ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Ուշադրութեամբ կարդացէք երեք-չորս վանկէ բաղկացեալ այս երկու բառերը` խրտուիլակ եւ խարտաւիլակ: Գրեթէ նմանաձայն են անոնք: Միայն երկու գիրի տարբերութիւն կայ անոնց միջեւ, սակայն իբրեւ իմաստ` անոնք որքա՜ն հեռու են իրարմէ…
Խրտուիլակին կը հանդիպինք բերքառատ դաշտերուն կամ պտղաշատ այգիներուն ու պարտէզներուն մէջ: Այդ դաշտերուն տէրերն ու պահապանները խաչաձեւ ձողի մը վրայ մաշած շապիկ մը կամ բաճկոն մը կ՛անցընեն, ձողին գագաթին ալ գլխարկ մը կ՛ամրացնեն, ու այդ ձեւով` մարդու տպաւորութիւն տուող խամաճիկ մը շինած կ՛ըլլան: Ահա ա՛յդ խամաճիկը կը կոչուի «խրտուիլակ»:
Զայն կը կանգնեցնեն դաշտին մէջտեղը` յուսալով, որ թռչունները կը վախնան անկէ ու հեռու կը մնան բերքին վնաս պատճառելէ, պտուղները կտցահարելէ, թառէ թառ ոստոստելէ…
Մանաւանդ երբ քամին կը փչէ ու խրտուիլակին թեւերը շարժի՜լ կը սկսին հովէն, թռչունները սարսափահար կը փախչին…
Բայց կ՛ենթադրեմ, որ հիմակուան թռչնազգիները այնքան «խելացի» են որ յաճախ կ՛անդրադառնան պարտիզպաններուն կողմէ սարքուած այս հնօրեայ խաղին, եւ ուրեմն` անվախօրէն կու գան կը թառին նոյնի՛սկ խրտուիլակին թեւին կամ գլխուն վրայ…
«Խրտուիլակ»-ը փոխաբերաբար կը նշանակէ` կամակատար, անհատականութենէ զուրկ անձ, ուրիշին ափին մէջ գործիք դարձած «խամաճիկ»:
«Խրտուիլակ»-ին արմատը «խիրտ» բառն է, որ կը նշանակէ «վախ»: Նոյն արմատէն ունինք «խրտնիլ» բայը, որ կը նշանակէ անակնկալ վախի մը պատճառով ցնցուիլ: Օրինակ` «Ձիուն ոտքին տակէն նապաստակ մը անցաւ ու ձին խրտնեցաւ»: Նմանապէս` ունինք «խրտչիլ» բայը, որ կը նշանակէ բանէ մը խորշիլ, գարշելով խուսափիլ: Հոս եւս, եթէ ոչ «վախ»-ի, բայց գոնէ «մտահոգութեան» իմաստ մը կայ:
Սփիւռքահայ մեր գրականութեան մէջ կայ ուշագրաւ վէպ մը, որ կը կոչուի «Ծիծեռնակները պիտի չսարսափին խրտուիլակներէն» (1990): Անոր հեղինակն ալ փարիզաբնակ (նախկին հալէպահայ) արձակագիր Մովսէս Պչաքճեանն էր, զոր կորսնցուցինք դեռ վերջերս, անցնող հոկտեմբերին (2016):
Իսկ ի՞նչ է «խարտաւիլակ»-ը:
Զուտ եկեղեցական բառ մըն է:
Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռնադրութեան պահուն, այն հոգեւորականը, որ նորընծայ ձեռնադրեալը խորան կ՛առաջնորդէ եւ արարողութեան ընթացքին կ՛օգնէ իրեն, վկայութիւն կու տայ անոր մասին հրապարակաւ, կը կոչուի «խարտաւիլակ»:
«Խարտաւիլակ»ը մեր լեզուին անցեր է յունարէնէն, տառադարձութեամբ: Այս բառին կը հանդիպինք միմիայն քահանայական կամ այլ ձեռնադրութիւններու լրատուական թղթակցութիւններուն մէջ: Օրինակ, կը գրուի. «Երէկուան ձեռնադրութեան ընթացքին խարտաւիլակի պաշտօն կատարեց Արտակ վարդապետը»:
Ուրեմն, ուշադի՛ր, խրտուիլակները չշփոթէ՛ք խարտաւիլակներուն հետ…