5 աշակերտներ, տնօրէնութեան քաջալերանքով, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն «Արցախ Ֆոնտ»-ի կազմակերպած «Ասպետ» ճամբարին, երկու աշակերտուհիներ օգոստոսին կը մասնակցին Շուշիի մէջ կազմակերպուած ասմունքի համահայկական փառատօնին, իսկ երեք շրջանաւարտներ, դարձեալ տնօրէնութեան ջանքերով, կը պատրաստուին սեպտեմբերին համալսարանական իրենց ուսումը շարունակել Հայաստանի մէջ` միանալով արդէն իսկ իրենց կրթութիւնը Երեւան շարունակող 5 այլ սոֆիայակոբեանականներու:
Շարունակելով` տնօրէն Վիգէն Աւագեան յայտնեց, որ հանդիսականները ներկայ կը գտնուին քոլեճին 50-րդ եւ վերջին հանդէսին, ուր 30 շրջանաւարտներ վերջին անգամ ըլլալով կը վկայուին կրթական այս հաստատութեան կողմէ` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին տարիներու հունձքը հասցնելով 1250 շրջանաւարտի: Հետեւաբար, ընդգծեց ան, տնօրէնութիւնը հանդէսին կը ներկայանայ նաեւ քոլեճին 53 տարիներու հաշուեփակը կատարելու պարտաւորութեամբ:
Հաշուեփակի իր խօսքին մէջ տնօրէնը հարց տուաւ, թէ` «53 տարուան հեքիաթէն ի՞նչ պիտի մնայ»: Ան թուեց ինը երեւոյթներ, որոնք ուսանելի պիտի մնան սերունդներու յիշողութեան մէջ, դրական երեւոյթներ` կապուած դպրոցին հիմնադիրներուն, բարերարներուն, խնամակալներուն, տիկնանցի անդամներուն, շրջանաւարտներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, առանց որոնց ճիգերուն` քոլեճին 53 տարուան պատմութիւնը չէր գրուեր, ըսաւ ան: Տնօրէնը հաստատեց, որ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը հանդիսացաւ այն առողջ միջավայրը, որ տասնամեակներ շարունակ եղաւ կրթական իսկական դարբնոց մը, մշակոյթի ծաղկուն կեդրոն մը: Քոլեճը նաեւ եղաւ հայ կեանքին մարդուժ պատրաստող այն դպրոցը, դպրանոցը, ուսուցչանոցը եւ ազգային քուրան, ուրկէ դուրս եկան բազմատասնեակ ուսուցիչներ, տնօրէններ, դերասաններ, խմբագիրներ, ազգային գործիչներ: «Կ’արժէ, որ հիները մտածեն, իսկ նորերը հարց տան, թէ սփիւռքի սիրտը հանդիսացող Պուրճ Համուտը իր մշակութային, մարզական եւ ազգային-քաղաքական կշիռով ի՞նչ կրնար ըլլալ առանց Սոֆիա Յակոբեանին, իսկ Սոֆիա Յակոբեանը ի՛նք ի՞նչ կրնար ըլլալ առանց Պուրճ Համուտին: Հաստատ, մէկը պիտի չըլլար առանց միւսին եւ` փոխադարձաբար», ըսաւ ան:
Տնօրէն Վիգէն Աւագեան շնորհակալական խօսք յայտնեց հայրենի պետութեան, որ անցնող տարի քոլեճը գնահատեց երախտագիտութեան մետալով, եւ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ 50-ամեակի իր կոնդակով եւ նոյեմբերին քոլեճ կատարած այցելութեամբ պատուեց քոլեճը: Վերջապէս, ան չմոռցաւ նաեւ շնորհակալութեան խօսք յայտնելու Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, շրջանի պատկան մարմիններուն եւ կրթական այն բոլոր ֆոնտերուն, որոնք աջակցեցան քոլեճին առաքելութեան:
Աւարտին, իր խօսքը քոլեճի վկայեալներուն ուղղելով` տնօրէն Վիգէն Աւագեան պատգամեց. «Սիրելի՛ տղաք, տագնապ, ձգտում եւ կեցուածք ունեցէք ձեր կեանքին մէջ: Ապրեցէք այնպէս, որ մարդը, ազգը եւ հայրենիքը յուզող հարցերուն մէջ դի՛րք ունենաք, դե՛ր ունենաք եւ, հետեւաբար, դրո՛շմ ունենաք` իբրեւ անձ, իբրեւ սերունդ եւ իբրեւ ազգ»:
Տնօրէնին խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու վկայականներու տուչութիւն, որմէ ետք խօսք առաւ առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը: Ան ըսաւ, որ` «Հայ դպրոցներուն աշխատանքի ծանրութիւնը մեր ուսերուն առած` հրաժեշտ կու տանք թաղային պայմաններու մէջ գործող մեր վարժարաններուն, որպէսզի լիբանանահայ կեանքին մէջ շահուած հայեցի կրթութեան փորձառութիւնը տանինք դէպի զարգացման նոր փուլ: Այդ տեղի կ’ունենայ, որովհետեւ անցեալի աւանդը պահելու համար անհրաժեշտ է, որ զայն մեր օրուան պայմաններով նորոգենք, որպէսզի ան շարունակէ ստեղծագործել եւ կերտել իրական ազգային արժէքներով պատրաստուած այն հայ մարդը, որ այսուհետեւ եւս գիտակցօրէն պիտի շարունակէ հայութեան գոյապայքարը»:
«Այս դպրոցին պատմութիւնը պիտի շարունակուի,- հաստատեց առաջնորդը,- աւելի ճիշդ` Պուրճ Համուտի հայկական թաղամասերուն մէջ տասնամեակներ շարունակ անընդմէջաբար գործած եւ իրենց անջնջելի դրոշմը մեր կեանքին մէջ թողած մեր դպրոցներուն պատմութիւնը պիտի շարունակուի նոր պայմաններու մէջ եւ նոր պարունակով: Ու նաեւ պիտի շարունակուի մեր կողմէ տարուած կրթական այն բոլոր աշխատանքներուն ընդմէջէն, որոնք իբրեւ անխախտ պարտականութիւն` մեզի կը փոխանցուին նախորդ սերունդներուն կողմէ: Հետեւաբար այսօր էջը չենք փակեր Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի պատմութեան, որովհետեւ մեր աշխատանքով մենք պարտաւոր ենք ամբողջացնել հայ դպրոցին ու լիբանանահայ կեանքին շարունակուող պատմութիւնը, որ մեր ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն պատմութիւնը պիտի ըլլար», շեշտեց ան:
Ապա, հայ դպրոցէն եւ շրջանաւարտներէն իր սպասումներուն մասին խօսելով, առաջնորդը հաստատեց. «Մեծ է հայ դպրոցին աւանդը, որ միայն այստեղ` Լիբանանի մէջ պիտի չմնայ, այլ ձեր միջոցով պիտի շարունակէ հասնիլ նաեւ հեռու վայրեր, ոռոգէ ու նորոգէ նոր դաշտեր, որպէսզի հայ դպրոցին աւանդով հայութիւնը վերանորոգուի ու ապրի շարունակաբար: Այո՛, հայութեան կեանքը մեծ մարտահրաւէր մըն է, եւ այդ մարտահրաւէրին մէջ ներկայ պէտք է ըլլանք բոլորս` հայութեան կեանքին մեր բերած մասնակցութեամբ: Այդ իսկ պատճառով հայ դպրոցը պատրաստեց ձեզ, որպէսզի կարենաք աշխարհի հարցերը կշռել հայ դպրոցէն ձեր ստացած արժէքներով եւ այսուհետեւ ձեր տեղն ու դերակատարութիւնը ճշդել այդ կեանքին մէջ»:
Քոլեճին հունձքը կազմեցին հետեւեալ շրջանաւարտները.
ԿԵՆՍԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԻՆ
Գայապալեան Լիլիթ, Գուճանեան Մելիսա, Հապոյեան Բալիկ, Սարգիսեան Ռիթա, Տօնապետեան Վարդինէ, Գանտահարեան Միսաք, Գէորգ Գէորգ, Թամզարեան Ուիլսըն, Թասլաքեան Սագօ եւ Շառոյեան Նարեկ:
ՏՆՏԵՍԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԻՆ
Սարգիսեան Անժելինա, Ղալունճեան Ռիթա, Պէօյիւքեան Նանօր, Տիարպի Իզապել, Օհանեան Ժանեթ, Եագուպեան Յարութ, Միսաքեան Կարօ եւ Պօղոսեան Մեսրոպ:
BT3 ՎԱՐՉԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԻՆ
Այվազեան Ալիս, Արապսէյիսեան Սինթիա, Գալայճեան Վանայ, Գույումճեան Արմիկ, Թենեքեճեան Արմիկ, Թոփալաքեան Արազ, Նալպանտեան Անահիտ, Չափարաթոյեան Կասիա, Փիլաւճեան Սարին, Գալայճեան Րաֆֆի, Մարկոսեան Յարութ եւ Սիմոնեան Սեւակ: