ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
«Ազատամարտ» ակումբի եւ «Ղազար Չարըք» ազգային վարժարանի (հետագային` Չաթալպաշեան) անմիջական շրջակայքին մէջ յաճախ կը հանդիպէինք իրեն:
Անունը չէինք գիտեր: Պարզապէս` «Կամաւոր»-ը: Այդպէս ճանչցած էինք զինք:
Շատ յաճախ, գինով վիճակի մէջ, փողոցի մը անկիւնը պառկած կ՛ըլլար եւ թաղին փոքրերս իրեն մօտենալով, բարձրաձայն «կամաւո՛ր» պոռալով` կ՛արթնցնէինք զինք ու կը փախչէինք:
Նոյնիսկ «կամաւոր» բառին իմաստէն անտեղեակ էինք այդ տարիքին, եւ իրմէ դատելով` «կամաւոր» բառը գինեմոլի հոմանիշ էր մեզի համար:
Ծաղրանքի առարկայ էր: Հաւանաբար իր ցնցոտիներէն աւելի իր գինեմոլ վիճակն էր, որ մեզ` փոքրերուս մղել կու տար առնելու այդ աններելի քայլը, ծաղրել անձ մը, որ վստահաբար դիպուածով չէր, որ արժանացած էր «կամաւոր» տիտղոսին:
Շատ բան չեմ յիշեր իրմէ: Տակաւին փոքր էի:
Գիտէի, որ ցուրտ օրերուն, «Ճերմակ տուներ»-ու տարածքին գտնուող քարայրի մը մէջ կը գիշերէր: Ինչպէ՞ս կ՛ապահովէր իր ապրուստը, իր ոգելից ըմպելիները ո՞վ կամ ովքե՞ր կը մատակարարէին:
Ինծի տարեկից կամ ինձմէ քիչ մը աւելի մեծ, ժամանակին կամ ներկայիս Էշրեֆիէ բնակող քանի մը բարեկամներէ ուզեցի տեղեկութիւններ քաղել: Դժբախտաբար յաւելեալ տեղեկութիւններով չկրցան օգտակար հանդիսանալ:
Աւելի ուշ, երբ խելահաս դարձայ ու հասկցայ այդ բառին վեհ նշանակութիւնը, արդէն ուշ էր: Կամաւորը հեռացած էր այս աշխարհէն:
Իր կենդանութեան մեր ծաղրանքի առարկայ կամաւորը մահէն ետք դարձած էր հերոս մը:
«Գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ»:
Միշտ այդպէս եղած է: Մտաւորական մը, ուսուցիչ մը շատ յաճախ թշուառ կեանք մը կ՛ունենան, եւ ոչ ոք կը մտածէ օգտակար հանդիսանալ ազգին նուիրուած անձերու, սակայն յետմահու կը փառաբանուին, մահախօսականներ կը հրատարակուին, յուղարկաւորութիւններու ժամանակ նոյնիսկ դամբանականներ կ՛արտասանուին, սակայն արդէն ուշ կ՛ըլլայ: Այդ յարգանքի տուրքը պէտք էր կատարուէր անոնց կենդանութեան. նաեւ` յետմահու:
Կամաւորին մահէն ետք ոչ միայն սորվեցանք «կամաւոր» բառին իմաստը, նաեւ գիտցանք, որ տարբեր տեսակի կամաւորներ գոյութիւն ունին, որոնց նուիրումով է, որ կը գոյատեւէ հայ ազգը:
Ազատ, անկախ հայրենիք չունէինք, որպէսզի մեր հողերը պաշտպանող օրինաւոր բանակ ունենայինք: Մեր աննման ֆետայիներու, իսկ աւելի ուշ մեր կամաւորական գունդերու զոհողութեամբ է, որ կերտեցինք մեր առաջին անկախութիւնը: 28 մայիս 1918:
Այդ կամաւորական գունդերուն մաս կազմողներէն մէկն էր մեր մանկութեան շրջանին Էշրեֆիէի անտուն, քարայրի մը մէջ բնակող, յաճախ գինով վիճակի մէջ փողոցին անկիւնը պառկող կամաւորը:
Դժբախտաբար այդ տարիներուն ոչ ոք հետաքրքրուած էր այդ վիճակին հասնելուն պատճառով:
Վստահաբար տառապած անձ մը ըլլալու էր: Մասնակցելով կամաւորական գունդերուն` տեսած էր Հայաստանի անկախացումը, ապա, քանի մը տարի ետք, տեսած էր նաեւ մեր անկախ Հայաստանի ակամայ խորհրդային լուծին յանձնուիլը, մեր անկախութիւնը կերտողներուն մայր հայրենիքէն արտաքսուիլը, եւ ինքն ալ, անոնց շարքին, պարտադրուած` հասած էր Լիբանան:
Ո՛չ ոք հետաքրքրուած էր, թէ ի՛նչ էր այդ վիճակին հասնելուն պատճառը:
«Ո՛չ ոք ըսաւ, հէք տղայ, արդեօք ինչո՞ւ կը մխայ,
Թերեւս ըլլայ գեղանի, թէ որ սիրեմ, չմեռնի»
(Պետրոս Դուրեան)
Կամաւորը Պետրոս Դուրեանի նման մահացու հիւանդութենէ չէր տառապեր:
Իր հիւանդութիւնը շատ աւելի ցաւալի էր: Հոգեկան հիւանդ մըն էր, եւ մարդիկ շատ հաւանաբար կարենային փրկել զինք:
Օտար ազգերու կամաւորները տարբեր են հայ կամաւորներէն:
Անոնք հայրենիք ազատագրելու համար կամաւոր գունդերու իրենց մասնակցութիւնը բերելու կարիքը չունին, ոչ ալ` դպրոց ու եկեղեցի կորուստէ փրկելու մտահոգութիւն: Այդ բոլորը պետութիւնը կը հոգայ:
Օտար կամաւորները ընդհանրապէս հանգստեան կոչուած անձեր են, որոնք իրենց ձանձրոյթը փարատելու, ժամանակ «սպաննելու» միտումով շաբաթը քանի մը ժամ կ՛այցելեն հիւանդանոց մը, եկեղեցի մը կամ մարզական միութիւն մը, որ հոգեկան բաւարարութիւն մը ըլլալու կողքին, տեսակ մը ժամանց է: Այդ անձերուն մեծամասնութիւնը առանձնութենէ կը տառապի:
Սփիւռքի մէջ, օտար հողի վրայ, մեր ազգային մտահոգութիւնները հոգացող հայկական պետութիւն չունինք, եւ այդ պատճառով ստեղծուած են մարդասիրական, մշակութային, մարզական եւ տարբեր տեսակի կազմակերպութիւններ, որոնք կը գոյատեւեն շնորհիւ կամաւորներու:
Անոնց շարքին կարելի է յիշել` Հայ օգնութեան միութիւնը, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ տարբեր հայկական գաղութներու օգնութեան խաչերը, մարմնամարզական միութիւնները, հայկական կուսակցութիւնները եւ հայ բժշկական միութիւնները:
* * *
«Նեմեսիս» գործողութեան տասնեակ մը կամաւորները` Սողոմոն Թեհլիրեանն ու Արամ Երկանեանը, Միսաք Թորլաքեանն ու Արշաւիր Շիրակեանը, եւ տակաւին երկար է շարքը այն վրիժառու բազուկներուն, որոնք ահաբեկեցին Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուները, Թալէաթ ու Ճեմալ փաշաները, Պեհաէտտին Շաքիրը, իսկ նոր օրերու կամաւորներու շարքին ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ Լիզպոնի 5 նահատակները` Սիմոնը, Վաչէն, Արան, Սարգիսն ու Սեդրակը, որոնք տակաւին չվայելած կեանքի բարիքները` իրենց մատղաշ կեանքը զոհեցին յանուն Հայ դատին:
Իրենց մահով անմահացան` աշխարհին յիշեցնելով մեր արդար Դատը:
Լիբանանի ու Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմներու ժամանակ հայկական թաղերը պաշտպանող մեր հայ զինեալ տղաքը` այսօրուան մեր նոր ֆետայիները, մէկական կամաւորներ էին: Ի՜նչ հիանալի տղաք իրենց կեանքը նուիրեցին հայկական թաղերը պաշտպանելու ճամբուն:
Կարելի՞ է երեւակայել Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան վիճակը, եթէ չունենայինք այդ անձնուէր հայորդիները` մեր նոր ֆետայիները, մեր աննման կամաւորները:
Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական թաղերը պաշտպանելու կարիքը չունինք, սակայն այդ չի նշանակեր, որ հոն եւս գոյութիւն չունին հայ կամաւորներ:
Ամէն տարի Լոս Անճելըսի ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած «Նաւասարդեան» շաբաթը հարիւրաւոր կամաւոր աշխատողներու արդիւնքն է:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն սկսած` մինչեւ մարզիչներ ու մարզիկները, հայ երգիչներն ու նուագախումբերը, ներկաներուն ուտելիք վաճառող տղաքն ու աղջիկները, նուիրատուները, ո՞ր մէկը յիշեմ, կամաւորներու փաղանգ մը, մրջիւնի նման կ՛աշխատին Ամերիկայի անկախութեան տօնի, յուլիս 4-ի ամբողջ շաբաթը, իսկ Ամերիկայի Գոհաբանութեան տօնի օրը, տասնեակներով կամաւորներ, ձգած իրենց ընտանեկան ճոխ սեղանները, հեռատեսիլի կայանը հաւաքուած` կամաւոր կ՛աշխատին «Հայաստան» հիմնադրամին նուիրուած թելեթոնին, մինչ` տուներու մէջ ճոխ սեղաններու շուրջ համախմբուած հայորդիներ, իւրաքանչիւրը իր կարողութեան համաձայն, մեծ ու փոքր նուիրատուութիւններով կը մասնակցին Արցախը վերականգնելու վեհ գործին:
Սփիւռքահայը, իր բարոյական եւ նիւթական օժանդակութեամբ, իսկ արցախցի ազատամարտիկը, իր ամենաթանկագինը` իր կեանքը վտանգելով, յաճախ նահատակուելով` տէր կը կանգնին Արցախին:
Ամերիկայի մէջ, հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու կողքին, ունինք տասնեակ մը շաբաթօրեայ վարժարաններ` հովանաւորութեամբ ՀՕՄ-ի, ուր կը դասաւանդուի հայոց լեզուն բոլոր անոնց համար, որոնք կարելիութիւնը չունին յաճախելու ամէնօրեայ հայկական վարժարաններ:
Համազգային մշակութային միութեան անդամները, բոլորը անխտիր, նուիրեալ կամաւորներ են, որոնք իրենց անշահախնդիր աշխատանքով տէր կը կանգնին հայ մշակոյթին ու հայ արուեստին:
Ազգային խնամակալ մարմիններ, հոգաբարձուներ, թաղականներ, որոնք որպէս կամաւոր ամէն կիրակի կը շտապեն եկեղեցի եւ մուտքին մոմ վաճառելով, «պնակ դարձնելով» եկեղեցի ժամանած հաւատացեալներու մեծ ու փոքր նուիրատուութիւնը հաւաքելով` կը հասնին եկեղեցւոյ նիւթական կարիքներուն:
* * *
Անցեալները «Վանայ Ձայն» կ՛ունկնդրէի եւ խիստ գնահատելի ծանուցում մը հասաւ ականջներուս:
Արեան տեսակը բնորոշելով` կամաւորներէ կը խնդրուէր ներկայանալ հիւանդանոց եւ իրենց թանկագին արիւնէն նուիրել հաւանաբար հայ հիւանդի մը:
«Կաթիլ մը արիւնը կրնայ կեանք մը փրկել: Կանխայայտ շնորհակալութիւն` բոլոր կամաւորներուն»:
Մեր մօտ եւս որոշ քանակութեամբ արիւն նուիրողներու թիւը շատ է:
Գործատեղիս կարգ մը կամաւորներ տարին քանի մը անգամ արիւն կը նուիրեն անծանօթ հիւանդի մը համար:
Մեծ թիւով մարդիկ ինքնաշարժ վարելու արտօնագրին վրայ արձանագրած կ՛ըլլան կամաւոր «կտակ» մը: Անակնկալ արկածով մը մահանալու պարագային, իրենց սիրտը, երիկամը կամ նոյնիսկ աչքերը, իրենց հետ գերեզման տանելու փոխարէն, կը նուիրեն կարիքաւոր հիւանդներու եւ կեանքեր փրկելու:
Ինչպէ՞ս չհիանալ «Աւրորա» մրցանակի կազմակերպողներով ու հայ թէ օտար դափնեկիրներով, որոնք առանց կրօնի ու դաւանանքի խտրութեան, մինչեւ իսկ իրենց կեանքը վտանգելով, կ՛այցելեն ափրիկեան կամ Միջին Արեւելքի անիմաստ պատերազմի պատճառով վնասուածներուն եւ իրենց բարոյական ու նիւթական օժանդակութիւններով կեանքեր կը փրկեն:
Ցեղասպանութեան տարիներուն բաւական թիւով հայ որբեր կորուստէ փրկուեցան շնորհիւ օտար միսիոնար կամաւորներու եւ որբանոցներու մէջ հասակ առին, կազմեցին հայ ընտանիքներ, եւ հայը սկսաւ բարգաւաճիլ, կառուցուեցան դպրոց ու եկեղեցի, ունեցանք սփիւռք, գիր ու գրականութիւն, թատրոն եւ մարզական միութիւններ եւ այս բոլորը` շնորհիւ հայ կամաւորներու անխոնջ ու անշահախնդիր նուիրումին:
Սփիւռքի մէջ, հայ թատրոնի ծառայողները, սկսելով բեմադրիչներէն, մինչեւ դերասաններն ու քուլիսային աշխատողները, բոլորը սիրայօժար կը կատարեն նուիրական այդ գործը: Բոլորը կամաւորներ են, եւ այդ պատճառով իրենց տրուած է «սիրողական» տիտղոսը, հակառակ այն իրողութեան, որ արհեստավարժ բեմադրիչի մը կամ դերասանի մը կարողութիւններով օժտուած են:
«Արհեստավարժ» բառը ինքնաբերաբար մտածել կու տայ «վճարովի», իսկ «սիրողական»` կամաւոր աշխատող, հոգ չէ, թէ արհեստավարժն ու սիրողականը` երկուքն ալ սիրելով է, որ կը կատարեն իրենց գործը:
Ամէն առտու, արեւը չծագած, որպէս պարտականութիւն, կը վազենք գործի եւ կը սպասենք շաբաթավերջի կամ ամսուան վերջաւորութեան` մեր արդար վարձատրութիւնը ստանալու:
Մեր ըրածը, որքան ալ սիրելով կատարենք, կամաւոր գործ չէ: Կ՛աշխատինք, որպէսզի փոխարէնը վարձատրուինք: Մեր ազգային գործիչները, միութենականները` անո՛նք են իսկական կամաւորները:
Հայապահպանումի մէկական պահակներ են մեր կամաւորները:
Շատեր` զէնքով, ուրիշներ` գրիչով, արհեստագիտութեամբ, նուիրումով, նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ, դաստիարակելով:
Մասնաւորաբար սփիւռքի մէջ մեզ հայ պահողները եղած են եւ կը մնան մեր կամաւորները:
Վերադառնալով Էշրեֆիէի կամաւորին, տակաւին փոքր էինք, անտեղեակ` իր անցեալի նուիրումին, կը ծաղրէինք` անտեղեակ իր արժէքին:
Ներկայիս շատ լաւ կը հասկնանք «կամաւոր» բառին իսկական իմաստը, սակայն լոկ հասկնալը բաւարար չէ: Պարտաւոր ենք արժեւորել բոլոր կամաւորները անխտիր: Իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է այս կամ այն ձեւով մեր կամաւոր մասնակցութիւնը բերել յանուն հայ ազգի գոյատեւման:
Փա՛ռք ու պատիւ անցեալի, ներկայի ու ապագայի մեր բոլոր կամաւորներուն:
Լոս Անճելըս, 2017